Յօդուածներ

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայաստան-ՄԱԿ Գործակցութիւն Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ UNMAS-ի (United Nation Mine Action Service) միջեւ 25 հոկտեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրով, 21-22 նոյեմբերին Դամասկոս այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» կազմակերպութեան ականազերծողներու խումբը` տնօրէն Վաղինակ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Հայ ականազերծողները` տուեալ համաձայնագիրով, իրականացուցած են Դամասկոսի արուարձանի Տարայա աւանի գիւղատնտեսական նշանակութեան մօտաւորապէս 2 միլիոն քմ հողատարածքներու մակերեսային եւ խորքային...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Ամօթալի Եւ Դատապարտելի Արարք

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ամօթալի Եւ Դատապարտելի Արարք

Նկարը ինքնին խօսուն է: Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին` Թեսաղոնիկէի մէջ շրջագայող հանրակառքերուն վրայ կը ցուցադրուի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշիի պատմական բերդին պարիսպն ու անոր դարպասը, որոնց վրայէն ազրպէյճանցիները հեռացուցած են հայկական «Շուշի» անունը եւ զայն փոխարինած են ազրպէյճանական տարբերակով: Առաւել, նկարին վրայ գրուած է, որ Շուշին ազրպէյճանական է, իսկ վերի մասը կ՛երեւին Յունաստանի եւ Ազրպէյճանի դրօշակները: Նկարը երեւցաւ ընկերային...

Ակնարկ.   Մոսկուա, Պրիւքսել, Միջանկեալ` Սոչի.  Միջնորդական Մրցապայքարի Ուղեւորութիւնը

Ակնարկ. Մոսկուա, Պրիւքսել, Միջանկեալ` Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքարի Ուղեւորութիւնը

Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն` Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին: Փաստօրէն ո՛չ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ո՛չ ալ առցանց հեռակայ հանդիպումը կայացաւ: Տեղի ունեցան Սիւնիքի դէպքերը, աւելի ճիշդ` ազրպէյճանական յարձակումը Սիւնիքի վրայ: Իրադրութիւնները կը յուշէին ռազմաքաղաքական բեմագրութեան մը մասին: Այնուհետեւ յայտարարուեցաւ Պրիւքսելի մէջ 15 դեկտեմբերին Երեւան-Պաքու երկկողմանի հանդիպման մասին` եւրոպական կողմին...

Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր  Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում.  Անկուշտ Է Թշնամին»

Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում. Անկուշտ Է Թշնամին»

«Դժբախտաբար, Արցախը պարտութիւն չէր` Արցախը յանձնում էր, եւ եթէ Արցախի ազատագրումը Հայ դատի համընդհանուր պայքարի կարեւոր փուլն էր եւ մեր հայեացքը ուղղուած էր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերու ազատագրման, յանկարծ եկաւ այդ հարուածը», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Ան չի բացառեր կորուստներու վերականգնումը` բերելով Ցեղասպանութենէն ընդամէնը 3 տարի ետք`...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Փոխլրացնող Զուգահեռներ` Անվտանգութիւն, Բարեկեցութիւն Եւ Արդարութիւն

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Փոխլրացնող Զուգահեռներ` Անվտանգութիւն, Բարեկեցութիւն Եւ Արդարութիւն

Հանրային հաւաքական դաշտում կեցութեան եւ զարգացման համար ցանկալի մթնոլորտի ստեղծումը պայմանաւորւում է երեք անհրաժեշտ բաղադրիչների` անվտանգութեան, բարեկեցութեան եւ արդարութեան առկայութեամբ: Իւրաքանչիւր գաղափարական հոսանք իր համոզմունքներից եւ սկզբունքներից ելնելով` իր ուրոյն մեկնաբանութիւնն ունի այդ բաղադրիչների իմաստների վերաբերեալ եւ փորձել ու փորձում է կառավարման համակարգում ներդնելով գործօններ` հնարաւորութիւն ստեղծել նշեալ բաղադրիչներով մթնոլորտ ձեւաւորելու համար: Վերջին հաշուով, պետութիւնների գոյութիւնը հէնց այդ մթնոլորտի ձեւաւորման...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Առանցք Փոխելու Վտանգները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Առանցք Փոխելու Վտանգները

Հայաստանի քաղաքական շահերը տարիներու ընթացքին պահպանուած են տարածաշրջանի դաշնակիցներուն, արեւմտեան եւ արեւելեան երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութեանց շնորհիւ: Կարելի չէ պատկերացնել Հայաստանի ապահովութիւնը` առանց տարածաշրջանի գերպետութիւններու հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան, դիւանագիտական գերզգայուն յարաբերութեան պահպանման: Արեւմուտքի հետ եւս Հայաստան տարիներ շարունակ պահպանած է դրական յարաբերութիւններ, ստորագրած է գործակցութեան համաձայնագիր` նկատի ունենալով Հայաստան-Եւրոպա աշխարհագրական առնչութիւններն ու քաղաքական  փոխազդեցութիւնները: Այս յարաբերութիւններու հանրագումարին շնորհիւ` նաեւ պահպանուած...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Արցախցի Եւ Միշտ Արցախ Բնակող Բանաստեղծի Ընդվզելու Կոչի Հետքերով

Յ. Պ. Բանաստեղծը` Վարդան Յակոբեան: Ան սփիւռք(ներ)ի հիւր չէ, օր մը Լոս, օր մը Փարիզ, կամ` Պէյրութ, հեռատեսիլի պատուհանը իր թառը չէ: Ըսած է ճշմարտութեան խօսք: Եթէ դեռ չխցուած ականջներով հայեր կան, ներսը եւ դուրսը, կը լսեն: Խօսք` քաղաքական քարոզչութեան (ան)բարոյականացման մասին: Եթէ բարոյականութիւնը դեռ տեղ ունի մեր քաղաքական դահլիճներուն մէջ եւ լուսարձակներուն տակ: Խօսք, զոր լսելէ ետք քաջութեամբ հարց...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նուիրատուութիւնը` Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի Անուան Երաժշտական Քոլեճին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին նուիրուեցաւ Լութֆիք վան Պեթհովենի եւ Ուոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի բոլոր ստեղծագործութիւններուն հաւաքածոները: Երաժշտական քոլեճի տնօրէն Անահիտ Սուլէյմանեանի հետ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնայ Դադամեանը: ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը համոզուած է, որ ուսուցողական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Լեռնականներու Արշաւանքներ Դէպի Վրաստան Եւ Ղարաբաղի Խանութիւն

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Լեռնականներու Արշաւանքներ Դէպի Վրաստան Եւ Ղարաբաղի Խանութիւն

Երեւանի Ղուլամ Ալի Խանի Թրքամէտ Քաղաքականութիւնը  Ռուսական Տիրապետութեան Դէմ Իսլամական Դիմադրութիւն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական տիրապետութեան դէմ իսլամական դիմադրութիւն Անդրկովկասը ռուսական տիրապետութեան ենթարկելու նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին 1784-ին մեկնեցաւ Թիֆլիս, անձնապէս ուսումնասիրելու համար տեղական հանգամանքները: Ան այն եզրակացութեան եկաւ որ Վրաստան ներքնապէս տկար է ու անկայուն եւ Հերակլ Բ. լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Վրաստանի մէջ ռուսական զօրքի հրամանատար...

Սթափելու Ժամանակը

Հայութեան Արդարացի Իրաւունքը Անժամանցելի Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 22 նոյեմբեր 2021: Լիբանանի անկախութեան 78-րդ տարեդարձ, միաժամանակ անկախ Հայաստանի սահմաններու մասին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի հրապարակման 101-րդ տարեդարձ: Հակառակ տիրապետող կարծիքին, որ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը Սեւրի դաշնագիրի յաւելուած մըն է, պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ այս իրաւարար վճիռը անկախ որոշում մըն է, վաւեր` ստորագրման եւ կնքման պահէն սկսեալ: Արդարեւ, նախագահ Ուիլսընին լիազօրութիւնը...

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան  Սահմաններով Հայաստանին

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան Սահմաններով Հայաստանին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ 25-26 ապրիլ 1920-ին,  Համաշխարհային Ա. պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից  պետութիւններուն եւ անոնց զօրավիգ ուժերու Գերագոյն խորհուրդը երկու խնդրանք  ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ   Ուիլսընին. - ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութիւնը, - իրաւարար վճիռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ  միջեւ սահմանը: Առաջինը անմիջապէս մերժեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը: Նախագահը հրաժարեցաւ: Երկրորդ խնդրանքը պաշտօնապէս ամրագրուած  էր Փարիզի  խաղաղութեան վեհաժողովին, Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին...

Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուրքանիոյ Մէջ

Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուրքանիոյ Մէջ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ինչպէս որեւէ այլ պետութիւն` Ռուսիան կը ձգտի իրագործել իր ազգային շահերը, որոնք հիմնուած են իր պատմութենէն` ռուս-թաթարական, ռուս-պարսկական, ռուս-թրքական պատերազմներէն ու Նափոլէոնի եւ նացիական Գերմանիոյ ներխուժումներէն բխող անոր աշխարհաքաղաքական պատկերացումներուն եւ այդ պատմական փորձառութենէն ծնունդ առած թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու անապահովութեան զգացումին ու սպառնալիքներու վերաբերեալ ըմբռնումներուն վրայ: Աշխարհագրական դիրքը, պատմական փորձառութիւնն ու անոնցմով պայմանաւորուած` երկիրի անվտանգութեան նկատմամբ գերզգայնութիւնը պատճառ...

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Մեռելածին Նորմ` Արցախցի Ներքին Տեղահանուածների Համար

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Արցախի վաստակաւոր իրաւաբան Պերլինի վեհաժողովում (1878թ.) Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանտր Կորչաքովը վեթօ դրեց Թուրքահայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը քոնկրեսի օրակարգ ընդգրկելու վրայ` պատճառաբանելով, թէ հայերն անկախութիւն չեն ուզում: Մկրտիչ Խրիմեանի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ 16-րդ յօդուածը դարձաւ 61,  Ռուսաստանի անունից Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը ստորագրած կոմս Իկնատեւը պատասխանել է, որ, «Հայրի՛կ, 16-ը գրուել է ռուսների, այլ ոչ թէ` հայերի համար»: Անցաւ...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- Հակապիոթիքներու Դիմադրութեան Դէմ Պայքար - Կրիֆոնի Հիւթն Ու Կարգ Մը Դեղեր Պէտք Չէ Միասին Առնել - Գիշերային Զբօսավայրերու Դեղեր Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Հակապիոթիքներու Դիմադրութեան Դէմ Պայքար Հակապիոթիքները դեղատեսակներ են, որոնք կ՛օգտագործուին պաքթերիա (ցպկային մարմիններ) յառաջացած վարակներու բուժման համար: Հակապիոթիքները տարիներու ընթացքին փրկած են բազմաթիւ կեանքեր: Այս դեղերու չարաշահումն ու անպէտք օգտագործումը, սակայն, նպաստած են երեւոյթի մը, որ յայտնի է որպէս...

«Ազգային Մեր Գոյութեան, Պետականութեան Սպառնացող Վտանգները Պէտք Է Լաւապէս Քննուին, Կշռուին Եւ Նկատի Առնուին Ոեւէ Բանակցութեան Նախօրէին». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Ազգային Մեր Գոյութեան, Պետականութեան Սպառնացող Վտանգները Պէտք Է Լաւապէս Քննուին, Կշռուին Եւ Նկատի Առնուին Ոեւէ Բանակցութեան Նախօրէին». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՐՄԻԿ ՉԻԼԱԲՕՇԵԱՆ-ՊՕՂԻԿԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Գանձասար»-ի եւ «Ռատիօ Երազ»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: «ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Օրեր առաջ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ վերսկսաւ դիմադրութեան շարժումը, որ ներքաղաքական օրակարգերէն դուրս ելլելով, Արցախի հարցին, յատկապէս Հայաստանի ներկայ իրավիճակին շուրջ ժողովրդային ընդվզումի նկատառելի ալիք բարձրացուց աստիճանաբար ուղղուելով դէպի համահայկական դիմադրութիւն` ներկայ իշխանութիւններու վարած պարտուողական քաղաքականութեան դէմ: Տարածաշրջանային ուժերու ներկայ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Վաչէ Նաճարեան, Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Մ.ի Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Կարօ Թէրզեանի հետ: Անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին անոնք զեկուցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր Ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան կատարուած գործունէութեան,...

Առանց Արժանապատուութեան` Ի՞նչ Անկախութիւն

Առանց Արժանապատուութեան` Ի՞նչ Անկախութիւն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անկախութիւն է դարձեալ. բնականաբար այդ մասին կը յուշէ օրացոյցը, ապա պետութիւնը, իսկ վերջին օրերուն` բանակի հրամանատարութիւնը, որ որոշած է զինուորական խորհրդանշական տողանցքով մը նշել Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակը: Երկրին մէջ տիրող պայմանները, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կը յուշեն, որ քաղաքացին ի վիճակի է` տօնելու իր անկախութիւնը, հպարտ զգալու իր դրօշով, բանակով, պետութեամբ, կամ` թոքերը լեցնելու ազատութեան թթուածինով: Այս բոլորը...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ի՛նչ Ակնկալել Երկրի Մը «Շնորհուած» Անկախութենէն (22 Նոյեմբեր 1943)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Լիբանան հեռանկար  չունի... Ղասսան Ալ Շամի (Վաստակաւոր լրագրող եւ մտաւորական ) Իր խոհական ու փիլիսոփայական մտածումներով եւ քաղաքական յախուռն կեցուածքներով քաջածանօթ լիբանանցի այս լրագրող-մտաւորականին վերոնշեալ նախադասութիւնը քիչ մը զարմացուց մեզ, երբ ան հանգամանալից վերլուծութենէ ետք կ՛եզրակացնէր, թէ Լիբանան` իբրեւ երկիր, պետութիւն թէ հասարակական կեանք, չունի հեռանկար` ապրելու եւ գոյատեւելու: Ապրելու` իբրեւ ստեղծագործ ժողովուրդ եւ գոյատեւելու` իբրեւ կայացած ու...

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՛երթամ» Յովհաննէս 16:21 Որքա՜ն խորախորհուրդ վարդապետութիւն է քրիստոնէութիւնը: Երբ պահ մը մտածենք քրիստոնէութեան հաւատքի հիմ եւ վէմ հանդիսացող Քրիստոսի առաքելութեան եւ անոր շարունակականութեան մասին, կը նկատենք, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու ծրագիրը նախասահմանուած են սկիզբէն: Աստուած իր Միածին որդին աշխարհ ղրկեց` մարդը փրկելու եւ ազատելու մեղքի տիղմէն:...

Բարի Ու Քաջ Հովիւը, Որ Իր Կեանքը Նուիրեց Իր Հօտին

Բարի Ու Քաջ Հովիւը, Որ Իր Կեանքը Նուիրեց Իր Հօտին

Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան. անուն մը, բարի անուն մը հայ մարդու, հայ հօր, հայ նուիրեալ հոգեւորականի բարի անուն մը, որ պիտի մնայ օրինակելի ու յիշատակութեան արժանի` յաջորդ սերունդներուն համար: Հերոսական Հաճընի նահապետական Կոստանեան ծանօթ գերդաստանի շառաւիղներէն  տէր Յարութիւն, շնորհիւ իր ունեցած նախ` քաջ ու պատուական մարդու ամուր նկարագիրին, ապա` շնորհիւ իր բարի ու ազնիւ բնաւորութեան, միշտ գնահատելով գաղութահայ առօրեան, երիտասարդ տարիքէն...

Page 382 of 1112 1 … 381 382 383 … 1,112

Արխիւներ