Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռեճեփ Էրտողան Համաթուրանականութեան Ձգտող Եւ Իսլամը Շահագործող Պատեհապաշտ Մըն Է

Յուլիս 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Կայքի մը վրայ հանդիպեցայ Արտաւան Ամիր-Ասլանիի անուան եւ յօդուածին: Իրան ծնած եւ Ֆրանսա հաստատուած համալսարանական մը, միջազգային իրաւագէտ: Որպէս դասախօս` յաճախ ուսումնասիրութիւններ կատարած է: (blog, www.amir-aslani.com Twitter: @a_amir_aslani)

Արտաւան Ամիր-Ասլանի յստակ բանաձեւում ունի Էրտողանի պատեհապաշտութեան մասին: Կ’ըսէ. «Իսլամներու պաշտպան® երբ իրեն յարմար է. ինչպէս Էրտողան լքեց ույղուրները»: 2009-ին Էրտողան դատապարտած էր Չինաստանի իշխանութիւնները, ույղուրներու դէմ եղած ճնշումները որակած էր ցեղասպանութիւն: 2012-ին Էրտողան Չինաստան գացեր էր զօրակցութիւն յայտնելու ույղուրներուն:

Դեկտեմբերին Չինաստան Թուրքիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրած է ահաբեկչութեամբ ամբաստանուող կարգ մը ույղուրներ յանձնելու չինական իշխանութիւններուն: Արտաւան Ամիր-Ասլանի կ’ըսէ, որ ույղուրները ազգութեամբ մօտ են ղազախներուն եւ խըրխըզներուն: Թուրքիան կրնայ մտահոգուիլ ույղուրներու կացութեամբ` նկատի ունենալով մշակութային, ցեղային եւ կրօնական կապերը, համաթրքականութեան ծիրէն ներս, որ Էրտողան Օսմանի կայսրութեան վերականգնումն է: Թուրք Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (MHP) եւ Գորշ գայլեր ծայրայեղական շարժումները կը ձգտին միացնել ասիական ծագումով ասիական եւ թուրանական ժողովուրդները (նախկին խորհրդային եւ Կովկասի հանրապետութիւններու), որոնց շարքին` ույղուրները: Բայց յուլիս 2020-ին Էրտողան յայտարարած է, որ` «Ույղուրները երջանիկ էին Զինկեանկի մէջ»: Լեզուական ի՜նչ դիմաշրջում:

Արտաւան Ամիր-Ասլանի կ’ըսէ, որ այս տարածուելու, այսինքն համաթուրանականութիւն իրականացնելու նպատակով Թուրքիա միջամուխ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին, ազերիներու կողքին:

Կու գայ պահ, երբ ամէն տեսակի փառասիրութիւն եւ մեծամտութիւն կանգ կ’առնեն տնտեսական հրամայականներու առջեւ: Այդպէս ալ Էրտողանի Թուրքիան տնտեսական, ընկերային եւ անոնց հունով քաղաքական հարցեր կը դիմագրաւէ. գործազրկութիւն, սղաճ, թրքական դրամանիշի անկում տոլարի դիմաց, փոխանակման պահեստի նուազում: Էրտողան յաջողած էր, երբ երկիրը արձանագրած էր տնտեսական աճ:

Այս կացութեան մէջ Էրտողանի համար քաղաքական-դիւանագիտական կոպիտ սխալ կ’ըլլար Չինաստանի հետ հարց ունենալ, նկատի ունենալով, որ Մետաքսի Ճամբուն մէկ մասը Թուրքիայէն պիտի անցնի` իրեն հետ բերելով ներդրումներ եւ ենթակառոյցներու կառուցում: Չինաստանը անշրջանցելի տնտեսական ազդակ է, եւ Թուրքիան ցեղակից եւ կրօնակից ույղուրներու պաշտպանութիւնը կը մոռնայ, իր շահերուն համար ռէալ փոլիթիքը ինքզինք կը պարտադրէ: Եւ այդ մարզին մէջ Էրտողան պատեհապաշտ մըն է:

Փակագիծ մը: Թուրքիա ապաստանած են շուրջ 50.000 ույղուրներ` փախչելով Չինաստանի մէջ իրենց դէմ եղած ճնշումներէ: Անոնք մտահոգ են արտաքսումի շուրջ գոյացած թուրք-չինական համաձայնութենէն: Եթէ Չինաստան պահանջէ ույղուր կասկածելիները յանձնել, Էրտողան դժուարութեան առջեւ պիտի գտնուի, քանի որ ույղուրներու դատը համակրանք ունի երկրին մէջ, եւ մանաւանդ որ ծայրայեղականները այս հարցով միշտ կը քննադատեն Չինաստանը, անոնք նոյնիսկ դեկտեմբեր 2019-ին այրած էին չինական դրօշը: Աշնան կարգ մը լրատուամիջոցներ խօսած էին, որ Թուրքիա ույղուրներ արտաքսած էր դէպի Չինաստան` դժգոհութիւններու պատճառ դառնալով: Այս տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական լարուած կացութեան մէջ Էրտողան զգուշութիւն կը խաղայ, մէկ կողմէ իր հանրային կարծիքին դիմաց, միւս կողմէ` Չինաստանի:

Աշխարհ, մանաւանդ իսլամ ժողովուրդները կը հասկնա՞ն, որ Էրտողանի` իսլամներու պաշտպանի հռետորաբանութիւնը կեղծիք է եւ կը ծառայէ իր ծաւալապաշտութեան, որուն անմիջական թիրախ են նաեւ այդ երկիրները: Այսինքն Էրտողանի նպատակն է Օսմանի կայսրութեան վերականգնումը: Նոյնիսկ պաղեստինցիներու եւ աշխարհի իսլամ փոքրամասնութիւններու էրտողանեան պաշտպանութիւնը միամիտները եւ մոլեռանդները խաբող քաղաքական ճապկում է:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ` Ազրպէյճանի կողքին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին անմիջական միջամտութեան, շատ ծանր կշռած են տնտեսական շահերը` ազգայնամոլական շպարի տակ: Թուրքիա օգնեց Ազրպէյճանին` հպատակելով հայութեան դէմ իր դարաւոր ատելութեան, բայց նաեւ` տնտեսական մեծ շահերու համար: Կասպից ծովու նաւթի արտահանման խողովակաշարերը պիտի անցնին Անատոլուէն` հասնելու համար Եւրոպա, հետեւաբար Թուրքիոյ պիտի ապահովեն տնտեսական շահ:

Բայց շրջանին մէջ Ռուսիան ալ կը հետապնդէ իր շահերը: Ազրպէյճան իր նաւթային եկամուտի լայն միջոցներով Ռուսիոյ զինական ճարտարարուեստի լաւ յաճախորդ է: Հետեւաբար Ռուսիա ստիպուած է միաժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ իր վարած քաղաքականութեամբ իր շահերը հետապնդել: Հայաստան Ռուսիոյ հետ կնքած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան համաձայնութիւնը, որ զինք կը պաշտպանէ, բայց այդ համաձայնութիւնը չէր տարածուեր Արցախի վրայ, քանի որ Արցախը Հայաստան չէր: Իր այս քաղաքականութեամբ, Ռուսիա Կովկասի նախկին երկու խորհրդային հանրապետութիւններուն վրայ կը պահէ իր ազդեցութիւնը:

Պատմականօրէն, մշակոյթով եւ բնակչութեամբ հայկական Արցախի մեծ մասին պարտադրուած է բռնակցում Ազրպէյճանի:

Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցող Իրանը մնաց հանդիսատես, իրաւարար անգամ չեղաւ, չէր կրնար ըլլալ, քանի որ ինք ալ ունի ազերիական խնդիր: Ազերիները, պարսիկներէ ետք, Իրանի երկրորդ համայնքն են, շրջանի մը մէջ, երկրի հիւսիս-արեւմուտքը, որ սահմանակից է Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Արցախի: Ճիշդ է` Իրան չէր կրնար անտարբեր մնալ, քանիցս փորձեց միջնորդ ըլլալ` երկու կողմերու հետ ալ պահելով տնտեսական յարաբերութիւններ:

Թուրքիոյ միջամտութիւնը արցախեան պատերազմին կը գտնուի Էրտողանի յարձակապաշտ քաղաքականութեան ծիրէն ներս: Այս միջամտութեամբ եւ յաղթանակով ինք գոհացում կու տայ երկրին մէջ տնտեսական ձախողութիւններու պատճառով աճող դժգոհութեան, մանաւանդ` ազգայնականներուն, իր ընտրազանգուածին: Թուրք հանրային կարծիքը միշտ բռնկելու պատրաստ եղած է հայերու դէմ:

Հակառակ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու բողոքին եւ զգուշացումներուն` Թուրքիա կրօնամոլ վարձկաններ փոխադրեց  Ազրպէյճան, որոնք կռուեցան ազերիական կանոնաւոր բանակի կողքին: Այդ ըրած էր նաեւ Լիպիոյ մէջ: Այս առիթ էր Թուրքիոյ համար շրջանին մէջ ընդլայնել իր քաղաքական ազդեցութիւնը` հեռանկար ունենալով տարածուիլ մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ եւ թրքալեզու երկիրները:

Թափանցիկ քաղաքականութիւն` տեսնել ուզողներուն համար. համաթուրանականութեան իրականացումը:

Ամենայն պարզութեամբ պէտք է ըսել. քաղաքականութիւն` ուղղուած դէպի Ռուսիոյ կայսերական տարածքները:

Այսքանը ոչ ոքի յիշեցնելու կարիք կայ: Գիտեն:

Հայաստանը` սեղմուած այս նպատակներու եւ ուժերու բախման գօտիին մէջ:

9 մարտ 2021, Փարիզ

 

Նախորդը

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?