Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կապոյտ Արիւններ

Յուլիս 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խորագիրս կը պատկանի ամերիկեան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող սերիալի մը, որ տարիներէ ի վեր եւ ամէն ուրբաթ իրիկուն ժամը 10:00-ին կը սփռուի պատկերասփիւռի հանրայայտ կայաններէն մէկէն` իբրեւ շատ փնտռուած եւ յաջողած յայտագիր:

Անկեղծօրէն ըսեմ, որ այս անիծեալ «Քորոնա»-ն պատճառ դարձած էր, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ես ալ ինքզինքս կամաւոր «բանտարկուած» պահեմ տանս մէջ: Նորութիւն մը չէ:

Օրուան ընթացքին բաւական գրել-կարդալէ, քիչ մըն ալ պարտէզով զբաղելէ եւ, աւելի՛ն, մեզի սահմանուած միայն դեղարան-մարքեթ-բժիշկ տեսնելէ, այցելելէ եւ կամ գնումներ կատարելէ ետք, երեկոյեան, բոլորին նման, ես ալ ինքզինքս պատկերասփիւռին դիմաց զբաղ կը պահեմ, գոնէ օրուան լուրերը եւ քիչ մըն ալ հաճելի ու շարունակական սերիալներով` օրուան մնացեալ ժամերս վատնելու:

Ահա ասոնցմէ է վերեւ նշած սերիալս:

Յստակ ըսեմ, որ նպատակս այս սերիալի մասին աժան եւ առատ ծանուցում ընել կամ ներկայացնելը չէ: Ամենեւի՛ն: Այլ, որովհետեւ հոն բաժին մը գտած եմ, որ իբրեւ գեղեցիկ ու օրինակելի, նոյնիսկ ուսուցանելի եւ դաստիարակիչ երեւոյթ ու տեսարան` զիս մեծապէս տպաւորած է: Անոր համար կ’ուզեմ այդ մտածումներուս բաժնեկից դարձնել ընթերցողս ալ:

Գալով սերիալի նիւթին` նաեւ ըսեմ, որ այդքան ալ հետաքրքրական չէ: Ան պարզապէս կը ներկայացնէ Ռիկըն անունով նիւեորքեան ընտանիքի մը կեանքը, որուն մեծ հօրմէն սկսեալ`

մեծ զաւակն ու անոր երեք զաւակները կը ծառայեն այս հսկայ քաղաքի ոստիկանական բաժնին` իբրեւ քաղաքի ընդհանուր յանձնակատար, ոստիկան եւ կամ գաղտնի ոստիկան ու ինչպէս նաեւ` շրջանի փաստաբանական գրասենեակի պաշտօնեայ:

Անձնապէս միայն մէկ դերասանի` Թոմ Սելեքին հարեւանցի անուան եմ: Միւսները ինծի համար նորեր են: Գրեթէ օտարներ: Ու այսպէս, ամէն ուրբաթ անպայման նոր հարցեր կամ ոճիրներ կը ներկայացուին սովորական ոստիկանական ժապաւէններու եւ կամ սերեալներու նման: Ու այս ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ առանձնապէս իրենց պաշտօններէն մեկնած հարցերը կը լուծեն:

Բայց ամէնէն էականը այն է, որ ամէն անգամ եւ անպայման այս ընտանիքի բոլոր անդամները  իրենց մեծ հօր տան ընթրիքի սեղանին շուրջ կը բոլորուին ու հոն կը պարզեն, կը վիճին ու կը զրուցեն զիրենք հետաքրքրող եւ կամ զբաղեցնող հարցերը եւ կը կատարեն կարծիքներու շատ քաղաքավար եւ յարգալիր փոխանակումներ:

Այսքան պարզ եւ անմեղ: Սակայն այս եւ նման տեսարաններ ուրիշ ժապաւէններու մէջ ալ կը պատկերացնեն բեմադրիչները: Սակայն կայ աւելին:

Այսպէս, իբրեւ կաթոլիկ քրիստոնեաներ, մեծով-պզտիկով, մեծ հայրով եւ թոռներով սեղանին շուրջ հաւաքուելէ ետք, նախ կը խաչակնքեն եւ ապա կ’աղօթեն` փառք տալով Ամենակալին:

Ահա այս տեսարանն է, որ զիս տպաւորած է մեծապէս:

Մէկ խօսքով, ամերիկեան այս հսկայ քաոսային եւ յաճախ ալ անճանաչելի մթնոլորտին մէջ նման աւանդապահ ընտանիքի ներկայութիւնը կամ պատկերացումը իրապէս որ քեզ հոգեպէս կը փոխէ:

Ու միշտ զաւակներուս, թոռներուս եւ անմիջական շրջապատիս այս օրինակը կը մէջբերեմ: Կը խօսիմ այս մասին: Միւս կողմէ` նաեւ համեստօրէն ըսեմ, որ ճիշդ է, թէ մերիններն ալ մեր սեղանին շուրջ նախ կը խաչակնքեն եւ ապա «Ճաշակեցուք»-ը թոռնուհիս արտասանելէ ետք կը սկսինք ընթրիքին, բայց մերիններով չենք «ամբողջանար»:

Նաեւ կը հաւատամ, որ մեզի նման շա՜տ շատեր մեզի պէս ալ են: Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ շա՜տ շատեր ալ նոյնիսկ խաչակնքել ալ չեն գիտեր:

Ահա այս մէկն է, որ իբրեւ հաւատացեալներ եւ կամ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ` կը մոռնանք: Չենք փորձեր պահել մեր աւանդութիւնը: Ազգայինը: Հայկականը:

Անշուշտ խօսքս միայն հաւատքի կամ կրօնի համար չէ:

Աւանդութիւնը միայն ասոնց կապուած չէ: Այլ, ասոր կողքին, կան միւսներն ալ: Կենցաղ, հագուստ-կապուստ, խօսակցութիւն, նիստ ու կաց, պատմութիւն եւ տակաւին շա՜տ ուրիշ «բաներ»:  Անգիր ստացուած սովորութիւն: Պատուէր: Կարգ, դիրք, դաւանանք: Այսպէս կ’ըսեն բառարանները եւ այսպէս ալ աւանդութիւն ըսուածը կը պարզաբանեն:

Ինչ կ’ուզեն, թող ըսեն, մենք աւանդապահ ժողովուրդ ենք, եւ մեզի համար աւանդութիւնը թէեւ գեղեցիկ երեւոյթ է, բայց է նաեւ սրբութիւն:

Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր միշտ եղած է աւանդապահ ու սերունդէ սերունդ փոխանցած է իր նախնիներու աւանդութիւնները, կրկնած եմ շարունակ:

Մեզի համար աւանդութիւնը նկատուած է գեղեցիկ սովորութիւն:

Որովհետեւ աւանդութիւնը հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ ժողովուրդի մը կեանքն ու մտածողութիւնը բնորոշող կողմերը: Պէտք է աւելցնել, որ աւանդութիւնը նաեւ կը նպաստէ նոյն այդ ժողովուրդի ինքնաճանաչման:

Եւ տակաւին, աւանդութիւնը իր մէջ ունի նաեւ որոշ խորհուրդ: Ան դասատու ալ է եւ մարդս կը մղէ մտածելու ու նոյնիսկ խորհրդածելու, որովհետեւ անոնք շաղախուած են ուրախութեան, տրտմութեան, բաղձանքի եւ մաղթանքի երանգներով:

Աւանդութեան մէջէն մենք կրնանք պատկերացնել մեր ժողովուրդի ապրած օրերու մտածումներն ու դէպքերու ազդեցութեան տակ ծնած գաղափարները, սովորութիւնները, օրէնքները, բարքերն, ունեցած բնական եւ գերբնական քաջերու պատմութիւններն ու  հրաշալիքները:

Եւ վերջապէս, աւանդութիւններն ալ մեր ժողովուրդի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին մաս կը կազմեն, որովհետեւ կը բովանդակեն մեր ազգի միտքը, ջիղն ու ոգին, մեր հայրենիքի պատմական դէպքերն ու անոնց հետեւանքները, մեր ժողովուրդի կեանքի ուրախ կամ տխուր պատկերները, որոնք հետեւանքն են երեւակայութեան, ժամանակին եւ ճակատագրին ձգած դրոշմին:

Իսկ եթէ այս բոլորը գիտենք եւ տեղեակ ալ ենք, հապա ի՞նչ բանի կը սպասենք զանոնք պահելու եւ գործածելու համար: Որքանո՞վ տակաւին իբրեւ աւանդապահներ կ’ապրինք:

Չեմ գիտեր: Պատասխանը մօտս չէ: Նորէն դուք գիտէք:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

«Ա՛լ Բան Չեմ Հասկնար», Պոռաց Դրան Առջեւ Կանգնած Կեդրոնականցին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?