Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Նոյեմբեր 30, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Մի՛ Կրկնապատկէք Ասիթամինոֆենը (Փարասեթամոլը)
– Հարցախոյզ. Ծնողներուն Մեծ Մասը Յայտնած Է, Որ Իրենց Երեխաները Բաւականաչափ Շնորհակալ Չեն

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Մի՛ Կրկնապատկէք Ասիթամինոֆենը
(
Փարասեթամոլը)

Եթէ ունիք կրիփի ախտանշաններ, ուստի վերջին երկու օրուան ընթացքին հաւանաբար որոշակի բուժում ստացած էք` քանի մը ժամ անգամ մը հազի եւ կրիփի դեղեր առնելով: Օրուան վերջը գլխացաւ ունիք եւ կը մտածէք փարասեթամոլի քանի մը դեղահատ առնել` զայն բուժելու համար:

Կեցէ՛ք:

Այն բանը, որ հաւանաբար չէք գիտեր, թէ աւելի քան 600 դեղի տեսակ, դեղագիրով եւ առանց դեղագիրի (OTC), կը պարունակէ փարասեթամոլ գործուն բաղադրիչը, որ կ՛օգնէ ցաւեր մեղմացնելու եւ տաքութիւն նուազեցնելու: Երբ զգուշ եւ ճիշդ ձեւով ընդունուած այս դեղատեսակները օգտագործուին, կրնան անվտանգ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ: Սակայն չափէն աւելի փարասեթամոլ առնելը կրնայ յանգիլ լեարդի լրջօրէն վնասուելուն:

Փարասեթամոլը տարածում գտած դեղատեսակ է մեղմ եւ չափաւոր ցաւը թեթեւցնելու համար, որոնցմէ են` գլխացաւը, մկանային ցաւերը, դաշտանային շրջաններու ցաւերը, մրսածութիւնը, կոկորդի ցաւը, ակռայի ցաւը եւ մէջքի ցաւը: Ան նաեւ կ՛օգտագործուի համակցուած դեղերու մէջ (combination medicines), որոնք ունին մէկէ աւելի գործուն բաղադրիչ` մէկէ աւելի ախտանշաններու բուժման համար:

Մրսածութեան եւ կրիփի ժամանակն է

Ամերիկայի Առողջապահութեան ազգային հաստատութիւնը (NIH) յայտնած է, որ տարեկան ամերիկացիներու մէկ միլիառը մրսածութիւն կ՛ունենայ, իսկ ամերիկացիներու 20%-ը` կրիփ: Աւելի՛ն. 10 ամերիկացիներէն 7-ը կ՛օգտագործէ OTC դեղամիջոցներ` մրսածութեան, հազի եւ կրիփի ախտանշանները թեթեւցնելու համար:

Ֆաթիա Ճիպրիլ` Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութեան (FDA) վերահսկող, բժշկական պատասխանատու, կը բացատրէ, որ մրսածութեան կամ կրիփի ախտանշանները թեթեւցնելու համար դեղեր սպառողները հաւանաբար չեն գիտեր, որ փարասեթամոլը համակցուած է շատ մը այլ դեղատեսակներու հետ, որոնք կ՛օգտագործուին այդ ախտանշանները բուժելու: «Այսպիսով, եթէ դուք միաժամանակ մէկէ աւելի դեղեր կ՛առնէք,- կ՛ըսէ ան,- թերեւս ձեր լեարդը լուրջ վնասներու ենթարկէք»:

Փարասեթամոլի չափազանց դեղաչափի ախտանիշները կրնան ի յայտ գալ օրերու ընթացքին, եւ նոյնիսկ եթէ անոնք ակնյայտ դառնան, կրնան նմանիլ կրիփի կամ մրսածութեան ախտանշաններու: Մեծահասակներու համար փարասեթամոլը ներկայիս առաւելագոյն յանձնարարուած չափաբաժինը օրական 4000 միլիկրամ է, այդ չափաբաժինի գերազանցումէ խուսափելու համար`

  • Մի՛ առնէք փարասեթամոլ պարունակող մէկէ աւելի OTC արտադրանք:
  • Մի՛ ընդունիք միաժամանակ դեղագիրով եւ առանց անոր մէկէ աւելի փարասեթամոլ պարունակող դեղեր:
  • Մի՛ գերազանցէք փարասեթամոլ պարունակող որեւէ դեղի յանձնարարուած չափաբաժինը:

Ապաւինիլ առողջապահական մասնագէտներու

Փարասեթամոլը կ՛օգտագործուի սովորաբար դեղագրուող ցաւազրկիչ դեղերուն հետ համատեղ, ինչպիսիք են` codeine-ը, oxycodone-ը եւ hydrocodone-ը: 2011 թուականի յունուար ամսուան դրութեամբ, FDA-ը յայտնած է, որ փարասեթամոլ պարունակող դեղերու չափազանց տոզերը կը կազմեն ԱՄՆ-ի մէջ փարասեթամոլի հետ կապուած լեարդի վնասուածքի բոլոր դէպքերու գրեթէ կէսը:

Նոյնիսկ եթէ դուք դեռ տաքութիւն կամ ցաւ ունիք, պէտք չէ առնել ձեզի համար նշուած դեղաչափէն աւելին, կը նշէ FDA-ի վերահսկող բժիշկ Շարոն Հերց, բայց զգուշ եղէք, «փարասեթամոլ» բառը միշտ չէ, որ ամբողջութեամբ կը գրուի պիտակին վրայ: Փոխարէնը կրնան օգտագործուիլ յապաւումներ կամ հոմանիշներ, ինչպիսիք են Acetaminophen-ը, APAP-ը, Acetaminoph-ը, Acetaminop-ը, Acetamin-ը կամ Acetam-ը:

OTC դեղեր գնած ժամանակ Հերց կ՛առաջարկէ սովորութիւն դարձնել դեղագործին ձեր գործածած այլ դեղերուն կամ յաւելումներուն մասին տեղեակ պահելը:

Երբ դեղը նախատեսուած է երեխաներու համար, դեղին պիտակի «Ուղղութիւններ» բաժինը ցոյց կու տայ, թէ արդեօ՞ք այս դեղը ձեր երեխային տալը ճիշդ է, եւ եթէ` այո, որքանո՞վ պէտք է տալ: Եթէ ձեր երեխայի ծանրութեան կամ տարիքին չափաբաժինը նշուած չէ պիտակին վրայ, եւ դուք չէք կրնար ըսել, թէ որքա՛ն պէտք է տալ, հարցուցէք ձեր դեղագործին կամ բժշկին, թէ ի՛նչ պէտք է ընել:

Եթէ դուք մտադրած էք օգտագործել փարասեթամոլ պարունակող դեղ մը, ապա պէտք է տեղեկացնել ձեր բուժաշխատողը, եթէ լեարդի հիւանդութիւն ունիք կամ ունեցած էք անցեալին:

Հերց կ՛ըսէ, թէ փարասեթամոլն ու ալքոլը նոյնպէս լաւ խառնուրդ չեն: Եթէ օրական երեք կամ աւելի ալքոլային խմիչք կը խմէք, փարասեթամոլ պարունակող դեղ օգտագործելէ առաջ անպայման տեղեկացուցէք ձեր բուժաշխատողը:

Աղբիւր` FDA

Հարցախոյզ. Ծնողներուն Մեծ Մասը Յայտնած Է,
Որ Իրենց Երեխաները Բաւականաչափ Շնորհակալ Չեն

Երբ ամերիկեան ընտանիքները կը նշեն Գոհաբանութեան օրը` նստելով սեղանին շուրջ, ծնողներուն մեծամասնութիւնը կը յայտնէ, որ կը փափաքի երախտապարտ երեխաներ մեծցնել եւ շատեր յաջողութեան կը հասնին:

Համամերիկեան նոր հարցախոյզի մը ընթացքին հինգ հարցուածներէն չորսը ըսած է, որ իրենց երեխաներն այնքան շնորհակալ չեն, որքան որ պէտք է ըլլան, եւ կէսը մտահոգուած է, որ չափէն աւելին կ՛ընէ իր երեխաներուն համար: Հինգէն երկուքը նաեւ ըսին, որ երբեմն կ՛ամչնան իրենց երեխային ցուցաբերած եսասիրութենէն:

«Շատ մը ծնողներ կրնան վերադառնալ իրենց մանկութեան օրերուն եւ համեմատութիւն մը ընելով` մտածել, թէ արդեօ՞ք անոնք կը չափազանցեն իրենց զաւակներուն տուածներով, նիւթական բաներու իմաստով: Ծնողները կրնան հետեւիլ, թէ ինչպէ՛ս իրենց երեխան եսասէր մօտեցում կ՛ունենայ, օրինակ` հրաժարելով կիսուիլ այլ երեխաներու հետ կամ ըսելով. որ անոնք չեն սիրեր այս կամ այն նուէրը», կ՛ըսէ Սառա Քլարք, Միշիկընի առողջապահութեան համալսարանի երեխաներու առողջութեան CS Mott հիւանդանոցի ազգային հարցախոյզին տնօրէնը:

«Մենք գիտենք, որ երախտագիտութիւնը կապուած է աւելի շատ դրական յոյզերու, ամուր յարաբերութիւններ ունենալու, աւելի շատ փորձառութիւններու եւ նոյնիսկ առողջութեան հետ, աւելցուց Գլարք: – Սակայն երեխաները սովորաբար երախտագիտութիւնը  ինքնաբերաբար ձեռք չեն բերեր: Այդ մէկը պէտք է դաստիարակուի տարիքին համապատասխան ձեւով»:

Պատասխանները հաւաքուած են 4-10 տարեկան երեխաներու ծնողներէ: Պատասխանները ցոյց տուած են, որ ծնողները տարբեր ռազմավարութիւններ կիրարկած են իրենց զաւակներուն երախտագիտութեան դաս տալու տօներու ժամանակ եւ ընդհանրապէս շնորհակալ ըլլալու:

«Այն ծնողները, որոնք առաջնահերթութիւն կը համարեն իրենց երեխային երախտագիտութիւն սորվեցնելը, աւելի հաւանական է, որ զեկուցեն, թէ իրենց երեխաները կը դրսեւորեն այնպիսի վարքագիծ, որ կապուած է երախտագիտութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութեան հետ», հաղորդագրութեան մէջ ըսած է Քլարք:

Հակառակ անոր որ Գոհաբանութեան օրը շնորհակալութիւն յայտնելու հիանալի ժամանակ է, ան աւելցուց սակայն, որ ծնողները կրնան ուսուցանել եւ ձեւաւորել բարութիւնն ու երախտագիտութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին:

«Ժամանակի ընթացքին եւ փորձառութիւններու միջոցով երեխաները կը սորվին երախտապարտ ըլլալ ուրիշներուն եւ գնահատել այն, ինչ ունին», ըսած է Քլարք:

Հարցուածներուն մեծ մասը ըսաւ, որ կարելի է երեխաներուն սորվեցնել շնորհակալ ըլլալը: Հարցումը մանրամասնած է հինգ ռազմավարութիւն. բարքեր սորվեցնելը, տալը, կամաւորութիւնը, նպաստումը ընտանեկան գործերուն եւ խօսիլը երախտագիտութեան մասին:

Երեխաներուն իրենց վարմունքը յիշեցնելը ամենաշատ նշուած մեթոտներէն մէկն էր: Ծնողներու մօտ 88%-ին մօտ երեխան պարբերաբար կ՛ըսէ «խնդրեմ» եւ «շնորհակալութիւն», մինչդեռ 11%-ը` հազուադէպ պարագաներու:

Այնուամենայնիւ, «Քաղաքավարութեան եւ երախտագիտութեան միջեւ տարբերութիւն կայ, ըսաւ Քլարք: –  Երեխաներուն երախտապարտ ըլլալ սորվեցնելու համար ծնողները նաեւ պէտք է յստակացնեն, թէ ինչո՛ւ իրենց երեխայէն կը խնդրեն շնորհակալութիւն յայտնել»:

Այս բացատրութիւնը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ ու կարճ, որքան` «շնորհակալութիւն…» մը ըսելու տրամադրուած ժամանակը: Հակիրճ բացատրութիւն մը, որ կը նկարագրէ, թէ ինչո՛ւ անոնք պէտք է շնորհակալ ըլլան, նշած է Քլարքը:

Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ ճաշասեղանին շուրջ կամ օրուան ընթացքին զրուցելով, թէ ընտանիքի անդամները ինչի՛ համար երախտապարտ են, այլ ձեւ մը եղած է երախտապարտ ըլլալ սորվեցնելու: Ծնողներու գրեթէ երկու երրորդը յայտնած է, որ իրենց ընտանիքը ամէնօրեայ խօսակցութիւններ կ՛ունենայ իրենց երախտապարտ եղած բաներու մասին, եւ մօտ 36%-ը զանոնք կը ներառէ իր աղօթքներուն մէջ:

Հարցախոյզին մասնակցած հինգ ծնողներէն մօտ երեքը ըսած են, որ իրենք կանոնաւոր կերպով երեխաներուն կ՛օգնեն տնային աշխատանքներու ժամանակ, մինչդեռ մօտ մէկ երրորդը երբեմն այդ մէկը կ՛ընէ: Գրեթէ երկու երրորդը իր երեխաներուն ներգրաւուիլ տուած է կամաւորութեան կամ ծառայութեան մէջ: Կէսը ըսաւ, որ այդ մէկը կը ներառէ ոչ պաշտօնական օգնութիւն` դրացիներուն կամ ընտանիքի անդամներուն:

Նուիրումը կը նշուէր երախտագիտութիւն սորվեցնելու որպէս աւելի քիչ տարածուած ռազմավարութիւն, ներառեալ` երեխային խաղալիքներ կամ հագուստ նուիրելը բարեգործութեան համար: Մօտ 37%-ը այդ մէկը կ՛ընէ կանոնաւոր կերպով, 46%-ը` երբեմն, եւ 17%-ը` հազուադէպ: Ծնողներուն 13 տոկոսը ըսած է, որ իրենց երեխան կանոնաւոր կերպով իր սեփական գումարը կը նուիրէ բարեգործութեան համար:

Քլարքը առաջարկած է ծնողներուն` ներգրաւել երեխաները յաջորդ անգամ, երբ անոնք նուիրատուութեան տուփ մը կը պատրաստեն, եւ խօսին ու զրուցեն, թէ ինչպէ՛ս նախապէս օգտագործուած իրերը այժմ կրնան օգտակար ըլլալ ուրիշին համար:

«Ծնողները պէտք է զանոնք լիազօրեն ինքնուրոյն առնելու համար այս որոշումները եւ նրբօրէն օգնեն անոնց տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս անոնց` առատաձեռնութիւնը կրնայ երջանկութիւն բերել այլ երեխայի մը», ըսաւ ան:

Աղբիւր` Drugs.com

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 26 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

Փեքինի Գերտէրութիւն Դառնալու Ծրագիրը (Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը)

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?