Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրամեքենայիս Հետ

Նոյեմբեր 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ կինս` Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը մոռցուած հին ծանօթի մը  հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտիլ» կ՛ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուած»-ներս չէին արձագանգեր էջին վրայ: Կարծես դարձած էր մնացորդ մը անցեալէն, զոր պատմութիւնը ձգած էր ետին, սակայն յիշատակներու ամբողջ աշխարհ մը կը բանար դիմացս: Չեմ գիտեր, թէ այս մէկը գործածած քանիերորդ գրամեքենաս էր, երեքէն չորս տարբեր մեքենաներ գործածած էի, սակայն այս վերջինը ի՛մս էր, մտերիմ բարեկամ մը, իբրեւ անակնկալ նուէր, զայն բերած էր ինծի:

Նոր սերունդին համար, հասկնալիօրէն, նաւաբեկումէ մնացած մասնիկի մը կամ բրածոյի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ այս գործիքը, կրնայ նաեւ անճանաչելի թուիլ: Վերջիվերջոյ համակարգիչը այնքան մեծ առաւելութիւններ ունի, որ գրամեքենան իսկապէս նախնական կը թուի, որովհետեւ համակարգիչին վրայ դիւրութեամբ կարելի է բառ մը սրբագրել եւ ոչ թէ յատուկ ճերմկցնող թուղթով բառը վերագրել եւ տեղը նոր բառ մը ստեղնաշարի հարուածներուն տակ պահել, կարելի է պարբերութիւն մը տեղափոխել, «կտրել» եւ այլ գրութեան մը միացնել, գրութիւնը համակարգիչիդ մէջ պահել եւ առցանց ուղարկել որեւէ հասցէի… Այս բոլորով հանդերձ, վերջերս պարբերականի մը մէջ կամ համակարգիչի լուրերուն վրայ կարդացի, որ գրամեքենաները «վերադարձ» մը կը կատարեն, կարգ մը անձեր, նոյնիսկ` երիտասարդներ, սկսած են զայն գործածել, եւ յօդուածի կողքին, իմ գրամեքենայիս նման, Royal մակնիշի օրինակի մը լուսանկարը դրուած էր:

Հաւանաբար 1972-ին էր, երբ գրամեքենային վրայ սկսայ աշխատիլ սորվիլ, որ շուրջ շաբաթ մը տեւեց: Մասնակի  ժամերով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործադիր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնած էի, ինչ որ կը նշանակէր շաբաթական ժողովներու ատենագրութիւնը պատրաստել, նամակներ գրել կամ հետապնդել, կապ հաստատել տարբեր յանձնախումբերու հետ եւ այլն… Աշխատանքի ժամերը առաձգական էին: Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան օրերս էին: Կրնայի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն Հայկազեան երկարող տարածքը տասը վայրկեանէն կտրել, դասերուս ներկայ գտնուիլ, իրիկունները ժողովներուն նոթեր առնել, ցերեկին զանոնք կարգի բերել, հեռաձայնով գործեր հետապնդել եւ այլն:

Այս մէկը առաջին գրամեքենան էր, որ բնականաբար ինծի չէր պատկաներ, սակայն շատ մը բանաստեղծութիւններ, քանի անձնական նոթ կամ նամակ, յուշի պատառիկներ, կիսատ ձգուած տողեր գրուած են անոր վրայ… Ժապաւէնները կարմիր ու սեւ բաժիններ ունէին, որոնց միջեւ երբեմն կ՛երթեւեկէի` ցոյց տալու համար, որ նոր բանաստեղծութեան մը կ՛անցնէի, որովհետեւ գրամեքենան թոյլ կու տար ընթեռնելի ձեւով արագօրէն գրելու, նոյնիսկ` երբեմն մեքենական  գրականութեան փորձեր կատարելու: Երբ արագօրէն գրէի, երբեմն ձեռագիրս ես իսկ դժուար կրնայի կարդալ, իսկ յաճախ տունը կամ համալսարանի գրադարանին մէջ կատարած քերթողական փորձերս ազատ ժամերուս գրամեքենայիս վրայ կրնայի տպել կամ վերամշակել: Նոյնիսկ այն օրերուն «քարպոն»-ներ կային, որ երկու թուղթերու միջեւ կը դնէինք` գրուած նամակէն կամ բանաստեղծութենէն երկրորդ օրինակ մը ունենալու համար: Իսկ բանաստեղծութիւնը երբեմն իմ ամէնէն զբաղած պահուս կը յայտնուէր` քննութիւններու պատրաստութեան կամ զեկուցում մը, ատենագրութիւն մը պատրաստելու ատեն…

Այս շրջանին գրամեքենագրուած բանաստեղծութիւն մը մէկ դարպասած ընկերուհիդ տպաւորելու կը ծառայէր նաեւ. յստակ վկայութիւն մը կը դառնար անոր հանդէպ ունեցած զգացումներուդ: Անշուշտ այս գծով անպատեհութիւններ ալ կը ստեղծուէին: Անգամ մը նման բանաստեղծութիւն մը ինկած էր աղջկան մէկ ուրիշ, նախանձոտ ու կասկածամիտ բարեկամին ձեռքը, որ խառնած էր անոր ձեռքի պայուսակը… Անկեղծօրէն չէի գիտեր, որ ինծի հանդէպ այդքան բարեացակամ, դրական ու ժպտուն այդ աղջիկը միաժամանակ բաւական լուրջ յարաբերութեան մէջ էր այլ անձի մը հետ, թերեւս նաեւ կ՛ուզէր անցում մը կատարել, որովհետեւ ատեն մը վերջ շարունակեց հետս կապ հաստատել: Բարեբախտաբար այս պարագային բանաստեղծութիւնը չէի ստորագրած:

Երկրորդ գրամեքենան «Բագին» ամսագրի խմբագրատան մէջ ինծի տրամադրուածն էր, որ թերեւս նոյնիսկ քանի մը տարի ետք աւելի արդիական օրինակով մը փոխարինուեցաւ, վստահօրէն չեմ կրնար ըսել: Այս մէկը առաւելաբար` յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու կամ գրախօսականներու համար «բանեցաւ», նաեւ նամակներ կը գրուէին, սակայն առաւելաբար`   գրողներու կամ գրող բարեկամներու ուղղուած, իսկ բանաստեղծութիւնը որեւէ պահու կրնար յայտնուիլ: Գործընկերներէս Սարգիս Կիրակոսեանը կը նախընտրէր ձեռագիր գրել եւ աւելի ուշ միայն համակերպեցաւ գրամեքենայի գործածութեան, իսկ Պօղոս Սնապեանը մինչեւ վերջ ալ կը յամառէր երկու ցուցամատերով հարուածել ստեղնաշարի տառերուն: Զարմանալի չէ, որ սիկարեթի ծուխի կողքին, որովհետեւ երկու ընկերներս ալ ծխամոլներ էին, գրամեքենայի հարուածներու թխկթխկոցը կը լեցնէր միջոցը:

Իսկ երեկոյ մը, մեր տան դուռը զարնուեցաւ, եւ իր սովորական վառ ժպիտով ներս մտաւ Նաքքաշի դրացիներէս Մելքոն Յակոբեանը: Մելքոնը արուեստագէտ ոսկերիչ էր եւ` գրականութեան բարեկամ, քանի մը գրական թերթի բաժանորդ, գրողներու բարեկամ, այսինքն` ընթերցողներու այն խանդավառ խումբէն, որուն տեսակը սկսած է վտանգուիլ: Հետը գրամեքենայի տուփ մը կար, որ իբրեւ անակնկալ նուէր` բերած էր ինծի: Այո՛, նոյն Մելքոնն է, որ 2006-ին, իսրայէլեան ներխուժումէն քիչ առաջ, երբ համահայկական գրողներու հաւաքը տեղի կ՛ունենար Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, ուր Վեհանուշ Թեքեանը, Սոնիա Սանանն ու Րաֆֆին բաղձանք յայտնած էին Տէր Զօրի յուշարձան-մատուռը այցելելու, ինք շարժավարի մը հետ պէտք եղած կարգադրութիւնները կատարած էր` զիրենք ապահով ձեւով տանիլ-բերելու:

Հիմա կարծես գրամեքենաս լուռ ու սրտցաւ կերպով կը բողոքէ տարիներու անտեսումիս դէմ` իմ կուրծքիս վրայ գրած չե՞ս Վարուժանի, Չարենցի, Բակունցի, Սարաֆեանի, Որբունիի, Շուշանեանի, Խալափեանի, Էդոյեանի, Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ բազմաթիւ այլ տաղանդաւորներու մասին մեքենագրած գրութիւններդ, առաջին երեք հատորներու բանաստեղծութիւններդ եւ բազմաթիւ այլ քերթուածներ, որոնք մամուլի մէջ մնացած են կամ չես տպած եւ շատ յաճախ ոչնչացուցած ես: Գոնէ Հրանտ Մաթեւոսեանի ու Կարապենցի հետ կատարած հարցազրոյցներդ պէտք է յիշես, թարգմանութիւններդ, «Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի մէջ ստորագրած յօդուածներդ… Մի՛ մոռնար, որ սփիւռքահայ գրող ես եւ Հայաստանի գրչակիցներուդ պէս տուն-թանգարանի կամ նման վայրերու մէջ իբրեւ պատմութեան վկայ պահուելու իսկ առիթ չունիմ…

Կը նայիմ գրամեքենայիս մաշած տուփին, որ վկայ մըն է նաեւ աւելի երիտասարդ տարիներուս, Լիբանանի դժուար, սակայն այլապէս շատ աւելի աշխուժ տարիներուն, երբ արեւմտահայերէնի մասին` իբրեւ վտանգուած լեզուի, չէինք կրնար իսկ մտածել` երբ գրական ամսագիր մը կրնար երեք վճարովի խմբագիր պահել, նոյնիսկ 500 օրինակով կը համարձակէինք բանաստեղծութեան հատոր հրատարակել… Ճիշդ է, որ ժամանակը իր խօսքը կ՛ըսէ, եւ ներկայիս համակարգիչս շատ աւելի մեծ դիւրութիւններ կը պարգեւէ, սակայն լեզուիս` արեւմտահայերէնի հետ կապուած միւս տուեալները ոչ միայն նոյն ձեւով չեն զարգացած, այլեւ սարսափելի նահանջ արձանագրած են, իսկ առաջին տասնամեակներուս ուժական, հայութեան առումով կեանքով լեցուն Լիբանանը սկսած է արիւնաքամ ըլլալ` իր ստացած ռազմական, քաղաքական ու տնտեսական հարուածներուն ազդեցութեան տակ:

Նախորդը

Ճափոնի Հարիւրամեայ Մարդիկը

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

RelatedPosts

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)
Անդրադարձ

Կինը Եւ Պատերազմը

Մայիս 21, 2022
Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Հրաժեշտի Խօսք (Յովհաննէս Աբրահամեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022
Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ծառայութեամբ Յատկանշուած Համակ Կեանքը Մը (Տոքթ. Րաֆֆի Նալպանտեանի Յիշատակին)

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In