Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Շրջանաւարտ Հունձքերը Զարդարեցին Մեր Բեմերը
Անցնող օրերուն սուրիահայ երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ դարձան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի հունձքերը: Այս սերունդները, իրականութեան մէջ, իրենց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի տարիները անցուցին պատերազմի մթնոլորտին մէջ, ապրեցան վախի, զրկանքի տարիներ, երբեմն կրճատուեցան իրենց ուսումնական ծրագիրը, տարին, դասապահերը, իսկ վերջին երկու տարիներուն անոնք ականատեսը եղան «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած բազմամակարդակ սահմանափակումներուն: Պէտք է արձանագրել, որ Սուրիոյ կրթութեան նախարարութիւնը պատերազմի տարիներուն ամէն ջանք ի...

















