Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Նոյեմբեր 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ
Տասնվեցօրեայ Արշաւ» Ծրագիրը

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ

Պէտք է մերժենք կնոջ եւ աղջկանց դէմ գործուող որեւէ տեսակի բռնութիւն:
#Միասին-ընդդէմ-բռնութեանխատանքին մէջ:

1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի Ռութճըրս համալսարանի «Կիներու համաշխարհային ղեկավարութիւն» կեդրոնէն մեկնարկը տրուեցաւ «Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ տասնվեցօրեայ արշաւ» ծրագիրին:

Այս արշաւին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել կնոջ հանդէպ գործադրուած բոլոր բռնաբարութիւնները` ամբողջ աշխարհին մէջ արթնցնելով մարդկային խիղճը եւ ցոյց տալով անոր ծանր հետեւանքները:

Արշաւը ամէն տարի կը սկսի 25 նոյեմբերին, նոյն թուականին, որ ՄԱԿ-ի կողմէ յայտարարուած է, որպէս «Կիներու դէմ բռնարարքներուն վերջ տալու միջազգային օր», եւ կը տեւէ 16 օր` մինչեւ 10 դեկտեմբեր, որ դարձեալ ՄԱԿ-ի կողմէ նշանակուած է իբրեւ «Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օր»:

Այս թուականները ընտրուած են, որովհետեւ կնոջ բռնաբարութեան դէմ պայքարը կը բխի մարդկային իրաւունքները յարգելու սկզբունքէն:

Տարբեր երկիրներ, պետական մարմիններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ համալսարաններ կը մասնակցին այս արշաւին, որուն մասնակցող երկիրներուն թիւը ներկայիս հասած է 180-ի, իսկ միութիւններունը` 5500-ի, բայց եւ այնպէս սակայն բռնաբարութիւններու դէպքերը հետզհետէ կը ծաւալին:

Ճիշդ է, որ այսօր այդ ծրագիրին որդեգրման 30-ամեակն է, սակայն ափսոս, որ բռնաբարութեան հարցերը աւելցած են` համաշխարհային անլուծելի դժուարութիւններու պատճառով:

Եթէ պահ մը մտածենք, կը տեսնենք, թէ համայն աշխարհը, իր նուաճումներուն կողքին, պատերազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական անկումներ կը կրէ, որոնց իբրեւ հետեւանք բռնութիւնը աւելի եւս կը պարտադրէ ինքզինք, եւ, ինչպէս միշտ, կինն է, որ առաջին հերթին այս մթնոլորտէն եւ կացութենէն կը տուժէ` անոր ծանր ու անխուսափելի անդրադարձները կրելով:

Թէ ինչո՛ւ կինը, որովհետեւ ան ընկերային կեանքին մէջ ներկայացուած է որպէս տկար անհատ, որուն ստորադասումը կամ անոր դէմ բռնութիւն գործելը շատ աւելի դիւրին է, քան` տղամարդուն:

Հայ ժողովուրդը այս իրականութիւնը վկայած է Հայոց ցեղասպանութեան տարագրութեան օրերէն, երբ հայ սիրուն եւ մատղաշ աղջիկներն ու նորահարսերը բռնաբարուած են, ոմանք իրենց արժանապատուութիւնը փրկելու համար նետուած են Եփրատ գետը, ուրիշներ անձնասպանութիւն գործած են, իսկ շատեր թրքական պալատներու կամ տուներու մէջ ծառայած են:

Նոյն այս պատկերը պատահած է տարբեր երկիրներու մէջ գործուած ջարդերու եւ սպանդներու ընթացքին` Քոսովօ, Ափրիկէ եւ զանազան երկիրներ: Պատերազմներու ատեն նոյն ճակատագիրին ենթարկուած են նաեւ քիւրտ եւ եզիտի կիները:

Սակայն բռնութեան դէպքերը միայն պատերազմներու ընթացքին չէ, որ կը գործադրուին, այլ նաեւ մերօրեայ կեանքին մէջ: Կեանքի դաժան պայմանները` չքաւորութիւն, անարդարութիւն, սով ու ապրուստի դժուարութիւն, բոլորն ալ բռնութեան տարբեր չափանիշներ են:

Կենսոլորտային հարցերը, համաշխարհային ջուրի պակասը, համաշխարհային ջերմութեան խնդիրն ու անոնց գործած աւերները միթէ կիներու հանդէպ բռնութեան ձեւեր չե՞ն, որովհետեւ, նախ եւ առաջ կինն է, որ կը տառապի այս բոլորէն:

Վերջին շրջանին «Քորոնա» համաճարակին պատճառով գործուած աւերները, տնտեսական անկումները, մարդկային կորուստը, ընտանեկան եւ ընկերային շրջանակներու քայքայումները, բոլորը միատեղ կ՛ազդեն կնոջ վրայ:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ յայտարարուած համաշխարհային միութիւններու կարգախօսները, յատկապէս «Տունը մնա՛, ապահով մնա՛» լոզունգը երբեմն եւ որոշ պարագաներու խանգարեց ընտանեկան կայունութիւնը եւ անզգալաբար պատճառ դարձաւ ընտանեկան բռնութեանց պարագանելու յաւելումին: Մեծ թիւով կիներ ստիպուած եղան ապրելու իրենց ընտանիքին մէջ բռնութիւն գործող տան անդամին հետ, նոյն յարկին տակ:

Պէտք է յիշել, որ «Քորոնա» ժահրը միայն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան առողջութիւնը չխանգարեց, այլ նաեւ ազդեց մարդկութեան հոգեկան անկումին վրայ:

Այս բոլորին կողքին աւելցնենք բռնութեան նոր ձեւերը, որոնք կը գործադրուին ընկերային ցանցերու եւ ելեկտրոնային յաւելուածներու` «Ուացափ»-ի, «Թուիթըր»-ի ճամբով, կամ հեռատեսիլէն սփռուող անզուսպ արտայայտութիւններով, որոնք պուլիինկի (bullying) ձեւեր են, եւ որոնք մեծ աւերներ կը գործեն երիտասարդ կիներու եւ աղջիկներու կեանքին մէջ: Իսկ աշխատավայրերուն մէջ կին պաշտօնեաներուն հանդէպ արձանագրուած սեռային ոտնձգութիւնները դարձեալ բռնաբարութեան միջոցներ են, որոնք կ՛ազդեն կնոջ հոգեկանին վրայ:

Ինչպէ՞ս լռել եւ բռնաբարութիւն չնկատել այս ամէնը:

Ֆիզիքական եւ հոգեկան տանջանք, ծեծ, առօրեայի նուազագոյն կարիքներու դժուար ապահովում. այս բոլորը կը մղեն լիբանանցի կնոջ առողջութեան վատթարացման` ֆիզիքական թէ մտային, որովհետեւ ան իր անձնական գոյապայքարի կողքին` պէտք է պայքարի նաեւ իր ընտանիքին եւ զաւակներուն բարօրութեան ու բարեկեցութեան համար:

Հետեւաբար, լիբանանցի կնոջ մտահոգութիւնները բազմաթիւ են, որովհետեւ անոնց պահանջած օրէնքները տակաւին չեն իրագործուած:

Քսան տարիէ ի վեր Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կը պայքարի, օրինագիծեր կը մշակէ` կնոջ իրաւունքները ճշդելու եւ այդ իրաւունքներուն հանդէպ յարգանք պարտադրելու համար:

Հոս կ՛արժէ անդրադառնալ հիմնական օրէնքներու, որոնք տակաւին կը մնան պահանջներու սահմաններուն մէջ: Անոնցմէ են. իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կնոջ իրաւունքը պահանջող օրէնքը, դատական իշխանութիւններուն որդեգրած կարգ մը օրէնքներու փոփոխութիւնը` ի նպաստ կնոջ, անչափահասներու ամուսնութեան կանխարգիլումը:

Այս բոլորը լիբանանցի կնոջ տառապանքներուն մաս կը կազմեն:

Ներկայիս բռնութեան դէմ պայքարի այս բոլոր քայլերը ամփոփուած են ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ կնոջ ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը` պատերազմի մէջ եղող երկիրներու պարագային: Նոյն բանաձեւը խիստ կերպով կը պահանջէ կնոջ ներկայութիւնը կարեւոր որոշումներ տալու վայրերուն մէջ եւ դիրքերու վրայ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ կնոջ ներդրումը համերաշխութիւն եւ բարգաւաճում իրականացնելու առումով: Հիմնական կը նկատուի նաեւ ապահովութեան պահպանումի աշխատանքին մէջ:

Լիբանան եւս ստորագրած է այս բանաձեւին տակ,  հետեւաբար մեծ թիւով լիբանանցի կիներ պէտք է ներկայութիւն դառնան համերաշխութեան, բարգաւաճման եւ ապահովութեան պահպանման առաքելութեան մէջ:

Լիբանանցի մեծաթիւ կիները պէտք է ստանձնեն բարձր պաշտօններ եւ բարձրագոյն մակարդակով ներկայ գտնուին որոշումներ տալու սեղաններու շուրջ, որպէսզի հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ, եւ կինը` այրերուն կողքին, յաջողի միասնաբար կերտել բարգաւաճ հայրենիք մը` մեր երազած յառաջդիմած Լիբանանը:

Այս պատճառով է, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կը պահանջէ քաղաքապետարաններուն եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան երեսուն առ հարիւրի մասնաբաժինը, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ այդ մասնաբաժինի դրութիւնը գործադրուի յաջորդ քաղաքապետական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Վերջապէս ժամանակն է, որ կնոջ նկատմամբ համաշխարհային եւ ընկերային հասկացողութիւնը փոխուի եւ մարդկային հաւասարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը անհրաժեշտութիւն դառնան, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւնները աւելի եւս կը մօտեցնեն կառավարական առաջնահերթութիւնները, եւ ժողովրդային պահանջներուն իրագործումը կը դարձնեն գրաւական:

Ու այսպիսով կնոջ հզօր ներուժը, պատասխանատու պաշտօններու վրայ ըլլալը` քաղաքական կամ ընկերային մարզերուն մէջ, կը ծառայէ երկրին զարգացման ու կեանքի որակի բարելաւումին, ինչպէս նաեւ բռնութեան վերացումին:

Յարգա՛նք լիբանանցի կիներուն եւ անոնց ընդմէջէն հա՛յ կիներուն:

 

Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն

Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:

  • ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն  01-253796
  • «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
  • Ազգային առաջնորդարանի ընկերային  ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
  • Abaad 01-283820
  • Himaya 03-414964
  • Idraac 01-583583
  • Embrace 1564
  • Kafa 1745

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Մեր Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Յաջորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?