Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիմոնի Թուփը

Յուլիս 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Քեզ հետս պիտի տանիմ…

Ժպիտը դէմքին, ձեռնահեռաձայնը վար առնելով` ըսաւ.

– Անշո՛ւշտ պիտի տանիմ…

Կրկնեց` շերտ մը թախիծ հագցնելով ժպիտին: Կը խօսէր ան սենեակին լուսաւոր անկիւնը տեղաւորուած թաղարէն մեթր մը բարձրացած լիմոնի թուփին հետ, իսկ թուփը կարծես անխօս պատասխաններ կու տար կամ մելամաղձոտ հայեացքներով կը հարցնէր` «Ինչպէ՞ս, ո՞ւր…»:

… Եւ յիշեց տիկին Քնար, որ վեց տարի առաջ, երբ պատերազմէն խոյս տալով Հալէպէն Պէյրութ հասած էին` հոնկէ Երեւան փոխադրուելու, մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին այցելած էր «Թռչնոց բոյն», որմէ ելած պահուն, դարպասին դէմ, նկատած էր լիմոնի առատաբոյս ծառերը եւ լիմոն մը քաղած, դրած էր պայուսակին մէջ` որպէս յուշ կոթողի մը մօտէն:

Լիմոնը պայուսակէն ճամպրուկին մէջ հանգրուանեց եւ ճամպրուկով Երեւան հասաւ Քնարին ընտանիքին հետ: Քնարին առաջին գործը եղաւ այդ լիմոնին կուտը ցանել պարարտ հողով լի թաղարի մը մէջ:

Քնար անոր թիզ առ թիզ աճումին կը հետեւէր: Որքա՜ն մեծ էր ուրախութիւնը հողին երեսին առաջին ծիլը տեսած պահուն, ան պարարտանիւթերու մասին պրպտումներով լաւագոյնը բերեր ու հողը յագեցուցեր էր եւ իր կանաչ ձեռքերով հոգ տարեր բոյսին, բոյսն ալ կարծես սիրած էր տէրը եւ իրեն համար անյարմար կլիմային իսկ ընտելացած:

Քանի՜ տուն պտտած էր թուփը Քնարին հետ` յիշեալ վեց տարիներուն, վերջին փոխադրութիւնը տարի մը առաջ էր, երբ նախկին վարձակալած տան տէրը խնդրած էր, որ տունը դատարկէ:

Վեց երկար տարիներ անցած էին: Երկա՞ր… Հիմա ակնթարթի մը յուշն էին ընդամէնը: Քնար ակնթարթով մը կը թերթէր տետրը յուշերուն, որոնք շարուած էին կարծես ժամանակագրական յաջորդականութեամբ, եւ մէկը միւսը կը դրդէր թատրոնի մը դերասաններուն պէս, ուր ամէն ոք իր դերն ու տեղը սորված` դրուագ մը կը մարմնաւորէ եւ դէպքերու, դէմքերու կերպով պատում մը, կեանք մը, ժամանակի հատուած մը կը փոխանցուի:

Ուրախութիւն, ցնծութիւն կար վեց տարի առաջ հայրենիք փոխադրուած այս ընտանիքին մէջ, բայց կարճ տեւեց: Երիտասարդները չկրցան համակերպիլ, ուզեցին հեռանալ, գաղթել, շատերո՜ւ պէս: Տան նահապետը միջոցներ չխնայեց զոյգ երիտասարդները Եւրոպա ուղարկելու, ապա ինք ալ մեկնեցաւ եւ ահաւասիկ, երեք տարի ետք, յաջողեցաւ կնոջ եւս ընտանիքին միացնելու բոլոր անհրաժեշտութիւնները հոգալ:

Քնար բազմիցս փորձած էր համոզել ամուսինը, պատկերներ ցոյց տուած էր երկու տարի առաջուան յեղափոխութեան ցոյցերուն իր բերած մասնակցութենէն, խանդավառած էր զայն, որ թերեւս մտափոխուի եւ վերադառնալ ուզէ: Ամուսինը նոյնպէս խանդավառութիւն մը ապրած էր այդ ամիսներուն կամ տարուան մը ընթացքին, եւ անոր բառերէն Քնար երբեմն նշմարած էր համամտութեան նշոյլներ, որոնք իսկոյն վերացան վերջին պատերազմի օրերուն` տեղի տալով ամուսինին աճապարանքով Քնարին Եւրոպա հասնելու մտադրութեան եւ ջանքերուն:

Յուշերու ընդհատումով Քնարին նայուածքը պահ մը շեղած էր թաղարէն, ահա դարձեալ ինկաւ նոյն տեղը` կանաչ, փայլուն տերեւներուն, մատղաշ ճիւղերուն վրայ: Ան մեքենայական շարժումով բռնեց ձեռնահեռաձայնը, յաւելուածները թերթատեց, գտաւ ուզածը, հպումով մը բացաւ զայն, հեռաձայնին պաստառէն դիտեց թուփը, տեղաւորեց զայն քառանկիւնին մէջ եւ… «չը՛ք» լսուեցաւ նկարելուն հնչիւնը: Մի քանի լուսանկար առաւ, ապա անուանացանկէն գտաւ բարեկամի մը թիւը, եւ`

– Լիմոնի թուփս միայն քեզի կը վստահիմ, կ՛ուզե՞ս հոգ տանիլ…

Ըսաւ եւ ստացաւ ակնկալած դրական պատասխանը:

Քնար չէր բերած լիմոնը` այդ կոթողին յուշը, որմէ աճած թուփին գաղթին ալ պատճառ ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. «Տարբերակ 21» Հանդէս

Յաջորդը

Երեւանի 2800-Ամեակին Առիթով. Երեւանի Տեսարժան Վայրերը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?