Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

November 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ

«Վանայ ձայն»-էն ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը վեցին կը սփռուի «Հայրենի տուն» յայտագիրը, որ կը ներկայացնէ կիլիկեան եւ պատմական Հայաստանի գիւղերն ու քաղաքները: Այս յայտագիրը շատ լաւ եւ բծախնդիր կերպով կը ներկայացնէ Մարալ Մխսեան: Վստահ ենք, որ ան շատ մեծ ճիգ կը թափէ, որպէսզի կարենայ մեր հայրենիքի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մասին այսքան գիտելիքներ հաւաքել: Ամէն գիւղի կամ քաղաքի սովորութիւնները, բնակիչներուն ապրելակերպը, յատկութիւնները, ուտելիքի տեսակները ինչպէ՛ս կը պահեն եւ ո՛ւր, ինչպէ՛ս կը խնամեն իրենց անասունները (ոչխար, կով, եզ եւ այլն), անոնց ապստամբութիւնները եւ կերտած յաղթանակները` բարբարոս թուրքին դէմ:

Կը յուսանք, որ ուրբաթ մըն ալ յատկացուի Մուսա Լերան, որ անբաժան մասն է կիլիկեան Հայաստանի. Մուսա Լեռ ծանօթ է ամբողջ աշխարհին` իր ապստամբութեամբ եւ յաղթանակով: Ֆրանց Վերֆել` աւստրիացի մտաւորականը, գրեց «Մուսա Լերան 40 օրերը» նշանաւոր գիրքը, որ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու: Բարբարոս թուրքը մինչեւ օրս կը վախնայ այդ գիրքին բովանդակութենէն: Այս պատճառով Թուրքիոյ մէջ գտնուած բոլոր գիրքերը հրկիզել տուաւ եւ սպառնաց, որ այն տունէն, ուր գիրքը գտնուի, մեծ պատիժի պիտի ենթարկուին տանտէրերը: Մասամբ այրած գիրքը կը գտնուի Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ:

Սանտրագործութիւնը մուսալեռցիներուն յատուկ արհեստ մըն է. ուղտի ոսկորէ շատ գեղեցիկ, քառակուսի, ճերմակ սանտրեր կը սարքէին: Մինչեւ վաթսունական թուականները շատ փնտռուած սանտրեր էին:

Կը գնահատենք եւ կը քաջալերենք այսպիսի ազգօգուտ յայտագիրներ:

Վա՛րձքը կատար` այս յայտագիրը մտայղացողին, ներկայացնողին եւ «Վանայ ձայն»-ի ամբողջ անձնակազմին:

 

 

Նախորդը

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Աշակերտութեան Յատուկ Առողջապահական Ծրագիր

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը, Դիմադրութիւն, Արմատականութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.