Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մտահոգիչ Եւ Վտանգաւոր Ճամբու Քարտէս

July 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճամբու քարտէս»-ը եզրոյթ մըն է, որ ընթերցողը կը փոխադրէ աւելի քան տասնեակ մը առաջ: … 22 ապրիլ 2009-ին էր, երբ մեկնարկը տրուեցաւ բազմիցս փորձուած հայ-թրքական գաղտնի խօսակցութիւններուն, իբր թէ խաղաղութեան «ճամբու քարտէս»-ի մը որոնումին համար: Օրին, մեծ փոթորիկ ստեղծեց այս ճամբու քարտէսը, որ ազգային հայեացքներու կարճատեսութեան եւ մտահորիզոնի սահմանափակումի գործելաձեւ մըն էր: Բնականաբար, դժգոհութեան մեծ ալիք ստեղծեց այդ օրերու ճամբու քարտէսը, որ ունէր ներազգային եւ համահայկական «նրբերանգներ», հետեւաբար, ուղղակիօրէն կը հետաքրքրէր բոլոր հատուածները:

Ընթերցողին համար, դեռ դառն ու անմոռանալի են այդ առթիւ կատարուած ցոյցերն ու հաւաքները, յատկապէս սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ:

Այդ օրերուն, յստակ էր, թէ թրքական գործօնին միտք բանին` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հասնիլն էր… Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մէկդի դնելով եւ նոյնիսկ թաղելով: Միաժամանակ, Անգարայի նպատակն էր Հայաստանի անդամակցութեան ամէնէն դոյզն հեռանկարն անգամ վեթոյի ենթարկել եւ նոյնիսկ սպառնալիքով Հայաստանէն պահանջել անընդունելի զիջումներ, որոնք կ՛ընդգրկէին Ցեղասպանութեան հարցի վերջնական մոռացում: Անշուշտ, այդ ճամբու քարտէսին մէջ նշուած էր նա՛եւ Արցախի հիմնահարցը` իր զանազան մանրամասնութիւններով:

Պարզ ու մեկին, կարելի էր եզրակացնել, թէ յստակօրէն բաժնուած էին մէկ կողմէ` պետական, իսկ միւս կողմէ` ազգային շահերու հասկացողութիւնները: Ազգային-պետական շահերը հարուածող այս դիրքորոշումները կը մտահոգէին հայորդիք ամէնուրեք` Պուէնոս Այրէսէն Սիտնի, կտրելով Նոր թէ Հին աշխարհները:

Այսօր, տարբեր ճամբու քարտէս մը կը կիրարկուի: Քարտէս մը, որ շրջանի աշխարհագրութեան հետ համընկնող մառախուղով պատուած չէ, ո՛չ ալ գոլորշիով, այլ թանձր մշուշով, որ նոյնքան վտանգաւոր է, որքան այդ օրերու անելներով լեցուն քարտէսը:

Շատեր ողջունեցին (ընդունինք` արդարօրէն) Ազրպէյճանի կողմէ յուլիս 3-ին 15 հայ գերիներու ազատ արձակումն ու անոնց Հայաստան վերադարձը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, բոլորն ալ պատշաճ եւ յոյս ներդրող յայտարարութիւններով ողջունեցին Պաքուի որոշումը, իբրեւ արդիւնք` ռուսական միջնորդութեան: Այս քայլը, սակայն, պատկերին միայն կէսն էր, որովհետեւ երբ իմացուեցաւ ամբողջական պարունակութիւնը, յստակ դարձաւ, որ դարձեալ տարօրինակ «առ-եւ-տուր» մը սարքուած էր, այսինքն, Հայաստան Ազրպէյճանի տրամադրած էր Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Կովսականի (Զանգելան) ականապատ դաշտերու քարտէսները:

Կատարուածը, կրկնենք, առեւտուր մըն էր Կովկասեան բարձրաւանդակի ռազմաքաղաքական բնագաւառին մէջ:

Նմանօրինակ առեւտուր մըն ալ կատարուած էր յունիս 12-ին, երբ Պաքուի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման դիմաց, Հայաստան «մարդասիրական նկատումներով»` ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով, Ազրպէյճանի տրամադրած էր Աղտամի եւ շրջակայքի ականապատ դաշտերուն քարտէսները: Անշուշտ, այդ մէկը կատարուած էր Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ եւ Վրաստանի օժանդակութեամբ:

Պէտք է ընդգծենք. բնականաբար մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ գերիներու վերադարձը, յատկապէս ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս հայորդիին:

Այս ընթացքով, հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթներուն ալ, այլ գերիներ փոխան տեղեկութիւններու առեւտուրը շարունակուի, մինչեւ որ Հայաստանի ընդհանուր տարածքի տեղագրութիւնը փոխանցուի Պաքուի (որուն կրկնօրինակները վստահաբար կը ղրկուին նաեւ Անգարա):

Մտահոգիչ է կատարուածը, որուն ետին եղող ծալքերը, յստակ չեն, թէ ո՞ւր հասած են: Յայտնապէս մոռցուած է, որ նոյեմբեր 9-ի անփառունակ համաձայնութեամբ` կողմերը գերիներու փոխանակում պիտի կատարէին «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Հայկական կողմը տուաւ, Ազրպէյճան ոչինչ տուաւ եւ ահա բացաւ առեւտուրի այլանդակ էջը: Կ’արժէ՞ երկար մեկնաբանել եղածն ու գտած արձագանգները…

Դեռ աւելի՛ն, անասնապահութեամբ զբաղող հայ գիւղացին անզէն կը գտնուի ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ եւ ոչինչ կրնայ ընել ազրպէյճանցի զինուորներու ոտնձգութիւններուն դէմ:

Պատահածը շատ լուրջ է, անիկա միայն գիւղին կամ գիւղացիին պաշտպանութեան հարցը չէ, այլ` մեր ժողովուրդին հողին եւ իրաւունքին:

Տարբեր է այս անգամ ստեղծուած եւ իրագործուած ճամբու քարտէսը, որ պատրաստուած է նենգամտութեամբ եւ ճնշումի տակ. այս բոլորը կը կատարուին առանց խորհրդակցութիւններու եւ մենատիրական գործելաձեւով:

Եւ ո՞վ է քուէարկողը այս ճամբու քարտէսը ձեւաւորողին…

Նախորդը

Հայոց Մեծ Եղեռնի Լուսանկարիչը. «Ծնկի Եկայ Անգերեզման Հայերի Յաւիտենական Կոթողի Առջեւ…»

Յաջորդը

Ձանձրանալէ Խուսափիլ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.