Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. «Տարբերակ 21» Հանդէս

July 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 յունիս 2021-էն սկսեալ առցանց դրութեամբ հայ հանրութեան կը ներկայանայ «Տարբերակ 21» հանդէսը (www.darperag21.net):

Հանդէսը կը հետապնդէ հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը` նորարար շունչով եւ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու ու տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ:

Հանդէսին գլխաւոր եւ գերիշխող լեզուն արեւմտահայերէնն է` մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որուն գործածութիւնը յաճախ կը յայտնուի արտայայտութեան տագնապի մէջ` ի դիմաց ժամանակակից մարդուն միտքը յուզող արդի խնդիրներուն. երեւոյթ մը, որ զայն հեռու կը պահէ երիտասարդներէն եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգանալու կարելիութենէն:

Ինչո՞ւ հանդէսը անուանուած է «Տարբերակ 21»: Խմբագրութեան համար կայ հիմնական հեռանկար հայկական ընդհանրապէս դասականացած լրատուական (տպագիր թէ առցանց) միջոցներէն «տարբերելու» եւ «21-րդ» դարու շունչով արտայայտուելու առաջադրանք:

Առ այդ, հանդէսը կ՛առաջադրէ`

1) Յառաջ մղել հայ հրապարակախօսութիւնն ու լրագրութիւնը, կարծիքի բազմազանութեան ապահովման եւ քննական միտքի քաջալերման  յատկանիշներով:

2) Դառնալ հայ կեանքին եւ ժամանակակից աշխարհին վերաբերող տեսական, հասարակական եւ մշակութային խնդիրներու քննարկման եւ բանավէճի միջավայր` հեղինակներու եւ ընթերցողներու մասնակցութեամբ:

3) Նպաստել հայերէն գրական ստեղծագործութեան` միաժամանակ կարեւոր տեղ տալով այլալեզու գրական երկերու հայացման:

4) Զարկ տալ հին թէ ժամանակակից հայ պատմութեան եւ հասարակական, մշակութային ու կրթական կեանքի ուսումնասիրութեան` մօտեցումներու բազմազանութեան յատկանիշներով:

«Տարբերակ 21»-ը կը հրատարակուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Իբրեւ ազատ արտայայտութեան բեմ, «Տարբերակ 21» հանդէսը պատրաստ է ընդունելու հրապարակագրական, լրագրական, գրական-գեղարուեստական ու գիտական գրութիւններ եւ յօդուածներ` պատուեգինով վարձատրելու դրութեամբ: Հանդէսին մէջ կը հրապարակուին նաեւ գեղարուեստական թէ տարբեր նիւթերու վերաբերեալ լսատեսողական գործեր: Այդ բոլորը կարելի է ներկայացնել խմբագրութեան [email protected] հասցէին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

www.darperag21.net

[email protected]

FB: darperag21

Նախորդը

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը` Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Իւրայատուկ Ներկայութեամբ, Տարեցներու, Հիւանդներու Եւ Թոքախտաւորներու Կեդրոն

Յաջորդը

Լիմոնի Թուփը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.