Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

July 14, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 50 եւ աւելի դիւանագիտական ու միջազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին նաեւ յոյն դեսպան Ն. Փիփերիկոսի, բեմադրուած այցելութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդա եւ Շուշի քաղաքները, դժգոհութեան եւ բողոքի բուռն ալիք բարձրացուց յունական հանրային կարծիքին մօտ: Արցախի գրաւեալ հողերուն վրայ Յունաստանի դիւանագէտին ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտուեցաւ յունական լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնք այս քայլին համար բացատրութիւններ պահանջեցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ:

Անմիջական եղաւ նաեւ հակազդեցութիւնը ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, որ նամակ յղեց յոյն արտաքին գործոց նախարարին` նշելով յունահայութեան հիասթափութիւնը` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած հողերուն վրայ յունական ներկայութեան համար:

Մեզի համար անհասկնալի կը դառնայ յունական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան այս քայլը: Զայն վերագրել դիւանագիտական սայթաքումի՞, կամ մտածել, թէ անցեալ սեպտեմբերին յոյն դեսպանի անձին հանդէպ Ալիեւի կոպիտ վերաբերմունքը դիւրաւ մոռցուեցաւ, ի խնդիր դիւանագիտական… եւ այլ կապերու ամրապնդումին:

Իսկապէս զարմանք կը պատճառէ Յունաստանի մասնակցութիւնը, երբ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն հելլէն նախարարը Երեւան իր այցելութեամբ հայանպաստ յստակ կեցուածք որդեգրեց` դատապարտելով թուրք-ազրպէյճանական եւ անոնց վարձկաններու ռազմական գործողութիւնները Ղարաբաղի վրայ:

Այն ատեն էր, որ Յունաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ փութացին դատապարտել Նիքոս Տենտիասի հայամէտ դիրքը եւ պահանջել նախարարէն չեզոք (իմա ազերիամէտ) կեցուածք պահել:

Մի՞թէ այդ շրջանակներու ազդեցութեան տակ յունական նախարարութիւնը արտօնութիւն տուաւ իր դեսպանին «բարի վարուց» կեցուածք ցուցաբերել` մասնակցելով երեւութապէս «ծանօթացման պարզ այցելութեան» մը:

Յստակ է, որ Յունաստան չկարողացաւ խորապէս ըմբռնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ այլ եւրոպական երկիրներու մերժողական կեցուածքը` չընդառաջելու Պաքուի կողմէ սարքուած բեմադրութեան: Յունաստան նոյնիսկ օրինակ չառաւ Կիպրոսի մերժողական կեցուածքէն, այսպէս տեղ տալով Ազրպէյճանի նենգ քաղաքականութեան` «օրինականացնելու» իր ներխուժումը արցախեան տարածքներ:

Միայն Կիպրոսի օրինակը բաւարար ազդակ մըն էր, որպէսզի յունական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը դէմ կանգնէր ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն` մերժելով իր մասնակցութիւնը: Այս պարագային, յոյն-թրքական հակամարտութեան մէջ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` ի նպաստ Թուրքիոյ, Յունաստանի համար զսպանակ չդարձաւ թուրք եւ ազրպէյճանական դիւանագիտական խաղերուն դիմաց:

Բարեկամ Յունաստանի դիւանագիտութիւնը մեծ սայթաքում մը ունեցաւ, նոյնիսկ եթէ տեղի տուաւ զանազան «ճնշումներու»: Հոս ամէնէն զարմանալին այն է, թէ երբ Ազրպէյճանի մէջ յունական դիւանագիտութիւնը իր ներկայութեամբ` կամայ թէ ակամայ, «կը հաստատէր» ազրպէյճանական գրաւումի «օրինականութիւն»-ը, նոյն պահուն Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան նախարարը տեսակցութիւն կ՛ունենար Երեւանի մէջ յոյն դեսպանին հետ, միասնաբար քննարկելու համար ռազմական արդի միջոցներու արտադրութեան կարելիութիւնները…:

Հայ դատի յանձնախումբը արդարօրէն յստակ պատասխան եւ բացատրութիւններ կը պահանջէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն: Հոս հարցականի տակ չի դրուիր Յունաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական կապեր ունենալու միջազգային իրաւունքը:

Երբ հարցը կը հասնի ազատութեան, ազգերու ինքնորոշման եւ մարդկային արժանապատուութեան ջատագով Յունաստանի պաշտօնական ներկայութեան հայկական Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ գրաւեալ հողերուն վրայ, այդ պարագային հայ ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի կարգի հրաւիրելու մեր աւանդական դաշնակիցը:

Յ.Գ. Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ փոխնախարարներու հրաժարականէն ետք, հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ անտէր ըլլալ: Ազրպէյճանական ոտնձգութեան դէմ, անգլուխ մնացած արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը մինչեւ հիմա ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրաւ, ոչ մէկ դիմում կատարեց ԵԱՀԿ-ին կամ այլ միջազգային ատեաններուն: Հակառակ իր ընտրական «յաղթանակին», ներկայ վարչախումբի արտաքին քաղաքականութեան սնանկութիւնը կը շարունակէ տկարացնել Հայաստանի դիրքը տարածաշրջանին մէջ:

Կը սպասենք, որ մեր դիւանագիտութեան ներկայացուցիչները անմիջականօրէն դիմեն Ալիեւի սարքած «խեղկատակութեան» մասնակցող երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններուն` հայ ժողովուրդի պատիւին ու հողային ամբողջականութեան դէմ եղած ոտնձգութեան համար:

Նախորդը

Ռեճեփ Էրտողան Համաթուրանականութեան Ձգտող Եւ Իսլամը Շահագործող Պատեհապաշտ Մըն Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.