Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Շրջանաւարտ Հունձքերը Զարդարեցին Մեր Բեմերը

Յուլիս 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող օրերուն սուրիահայ երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ դարձան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի հունձքերը:

Այս սերունդները, իրականութեան մէջ, իրենց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի տարիները անցուցին պատերազմի մթնոլորտին մէջ, ապրեցան վախի, զրկանքի տարիներ, երբեմն կրճատուեցան իրենց ուսումնական ծրագիրը, տարին, դասապահերը, իսկ վերջին երկու տարիներուն անոնք ականատեսը եղան «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած բազմամակարդակ սահմանափակումներուն:

Պէտք է արձանագրել, որ Սուրիոյ կրթութեան նախարարութիւնը պատերազմի տարիներուն ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որ ուսումնական կեանքը չդադրի, որովհետեւ ան գլխաւոր երաշխիքն էր նորահաս սերունդներու կենսունակութեան, հետեւաբար` երկրի աշխուժ զարկերակին առողջ պահպանման:

Հայկական վարժարանները, իրենց կարգին, ապահովական եւ տնտեսական ծանր պայմաններ յաղթահարեցին հասնելու այս օրուան, ունենալու շրջանաւարտ սերունդներ, հակառակ անոր որ նախատեսուող ուսումնական ծրագիրները երբեմն ամբողջականօրէն չկիրարկուեցան, կրճատուեցան, սակայն լրացուցիչ տարբերակներ միշտ ալ գտնուեցան` բարեբախտաբար:

Սուրիոյ ուսումնակրթական ծրագիրները վերջին տարիներուն բարելաւուեցան, կրկնութեամբ սորվելու աւանդական ձեւերուն փոխարէն քննական մտածողութեան մղելով աշակերտը: Կրթութեան նախարարութիւնը պարբերական հերթականութեամբ մը կը բարեփոխէ դասագիրքերը` նոր ուսուցման ձեւերուն յարիր եւ բովանդակութեամբ ժամանակակից տարբերակներ աշակերտութեան տրամադրութեան տակ դնելով:

Դասաւանդութեան ձեւերը (մեթոտիքա), սակայն, տակաւին չեն համապատասխաներ դասագիրքերով հրամցուած ծրագիրներուն, որուն համար ալ աշակերտներ կը ստիպուին դիմել անձնական դասապահերու: Ծնողներ եւս կը ստիպուին յարմարիլ այս կացութեան եւ, տնտեսական լուրջ տագնապի մատնուելով մէկտեղ, կը ջանան գոհացնել իրենց զաւակները եւ դիւրացնել բարձր գնահատանիշեր ապահովելու անոնց մաքառումը:

Այս երեւոյթը արդիւնք է քանի մը դրդապատճառներու:

Առաջինը` պետական համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններ ընդունուելու պայմանները պաքալորէայի պետական քննութեան ամբողջական գնահատանիշին վրայ հիմնուած ըլլալն է առաւելաբար, ինչ որ ուսանողը կը ստիպէ ոչ թէ իր նախասիրութիւնը ընտրելու, այլ իր գնահատանիշին համապատասխանող մասնագիտութիւն ընտրելու: Անշուշտ կրթութեան նախարարութիւնը այս երեւոյթին առաջքը կ’առնէ տարուէ տարի, հանգրուանաբար, որոշ ճիւղերու ընդունման պայմանները փոխելով եւ առիթ ընծայելով տուեալ ճիւղին համապատասխան առարկաներու գնահատանիշին հիման վրայ ընդունուելու համալսարան: Նախարարութիւնը այլ դիւրութիւններ եւս կ’ընծայէ` պաքալորէայի լրացուցիչ քննութեան առիթ ստեղծելով, անձնական համալսարաններու գործունէութիւնը արտօնելով եւ այլն: Այդուամենայնիւ, աշակերտը կը մնայ ընդհանուր գնահատանիշի ապահովման ճնշումին տակ ու կը ստիպուի դիմել ամէն միջոցի` նուաճելու կարելի բարձրագոյնը:

Երկրորդը` աշակերտը պաքալորէայի տարուան մէջ ծանրաբեռնելն է դասաւանդուող ոչ էական կարգ մը առարկաներով, որոնք յառաջացած երկիրներու մէջ զանց առնուած են տասնեակ տարիներ առաջ, ինչպէս օրինակ` քաղաքացիական կրթութեան, կրօնի, անգլերէնին կողքին երկրորդ օտար լեզուի առարկաները, զորս կարելի է զանց առնել եւ աշակերտին յաւելեալ ժամանակ ընծայել գիտական եւ գրական հիմնական նիւթերը պատրաստելու, այդ առարկաները վերապահելով երկրորդականի ոչ աւարտական կարգերուն:

Երրորդը` աշակերտներուն անլրջութիւնն է Ժ. կարգէն սկսեալ: Անոնք` միջնակարգի քննութեան բեռէն յոգնած, մեծաւ մասամբ անհոգութեամբ կը մօտենան Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու դասերու պատրաստութեան, որուն համար ալ ԺԲ. կարգին կը ստիպուին կրկնակի ճիգ թափել որոշ բացեր գոցելու համար: Այս մէկը աշակերտին թերութեան հետեւանքն է պարզապէս:

Ամէն պարագայի կարելի է հաստատել, որ Սուրիոյ կրթական համակարգը արագ զարգացում կ’ապրի, նոր մասնագիտութիւններու յատուկ համալսարաններ կը բացուին, համալսարաններ ընդունուելու պայմանները կը բարեփոխուին, հեռակայ ուսուցման, բաց-ուսումնառութեան համալսարանները տարուէ տարի աճ կ’արձանագրեն: Այս բոլորին կողքին, պէտք է գնահատանքով հաստատել, որ Սուրիոյ մէջ ուսումնառութիւնը, պետական բոլոր համալսարաններուն մէջ կը շարունակէ մնալ անվճար, հակառակ երկրի տնտեսական, պատերազմական ծանր պայմաններուն: Այս մէկը պատիւ է երկրի մը համար, որուն համալսարանները տարեկան աւելի քան երեք հարիւր հազար շրջանաւարտ կ’ունենան:

Կը հաւատանք, որ ուսումնառութեան առկայ դժուարութիւնները աստիճանաբար կը յաղթահարուին եւ շրջանաւարտ սերունդները, տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ հմտանալով, սուրիահայ համայնքին ու իրենց անձնական կեանքին զարգացման կը նպաստեն` աստիճանաբար թօթափելով նախորդ տասը տարիներու ճգնաժամը:

Բարի երթ կը մաղթենք հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներուն:

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Նախերգանք Եւ Յետգրութիւն: Հաղորդումներ Ամերիկեան Մամուլում (1890-1922 Թթ.)» (Գրքի Առաջին Հատորի Ամփոփ Վերլուծութիւն)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երբ Անգլուխ Է Դիւանագիտական Համակարգը…

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?