Յօդուածներ

Արցախի Եւ Հայաստանի Ջրապաշարները` Ազրպէյճանաթուրքական Թիրախում

Արցախի Եւ Հայաստանի Ջրապաշարները` Ազրպէյճանաթուրքական Թիրախում

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Ջուրն աստիճանաբար վերածւում է աշխարհաքաղաքական զարգացումների գործօնի, բախումների եւ պատերազմների պատճառ դառնում: Արցախի ժողովրդի դէմ հրահրուած յարձակման մէջ ջրի գործօնը ծանրակշիռներից է եղել, ինչը փաստում են գործընթացները, որոնք այսօր իրականացնում է Ազրպէյճանն բռնագրաւուած տարածքներում: Հրադադարից ամիսներ անց այս երկիրը մեծ ծաւալի աշխատանքներ է տանում ջրային պաշարների եւ դրանց ենթակառուցուածքների ուղղութեամբ, այն դէպքում, երբ կարծես թէ Պաքուի համար առաջնային...

Troshag_Cover-July-1-1

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 7-րդ Թիւը

Ընթերցողը համացանցին վրայ արդէն կրնայ ընթերցել ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան 7-րդ թիւը: Ժամանակի հեւքին ընդառաջ «Դրօշակ»-ի այս թիւի նիւթերուն զգալի բաժինը ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախորդող ու յաջորդող քաղաքական, բարոյահոգեբանական մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած բախտորոշ մարտահրաւէրներուն: «Դրօշակ»-ի բարեկամ եւ մնայուն հեղինակ Վրէժ Արմէն, շարունակելով հանդուրժողականութեան թեմայի քննարկումը, այս անգամ մտահոգութիւն կը...

Երկու Հատորով Լոյս Տեսաւ Յ. Չոլաքեանի Տարիներու Աշխատասիրութիւնը` «Սուրիահայ Դպրոցի Պատմութիւն»

Երկու Հատորով Լոյս Տեսաւ Յ. Չոլաքեանի Տարիներու Աշխատասիրութիւնը` «Սուրիահայ Դպրոցի Պատմութիւն»

Հրատարակութիւնը իրականացած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ, Երեւանի «Էտիթ փրինթ» հրատարակչատունէն: Ա. հատոր` 646 էջ, Բ. հատոր` 607 էջ: Աշխատասիրութեան խմբագիրը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը պատրաստողն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գ. Եազճեան: Գիրքը ունի երկու մաս. Ա. մասը կը կոչուի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՏԵՂԱԲԱՇԽՄԱՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մտաւորականները Կ՛ախտորոշեն Եւ Լսող Կը Փնտռեն, Ներսը Եւ Դուրսը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Եթէ կ՛ուզէք մարդոց համագործակցութիւնը ձեր շուրջ, դուք պարտիք անոնց զգացնել, որ իրենք կարեւոր են, եւ այդ ըրէք` ըլլալով վաւերական եւ համեստ»: Նելսըն Մանտելա Խտրական վարչաձեւէն ետք Հարաւային Ափրիկէի պետութեան Ա. նախագահ Հայաստանեան մամուլին մէջ, թեր ու դէմ կարծիքներու եւ խծբծանքի նմանող թոհուբոհին մէջ, երբեմն կը յայտնուին մտաւորականներու միտքեր, որոնք եթէ լսուին յաճախ քարացած կամ թմբիրի մատնուած հանրային կարծիքին...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Յունաստան Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի 73-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը «Քորոնա»-ի պատճառով գաղութային գործունէութեան կասեցման երկար ժամանակաշրջանէ մը ետք, Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը 20 յունիս 2021-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ գումարեց 73-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը` միութեան գործունէութեան նոր թափ եւ սկիզբ  տալու նախանձախնդրութեամբ: Շրջանաւարտ վարչութեան փոխատենապետ  Հայկազ Տէօքմէճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտնեց, որ այդ ժողովը կոչուած է արդիւնաւէտ գործունէութեան սկիզբի մը...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

Ակնարկ. Եռանախագահող Երկիրները Շուշին Նկատեցին Արցախի Անբաժանելի Տարածքը

Շուշիի նկատմամբ Պաքուի պետական քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն բնակեցման, վերանորոգութեան եւ մշակութային կեդրոնի վերածման ուղղութիւնները ներառած է, այլ նաեւ Անգարայի հետ համատեղ համաթուրքական ծրագիրի հռչակման կեդրոնի հանգամանք: Հիմա, Ազրպէյճանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու քարոզչական շրջագայութեան կազմակերպումով նաեւ` միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի: Այս երեք ուղղութիւններուն մէջ վերջինը որքան ալ ցաւոտ կողմ ունենայ` դիւանագէտներու ընդառաջումի եւ մասնակցութեան առումով, այնուամենայնիւ...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական.   Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 50 եւ աւելի դիւանագիտական ու միջազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին նաեւ յոյն դեսպան Ն. Փիփերիկոսի, բեմադրուած այցելութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդա եւ Շուշի քաղաքները, դժգոհութեան եւ բողոքի բուռն ալիք բարձրացուց յունական հանրային կարծիքին մօտ: Արցախի գրաւեալ հողերուն վրայ Յունաստանի դիւանագէտին ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտուեցաւ յունական լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնք այս քայլին համար բացատրութիւններ պահանջեցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս...

Ռեճեփ Էրտողան Համաթուրանականութեան Ձգտող Եւ Իսլամը Շահագործող Պատեհապաշտ Մըն Է

Ռեճեփ Էրտողան Համաթուրանականութեան Ձգտող Եւ Իսլամը Շահագործող Պատեհապաշտ Մըն Է

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Կայքի մը վրայ հանդիպեցայ Արտաւան Ամիր-Ասլանիի անուան եւ յօդուածին: Իրան ծնած եւ Ֆրանսա հաստատուած համալսարանական մը, միջազգային իրաւագէտ: Որպէս դասախօս` յաճախ ուսումնասիրութիւններ կատարած է: (blog, www.amir-aslani.com Twitter: @a_amir_aslani) Արտաւան Ամիր-Ասլանի յստակ բանաձեւում ունի Էրտողանի պատեհապաշտութեան մասին: Կ’ըսէ. «Իսլամներու պաշտպան® երբ իրեն յարմար է. ինչպէս Էրտողան լքեց ույղուրները»: 2009-ին Էրտողան դատապարտած էր Չինաստանի իշխանութիւնները, ույղուրներու դէմ եղած ճնշումները որակած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ազրպէյճանական Յարձակումներուն Իբրեւ Հետեւանք Զոհուած Են Արցախի 750 Քաղաքացիներ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 27 սեպտեմբեր 2020-ին մեկնարկած փաստահաւաք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն` Արցախի մէջ զոհուած 750 քաղաքացիներէն 81-ը պարզ քաղաքացիներ են: Անոնցմէ 42-ը զոհուած են ազրպէյճանական զինուած ուժերու հեռահար հարուածներուն, ներառեալ` հրթիռակոծութեան, հրետակոծութեան, ռմբակոծութեան, ներթափանցող խումբերու հրազէնային կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք, 39-ը` ազրպէյճանական գերութեան կամ առնուազն...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ  Էմինի Ազատագրական Ծրագիրները.  Յովհաննէս` Աղուանից Կաթողիկոս

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ Էմինի Ազատագրական Ծրագիրները. Յովհաննէս` Աղուանից Կաթողիկոս

Մելիք Յովսէփի Փախուստը Գանձակէն Եւ Հրամանատար` Վրացական Բանակին ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յովսէփ Էմին 1763-ի գարնան հասած էր Թիֆլիս: Վրաց                                                                                                                    Հերակլ Բ. թագաւոր մեծ պատիւներով ու յարգանքով ընդունեց զայն եւ ուշադրութեամբ լսեց Վրաստանի մէջ ռազմական դպրոցներ բանալու, վրացական բանակը եւրոպական եղանակով մարզելու, երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելու, լուսաւորութիւն տարածելու եւ պետական կեանքին մէջ բարեփոխումներ կատարելու վերաբերեալ Էմինի առաջարկները: Վրաստանէն Էմին նամակագրական կապ հաստատեց...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

Երեւանի 2800-Ամեակին Առիթով. Երեւանի Տեսարժան Վայրերը

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է: Պատմական Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաք Երեւանը, ըստ հնագէտներու, հիմնադրուած է նախքան Քրիստոս 782 թուականին, ուրարտական-արարատեան թագաւորութեան արքային կողմէ, իբրեւ բերդաքաղաք: Երեւանը կը գտնուի Հրազդան գետի ափին, ծովու մակերեսէն 860-1400 մեթր բարձրութեան եւ 227 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Երեւանը Հայաստանի քաղաքական, վարչական, տնտեսական եւ մշակոյթի կեդրոնն է: Հոն կը բնակի մօտաւորապէս...

Հինէն Մեզի

Լիմոնի Թուփը

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ - Քեզ հետս պիտի տանիմ... Ժպիտը դէմքին, ձեռնահեռաձայնը վար առնելով` ըսաւ. - Անշո՛ւշտ պիտի տանիմ... Կրկնեց` շերտ մը թախիծ հագցնելով ժպիտին: Կը խօսէր ան սենեակին լուսաւոր անկիւնը տեղաւորուած թաղարէն մեթր մը բարձրացած լիմոնի թուփին հետ, իսկ թուփը կարծես անխօս պատասխաններ կու տար կամ մելամաղձոտ հայեացքներով կը հարցնէր` «Ինչպէ՞ս, ո՞ւր...»: ... Եւ յիշեց տիկին Քնար, որ վեց տարի առաջ,...

Հաղորդագրութիւն.  «Տարբերակ 21» Հանդէս

Հաղորդագրութիւն. «Տարբերակ 21» Հանդէս

15 յունիս 2021-էն սկսեալ առցանց դրութեամբ հայ հանրութեան կը ներկայանայ «Տարբերակ 21» հանդէսը (www.darperag21.net): Հանդէսը կը հետապնդէ հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը` նորարար շունչով եւ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու ու տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ: Հանդէսին գլխաւոր եւ գերիշխող լեզուն արեւմտահայերէնն է` մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որուն գործածութիւնը յաճախ կը յայտնուի արտայայտութեան տագնապի մէջ` ի դիմաց...

azunieentrance

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը` Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Իւրայատուկ Ներկայութեամբ, Տարեցներու, Հիւանդներու Եւ Թոքախտաւորներու Կեդրոն

ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Կը նախատեսուէր, որ 2020 տարուան նախաձեռնութիւնները կեդրոնանային հայկական թէ այլ անկիւնադարձային դէպքերու ամեակներու եւ ոգեկոչումներու նշումին վրայ, գէթ` հրապարակային ելոյթներով: Սակայն «Քորոնա» ժահրին անկոչ ժամանումը ու անոր մահասփիւռ տիրապետութիւնը հիմնովին շրջեց նախատեսումները, ծրագիրները եւ համաշխարհային իրավիճակը: Մարդկային երկխօսութեան ողջոյնի ընթացքին «տակաւին ողջ ենք» բառերը դարձան հասարակաց նշանախօսք: Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ թուային առցանց կապը արդէն իսկ հաղորդակցութեան ընդհանրացած չափանիշներ...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (14)

                                                                                    Հնատիպեր ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Նախաճաշս աւարտած էի եւ ժամի մը չափ ազատ էի մինչեւ հերթական նիստը: Որոշեցի առիթէն օգտուիլ ու հրապարակ իջնել` հանդիպելու «Անի» կեդրոնական գրախանութը, որ կը գտնուէր պանդոկին բոլորովին կից, ձախին, շատ լայն մայթի մը հարեւանութեամբ: Հազիւ դուրս եկած էի պանդոկէն, երբ գրախանութէն քանի մը մեթր անդին տեսայ մարդկային արտասովոր հերթ մը. այնքան երկար էր ան,  որ ստիպուած...

Մինչեւ Ե՞րբ

Անյետաձգելին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ բազմատեսակ եւ բարդ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի: Լիբանան օրէ օր, ժամ առ ժամ տնտեսական, ապահովական, ապրուստի, կենցաղային լուրջ եւ նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը կանգնի: Անցնող տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը միշտ ալ իր անկարելին կարելի ըրած է եւ հասած է բոլորին անխտիր, տուած է միշտ` իր ունեցածէն եւ չունեցածէն անգամ: Անցնող տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը անմասն չէ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հայ Մամուլի Դերը Ազգային Արժեհամակարգի Ձեւաւորման Եւ Պահպանման Գործում. Ընտանիք, Հայրենիք, Եկեղեցի. Ազդարար 225»

Ստացուած Գիրքեր. «Հայ Մամուլի Դերը Ազգային Արժեհամակարգի Ձեւաւորման Եւ Պահպանման Գործում. Ընտանիք, Հայրենիք, Եկեղեցի. Ազդարար 225»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ 2020-ին լոյս տեսաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործում. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի. Ազդարար 225» գիրքը, ուր ամփոփուած են հայ մամուլի 225 ամեակին նուիրուած գիտաժողովի նիւթերը: Արդարեւ, ազգային գրադարանին մէջ 28-29 նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Սփիւռքը Եւ Իր Դիրքորոշումը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ի՞նչ դիրքորոշում ունի Սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ: Սփիւռք անունով գլխագրուած եւ հայ ազգի աւելի քան երկու երրորդը ներկայացնող մարդոց բազմութիւնը կը տրոհուի բազմաթիւ շերտերու: 20-րդ դարու սկիզբին ունէինք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցրուած, եւ այդ երկիրներու քաղաքական-մշակութային անխուսափելի ազդեցութիւններուն ենթակայ, սակայն լեզուով ու ապրումներով էապէս հայ փոքրաթիւ բազմութիւններ: Ցեղասպանութենէն եւ անոր յաջորդած պատերազմական դէպքերէն ետք, փոքրաթիւ...

«Հայաստանը Դառնում Է Տարածաշրջանի  Ամենայետամնաց Երկիրը»

«Հայաստանը Դառնում Է Տարածաշրջանի Ամենայետամնաց Երկիրը»

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Այսօր` 1 յուլիսին, հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի սիւնակը: Խորագիրը ահազանգային է: Վաղուան մղձաւանջային մտահոգութիւն: Կ’արտագրեմ Արմէն Գէորգեանի սիւնակէն դատումներ: - Միջազգային արժեւորում մը. «Համաշխարհային դրամատան հետազօտութեան համաձայն, Հայաստանում կրթական աղքատութեան մակարդակը 35 տոկոս է: Այս նշանակում է, որ 10 տարին չլրացած իւրաքանչիւր 3-րդ աշակերտը չի կարող սահուն կարդալ եւ հասկանալ տարիքին համապատասխան բնագիրը: Վրաստանում...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ե. Հայկազեանի Հրթիռները Եւ Երիտասարդութեան Զբաղումները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայկազեանի հրթիռներու ձեռնարկը արդարօրէն հիացմունքի արժանացած է, քանի որ պատասխանատու դասախօսը` Մանուկ Մանուկեան, միայն 24 տարեկան եւ ուսանողները 18-20 տարեկան էին, բոլորը` այս մարզին մէջ անփորձ: Սակայն ի՞նչ էին անոնց նմաններուն զբաղումներն ու խաղերը` ճարտարութեան եւ մանաւանդ համարձակութեան ենթահողը: Այս մասով, պահ մը հրթիռներէն դադար առնելով, պիտի անդրադառնամ 1960-ական տարիներու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գիտական ենթահողով խաղերուն, զբաղումներուն եւ...

Page 413 of 1112 1 … 412 413 414 … 1,112

Արխիւներ