ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայկազեանի հրթիռներու ձեռնարկը արդարօրէն հիացմունքի արժանացած է, քանի որ պատասխանատու դասախօսը` Մանուկ Մանուկեան, միայն 24 տարեկան եւ ուսանողները 18-20 տարեկան էին, բոլորը` այս մարզին մէջ անփորձ: Սակայն ի՞նչ էին անոնց նմաններուն զբաղումներն ու խաղերը` ճարտարութեան եւ մանաւանդ համարձակութեան ենթահողը:
Այս մասով, պահ մը հրթիռներէն դադար առնելով, պիտի անդրադառնամ 1960-ական տարիներու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գիտական ենթահողով խաղերուն, զբաղումներուն եւ արհեստներու իմացութեան, որոնք խթանեցին զանոնք` դառնալու ապագայ ճարտարագէտներ եւ ուղղակի սատարեցին անոնց ձեռներէցութեան եւ համարձակութեան` հրթիռ շինելու եւ արձակելու: Դժբախտաբար վերջին տասնամեակներուն այս խաղերուն մեծամասնութիւնը չի կիրարկուիր, մոռցուած են:

Մեր պատանեկութեան խաղերուն մէկ մասը կը պարտինք Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, ուր ամբողջ կէսօրէ ետք մը պարտադիր ձեռային աշխատանքի յատկացուած էր: Տղաքս 3-4 միլլիմեթր հաստութեամբ փայտերու վրայ կապոյտ թուղթէ փակցուած ուրուագիծը սղոցելով` զանազան իրեր կամ անոնց նմանակները կը շինէինք, իսկ աղջիկները առտնին տնտեսութիւն, կար, ձեռագործ եւ այլն կը կիրարկէին:
Այս զբաղումները կը հայթայթէին դպրոցին ինքնաշարժի մուտքէն շուրջ 30 մեթր անդին գտնուող Մոհամետին, աւելի ուշ նաեւ, անկէ տասնեակ մը մեթր անդին, դիմացի պարոն Գրիգորին խանութները: Այնտեղ կը գտնէինք գրենական պիտոյքներ, 5 դահեկանի ամէն տեսակ շաքարեղէն եւ, ըստ եղանակին, զանազան խաղերու պիտոյքներ, որոնցմէ պիտի առանձնացնեմ հոլը, թռուցիկը եւ սղոցի ձեռային աշխատանքի պիտոյքները:
Հոլի խաղը` ձեռքի ճարտարութեան եւ բնագիտութեան ամբողջական դաս մը, գիտութիւն մը կը ներկայացնէ: Կապին մէկ ծայրը միջնամատին օղակով մը անցուցած, այդ ձեռքով հոլին փաթթուած կապը արագ շարժումով քաշելով` հոլը գետնին վրայ առանց իյնալու ինքն իր շուրջ կը թաւալի եւ միայն թաւալումը կենալէն ետք կը «պառկի»:
Ոլրոյթով (torque), կեդրոնախոյս ուժով «բանող» թաւալացոյցը (gyroscope), որ օդանաւերուն հորիզոնականէն թեքումը եւ ուղղութիւնը ցոյց կու տայ, հոլին պարզ սկզբունքով կը բացատրուի (1): Վերէն նայած, ժամացոյցի հակառակ ուղղութեամբ թաւալող առարկան` հոլը, իր առանցքին շուրջ դէպի վեր բարձրանալու ուժ` ոլրոյթ կը ստեղծէ, որուն պատճառով ոտքի կը մնայ եւ երբեմն կը ցատկռտէ (եթէ զօրաւոր եւ բարձրէն նետես հոլը): Ընկերներ ունէի, որոնք կ՛ըսէին, որ եթէ հոլին գամին տակ ճանճ մը գամենք, հոլը թաւալելու ընթացքին կը ցատկռտէ: Կարծեմ անոնցմէ ոեւէ մէկը ճարտարագէտ չեղաւ: Ժամացոյցի ուղղութեամբ թաւալող հոլը նոյնպէս առանցքին ուղղութեամբ դէպի վար ուժ կը ստեղծէ եւ չիյնար, գամին սուր ծայրին վրայ «ոտքի» մնալով` կը թաւալի: Անշուշտ, առանց թաւալելու, հոլը իր ծայրին վրայ ոտքի չի կենար:

Թաւալացոյցը իր առանցքին նախնական ուղղութիւնը երբե՛ք չի փոխեր: Ելեկտրականութեամբ թաւալող թաւալացոյցը հրթիռներուն մէջ կայունութիւն պարտադրող եւ ուղղորդող միջոց է, նաեւ` թեքում չափող, որ օգտագործուեցաւ Հայկազեանի վերջին հրթիռներուն մէջ եւ պիտի գործածուէր ապագայի հեռուէն կառավարուող հրթիռներուն մէջ (2):
Այդ օրերուն որոշ տարիքի հասած պատանիներն ու երիտասարդները ամառնային արձակուրդին եւ նոյնիսկ շաբաթ օրերը իրենց արհեստաւոր հօր, ազգականին, կամ ընտանիքի բարեկամին քով կ՛աշխատէին արհեստ սորվելու եւ «շուկային վարժուելու» համար: Հայրս ոսկերիչ էր, ու մենք ալ` երեք եղբայր, արհեստաւորի եւ մետաղագործութեան որոշ հմտութիւններ ունեցանք:
Մենք եւ մեր կարգ մը ընկերները մնայուն կերպով բան մը շինելով կը զբաղէինք: «Մեքանօ» երկաթէ մասերով եւ անիւներով ճարտարագիտական խաղով զանազան իրեր կը շինէինք, ինքնաշարժներ, կառքեր, ամբարձիչ, վերհան, հողմաղաց եւ այլն: Խաղալիքներ կը քակէինք եւ ետ կը կազմէինք գիտնալու համար, որ անոնք ինչպէ՛ս կը բանին: Երկաթէ թելով ինքնաշարժի տեսակներ, երկաթէ անիւով (գնդաբարձք` «ղըժղըժ» կ՛ըսէինք) փայտէ «ոտքի» քշուող աղմկարար հեծանիւներ, պտուղի սնտուկէ կառքեր եւ այլն կը շինէինք եւ կը գործածէինք, ընկերներով կը մրցէինք, թէ որո՞ւնը աւելի արագ է, կայուն եւ աղմկարար:
Գիտական հակում եւ հետաքրքրութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն առաջին հետաքրքրութիւնը օդանաւերն էին, կ՛երազէին օդաչու ըլլալ, կամ` օդանաւի ճարտարագէտ: Թուղթէ սաւառնակներ շինելէն ետք, այս ասպարէզին առաջին մատչելի, աժան զբաղումը թռուցիկն էր, որ մե՛նք կը շինէինք:

Վեցանկիւն թռուցիկին համար գետեզերքէն եղէգ կը բերէինք, որմէ բարակ ու թեթեւ, սակայն տոկուն ցպիկներ կը պատրաստէինք կեդրոնական վեցանկիւն շրջանակին համար, եւ մարմինը մեր եռագոյնի բարակ թուղթերով կը ծածկէինք: Վարպետութիւնը պոչին երկարութեան եւ ծանրութեան մէջ կը կայանար եւ մանաւանդ` առասանով կապուած կեդրոնի եւ վերի երկու անկիւններուն միջեւ եռանիստը, որ թռուցիկին թեքումը կ՛որոշէ եւ հովին հետ յարատեւ բարձրանալու կը նպաստէ: Պատահած է, որ յաջող թռուցիկը այնքա՜ն բարձրացած է, որ տեսողութենէ կորսուած է եւ առասանը փրթած:
Թռուցիկէն ետք, մակարդակ մը աւելի բարձր, կարգը կու գար օդանաւեր շինելու` թեթեւ, լաստափայտէ (balsa) շինուող օդանաւերու սաւառնելի մանրատիպերուն` պարզ սաւառնող, ձգախէժէ գօտիով բանող պտուտակով եւ վերջապէս` շարժակով ու հեռուէն կառավարուող տեսակով: Այս օդանաւերուն եւ այլ գիտական զբաղումներու վաճառատունն էր «Խայրալլա»-ն, որ կը գտնուէր Պէյրութի կեդրոնական հրապարակի Օփերա շէնքին (այժմու «Վըրճին» վաճառատան շէնք) ետեւի աջ անկիւնը, իսկ փողոցը` դէպի Պիքֆայա, Պոլոնիա, Մըրուժ երթեւեկող հանրակառքերուն կայանն էր եւ դէպի ժողովրդային «Սուք Նուրիյէ» պազար եւ «Սուք ըլ Էրմէն» շուկան տանող մուտքերէն մէկը:
Տասնեակներով այսպիսի օդանաւեր շինած ենք, որոնք 10-30 մեթր սաւառնած են: Այս աշխատանքին մէջ յատակագիծ կարդալ կը սորվէինք եւ ճշգրիտ չափերով օդանաւին կմախքը կը շինէինք, որ յաճախ իրական օդանաւին մանրատիպը կ՛ըլլար: Ապա յատուկ բարակ թուղթով արտաքին մարմինը եւ անունն ու նշանները կը փակցնէինք եւ կը թռցնէինք:

Ամենաերէց եղբայրս` Սուրէնը, օր մը փոքր, մէկ գլանով եւ յատուկ վառելանիւթով, ճնշումով բանող շարժակ մը բերաւ, որուն համար աւելի մեծ ու տոկուն, բարակ փայտով օդանաւ մը շինեց, շարժակին չափին համեմատ, նախորդ օդանաւերէն մէկուն նմանող եւ անոր համեմատութիւնները պահելով:
Առաջին փորձին օդանաւը գետնին վրայ սուրաց, սակայն օդը չբարձրացաւ: Երկրորդ փորձին բարձրէն արձակեց օդանաւը, որ շուրջ 15 մեթր թռիչքէն ետք շարժակին ցնցումներուն չդիմանալով` մարմինը քայքայուեցաւ:
Այս բոլոր տեսակի օդանաւերը շինելէն ետք բնական էր, որ յաջորդ մակարդակը հրթիռը պիտի ըլլար:
Մեր առաջին հրթիռը.
Սուրէնը 15-16 տարեկանին, երբ տակաւին երկրորդական վարժարանի աշակերտ էր, 1958-1959-ին արձակեց առաջին հրթիռը, մեր բնակարանի տանիքի սենեակէն: Այն ժամանակ անշուշտ համացանց չկար եւ գիտական նորութիւնները միայն գիրքերէն եւ գիտական ամսաթերթերէն կ՛իմանայինք: Իսկ բան մը հնարելու, շինելու մղումը կը յառաջանար` միշտ նորութիւններու մասին կարդալով, ներքուստ կարողութիւններով, յարատեւ պրպտող միտքով, գիտութեան ու փորձելու մարմաջով եւ վարժարանի տարրալուծարանին ի՛սկապէս օգտակար եւ աչքառու, համոոզիչ փորձերէն:
Առանց շուկայէն ապրանք գնելու` Սուրէնը տան մէջ գտնուող իրերով պատրաստեց «կարծր» վառելանիւթը, որ կը բաղկանար քանի մը տուփ լուցկիի վառող գլուխի տաշեղներէն եւ ածուխի փոշիի խառնուրդէն, որոնք համբերութեամբ տաշեց հարիւրաւոր լուցկիներէն եւ պարպուած բարդի մը (պաթարիա) ածուխէն: Այս խառնուրդը թխմեց շուրջ 25 սմ երկար, մատիտէն քիչ մը հաստ երկաթէ խողովակի մը մէջ եւ երբ կայծ տուաւ, այս փոքր հրթիռը իսկոյն թռիչք առաւ, սուրաց եւ սենեակէն դէպի տանիք հանող փայտէ դուռը ծակելով դուրս ելաւ: Յետադարձ ակնարկով ինծի համար այս էր Լիբանանի մէջ արձակուած առաջին փոքր հրթիռը 1958 կամ 1959-ին:

Սուրէնին, ապա իմ եւ կարգ մը ընկերներուս զբաղումի յաջորդ մակարդակը ելեկտրական-ելեկտրոնային ասպարէզը եղաւ, որուն կարիքը զգացինք օդանաւերը հեռուէն կառավարելու եւ երաժշտութեան ու կիթառի յատուկ բարձրախօսներ շինելու համար, որ նորութիւն էր այդ օրերուն: Մասնագիտական գիրքերէն եւ ելեկտրոնային ամսաթերթերէն յատակագիծներ ընտրելով` շուկային մէջ կը փնտռէինք անոնց բաղադրիչ կտորները եւ գործիքը կը շինէինք այբէն ֆէ` մարմին եւ պարունակ:
Ելեկտրոնային ապրանքներ եւ փոխնորդ կտորներ ծախող, առաջին աղբիւրը Սահաթ Տըպպէս, նշանաւոր «Ֆարրուժ Աթալլա»-ին դիմաց (այժմ ամբողջ հրապարակը գոյութիւն չունի) Պապիկեան եղբայրներուն խանութն էր յարմար գիներով, նոյնիսկ 1960-ական այդ տարիներուն չինական ապրանք ունէին: Եղբայրներէն մէկը աւելի ընկերային ու հաղորդական էր, կը հետաքրքրուէր, թէ ի՛նչ պիտի շինէինք: Բոլոր այս խանութները աւելի նորոգութեան փոխնորդ կտորներու եւ ոչ թէ արտադրութեան վաճառատուներ էին: Ո՞վ կ՛արտադրէր:
Երկրորդը «Փրոճեքթս»-ն էր, որ Սահաթ Տըպպեսէն աւելի վեր, յարկաբաժինի մը մէջ էր, փողոցէն քանի մը աստիճան վեր, հաւանաբար այդ օրերուն ամենաճոխ վաճառացուցակը ունէր, յատկապէս` անգլիական եւ ամերիկեան տեսակներ, եւ գրացուցակով կը վաճառէր, սակայն` շատ սուղ, վաճառող պաշտօնեան Շարպելն էր: Այդ խանութը քաղաքացիական պատերազմէն ետք Տորա, յարկաբաժին մը փոխադրուեցաւ, ուր Շարպելին կողքին, հին ընկերներէս ՀՄԸՄ-ական աքելլա Պերճն ալ կը պաշտօնավարէր:
Երրորդն էր ամերիկեան վաճառանիշով տնային ելեկտրոնային, ելեկտրական ապրանքներու Տոլտումեանին վաճառատունը, Աւենիւ տէ Ֆրանսեզ պողոտայ, որ ընդհանրապէս իր վաճառած ապրանքները նորոգելու փոխնորդ կտորները ունէր, նոյնպէս սուղ, ամէն անգամ կը զարմանար, որ ի՛նչ պիտի ընէի այդ գնումներով: Այդ թաղը պատերազմէն ետք կերպարանափոխուեցաւ, անճանաչելի դարձաւ:

Չորրորդը, որ միւսներէն աւելի նոր էր, Պաքլաեանն էր, որ գրեթէ մոռցնել տուաւ միւսները, ունէր աւելի արդիական` ճափոնական եւ Թայուանէն շատ ճոխ տեսականի եւ ապրանքներ` շատ յարմար գիներով, նոյնպէս` Դամասկոս պողոտային վրայ, որ պատերազմէն ետք Պուրճ Համուտ փոխադրուեցաւ, այժմ փակ:
Հինգերորդը ելեկտրոնային սարքերուն մարմիններուն համար մետաղի` պաղլեղածինի պղինձի եւ երկաթի Քընէյըօ վաճառատունն էր, որ այս մետաղները չափի վրայ կը կտրէր ու կը ծախէր, իսկ խանութը` անհաւատալի, Պապ Իտրիսի բարձրորակ շուկային մէջ, մայր պողոտային վրայ, աջին, նեղ, մութ, մայթէն քանի մը աստիճան վար, սակայն ելեկտրոնային սարքի մը բոլոր մետաղէ պէտքերուն գոհացում կու տար:
Ատաղձագործութեան, մետաղագործութեան, օդանաւաշինութեան, ելեկտրական ու ելեկտրոնային աշխատանքի փորձառութիւնով զինուած` ահա այդ ժամանակաշրջանի գիտական հակում ունեցողներուն զբաղումները, որոնց համար զարմանալի չէր անվախ ու ինքնավստահ նետուիլ որեւէ ասպարէզի կամ ծրագիրի մէջ, ինչպիսիք էին հրթիռները:
23 յունիս 2021
(Շար. 5)
——————————-
(1) http://www.physics.usyd.edu.au/~cross/SPINNING%20TOPS.htm