Յօդուածներ

Հիմա, Երբ Ամէն Ինչ Կարմիր Է Արդէն…  Գէորգ Հաճեանի Լուսաւոր Ստուերին…

Դաշնակցութիւնը, Դիմադրութիւն, Արմատականութիւն

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը իր տուած վերջին հարցազրոյցին ընթացքին նկարագրելով Հայաստանի քաղաքական դաշտի հիմնական տարրերը` «Հայաստան» դաշինքն ու բնականաբար այդ դաշինքի երիտասարդ աւիւնը ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բնութագրած է որպէս արմատական ընդդիմութիւն: Տեղին է բնորոշումը երկրի մը մէջ, որուն քաղաքական երանգապնակին մէջ ընդհանրապէս քիչ են այն ուժերը , որոնք սկզբունքի համար պայքարած են կամ գաղափարական...

Նամականի

Նամականի

ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ «Վանայ ձայն»-էն ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը վեցին կը սփռուի «Հայրենի տուն» յայտագիրը, որ կը ներկայացնէ կիլիկեան եւ պատմական Հայաստանի գիւղերն ու քաղաքները: Այս յայտագիրը շատ լաւ եւ բծախնդիր կերպով կը ներկայացնէ Մարալ Մխսեան: Վստահ ենք, որ ան շատ մեծ ճիգ կը թափէ, որպէսզի կարենայ մեր հայրենիքի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մասին այսքան գիտելիքներ հաւաքել: Ամէն գիւղի կամ քաղաքի սովորութիւնները,...

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Աշակերտութեան Յատուկ Առողջապահական Ծրագիր

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Աշակերտութեան Յատուկ Առողջապահական Ծրագիր

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն «Գարակէօզեան» հաստատութեան «Դպրոցական առողջապահական ծրագիր»-ի գործունէութեան աշխատանքները, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սկիզբ առին 15 հոկտեմբեր 2021-ին: Այս ծրագրին հիմնական նպատակն է տեսնել աշակերտը առողջ`  ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան երեսներով, կանխել հիւանդութիւնները եւ առաջքը առնել ապագայ բարդութիւններուն: Այս իմաստով «Դպրոցական առողջապահական ծրագիր»-ին  տրամադրուած յատուկ բժշկական կազմը սկսաւ այցելել հայկական վարժարանները, աշակերտներուն մատուցելով բժշկական առաջին խնամք`...

Փեքինի Գերտէրութիւն Դառնալու Ծրագիրը  (Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը)

Փեքինի Գերտէրութիւն Դառնալու Ծրագիրը (Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը)

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Չինաստանի ներկայութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր բնոյթ ունի, քան այդ շրջանին մէջ` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներունը: Նախ եւ առաջ, Չինաստան մինչեւ  օրս Միացեալ Նահանգներուն նման գերտէրութիւն մը չի նկատուիր, մանաւանդ որ Ուաշինկթընի նման ռազմական եւ ռազմավարական հսկայական կարողութիւններ չունի, եւ Փեքինի ներկայ յաջողութիւնները երկրի համախառն ներքին արդիւնքին (GDP) եւ տնտեսական արագ վերելքին վրայ կը կեդրոնանան: Խորհրդային Միութեան...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Մի՛ Կրկնապատկէք Ասիթամինոֆենը (Փարասեթամոլը) - Հարցախոյզ. Ծնողներուն Մեծ Մասը Յայտնած Է, Որ Իրենց Երեխաները Բաւականաչափ Շնորհակալ Չեն Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Մի՛ Կրկնապատկէք Ասիթամինոֆենը (Փարասեթամոլը) Եթէ ունիք կրիփի ախտանշաններ, ուստի վերջին երկու օրուան ընթացքին հաւանաբար որոշակի բուժում ստացած էք` քանի մը ժամ անգամ մը հազի եւ կրիփի դեղեր առնելով: Օրուան վերջը գլխացաւ ունիք եւ կը մտածէք փարասեթամոլի քանի մը դեղահատ առնել`...

Ակնարկ.  «Խորհրդատուական Աջակցութիւններ» Եւ   Բացակայող Կէտեր

Ակնարկ. «Խորհրդատուական Աջակցութիւններ» Եւ Բացակայող Կէտեր

Սոչիի յայտարարութիւնը երեւութապէս կը թուի, որ որեւէ հիմնական նորութիւն չի բովանդակեր:  Նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի յայտարարութիւններու կէտերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող կէտեր են: Առանցքային գիծը մինչ այժմ ստորագրուած երեք յայտարարութիւններուն տարածաշրջանի ապաշրջափակումն է: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ամէնէն կարեւոր կէտը 9-րդ կէտն է. փաստօրէն յունուար 11-ի յայտարարութիւնը կեդրոնացած է միայն 9-րդ կէտին վրայ. մօտաւորապէս նոյնը` նաեւ 26 նոյեմբերի յայտարարութիւնը. Սոչին եւս...

Սթափելու Ժամանակը

Անորոշութիւններով Լեցուն Եռեակ Յայտարարութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահները: Երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, երեք ղեկավարները տուին մամլոյ ասուլիս մը եւ հրապարակեցին սեղմ յայտարարութիւն մը: Երեքն ալ գոհունակութիւն յայտնեցին իրենց ունեցած կառուցողական խօսակցութիւններուն մասին: Հրապարակուած յայտարարութիւնը որեւէ անմիջականօրէն գործադրելի կարգաւորման մասին չի խօսիր: Ո՛չ գերիներու վերադարձի հարցը, ո՛չ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի...

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

«Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ» Ծրագիրը ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Պէտք է մերժենք կնոջ եւ աղջկանց դէմ գործուող որեւէ տեսակի բռնութիւն:#Միասին-ընդդէմ-բռնութեանխատանքին մէջ: 1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի Ռութճըրս համալսարանի «Կիներու համաշխարհային ղեկավարութիւն» կեդրոնէն մեկնարկը տրուեցաւ «Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ տասնվեցօրեայ արշաւ» ծրագիրին: Այս արշաւին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել կնոջ հանդէպ գործադրուած բոլոր...

«Մեր Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

«Մեր Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

  Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով հայերէնով լոյս տեսաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ` կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» գիրքը, որուն մասին մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը: «ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ դրդապատճառներէ մղուած նախաձեռնեցիք նման ծրագիրի մը: ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ.- Հայերէնով Աստուածաշունչի մը նախաձեռնելը միշտ ալ կարեւոր է, իսկ երբ առիթը...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Յեղափոխել Ընկերութիւնը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ընդհանրապէս, քաղաքական գիտութեանց համաձայն եւ ըստ Նիւ Եորքի համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Ճեֆ Կուտուինի, յեղափոխութիւնը չ՛ենթադրեր միայն զանգուածային զօրաշարժ եւ համակարգի փոփոխութիւն, այլեւ` քիչ թէ շատ արագ ու հիմնական ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային փոփոխութիւն: Հայկականացնելով յեղափոխականութեան տեսութիւնը` կ՛արժէ դիմել հայկական յեղափոխութեան տեսաբան ու «Յեղափոխութիւն» գիրքի հեղինակ Հրաչ Տասնապետեանին, որ կը ներկայացնէ յեղափոխութիւնը իր բոլոր` ազգային, քաղաքական թէ ընկերային-տնտեսական դրսեւորումներով,...

Սպասում

Փոխան Գրախօսականի. «Թաքնուած Պատմութեան Հետքերով, Օսմանեան Պետութեան Արդիականացումը, Ընկերվարութիւն Եւ Հայ Երեսփոխաններու Դերը», Քատիր Աքըն, 2021, 391 Էջ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Քատիր Աքըն մտաւորական մըն է, որ կ՛ուսումնասիրէ ընկերվարական շարժումներու պատմութիւնը Թուրքիոյ մէջ: 2011-ին հրատարակած է «Ընկերվարութեան տագնապը»  հատորը: Իր գլխաւոր առաջադրանքն է ընկերվարութիւն դաւանիլ յայտնող շարժումները ձերբազատել ազգայնամոլութենէ (իր բացատրութեամբ` «սոսեալ շովինիզմ»-է): «Ընկերվարութենէն ոչինչ կը մնայ, եթէ անկէ զեղչես միջազգայնականութիւնը», կ՛ըսէ Աքըն: Թուրքիոյ ձախը մեծապէս թերացած է եւ կը շարունակէ թերանալ ազգային հարցերու գետնին վրայ: Հեղինակին անդրադարձած էի,...

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

«Բռնութիւններու Տեսակներուն Մասին Լուսաբանելն Ու Զանոնք Գիտակցիլը Անհրաժեշտ Են Մեր Հասարակութեան Մէջ. Մարդկային Արժէքներու Հարց Է Այս Մէկը, Ու Ոչ Մէկը Զերծ Է Անոր Մէջ Մասնակցութիւն Բերելէ» Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Նոյեմբեր 25-էն դեկտեմբեր 10-ի միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին միջազգային շարժում մը տեղի կ՛ունենայ սեռի հիմամբ բռնութեան դէմ պայքարելու համար: Այս առթիւ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած յօդուածաշարքի ծրագիրի ծիրին մէջ...

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Գրամեքենայիս Հետ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Քանի մը օր առաջ կինս` Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը մոռցուած հին ծանօթի մը  հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտիլ» կ՛ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուած»-ներս չէին արձագանգեր...

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Կրթական Համակարգը` Իբրեւ Հակաբռնութեան Գործարար Ջատագով ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Բռնութիւնը իր տարատեսակ արտայայտութիւններով եւ վարուելակերպային բազմաբնոյթ կիրարկումներով մարդկութեան յառաջընթացը խանգարող խոչընդոտներէն մէկն է եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման հիմնահարցերէն ամէնէն ահաւորը: Նկատի ունենալով, որ անիկա իւրաքանչիւր մանուկի, պատանիի եւ չափահասի առօրեայ աշխարհին մաս կազմող երեւոյթ է, ապրուած կամ դիտարկուած փորձառութիւն է ու իբրեւ այդպիսին, անոր մասին տեղեկանալը, առարկայական ըմբռնում կազմաւորելը եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ինչպէ՞ս Միացնել Կէտերը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի ներքին բեմին վրայ ու անոր շուրջ դէպքերը իրարու կը յաջորդեն, զիրար կը խաչաձեւեն կայծակնային արագութեամբ: Ընդհանուր պատկերին մէջ օր աւուր ի յայտ կու գան նոր կէտեր, կը վերանորոգուին կարգ մը հիներ, սակայն զանոնք դրական գիծերով իրարու միացնելու գործը կարծէք թէ կը մնայ հեռու հորիզոն. ստեղծուած վիճակը կարելի է նմանցնել ճամբորդութեան մը, երբ ճամբորդը ինքնաշարժով, շոգեկառքով կամ այլ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Թրքական Խորհուրդ… Արեւը Արեւելքէն Կը Ծագի

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թրքական Խորհուրդ… Արեւը Արեւելքէն Կը Ծագի

Հազիւ 12 տարուան կեանք ունի այս խորհուրդը, որ քանի մը անունով կը ներկայացուի, ինչպէս` «Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ», «Թրքական խորհուրդ», իսկ այժմ` «Թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւն»: Վերջին տարբերակը սկսաւ գործածուիլ Պոլսոյ մէջ` նոյեմբեր 12-ին տեղի ունեցած ութերորդ համագումարին` մասնակցութեամբ անդամ եւ հիւր երկիրներու: Կազմակերպութեան այժմու ղեկավարը «սուլթան» Էրտողանն է, սակայն հետաքրքրականը այն է, որ այս հաւաքին մտայղացումը կատարած է Ղազախստանի նախագահ...

Գիրքերու Աշխարհէն.  Թադէոս Եսայեանի «Պարզ Ու Տաքուկ Բառերով» Նորատիպ Հատորը

Թադէոս Եսայեան

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ արեւելահայերէնի տարտամ ու պղտոր ապագային ի տես` արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի «Թէքէեան» կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խորհուրդը: Բանաստեղծը խօսք ստեղծողն է, նոր խօսք: Ստեղծագործել` կը նշանակէ ներքին յոյզերու, մտահոգութիւններու, ապրումներու, գոհութեանց, իմացական ճառագայթումներու խտացած արտացոլացում: Անգլիացի հռչակաւոր գրող Սոմըրսեթ...

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

30 Տարուան Անընդմէջ Պայքար` Սեռային Հիմքի Վրայ Կատարուող Բռնութեան Բոլոր Ձեւերուն Վերացման Համար ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս տարի «16-օրեայ աքթիվիզմ` սեռային հիմքի վրայ կատարուող բռնութեան դէմ» միջազգային արշաւին սկզբնաւորման 30-ամեակն է: Ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերուն հասարակական եւ ընկերային գործիչներ, մարդկային եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններ, ֆեմինիստներ եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան գաղափարախօսութեանց հետեւորդներ ու այս ընդարձակ ծիրին մէջ գործող կազմակերպութիւններ 25 նոյեմբերէն 10...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Դարձեալ Նոյեմբեր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Եւ մանաւանդ` 16 նոյեմբեր... Արիւնոտ թուական մը եւս աւելցաւ ներկայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Կարծես` ասկէ «առաջուանները» չէին բաւեր, հիմա ալ այս մէկը աւելցաւ: Նայինք` տակաւին ի՛նչ անակնկալ թուականներ մեր ճակատագիրը մեզի համար պատրաստած է: Ամէն ինչ չափազանց բարդ է եւ աննախատեսելի: Ամէն օր նոր «բանի» մը կը սպասենք: Ու այդ սպասումն է, որ կը մաշեցնէ մեր ազգը:...

Թուրքիոյ Մէջ Գանձ Որոնողները Աւերած Են Հայկական Հոգուոց Վանքը

Թուրքիոյ Մէջ Գանձ Որոնողները Աւերած Են Հայկական Հոգուոց Վանքը

Թուրքիոյ տարածք գտնուող Վանի Կիւրփընար (Հայոց ձոր) եւ Չաթաք շրջաններուն միջեւ` հայկական պատմական Հոգուոց (Հոգեաց, Հոգոց) վանքը աւերուած է գանձ որոնողներու կողմէ եւ այժմ ոչնչացման եզրին է: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը` վկայակոչելով Hakkariobjektifhaber.com-ը: «Van CEVDER» պատմական յուշարձաններու պահպանութեան միութեան ղեկավարներէն Ալի Քալչըքը յայտնած է, որ գանձ որոնողները վանքի բոլոր քարերը տեղահան ըրած են: «Ասիկա վայրագութիւն է», նշած է Քալչըքը`...

Page 381 of 1112 1 … 380 381 382 … 1,112

Արխիւներ