«Բռնութիւններու Տեսակներուն Մասին Լուսաբանելն Ու Զանոնք Գիտակցիլը Անհրաժեշտ Են Մեր Հասարակութեան Մէջ. Մարդկային Արժէքներու Հարց Է Այս Մէկը, Ու Ոչ Մէկը Զերծ Է Անոր Մէջ Մասնակցութիւն Բերելէ» Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Նոյեմբեր 25-էն դեկտեմբեր 10-ի միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին միջազգային շարժում մը տեղի կ՛ունենայ սեռի հիմամբ բռնութեան դէմ պայքարելու համար: Այս առթիւ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած յօդուածաշարքի ծրագիրի ծիրին մէջ թերթս հարցազրոյց ունեցաւ հանրային առողջապահութեան մասնագէտ դոկտոր Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Սկսելու համար, որպէս հասկացողութիւն, ի՞նչ կը հասկնանք «սեռի հիմամբ բռնութիւն» (gender-based violence) ըսելով: Ի՞նչ են անոր տեսակները, ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին եւ ի՞նչ են անոր հետեւանքները:
ԹԱՄԱՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ.- Սեռի հիմամբ բռնութիւնը աւելի ծանօթ է որպէս կիներու դէմ ոտնձգութիւն, որ կը նկատուի մարդկային իրաւունքներու դէմ բռնութեան մէկ տեսակը, եւ այդ մէկը տարածուած է բոլոր երկիրներու տարբեր շրջաններուն մէջ: Կարելի չէ հաստատել, թէ անոնք աւելի քիչ յաճախականութեամբ որոշ երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան` բաղդատաբար ուրիշներու հետ: Թերեւս այլ երկիրներու մէջ շատ աւելի քիչ թիւով վիճակագրութիւններ կան այս մասին, որովհետեւ պատճառն այն է, որ բաւարար զեկուցումներ չկան այս նիւթին շուրջ, եւ այդ մէկը դժբախտութիւն է:
Այս վարուելակերպը ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ այն անհատին վրայ, որուն վրայ կը կիրարկուի այդ մէկը, եւ այդ հետեւանքները կ՛ըլլան բազմակողմանի` թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ նոյնիսկ տնտեսական: Հետեւանքները աւելի ծանր կ՛ըլլան կիներու եւ պատանիներու համար եւ կրնայ նոյնիսկ արգելք հանդիսանալ հասարակական կեանքին մէջ անոնց գործուն մասնակցութեան:
Տակաւին ուսումնասիրութիւնները չեն բիւրեղացուցած այն տարողութիւնը, որուն վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենան այս բոլորը: Ինչ որ գիտենք, այն է (եւ այդ մէկը փաստուեցաւ համաճարակի տարիներու ընթացքին), որ բռնութիւններու թիւերը աւելի մեծ կ՛ըլլան, երբ ունենանք արտակարգ պարագաներ (ինչպէս` համաճարակը): Բռնութեան պարագաներու թիւերը կը բարձրանան տուներէ ներս, մանաւանդ` կիներու դէմ:
Տեսակները եւ դրսեւորման ձեւերը շատ են ու տարբեր տեսակի: Անոնցմէ ոմանք աւելի ծանօթ են, քան ուրիշներ: Կայ, օրինակ, տնտեսական բռնութիւնը, երբ տնտեսական առումով անձը կախեալ է ուրիշէ մը, եւ այդ մէկը կը զրկէ զինք իր պէտքերը գոհացնելու տարրական հոգածութենէն: Կայ նաեւ բռնութեան հոգեկան տեսակը: Այստեղ բռնարարը կը փորձէ դիմացինին մտքին վրայ իշխել ու վախի մթնոլորտ մը ստեղծել, կ՛առանձնացնէ զայն եւ կը հեռացնէ իր շրջապատէն ու ընտանիքէն, եւ հետեւաբար անձը կրնայ զգալ, որ ինք արժէք չունի եւ մտային ու հոգեկան իր արժէքներով կախեալ կը դառնայ իր բռնարարէն:
Այս բոլորը աւելի քիչ ծանօթ ձեւերն են սեռի հիմամբ բռնութեան: Մեզի աւելի ծանօթ է ֆիզիքական բռնութիւնը, որ ֆիզիքական վնաս կը հասցնէ դիմացինին. կը ցաւցնէ ու կը վիրաւորէ: Այդ վնաս հասցնելու գործիքները կը տարբերին, երբեմն ծեծով, երբեմն` նոյնիսկ զէնքով: Եւ անոր հետեւանքները այնքան շատ են եւ երբեմն այնքան ծանր, որ զոհը կրնայ կարիք ունենալ շտապ բուժօգնութեան:
Այս տեսակի բռնութեան ամենածանօթ ենթատեսակը բռնաբարութիւնն է, երբ ստիպողաբար ու միակողմանի բռնութեամբ սեռային յարաբերութիւն կը պարտադրուի դիմացինին:
Այս տեսակի բռնութեան երեւոյթներէն է, տգեղ բառերով արտայայտուած, մարդը ապրանքի վերածելն ու ստրկացնելով զայն` «շուկայ»-ի մը մէջ առուծախը: Կայ նաեւ իգական սեռական օրկաններու նենգափոխման բռնութեան տեսակը (female genital mutilation), որ ծանօթ է կարգ մը միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` կանխամուսնութիւնը, որ կարգ մը երկիրներու մէջ կը կիրարկուի: Ընկերային եւ գիտական հասկացողութեամբ, վերջինս կը նկատուի բռնութիւն, որովհետեւ պզտիկ տարիքին անհատը ի վիճակի չէ ամուսնական կեանքի անցնելու որոշում կամ հաւանութիւն տալու: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ մօտիկ անցեալին զարգացած առցանց կամ թուային բռնութիւնը (digital violence) եւ ելեկտրոնային ահաբեկումը (cyberbullying):
Պէտք է ըսել, որ նոր երեւոյթ մը չէ այս մէկը: Մարդկային պատմութեան մէջ միշտ եղած է եւ պատերազմներու ընթացքին ու մինչեւ օրս գործածուած է որպէս զէնք:
1970-ական թուականներէն ետք է, որ միջազգային կազմակերպութիւններ աւելի գործուն ձեւով սկսած են դէմ դնել այս երեւոյթին` համաշխարհային ամպիոններէ: Այդ տարիներուն հիմնուած է ՄԱԿ-ի «UN Conventions and Declarations on the Elimination of Violence Against Women» եւ «UN Convention on the Elimination of all Forms of Discrimination Against Women»: Այս երկու յայտարարութիւնները մէջտեղ եկած են ֆեմինիստական աշխատանքներու շնորհիւ: Եւ այս զոյգ յայտարարութիւնները ՄԱԿ-ի կողմէ շատ կարեւոր դեր խաղացած են եւ դարձած` հիմնաքար, որուն ցայսօր կազմակերպութիւններ ու պետութիւններ կը հետեւին: Անհրաժեշտ է, սակայն, այս բոլորին պետական օրէնքի վերածումը եւ պատժամիջոցներու սահմանումը, որովհետեւ մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած յայտարարութիւններ են, որոնք կիներու իրաւունքները կը պաշտպանեն:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը յայտնաբերուի սեռի այս խտրականութիւնը առողջապահական համակարգին մէջ եւ ի՞նչ ձեւերու տակ բռնութիւն կը կիրարկուի այնտեղ:
Թ. Գ.- Երբ կը խօսինք սեռի բռնութեան մասին, պէտք է նախ սահմանել զայն` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ է այս երեւոյթը: Երբ կ՛ըսենք սեռային (sexual) տարբերութիւններ, աւելի կը հասկնանք կենսաբանական տարբերութիւններ (biological differences): Տարբեր է սակայն սեռ-ը (gender), որ ընկերային տարբերութիւն է: Երբ կը խօսինք սեռի մասին, մեր խօսքը կ՛ըլլայ տարբերութեան մը մասին, որ դրուած է ընկերութեան կողմէ, եւ ոչ թէ` բնութեան: Հետեւաբար այդ սահմանումը փոփոխութեան ենթակայ է ժամանակի ու շրջանի եւ մշակոյթի փոփոխութեամբ: Հետեւելով այս ընկերային սահմանումին` շրջապատին մէջ մարդոց սեռի վրայ հիմնուած դեր կը տրուի:
Ամենապարզ օրինակը տղամարդու եւ կնոջ դերերն են ընտանիքներէ ներս. եւ փոփոխական է այդ մէկը տարբեր շրջաններու ընտանիքներու մէջ: Այս օրինակէն կը տեսնենք, որ այս տարբերութիւնները կենսաբանական տարբերութիւններ չեն, այլ ընկերութեան կողմէ մշակուած են: Որովհետեւ այս սահմանումները ընկերային են, անոնք անհաւասարութիւն մը կը ստեղծեն տարբեր խումբերու միջեւ` ո՞վ աւելի առիթ ունի ուսում ստանալու, ո՞ր խումբն է, որ ընկերութեան մէջ կրնայ հասնիլ ղեկավար պաշտօններու, ընկերութեան մէջ տղոց եւ աղջիկներու միջեւ ծնունդէն սկսեալ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ կը դրուին: Վերջիններէն է սննդակարգը. կարգ մը երկիրներու մէջ կը տեսնենք, որ աղջիկները աւելի նուազ եւ որակով աւելի թեթեւ սնունդ կը ստանան: Կան նաեւ այլ չափանիշներ, որոնք յաճախ անհաւասարութեան բնոյթ մը կը ստեղծեն երկու սեռերու միջեւ, եւ այդ բոլորը մաս կը կազմեն ընկերութեան հասկացողութեան:
Նոյն ձեւով նաեւ անհաւասարութիւն եւ խտրականութիւն կը ստեղծուի առողջապահական համակարգէն ներս: Այս խտրականութիւնը կը ծագի ընկերութեան կողմէ դրուած սեռի տարբերութիւններէն: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ առողջապահական համակարգը կ՛արտացոլացնէ ընկերային բարքերը եւ ընդհանուր մշակոյթի մը մէջ է, որ կը գործէ, հետեւաբար պիտի ազդուի իւրաքանչիւր սեռի ընկերութեան կողմէ տրուած դերերէն եւ ըստ այնմ պիտի համակարգէ իր գործն ու աշխատանքը:
Տեղին է այստեղ յիշել կարգ մը օրինակներ, որովհետեւ անոնք կրնան տանիլ սեռի հիմամբ բռնութեան, եւ տարբերութիւնները այստեղ սեռերու միջեւ իրենց հետեւանքները կրնան ունենալ մարդու առողջութեան վրայ, եւ առողջութիւնը մարդու հիմնական իրաւունքներէն մէկն է, եւ որեւէ խանգարում կամ արգելք առողջապահական ծառայութիւններու հասնելու` դէմ է մարդկային իրաւունքներու:
Պէտք է տեսնել, թէ առողջապահական համակարգի պատկանող անձինք ինչպիսի՛ վարմունք կը ցուցաբերեն տարբեր սեռի պատկանելութեան անձանց հետ, երբ անոնք պէտք է ունենան իրենց ծառայութիւններէն օգտուելու:
Շատ օրինակներ կան այստեղ:
Կը տեսնենք, որ սեռային պատկանելութեան պատճառով մարդիկ խտրականութեան կ՛ենթարկուին, եւ իրենց համար հասանելի չ՛ըլլար առողջապահական համակարգը, ու կը զրկուին անոր ծառայութիւններէն: Այս մէկը կրնանք իբրեւ ընկերային խտրականութիւն սահմանել, սակայն վիճակագրական փաստերը տարբեր երկիրներէ շատ են, եւ այնտեղ կը տեսնենք, որ պէտք եղած առողջապահական ծառայութիւնները չեն տրուիր, որովհետեւ սեռի տարբեր ինքնութիւնները տարբեր ձեւերով կ՛ընկալուին: Հետեւաբար այս մէկը բռնութեան տեսակ մըն է, յատկապէս` կիներու առողջապահութեան պարագային: Այլ օրինակ մըն է նաեւ իրենց սեռի պատճառով ստեղծուած խտրականութիւնը եւ զատորոշութիւնը (discrimination), որոնցմէ է կիներու դէմ գործուած բռնութիւնը ծննդաբերութեան ժամանակ: Այս տեսակի բռնութիւնը կը դրսեւորուի տարբեր ձեւերով, ինչպէս կնոջ անտեսումը` իր ցաւը արտայայտած ժամանակ, եւ երբ այն ցաւազրկիչ կը խնդրէ զայն թեթեւցնելու համար, բայց եւ այնպէս կ՛անտեսուի, որովհետեւ կը կարծուի, թէ կինը չի հասկնար, չի գիտեր, կամ ինք չէ, որ կ՛որոշէ: Երբ կինը ծննդաբերութեան ժամանակ կ՛առանձնացնեն եւ առիթ չեն տար ընտանիքի անդամներէն ոչ մէկուն ներկայ գտնուելու անոր կողքին եւ կը պատրուակեն, որ անոնք որոշ սահմանումներ ունին վարակներ կանխարգիլելու համար, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անհատի մը ներկայութիւնը որեւէ մէկ ազդեցութիւն չ՛ունենար վարակներու հաւանականութիւնը մեծցնելու:
Կարգ մը կիներու կը լռեցնեն եւ առիթ չեն տար, որ անոնք իրենց ցաւը կամ պէտքերը արտայայտեն, եւ այդ մէկը երբեմն կը հասնի նոյնիսկ ֆիզիքական բռնութեան:
Այս բոլորը ուսումնասիրուած են եւ կան տուեալներ` տարբեր երկիրներու մէջ, նոյնիսկ` Լիբանանի մէջ:
Այս իրականութեան դէմ դնելու եւ պայքարելու համար ծնունդ առած է համաշխարհային յատուկ շարժում մը, որ կը պատկանի Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութեան: Այդ շարժումը կը կոչուի Respectful Maternity Care:
Տարբեր կացութիւններէ ներկայացուցի միայն երկու օրինակ, որտեղ առողջապահական համակարգէն ներս կը յայտնուին սեռի հիմամբ բռնութիւն ու խտրականութիւն, եւ որքա՛ն մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ այդ մէկը առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան վրայ:
Այդ ընկերութիւններուն մէջ, ուր տարածուած են այս ձեւի մօտեցումները, կը տեսնենք, որ առողջապահական ծառայութիւններու թիւը շատ մեծ նուազում կ՛արձանագրէ:
«Ա.».- Ճշդելու ուղին ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ: Որո՞նք են դերակատարները եւ ի՞նչ են դերերը:
Թ. Գ.- Ձեւերը տարբեր են, եւ այստեղ ընկերութեան դերը շատ կարեւոր է: Ինչպէս նախապէս յիշեցի, ընկերային չափանիշներու պատճառով ստեղծուած խտրականութիւն մը կայ, եւ այդ մէկը կը տանի սեռի հիմամբ բռնութեան ու կ՛ունենայ իր ազդեցութիւնը մարդու առողջ ապրելակերպին վրայ: Այդ ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար պէտք է ընկերութիւնը զերծ ըլլայ խտրականութենէ եւ անկէ յառաջացող բռնութեան տեսակներէն:
Այս ծիրին մէջ պայքարելու մեծ դեր ունի միջավայրը: Այդ դերերէն են օրէնքներ մշակելն ու պատժամիջոցներ սահմանելը: Բոլոր օրէնքներուն մէջ պէտք է գործադրուին սեռի տարբերութիւնները նուազեցնելու ճիգեր (Gender-sensitive policies and programs), եւ այդ բոլորը պէտք է գործադրուին բոլոր երկիրներուն մէջ, դրուին հարցումներ եւ մտածել անոնց լուծումներուն մասին: Պէտք է վստահ ըլլալ, որ այդ ծրագիրները չեն աւելցներ գոյացած խտրականութիւնը ու վիհը աւելի չեն խորացներ: Փորձել` շրջանցել առողջապահական համակարգի աւանդական հասկացողութիւնները, ինչպէս կը տեսնենք, որ համակարգի բժիշկներուն մեծամասնութիւնը արական սեռին կը պատկանի, իսկ հիւանդապահուհիներունը` իգական սեռին: Այս մէկը համակարգին մէջ ներքին դասակարգութիւն մըն է (Hierarchy), եւ այս մէկուն մէջ նաեւ մեծ դեր ունի սեռի հիմամբ խտրականութիւնը: Եթէ մենք պիտի ծրագրաւորենք, պէտք է այս մօտեցումները շրջափոխելու մասին մտածենք յատուկ նախաձեռնութիւններով եւ օրէնքներով, որոնք իգական սեռին աւելի մեծ դեր պիտի տան բժշկական մարզին մէջ եւ արական սեռին` հիւանդապահութեան մարզին մէջ:
Նաեւ պէտք է այս խտրականութեան եւ սեռի հիմամբ բռնութեան հասկացողութիւնները լայն տարածում գտնեն կրթական ծրագիրներուն մէջ: Այդ մէկը կը սկսի դպրոցէն ու համալսարաններէն` հասնելով մինչեւ բժշկական եւ առողջապահական մասնագիտութեան ճիւղաւորումներուն մէջ, որպէսզի համակարգին մէջ մուտք գործող շրջանաւարտ մասնագէտը գիտակից ըլլայ այս բոլորին, եւ որպէս անոր արդիւնք` նուազին այս երեւոյթները:
Անհատական գետնի վրայ պէտք չէ խուսափիլ խօսելէ այս մասին: Պէտք է գիտակցիլ, որ այս բոլորը պէտք է կանխարգիլուին ու վերջ գտնեն, եւ գիտակցութիւնը այստեղ մեծ դեր կը խաղայ: Ամէն մարդ չի գիտակցիր, թէ սեռի հիմամբ բռնութիւնները ի՛նչ ձեւերու տակ կրնան դրսեւորուիլ: Այստեղ լուսաբանելը անհրաժեշտութիւն է: Ոմանք կը կարծեն, որ միայն սեռային յարաբերութիւններով, ֆիզիքական բռնութեամբ կը յայտնուի այդ մէկը, սակայն չեն տեսներ տնտեսական, հոգեկան ու մտային վնասները այնտեղ:
Պէտք չէ խուսափիլ այս նիւթէն: Պէտք չէ ըսել, որ` «այս նիւթին մասին խօսիլը չի համապատասխանիր մեր բարքերուն ու սովորութիւններուն», «մենք այս հարցերը չունինք», «մեր հասարակութիւնը այս ախտերէն չի տառապիր»: Այս բոլորը իրականութիւններ չեն:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ բոլոր հասարակութիւններուն մէջ կան այս երեւոյթները: Բռնութիւններու տեսակներուն մասին լուսաբանելն ու զանոնք գիտակցիլը անհրաժեշտ են մեր հասարակութեան մէջ. մարդկային արժէքներու հարց է այս մէկը, ու ոչ մէկը զերծ է անոր մէջ մասնակցութիւն բերելէ: Հո՛ս է մեր դերը, պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը:
Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն
Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:
- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 01-253796
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
- Abaad 01-283820
- Himaya 03-414964
- Idraac 01-583583
- Embrace 1564
- Kafa 1745