Համավարակի Պատկերումներու Հոլովոյթը Սպիտակ Պաստառի Վրայ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համաճարակի արհաւիրքը այլազան ձեւերով արտայայտուած է արուեստի եւ գրականութեան մէջ: Գեղարուեստական առումով, հետաքրքրական են այն գործերը, որոնք համաճարակը կը ներկայացնեն առասպելական, այլաբանական եւ կամ փոխաբերական առումով: Թերեւս ամէնէն ծանօթ գործերն են Փիեթըր Պրիւկելի «Մահուան յաղթանակը» պաստառը (1562) եւ Ալպէր Քամիւի «Ժանտախտ»-ը (1947): Ընկերաբանական առումով, ուսանելի են շարք մը գործեր, որոնք ձեռք կ՛առնեն մարդկային յարաբերութիւնները եւ իշխանութեան վարքը համավարակի...



















