Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Հատորով Լոյս Տեսաւ Յ. Չոլաքեանի Տարիներու Աշխատասիրութիւնը` «Սուրիահայ Դպրոցի Պատմութիւն»

Յուլիս 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրատարակութիւնը իրականացած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ, Երեւանի «Էտիթ փրինթ» հրատարակչատունէն: Ա. հատոր` 646 էջ, Բ. հատոր` 607 էջ:

Աշխատասիրութեան խմբագիրը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը պատրաստողն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գ. Եազճեան: Գիրքը ունի երկու մաս. Ա. մասը կը կոչուի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՏԵՂԱԲԱՇԽՄԱՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱԱՆ ԳՈՐԾԻՆ, որ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման ընդհանուր համապատկերին վրայ կրթութեան նուիրուած լայն ուսումնասիրութիւն մըն է (Ա. հատոր, էջ 19-381), իսկ երկրորդ մասը` ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ, ուր 18 աշխարհագրական շրջանակներու մէջ հանրագիտարանային տուեալներով կը ներկայացուին շուրջ 100 բնակավայրերու մէջ գործած ու գործող աւելի քան 240 ամէնօրեայ վարժարաններ` յիշատակելով նաեւ տուեալ շրջանակին մէջ գործող կիրակնօրեայ, գիշերային, երեկոյեան, կոյրերու, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու, արուեստի (երաժշտութիւն, պար, նկարչութիւն եւ այլն) եւ արհեստի վարժարանները:

Աշխատանքը օժտուած է քարտէսներով, պատճէններու եւ նկարներու բաժինով: Գիրքի ուսումնասիրութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են` սուրիահայ դպրոցներու խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները, տնօրէնութիւնները, գրադարանները, ուսումնական, հոգեւոր, վարչական մարմինները եւ բոլոր անհատները, որոնք ընդառաջած եւ օգտակար եղած են նիւթեր հաւաքագրելու աշխատանքին` դաշտային պրպրտումները արդիւնաւէտ դարձնելով:

Սուրիահայ նոր դպրոցը, առանց հաշուելու միջնադարու կրթութեան եւ գրչութեան կեդրոնները երկու դարէ ի վեր (առաջին դպրոցը կը յիշուի 1810-ին), բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով, մեծ դեր կատարած է հայապահպանման մէջ ու հիմա եւս կը շարունակէ իր անփոխարինելի առաքելութիւնը: Գիրքերը ընթերցողներուն հասանելի դարձնելու համար PDF տարբերակները շուտով պիտի տեղադրուին Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին կայքին վրայ, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ անվճար օգտուիլ:

Գիրքերը անհատապէս ունենալ փափաքողները կրնան դիմել Յակոբ Չոլաքեանի Messenger-ին, կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին` 098 233 966: Փափաքողները կրնան հեղինակի նախորդ գիրքերէն` «ՔԵՍԱՊ» եռահատորը եւ «ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» եւս ունենալ:

Նախորդը

Մտաւորականները Կ՛ախտորոշեն Եւ Լսող Կը Փնտռեն, Ներսը Եւ Դուրսը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 7-րդ Թիւը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?