Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրեալ Ճեմարանական Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին

Յուլիս 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Մի գրէ՛ք` ծաղիկ պոկելը արգիլուած է,
որովհետեւ հովը կարդալ չի գիտեր»

(Արեւելեան առած)

Վերջին շրջանին իբրեւ Հալէպի Ճեմարանականներ, մեր սիրելի ընկերուհի, բարեկամուհի, գաղութին ծանօթ բարերարուհի ու սրտակից Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի ճակատագրի քմայքին ստեղծած սուգը մեզ բոլորիս անխտիր մեծ վիշտ պատճառած է: Որովհետեւ առ յաւէտ կորսնցուցած ենք անձնաւորութիւն մը, որ կը սիրէինք, կը յարգէինք եւ մեծ ու արդար համարում ունէինք իրեն հանդէպ: Ու իր ընտանիքին կողքին, այս նաեւ մեծ կորուստն էր Հալէպի Ճեմարանին եւ  անոր հին ու նոր բոլոր սաներուն ալ:

Այո՛, դժուար է պատկերացնել վերջնական լռութիւնը տեւաբար խինդ, բարութիւն եւ կամեցողութիւն բաբախող սրտի մը զարկին: Ան մեզմէ բաժնուած էր առանց նոյնիսկ մնաք բարով մը ըսելու: Բայց ո՞վ կրնայ բողոքել ճակատագրին դէմ: Անոր համար իր բացակայութիւնը մեզ տակաւին շատ երկար ատեն շշմած վիճակի մէջ պիտի պահէ: Ու հաւատացէ՛ք, դժուար կը գիտակցինք անողոք այս իրականութեան ու նոյնիսկ տակաւին ապշած ու շուարած ենք եւ չենք հաւատար յաւիտենական կորուստին այն հայուհիին, որ իր բարի ու կամեցող սրտին զոհ գացած էր անակնկալ եւ անժամանակ:

Մեզի համար հանգուցեալ Սաթիկը հարազատ վկայ մըն էր, որուն հայ գիրին ու գրականութեան, իր պատկանած Ճեմարանին եւ իր ապրած գաղութին ու նոյնքան ալ հայրենիքին հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթին իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եղած էին անգնահատելիօրէն օրինակելի եւ առատաձեռն:

Զինք մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի տակաւին իր աշակերտական տարիներէն:

Ինք միակ դուստրն էր Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանի եւ ապա Ք. Ե. Ճեմարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէս ու տարիներ ետք պաշտօնակից պարոն Կարապետ Սապունճեանին, որուն պարկեշտութեամբ, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ ու համեստութեամբ շաղախուած շունչով ան հասակ առած էր եւ ապա` նոյնքան մաքուր եւ մեծհոգի ճեմարանական Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի հետ ընտանեկան բոյն մը կազմած, հաւատարմօրէն հետեւելով իր հօրը, այն օրհնեալ սերունդին պատկանող կրթական մշակի քայլերուն, որ իր նմաններուն նման, յետեղեռնի, հայ գաղութներուն հայկականութիւն ներշնչելով, որոշ դիմագիծ տուին: Պատուական ընտանիքի մը աղջիկը, կ՛ըսեմ շուրջիններուս, բայց դժբախտաբար ճակատագիրը պոկած էր մեր հարազատին ֆիզիքական ներկայութիւնը ու մեզմէ բաժնած` անակնկալօրէն:

Ու ես չեմ գիտեր, թէ յետմահու այս խօսքերովս, կամ նման որդեգրումովս որքանով պիտի կարենամ արդարացնել հանգուցեալի մաքուր նկարագրին եւ անոր զոհաբերէր ոգիին հանդէպ ունեցած յարգանքս:

Հանգուցեալը` իբրեւ կին, մայր, քոյր եւ ընկերուհի, ոչինչ զլացած էր բոլորիս: Մէկ խօսքով` անմոռանալի անձ մը, որ մեր ծանօթացման առաջին իսկ օրէն միշտ մնաց մեզի հետ` իբրեւ քաջալեր հանդիսացող, իբրեւ հասկցող ու նուիրեալ ընկերուհի, մանաւանդ` անկեղծօրէն արտայայտուող ու հոգացող ճեմարանական մը: Բարի, ծառայասէր ու ազգասէր էր Սաթիկը: Խառնուածքով ընկերասէր, գրասէր ու մանաւանդ մշակութասէր էր: Իր մէջ շեշտուած էր ընթերցասիրութիւնը: Անձնապէս կրնամ հաստատել: Կը կարդար միշտ: Բարի սովորութիւն մը, որ ներկայիս կը պակսի քիչ մը ամէն տեղ:

Միւս կողմէ` իրեն համար ապրում էր իր զաւակներուն տագնապները մտիկ ընել եւ խորհուրդ տալ անոնց, հարազատ մտերմութեան մէջ: Նուիրեալ հայուհի մը, հայ կին եւ հայ մայր մը, բարի ու հասկցող եւ մանաւանդ` զոհաբերող ծնող մը: Ոչինչ խնայած էր իր նպատակներու  իրագործման համար: Ասիկա եղած էր իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Յարգանքով ու միշտ անուշ ժպիտը դէմքին կը փոխանցէր իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները, կը կատարէր իր գնահատականներն ու արդարացումները, կը յայտնէր իր ներողամտութիւնն ու մտահոգութիւնները ու կը հեռանար քաղաքավար, նոյնքան ալ յարգանքով: Ընտանեկան սրբութիւնը վեր էր բոլոր նկատառումներէն: Գիտէր ղեկավարել իր ընտանիքը` ամբողջականօրէն բարոյական արժէքներէ մեկնելով:

Համեստ կենցաղով ներկայութիւն մըն էր հանգուցեալը, որ լաւապէս գիտէր դիմացինը յարգել եւ երախտապարտ ոգիով գնահատել, հեռու` նեղմիտ մտածողութենէ, անկողմնակալ ու հաստատ իր բոլոր կեցուածքներուն մէջ:

Իր ամուսնոյն` Մհերին հետ նոյն ոգիով ապրեցաւ եւ ապրեցուց` իբրեւ պատրաստակամ եւ ծառայասէր, իբրեւ ազգային բարերարուհի եւ նուիրեալ, ի՛ր պատկանած վարժարանին, ի՛ր ՀՕՄ-ին, ի՛ր եկեղեցիին եւ ի՛ր գաղութի ազգային կազմակերպութեան նկատմամբ:

Բոլորին նման, զինք կը յարգէի, որովհետեւ պատանեկութենէն մինչեւ տասը օրեր առաջ մեր վերջին հանդիպումը, երկար տարիներ ծայր աստիճան յարգած էր զիս եւ իր բոլոր շրջապատը: Չեմ յիշեր եւ չեմ գիտեր, թէ կային անձնաւորութիւններ, որոնց հանդէպ ժխտական կեցուածքներ ունենար: Անոր համար անձնապէս կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցած էր, անկասկած տակաւին զինք երկար պիտի յիշէ: Այսօր զինք կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք իր մէջ փնտռած ու տեսած էին իր պարկեշտութիւնն ու վեհանձնութիւնը, համեստութիւնն ու ջինջ հոգին, հայու բարերար ոգին, որ իր կեանքին խորհրդանիշները դարձուցած էր: Բազմիցս Հայաստան այցելած եւ միշտ իր վերադարձին բոլորիս մեծ յոյսով, խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտով բաժնած էր իր քաղցր տպաւորութիւնները:

Հանգուցեալը խոր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ ապրեցաւ իր գաղութին, իր դպրոցին ու դպրոցներուն, եւ իր հայրենիքի նուիրական ծառայութեան գործադաշտին մէջ: Հալէպի Ճեմարանի ի նպաստ մեր բոլոր ձեռնարկներուն իր տեւական եւ օրինակելի ներկայութիւնը մեզի հպարտութիւն ներշնչեցին: Ամէն առիթներով իր նպաստը բերած էր մեր կրթական եւ մշակութային կեանքի ծաղկման, որուն շնորհիւ իր գոյութիւնը, կարողութիւնները եւ բոլոր ուժերը իմաստաւորելով` հաստատապէս դարձաւ գեղեցիկ ու օրինակելի երեւոյթ մը: Ու այդպէս մնաց մինչեւ իր կանխահաս մահը:

Հանգուցեալ Սաթիկը մեզի համար համեստ ու պարզ, ծառայասէր, հայրենասէր, աշխատանքը սիրող, երկխօսութեան եւ պարկեշտ ու օրինակելի եւ սկզբունքի տէր բարերարուհի մըն էր: Այդ պատճառով իրմէ անուշ յիշատակները կ՛ապրին եւ պիտի ապրին անկասկած:

Արդ, յարգելի՛ Սաթիկ, դո՛ւն` իբրեւ հայ արժէքներու յանձնառու առաքեալ, թող այս տողերս ըլլան քու արդար յիշատակիդ, օրինակելի յարգանքիդ, անսակարկ նուիրումիդ ու անսահման գուրգուրանքին համար` ափ մը խունկ ու աղօթք:

Հանգիստ` հոգիիդ եւ ոսկորներուդ ու մխիթարութիւն բոլորիս:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիրաւոր Եղնիկը

Յաջորդը

Պերճուհի Պէօճէքեանի Յիշատակին. Մայրիկիս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?