Հաղորդագրութիւն. Տիեզերական Աղօթք Եւ Հանդիպում Ֆրանսիս Պապին Հետ
Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին, Կիպրոսի Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոսին եւ Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ «Սուրբ Խաչ» Լատին եկեղեցւոյ մէջ տիեզերական աղօթքի արարողութեան Հռոմի Պապի եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք՝ Բիեռպաթիսթա Բիզապալլայի հանդիսապետութեամբ ու մասնակցութեամբ խումբ մը կղզին ապաստանած գաղթականներու եւ փախստականներու: Աղօթքի արարողութենէն ետք, Շուէտի դեսպանութեան...
















