Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 14, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ազրպէյճանական Յարձակումներուն Իբրեւ Հետեւանք Զոհուած Են Արցախի 750 Քաղաքացիներ

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 27 սեպտեմբեր 2020-ին մեկնարկած փաստահաւաք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն` Արցախի մէջ զոհուած 750 քաղաքացիներէն 81-ը պարզ քաղաքացիներ են: Անոնցմէ 42-ը զոհուած են ազրպէյճանական զինուած ուժերու հեռահար հարուածներուն, ներառեալ` հրթիռակոծութեան, հրետակոծութեան, ռմբակոծութեան, ներթափանցող խումբերու հրազէնային կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք, 39-ը` ազրպէյճանական գերութեան կամ առնուազն վերահսկողութեան տակ` ֆիզիքական բռնութեան, դանակահարութեան, գլխատման եւ հրազէնային կրակոցի կիրարկումով: Զոհուած զինուորներու պարագային ընդգրկուած է թիւը այն անձերուն, որոնց վերաբերեալ տուեալները փոխանցած է «Զինծառայողների ապահովագրութեան» հիմնադրամը:

Վիրաւորուած են 163 քաղաքացիներ: Վիրաւորուած զինուորներու յստակ թիւը ներկայիս չկայ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին մօտ:

Հաստատուած տուեալներով` Արցախի Հանրապետութեան 83 բնակիչներ կը նկատուին անհետ կորսուած, անոնց 23-ը` քաղաքացիներ:

Գերի տարուած եւ գերութենէն վերադարձած 103 անձերէն 23-ը Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:

Շողակաթ Գիւղին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Անուան Այգի–Պուրակին

Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ գիւղին մէջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ հանրահռչակ երգահան  Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող այգի-պուրակին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան, Շողակաթ համայնքի ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեան, համայնքի բնակավայրերու վարչական ղեկավարներ, համայնքի բնակիչներ եւ հիւրեր: Միջոցառման նախորդեց Գեղարքունիքի մարզպետի` Գնել Սանոսեանի մամլոյ ասուլիսը, որ կայացաւ այգի-պուրակին տարածքին մէջ: Ան անդրադարձաւ 2021 թուականի Ա. կիսամեակին մարզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն:

Շողակաթ համայնքի ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեան յայտնեց, որ այգի-պուրակը կառուցուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ: Շինարարական աշխատանքները սկսած են 2020 թուականի յուլիսէն եւ աւարտած են այս տարուան յունիսին: Այգի-պուրակին մէջ իրականացուած է ջրային եւ լուսաւորութեան համակարգ, կառուցուած է բեմական հատուած եւ տեղադրուած է Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրին`  քանդակագործութեամբ Գերասիմ Շահվերտեանի: Շինարարութեան պայմանագրային արժէքը կազմած է 18 միլիոն 860 հազար դրամ, որուն 45 տոկոսը յատկացուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը, 55 տոկոսը` Շողակաթի համայնքապետարանը:

Այս տարի շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցնելու նպատակով Շողակաթի համայնքապետարանին կողմէ կատարուած է յաւելեալ ներդրում` 12 միլիոն 400 հազար դրամ:

Շարլ Ազնաւուրի անուան այգի-պուրակի եւ կիսանդրիի բացման օրհնութեան կարգ կատարեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի Ճամբարակի հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քահանայ Երիցեան: Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրիին եւ այգի-պուրակի բացումը կատարեցին Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան եւ Շողակաթ համայնքի ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեան: «Ինչո՛ւ նորակառոյց այգի-պուրակը կոչուեցաւ Մեծն Ազնաւուրի անունով: 2018 թուականին, երբ Ֆրանսախօս երկիրներու միջոցառումները տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, մենք համայնքով որոշեցինք յատուկ հրաւէրով հիւրընկալել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ մեր ականաւոր հայրենակից Շարլ Ազնաւուրը: Սակայն փոխարէնը ստացանք Ազնաւուրի մահուան բօթը, եւ մեր նպատակը անկատար մնաց: Այնուամենայնիւ կարելի եղաւ զայն այսպէս իրականացնել, Ազնաւուրը իր յաւերժ ներկայութեամբ` կիսանդրիով հիւրընկալել պուրակին մէջ», իր խօսքին մէջ նշեց Սուլիկօ Շուշանեան:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ մարզպետ Գնել Սանոսեան, որ ըսաւ. «Շատ կարեւոր կը համարենք այսպիսի կառոյցներու ներկայութիւնը: Այս գեղեցիկ միջավայր մըն է, ուր կարելի է կազմակերպել մշակութային ձեռնարկներ, զբօսնել ու հանգստանալ եւ վայելել հետաքրքրական ժամանց: Այս պատերազմէն ետք նման կառոյցներ աւելի շատ պիտի ունենանք, որպէսզի կարենանք փոխել մարդոց համակած տխուր տրամադրութիւնը: Համոզուած եմ, որ Ազնաւուրի անունը մնայուն պիտի  ոգեշնչէ այս համայնքի երեխաները` ուսանելու եւ այդպիսով մեր հայրենիքին համար պիտանի մարդիկ դառնալու»:

Հաղորդենք, որ Շողակաթի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները ներկաները դիմաւորեցին Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած գրական-երաժշտական կատարումներով:

Դիլիջանի Մէջ` Էդուարդ Միրզոյեանի 100-Ամեակին Նուիրուած Նուագահանդէս

Կազմակերպութեամբ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, յուլիս 10-ին կայացաւ նուագահանդէս` նուիրուած երգահան, մանկավարժ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մշակութային, հասարակական գործիչ Էդուարդ Միրզոյեանի 100-ամեակին:

Նուագահանդէսը կայացաւ Երաժիշտներու միութեան Էդուարդ Միրզոյեանի անուան ստեղծագործական տան Պեթհովընի անուան դահլիճին մէջ, ուր հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ  երգահան Վահան Մարտիրոսեանի:

Տեղեկացնենք, որ Երաժիշտներու միութեան Դիլիջանի ստեղծագործական տունը հիմնադրուած է 1963 թուականին: Դահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է 1984-ին: 2013 թուականէն դահլիճը կը կրէ արուեստագէտ, երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի անունը: Ըստ ականատեսներու պատումին, Էդուարդ Միրզոյեան մեծ մասնակցութիւն ունեցած է կառոյցին շինարարական աշխատանքներուն մէջ. ան տեղեակ էր դրուած ամէն մէկ քարին եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէր շինարարութեան:

Ժամանակի ընթացքին երաժիշտներու ստեղծագործական տան մէջ հանդէս եկած են շարք մը անուանի երաժիշտներ, որոնք իրենց նպաստը բերած են կառոյցի կայացման եւ հեղինակութեան: Այս նուագահանդէսը ո՛չ միայն յարգանքի տուրք է մեծանուն երգահանին յոբելեանին, այլեւ կը նպատակադրէ նպաստել Դիլիջանի ստեղծագործական տան հանրահռչակման:

Նշենք, որ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը վերջին շրջանին իր բոլոր նախաձեռնութիւններով նպատակ կը հետապնդէ մարզային մշակութային միջոցառումներով աշխուժացնել մշակութային կեանքը Հայաստանի մարզերուն մէջ, ուր հազուադէպօրէն տեղի կ՛ունենան այսպիսի տարողութեամբ ձեռնարկներ:

«Նուիրիր Գիրք Գիւղական Գրադարանին» Ծրագիրը` Շիրակի Գիւղական Գրադարաններուն Համար

ՀՅԴ «Շիրակ» մարզային  կոմիտէն յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ Շիրակ  գիւղական համայնքային գրադարաններու գիրքի հաւաքածուները անհրաժեշտ գրականութեամբ համալրելու նպատակով սկիզբ առաւ «Նուիրիր գիրք գիւղական գրադարանին» ծրագիրը:

ՀՅԴ «Շիրակ» կոմիտէն կը բացատրէ, թէ «Նուիրիր գիրք գիւղական գրադարանին» ծրագիրին նպատակն է կարելի եղածին չափ աշխուժօրէն նպաստել Շիրակի գիւղական համայնքային գրադարանները գիրքի հաւաքածուներով եւ անհրաժեշտ գրականութեամբ համալրելու գործին:

Տեղեկատուական դարը փոխած է երեխաներուն վերաբերմունքը գիրքին նկատմամբ: Ընկերային հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երեխաները սկսած են աւելի քիչ ժամանակ տրամադրել ընթերցանութեան: Ուստի երեխան ընթերցանութեան հաղորդակից դարձնելու  հարցը առաջնահերթ կը համարուի, իսկ այդ հարցերուն լուծման մէջ կարեւորագոյն դեր կը խաղան երեխաներուն սպասարկող գրադարանները:

Ցաւօք, գրադարանները կը բախին ժամանակակից որակեալ մանկական գրականութեան սակաւութեան: Այս յատկապէս կը վերաբերի գիւղական բնակավայրերու գրադարաններուն, ուր նոր գիրքերը գրեթէ չեն հասնիր:

Հաղորդուեցաւ, որ ծրագիրի ծիրին մէջ հաւաքուած ամբողջ գրականութիւնը փոխանցուեցաւ գիւղական համայնքներուն, դպրոցներուն, գրադարաններուն:

Հաւաքուած գիրքերը բազմազան են` հեքիաթներ, դասական, երիտասարդներու բարոյական եւ ռազմական հայրենասիրական դաստիարակութիւն, պատմութեան ու արուեստի գիրքեր, արկածներ եւ այլ տեսակներու մասին: Նշուեցաւ, որ գիրքերը կարելի է յանձնել ՀՅԴ «Շիրակ» մարզային կոմիտէի գրասենեակ:

«Ճամբորդենք Խաչատրեանի Հետ». Նոր Գծանկարային Ժապաւէն

Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը յուլիս 9-ին ներկայացուց «Ճամբորդենք Խաչատրեանի հետ» նոր գծանկարային ժապաւէնին բաց դիտում, ստեղծագործական խումբին հետ հանդիպում եւ ժապաւէնին քննարկում:

Մշակութասէր հանրութեան ներկայացուեցաւ նոր գծանկարային քառալեզու` հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով ժապաւէնը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ երգահանին արտասահմանեան շրջագայութիւններուն: «Ես երջանկութիւնը ունեցած եմ նուագահանդէսներով հանդէս գալու Եւրոպայի գրեթէ բոլոր, իսկ ամերիկեան շարք մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ճափոնի մէջ եւս: Իւրաքանչիւր հիւրախաղային ուղեւորութեան նոր հանդիպումներ կ՛ունենայինք հետաքրքրական մարդոց, հրաշալի երաժշտական խումբերու, նշանաւոր գրողներու, նկարիչներու եւ հասարակական գործիչներու հետ», կը նշէ Արամ Խաչատրեան:

Հաղորդենք, որ ժապաւէնը պատրաստելու ժամանակ  օգտագործուած են տուն-թանգարանի արխիւային նիւթերը, իսկ զայն նկարահանած է ILABS Armenia ընկերութիւնը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Ապագայի Արցախը` Արուեստի Դպրոցի Սաներուն Աչքերով

Վերջերս Ստեփանակերտի Յակոբ Կիւրճեանի անուան արուեստի դպրոցին մէջ «Թովմասեան» հիմնադրամը նախաձեռնած է ձեռնարկ մը, որուն ծիրին մէջ արցախցի երեխաները նկարեցին ապագայի Արցախը իրենց աչքերով:

«Թովմասեան» հիմնադրամի գործառնութիւններու տնօրէն Նանէ Աւետիսեանի համաձայն, «Թովմասեան» հիմնադրամը աւելի քան 20 տարիէ ի վեր, որ կ՛իրականացնէ բարեսիրական ծրագիրներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

«Այսօր մեր նպատակն է երեխաներուն օգնելու ճամբով աւելցնել անոնց մէջ հետաքրքրութիւնն ու սէրը արուեստին եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ: Կը կարծենք, թէ նիւթական օժանդակութեան զուգահեռ, շատ մեծ են  հոգատարութիւնը, սէրը, ջերմ վերաբերմունքը: Մեր նպատակներէն է նաեւ Արցախի երեխաներուն հետ մեծ շրջանակ մը կազմել, որպէսզի հետագային որեւէ հարցի պարագային անոնց օգնելու համար կապի օղակ գոյութիւն ունենայ»:

Միջոցառման բոլոր` 12 մասնակիցներուն կտաւները պիտի հանուին աճուրդի, իսկ ստացուած եկամուտը պիտի յատկացուի արուեստի, մշակոյթի վերաբերող բարեսիրական ծրագիրները կեանքի կոչելու:

«Թովմասեան» հիմնադրամի տնօրէնը արուեստի դպրոցի  սաներուն բաժնած է նուէրներ եւ աշխատանքային գործիքներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ Էմինի Ազատագրական Ծրագիրները. Յովհաննէս` Աղուանից Կաթողիկոս

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?