Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանը Դառնում Է Տարածաշրջանի Ամենայետամնաց Երկիրը»

Յուլիս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Այսօր` 1 յուլիսին, հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի սիւնակը: Խորագիրը ահազանգային է: Վաղուան մղձաւանջային մտահոգութիւն:

Կ’արտագրեմ Արմէն Գէորգեանի սիւնակէն դատումներ:

– Միջազգային արժեւորում մը. «Համաշխարհային դրամատան հետազօտութեան համաձայն, Հայաստանում կրթական աղքատութեան մակարդակը 35 տոկոս է: Այս նշանակում է, որ 10 տարին չլրացած իւրաքանչիւր 3-րդ աշակերտը չի կարող սահուն կարդալ եւ հասկանալ տարիքին համապատասխան բնագիրը: Վրաստանում այդ ցուցանիշը 13,8 տոկոս է, իսկ Ազրպէյճանում` 23,23 տոկոս»:

– Աւելի մտահոգիչ հաստատում մը. «Հայաստանի երեխաների մօտ 7 տոկոսը չի յաճախում դպրոց»:

– Ախտաճանաչում. «Ներկայիս իշխանութիւնները կրթուած մարդկանց կարիք չունեն, բարձրորակ մարդկային պաշարների անրաժեշտութիւն չկայ: Անկիրթ մարդկանց աւելի հեշտ է մոլորեցնել եւ խաբել»:

– Արդիւնք. «Կրթութեան համակարգի վիճակն այսօր դառնում է զանգուածային արտագաղթի հիմնական պատճառներից մէկը: Շատ հայեր դեռ կարեւորում են իրենց երեխաների համար որակեալ կրթութիւնը եւ ուստի այն փնտռում են Հայաստանից դուրս»:

Այս ըսելէ ետք, Արմէն Գրիգորեան չ’ըսեր, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ո՛վ կամ որոնք ի՛նչ պէտք է ընեն: Եւ ո՞վ կամ որո՞նք են պատասխանատու:

Սփիւռքի ընթերցողի պատասխանը սրտցաւութենէ եւ բաեսիրութենէ անդին չ’անցնիր, չի կրնար անցնիլ, դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի: Սփիւռքը Հայաստանի մէջ մանկապարտէզներ կը բանայ, ի հարկէ` դուրսէն դուրսէն բերուած գումարներով: Բայց միշտ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ սփիւռքը պետութիւն չէ: Իր յատկացումները պետական պիւտճէէ չեն գար:

Իսկ ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի քաղաքացի ընթերցողը, որուն զաւակը, յետնորդները կը գտնուին յիշուած վտանգին մէջ: Այս ահազանգը իրապէս կը լսուի՞ զանգուածին կողմէ: Ապահովաբար կը լսէ մտաւորականութիւնը, գիտէ: Ան կրնա՞յ իր կոչման չանսալ եւ մնալ սպասողական դիրքի մէջ: Կրնա՞յ պայքարի հրապարակ չգալ` գալիք սերունդի 1/3-ը տգիտութեան չդատապարտելու յանձառութեամբ: Եթէ կացութեան դարման չգտնուի, քսան տարի ետք Հայաստանի բնակիչներու 3-էն 1-ը անգրագէտ պիտի ըլլայ:

Աւելցնենք երկրորդ սուր մտահոգութիւնը: Հայաստանի 100 երեխաներէն 7-ը զրկուած են դպրոցէ: Զանազան եւ զարմանազան բարեկարգումներու` ռեֆորմներու, ետեւէ վազած եւ վազող կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ գիտութեան նախարարները աւելի լաւ գործ ըրած պիտի ըլլային, եթէ զբաղէին նաեւ դպրոցական տարիքի երեխաներու 7 տոկոսով, որոնք դպրոցէ զուրկ են: Պարգեւավճարներու հասցէները եթէ փոխուած ըլլային եւ գացած` այդ 7 տոկոսին, կատարուած կ’ըլլար ազգաշէն գործ: Այս ընթացքը քսան տարի ետք գալիքի անվտանգութեան խնդիր չէ՞ միթէ: Ազգային ժողովը օր մը օրակարգ դարձուցա՞ծ է այս իսկապէս հրատապ հարցը:

Ի հարկէ տգէտ զանգուածը կը մնայ անտեղեակ, եւ ամբոխավարական ճառով կարելի է զայն առաջնորդել, հպատակեցնել կարգախօսներու:

Եւ ի վերջոյ, ծնողները, ո՛ւր որ ալ գտնուին, ի՛նչ կացութեան մէջ ալ ըլլան, միշտ մտահոգուած են իրենց զաւակներու ապագայով, հետեւաբար` դպրոցով, ուսումով: Այս վիճակը կը գումարուի տնտեսական եւ ապահովական անորոշութեան վրայ, եւ մարդիկ, ճարահատ, իրենց աչքերը կը յառեն երկրէն դուրս, տեղի կ’ունենայ արտագաղթ, միգրացիա:

Թերեւս օր մը կարելի կ’ըլլայ դարմանել անփառունակ պարտութեան հետեւանքները, բայց կրթութենէ զրկուած սերունդով եւ արտագաղթի աղէտով վերականգնումը անկարելի կը դառնայ:

Բնակչութեան նուազում, կրթական մակարդակի անկում եւ անգրագիտութիւն` տրամաբանական ընթացքով կ’առաջնորդեն Արմէն Գէորգեանի խորագրով բանաձեւուած վճիռին.

«Հայաստանը Դառնում Է Տարածաշրջանի
Ամենայետամնաց Երկիրը»:

Ըսուած է. կացութեան դիմաց հայաստանցին կ’ընտրէ արտագաղթի ճամբան: Սփիւռք(ներ)ը, որ սովորութիւն ունի ազգային հարցերու համար բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու, որպէսզի իր մտահոգութիւնը լսուի, իրաւունք ունի՞ «հայրենասիրութիւն» խաղալու, քաղաքական վարդապետական տեսակէտներ յայտարարելու եւ լուռ մնալու այս հիմնահարցի պարագային:

Լռութիւն, որ անընդունելիին մեղսակցութիւն է, որուն համար օր մը հաւաքաբար պիտի ամչնանք:

Կրկին կարդալ խորագիրը:

Եւ յիշել Ֆրանսական յեղափոխութեան աւագ դէմքերէն Տանթոնի խօսքը կրթութեան մասին, իր 1793-ի ճառին մէջ. «Հացէն ետք, կրթութիւնը ժողովուրդի առաջնային կարիքն է»:

Չի բաւեր Սայաթ Նովա յիշել, երգել: Պէտք է լսել եւ իմանալ անոր խօսքը. «Գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, դաւթար սիրէ»: Դպրոցէ զուրկ սերունդին ինչպէ՞ս այս ըսել, երբ դպրոցականը դպրոց չ’երթար:

Դպրոցական տարիքի սերունդի 7 տոկոսը, որ դպրոց չի յաճախեր, ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ Սայաթ Նովայի իմաստութիւնը:

Ո՞ւր են պատասխանատուութիւնները. պետութիւն, մտաւորականութիւն եւ զանգուած:

2 յուլիս 2021, Փարիզ

Նախորդը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ե. Հայկազեանի Հրթիռները Եւ Երիտասարդութեան Զբաղումները

Յաջորդը

Սփիւռքը Եւ Իր Դիրքորոշումը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?