Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքը Եւ Իր Դիրքորոշումը

Յուլիս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ի՞նչ դիրքորոշում ունի Սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ:

Սփիւռք անունով գլխագրուած եւ հայ ազգի աւելի քան երկու երրորդը ներկայացնող մարդոց բազմութիւնը կը տրոհուի բազմաթիւ շերտերու: 20-րդ դարու սկիզբին ունէինք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցրուած, եւ այդ երկիրներու քաղաքական-մշակութային անխուսափելի ազդեցութիւններուն ենթակայ, սակայն լեզուով ու ապրումներով էապէս հայ փոքրաթիւ բազմութիւններ: Ցեղասպանութենէն եւ անոր յաջորդած պատերազմական դէպքերէն ետք, փոքրաթիւ անդամներ ունեցող գաղութները տասնեակ ու հարիւրաւոր հազարներով ուռճացան ու կազմեցին նոր ժամանակներու Սփիւռքին հիմքը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք ազատագրուած ռազմագերիները եւ Արեւելեան Եւրոպայէն տարհանուած հայերը հաստատուեցան մասամբ Եւրոպայի, առաւելաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի կազմակերպուած ու հայաբոյր գաղութները ենթարկուեցան ցնցումներու: Քաղաքական վերիվայրումներու, անապահովութեան կամ տնտեսական սեղմումներու իբրեւ հետեւանք նոր հոսք մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա: Աւելցնենք նաեւ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթողներու մեծամասնութեան արտագաղթը դէպի Արեւմուտք: Վերջապէս, Հայաստանի անկախութենէն ետք, յաճախ սին պատճառաբանութիւններով արտագաղթողները, որոնք հայկական մեծ ու վոքր խմբաւորումներ ստեղծեցին աշխարհի չորս ծագերուն, յայտնի ու անյայտ շրջաններու մէջ: Չմոռնանք նախկին խորհրդային երկիրներու, յատկապէս Ռուսիոյ բազմամիլիոն հայութիւնը: Տրոհումի այս խայտաբղէտ պատկերը կարելի է ճոխացնել, այնքան շատ են հին ու նոր շերտերը. միայն օրինակի համար յիշենք Փարիզի մէջ Պոլսահայերու միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ Պարսկահայերու միութիւնը:

Սփիւռքի մասին խօսողները, Սփիւռքի դիրքորոշումը յիշատակողները այս շերտերէն որո՞նց կ՛ակնարկեն: Աւանդական յորջորջուած Սփիւռքի՞ն, որ Հայաստանէն կատարուած արտագաղթէն առաջ կազմաւորուած ու յարաբերաբար բաւարար կազմակերպուած ու գործօն գաղութներու խումբն է, թէ՞ ազգային կեանքին նկատմամբ անտարբեր, բայց երբեմն օտար միջավայրերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրողները: Իսկ հայաստանցիները, ռուսահայերը ի՞նչ կը մտածեն:

2018-ի ցոյցերու ընթացքին լսեցինք, որ Սփիւռքը շարժումին  կողքին է ու կը սպասէ յեղափոխականներու յաղթանակին` Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ կատարելու համար: Արդարեւ, հայաստանցիներու կողմէ եւ թէ «աւանդական» սփիւռքէն հնչեցին խօսքեր ու  կատարուեցան արարքներ մարդոց կողմէ, որոնք հազիւ իրենք զիրենք կը ներկայացնէին: Անշուշտ ոչ մէկ ներդրում տեղի ունեցաւ, եւ յեղափոխութեան այս կարծեցեալ նեցուկն ալ պարզապէս չքացաւ:

Նոյն աւանդական սփիւռքի մէջ, նոյն օրերուն գոյութիւն ունէր ազգային գաղափարներով տոգորուած մարդոց տեւական հոսանքը, որ  կը շարունակէր իր տքնաջան աշխատանքը` յանձնառու կեցուածքով, ազգային գիտակցութիւնը ջատագովող քարոզչական, դաստիարակչական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական ու նոյնիսկ տնտեսական նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի սուտ յեղափոխականները լսեցին առաջին տեսակը` այլասերած ու օտարաբարոյ սփիւռքահայերը, մինչ անտեսեցին ու մերժեցին յանձնառու ազգայինները:

Պարտութենէն, երկրի յանձնումէն, ապա ընտրութեան մրցարշաւէն ու անոր անակնկալ արդիւնքէն ետք պատկերը նոյնն է: Գործող իշխանութեան համար ազգայինը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ժողովուրդը զինք ընտրած է` այն ժողովուրդը, որուն անդամներէն շատերու համար հողն ու հայրենիքը արժէք չունին, որոնք առանց աչք թարթելու կրնան յայտարարել, թէ լաւ եղաւ, ազատեցանք Արցախէն, հիմա կրնանք մեր գործով զբաղիլ:

Մենք իրաւունք չունինք հիասթափելու: Ազգային ոգիի էական բացակայութիւն ցուցաբերող այս մեծամասնութիւնը եւս մեր ժողովուրդն է. իսկական յեղափոխութիւնը այս ժողովուրդին մտածողութիւնը փոխելու աշխատանքն է, զոր պէտք է կատարենք համոզումով, համբերութեամբ, ազգային ձգտումներու զարթնումի անխուսափելիութեան նկատմամբ աներեր հաւատքով:

 

 

Նախորդը

«Հայաստանը Դառնում Է Տարածաշրջանի Ամենայետամնաց Երկիրը»

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայ Մամուլի Դերը Ազգային Արժեհամակարգի Ձեւաւորման Եւ Պահպանման Գործում. Ընտանիք, Հայրենիք, Եկեղեցի. Ազդարար 225»

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?