Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի 2800-Ամեակին Առիթով. Երեւանի Տեսարժան Վայրերը

Յուլիս 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է: Պատմական Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաք Երեւանը, ըստ հնագէտներու, հիմնադրուած է նախքան Քրիստոս 782 թուականին, ուրարտական-արարատեան թագաւորութեան արքային կողմէ, իբրեւ բերդաքաղաք: Երեւանը կը գտնուի Հրազդան գետի ափին, ծովու մակերեսէն 860-1400 մեթր բարձրութեան եւ 227 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Երեւանը Հայաստանի քաղաքական, վարչական, տնտեսական եւ մշակոյթի կեդրոնն է: Հոն կը բնակի մօտաւորապէս 1 միլիոն 200 հազար մարդ: Ներկայ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծը գծուած է 1924 թուականին, անուանի ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի կողմէ: Երեւանը յայտնի է իր ճարտարագիտութեամբ, հարուստ կոթողներով, յատկապէս` Օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնով, Մատենադարանով, Մարզահամերգային համալիրով, Յաղթանակի կամուրջով, Ծիծեռնակաբերդի` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրով, «Մայր Հայաստան» յուշարձանով, թանգարաններով, եկեղեցիներով, համալսարաններով, երաժշտանոցներով:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան հռչակուեցաւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, նաեւ պահպանուեցաւ Երեւանի մայրաքաղաքի կարգավիճակը:

Երեւան քաղաքը ունի իր դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը:

Դրօշը, որ իբրեւ մայրաքաղաքի խորհրդանիշ հաստատուած է 27 սեպտեմբեր 2004 թուականին, Երեւանի խորհուրդին կողմէ: Սպիտակ դրօշին կեդրոնը կը գտնուի Երեւանի զինանշանը, որ շրջապատուած է 12 եռանկիւններով, որոնք կը խորհրդանշեն Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները:

Երեւանի զինանշանը ունի հետեւեալ նկարագիրը: Զինանշանի պատկերը երիզուած է ուղղանկիւնաձեւ վահանակով մը. զինանշանին խարիսխի մասին կապոյտ խորապատկերին մեծատառ մակագրուած է «ԵՐԵՎԱՆ» բառը, անոր վերի մասը կանգնած է առիւծ մը, որ գլուխը ետ թեքած է եւ ձեռքը բռնած է իշխանութեան խորհրդանշան գաւազանը: Առիւծի գլխուն վրայի թագի մէջտեղէն կը բարձրանայ «Կենաց ծառ»-ի խորհրդանշանը, իսկ առիւծի կուրծքին յաւերժութեան նշանին վրայ կայ Արարատի պատկերը:

Երեւանի օրհներգն է «Երեւան-Էրեբունի» երգը, որուն բառերուն հեղինակն է Պարոյր Սեւակ, իսկ երաժշտութիւնը յօրինողը` Էդկար Յովաննիսեան:

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց, Թումանեան, Տէրեան, Սայաթ Նովա փողոցները քալել, ֆրանսական հրապարակը շրջիլ եւ քաղաքին սիրտը` Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի ու պալէի պետական ակադեմական թատրոնին գեղեցկութեամբ չհիանալ անհնար է: Օփերայի ու պալէի պետական թատրոնին կառոյցը իր յստակ եւ նուրբ ձեւերով, հետաքրքրական եւ տպաւորիչ ոճով, բարձրաքանդակներու նուրբ ու ներդաշնակ մշակումով իւրաքանչիւրին ուշադրութիւնը կը գրաւէ:

Կառոյցին հեղինակը ազգային ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանն է: Ան  նաեւ Երեւանի յատակագիծը պատրաստողն է: Թատրոնին շէնքը կառուցուած է 1926-1963 թուականներու միջեւ: Շէնքին նախնական նախագիծը ենթադրուած էր ամառնային եւ ձմեռնային սրահներու միասնութեամբ նոյն կառոյցին մէջ երկու շարժական դահլիճներ, որոնք պիտի բաժնուէին երկու ամֆիթատրոնի` շուրջ 3 հազար հանդիսատես տեղաւորող ծաւալով, սակայն այլ պատճառներով նախագիծը ենթարկուեր է փոփոխութիւններու:

1936 թուականին ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի մահէն ետք անոր որդին` Գէորգ Թամանեան աւարտին կը հասցնէ հանճարեղ կառոյցը:

Շէնքին թատերական հատուածին ձմեռնային դահլիճին կառուցումը իր աւարտին հասած է 1936 թուականին, իսկ ամառնային բացօթեայ դահլիճը` 1963-ին, Արամ Խաչատուրեանի անունով  կնքուած է ֆիլհարմոնիկ դահլիճը, ուր կառոյցի մուտքին տեղադրուած է անոր արձանը:

Թամանեաններու այս կառոյցը կրնանք համարել դասական, հայկական, ազգային ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, նկարչութեան համադրութեան ծաղկումը: Օփերայի հրապարակին վրայ տեղադրուած են Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ երգահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի արձանները, որոնք կերտուած են քանդակագործ Արա Սարգսեանի կողմէ: Այս սիրուն հրապարակին վրայ կը գտնուին հանրային պարտէզ մը եւ Կարապի լիճը, որուն կողքին տեղադրուած է երգահան Առնօ Բաբաջանեանի յայտնի արձանը:

Երեւանի մէջ կը գործէ  աւելի քան 57 թանգարան, որոնցմէ են` նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի, Ծիծեռնակաբերդի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի, «էրեբունի» պատմական, հնագիտական թանգարանները եւ այլն:

– Երեւանի հպարտութիւնն է «Էրեբունի» թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին «Էրեբունի» բերդի հնագիտական պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած իրերը:

– Մեծ եղեռնի վերաբերող թանգարանը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր կը ցուցադրուին  Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բազում փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլ իրեր: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը  գտնուին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանն ու Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը:

– Մաշտոցի պողոտային վրայ կը գտնուի Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը:

– Երեւան քաղաքի Պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է 1931  թուականին: Թանգարանին մէջ կը  պահուին շուրջ 90 հազար հնագիտական, ազգագրական եւ այլ ցուցանմուշներ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի  12-րդ մայրաքաղաքի` Երեւանի 2799-ամեայ պատմութիւնը, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը` հնագիտական, ազգագրական, դրամագիտական, կերպարուեստի, գրաւոր աղբիւրներու, լուսանկարներու եւ այլ հաւաքածուներ:  Թանգարանին մէջ կը  պահուին Երեւանի խորհրդանիշները` դրօշը, զինանշանը, օրհներգը, Երեւանի քաղաքապետի խորհրդանիշ լանջաշղթան` հայոց մայրաքաղաքներու անուանատառերով:

– Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  խորհրդարանի ընդունած օրէնքով: Այցելուներուն համար բացումը կատարուած է 20 օգոստոս 1921-ին: Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ կը  պահպանուի շուրջ 4 հարիւր հազար առարկայէ բաղկացած ազգային հաւաքածու` ամբողջացնելով Հայաստանի նախապատմական ժամանակներէ եկող մշակոյթն ու պատմութիւնը:

– 1921 թուականին հիմնուած է Ազգային պատկերասրահը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Պատկերասրահը կառուցուած է սեւ տուֆէ,   նախկին երկյարկանի շէնքը երեսպատուած է ճերմակ քարով, իսկ 1978  թուականին բակին մէջ բարձրացած է ութ յարկանի մասնաշէնքը: Պատկերասրահը ստեղծած է արեւմտեան-եւրոպական կերպարուեստի հարուստ հաւաքածու` աւելի քան 25 հազար ցուցանմուշ: Պատկերասրահը մաս կը կազմէ Կերպարուեստի թանգարաններու համաշխարհային ընկերակցութեան:

– Երեւանի մէջ Գաֆէսճեան թանգարան- հիմնադրամը 2002 թուականի ապրիլին  բացումը կատարած է «Գաֆէսճեան թանգարան հիմնադրամը» ժամանակակից արուեստի թանգարանին` մշակութային կեդրոն ստեղծելու նպատակով:

Երեւանի մէջ ստեղծուած է գրադարաններու եւ թանգարաններու լայն ցանց մը:  Հայաստանի մէջ գործող շուրջ  հազար գրադարաններուն 34-ը կը գտնուին Երեւանի մէջ: Անոնցմէ են` Ազգային գրադարանը, Մանկական գրադարանը, Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանը, Գիտական գրադարանը  եւ այլն:

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի
Անուան Մատենադարան

Մատենադարանը հին ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման, ուսումնասիրման աշխարհի ամէնէն հարուստ կեդրոններէն  մէկն է: Հոն կը պահպանուին` շուրջ 22 հազար ձեռագիրներ, 4 հարիւր հազարէ աւելի արխիւային փաստաթուղթեր, 3 հազարէ աւելի հնատիպ գիրքեր: Մատենադարանին մէջ կան միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամէնէն մեծ հաւաքածոները: Հոն պահպանուող ձեռագիրներէն  շուրջ 15 հազարը հայերէն, իսկ  մնացեալը օտար լեզուներով են:

Մատենադարանը ստեղծուած է 1921 թուականին` 5-րդ դարուն ստեղծուած Էջմիածինի  մատենադարանի հիմքին վրայ եւ եղած է Հայաստանի առաջին գիտական, հետազօտական հաստատութիւնը, որ  նախապէս կը կոչուէր Կուլտուր-պատմական հիմնարկ:

Մատենադարանը հիմնադրած են 405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը, թագաւորանիստ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ: 1921 թուականին Մատենադարանը պետականացուած է, ապա 1939 թուականին տեղափոխուած է Երեւան:

Մատենադարանի շէնքը կառուցուած է ճարտարապետ Մարք Գիրգորեանի նախագիծով, շէնքի շինարարութիւնը սկսած է 1945 թուականին, սակայն 1947-1953 թուականներուն միջեւ դադրեցուած են շէնքի շինարարութեան աշխատանքները: 1953 թուականին վերսկսած են շինարարութեան աշխատանքները եւ աւարտին հասած են 1959 թուականին:

Մատենադարանը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յիշողութեան ցանկին մէջ:

Հոս ի հարկէ պէտք է նշել, որ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 2017 թուականին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է զբօսաշրջութեան 18,7 առ հարիւր աճ, իսկ  2018-ի առաջին կիսուն` շուրջ 12 առ հարիւր աճ, մշակուած նոր ծրագիրներով  կը սպասուի շատ աւելի մեծ աճ, յատկապէս` աշնանային  շրջանին:

 

———————-

Օգտագործուած աղբիւրներ

– Տուրինֆօ-Հայաստանի զբօսաշրջական ամսագիր. Հայաստանի տեղեկատուութեան եւ ծառայութեան հրատարակութիւն
– Ազատ հանրագիտարան

Նախորդը

Լիմոնի Թուփը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?