Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 7-րդ Թիւը

July 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթերցողը համացանցին վրայ արդէն կրնայ ընթերցել ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան 7-րդ թիւը:

Ժամանակի հեւքին ընդառաջ «Դրօշակ»-ի այս թիւի նիւթերուն զգալի բաժինը ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախորդող ու յաջորդող քաղաքական, բարոյահոգեբանական մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած բախտորոշ մարտահրաւէրներուն:

«Դրօշակ»-ի բարեկամ եւ մնայուն հեղինակ Վրէժ Արմէն, շարունակելով հանդուրժողականութեան թեմայի քննարկումը, այս անգամ մտահոգութիւն կը յայտնէ ներազգային մթնոլորտը պղտորած ներքին անհանդուրժողականութեան երեւոյթին վերաբերեալ:

Թիւին մէջ կայ նաեւ նիւթերու բազմազանութիւն, արդարեւ, Արփի Աբրահամեանի լուսաբանութիւնը կը վերաբերի անկախութեան շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած ռազմավարական բնոյթի համաձայնագիրներուն: Իր հերթին արեւելագէտ Արտեոմ Տօնոյեան ընթերցողին կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի ներքին կեանքին բնորոշ երեւոյթ մը` «Մի քանի դիտարկում Ազրպէյճանում իրանաֆոպիայի դրսեւորումների շուրջ» խորագիրով:

«Դրօշակ»-ի վերջին թիւին մէջ տեղ գտած է նաեւ Աւօ Գաթըրճեանի «Պատառիկներ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարանից» յօդուածը:

Սեւրի դաշնագիրի կնքման 101-րդ տարեդարձին ընդառաջ, Մարիամ Յովսէփեան ստորագրած է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն, որուն համար աղբիւր ծառայած է տուեալ ժամանակաշրջանին Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ճակատամարտ» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերը:

«Դրօշակ»-ի 2021-ի 7-րդ թիւը կրնաք ներբեռնել` այցելելով https://www.arfd.am/ կայքը:

Նախորդը

Երկու Հատորով Լոյս Տեսաւ Յ. Չոլաքեանի Տարիներու Աշխատասիրութիւնը` «Սուրիահայ Դպրոցի Պատմութիւն»

Յաջորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Ջրապաշարները` Ազրպէյճանաթուրքական Թիրախում

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.