Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Նոյեմբեր 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
30 Տարուան Անընդմէջ Պայքար` Սեռային Հիմքի Վրայ Կատարուող Բռնութեան Բոլոր Ձեւերուն Վերացման Համար

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս տարի «16-օրեայ աքթիվիզմ` սեռային հիմքի վրայ կատարուող բռնութեան դէմ» միջազգային արշաւին սկզբնաւորման 30-ամեակն է: Ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերուն հասարակական եւ ընկերային գործիչներ, մարդկային եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններ, ֆեմինիստներ եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան գաղափարախօսութեանց հետեւորդներ ու այս ընդարձակ ծիրին մէջ գործող կազմակերպութիւններ 25 նոյեմբերէն 10 դեկտեմբեր երկարող 16 օրուան ընթացքին իրենց քաղաքական կամ հասարակական գործունէութեան, մտածումներուն, հրատարակած յօդուածներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն առանցքը կը դարձնեն սեռերու միջեւ իրական իրաւահաւասարութիւնը, աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ արական եւ իգական սեռերուն միջեւ հաւասարութեան հաստատումը, երկիրներու օրէնքներուն եւ հասարակութեան մտածողութեան մէջ սեռային խտրականութեան երեւոյթներու վերացումը, եւ մանաւանդ` կիներու ու աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան (ֆիզիքական եւ հոգեկան) երեւոյթի ջնջումը:

Երբ 30 տարի առաջ` 1991-ին սկիզբ առաւ «16-օրեայ աքթիվիզմ»-ի այս նախաձեռնութիւնը, զայն նախաձեռնողներուն կեդրոնացումը սեւեռուած էր գլխաւորաբար կիներու նկատմամբ բռնութեան գծով հասարակութեան մէջ գիտակցութիւն յառաջացնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Գլխաւոր նպատակ դրուած էր կիներու նկատմամբ բռնութիւնը պաշտօնապէս եւ միջազգայնօրէն ճանչնալ իբրեւ մարդկային իրաւանց ոտնահարումի երեւոյթներէն մէկը: Եւ իրաւամբ ալ, այս արշաւին սկզբնաւորութենէն միայն երկու տարի ետք, դեկտեմբեր 1993-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն` «Կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման» մասին, որ դարձաւ այս հարցով միջազգային տարողութեամբ պայքարի առաջին իրաւական փաստաթուղթը:

30 տարի ետք ինչպիսի՞ կացութիւն կը պարզուի համաշխարհային մակարդակի վրայ: «Քորոնա» ժահրի համավարակը փոխած է մարդկային կեանքին ընթացքն ու ձեւը, աշխատանքային յարաբերութիւնները մարդոց միջեւ: Աշխարհը կը գտնուի ճակատագրական շրջադարձի մը առջեւ, որովհետեւ «Քորոնա»-ի համավարակի յայտնաբերումէն ի վեր աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ կիրարկուած երկարատեւ ընդհանուր փակումները, մեկուսացումները, սահմանափակումները, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու կրճատումները, աշխատատեղիներու կորուստը, կիներու աշխատանքի անհաւասար վարձատրութիւնը` բաղդատմամբ տղամարդոց, պատճառ կը դառնայ յաւելեալ ընկերային հարցերու յառաջացման: Այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ մանաւանդ աղքատ երկիրներուն մէջ կիներուն ընտանեկան եւ ընկերային վիճակը վատթարանայ, ասիկա յանգեցուցած է կիներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերու յաւելման, որոնց հետեւանքը յաճախ մահը կ՛ըլլայ:

Ուրեմն «16-օրեայ աքթիվիզմ` սեռային հիմքի վրայ կատարուող բռնութեան դէմ» արշաւը իր 30-ամեակին առիթով իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է աշխատանքի աշխարհին մէջ կիներու նկատմամբ անարդարութեան պատճառով ընտանեկան բռնութեան դէպքերու բազմանալուն վրայ: Կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ անհամաչափ բռնութեան թիրախաւորուած կիրարկումը, որ յաճախ կը յանգեցնէ սպանութեան, ըստ միջազգային արշաւի ներկայացուցիչներուն, մարդկութեան դէմ ոճիր է եւ կը բնորոշուի միջազգային իրաւաքաղաքական բառամթերքին մէջ նոր ներմուծուող եզրոյթով` կնասպանութիւն (femicide): Հետեւաբար արշաւը այս տարի մամլոյ հրապարակումներու կամ քաղաքական ու հասարակական ուղղակի աշխատանքի միջոցով կոչ կ՛ուղղէ վերջ տալու կնասպանութեան երեւոյթին:

Ներկայիս հարցերը կը յամենան նաեւ տեղական, ազգային մակարդակներու վրայ, պայմանաւորուած` տեղական ընկերութիւններուն մէջ տիրապետող պահպանողական մտածելակերպով եւ աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ սեռերուն միջեւ անհաւասարութեամբ: Նկատելի է, որ ե՛ւ հայկական, ե՛ւ լիբանանեան ընկերութիւններուն մէջ, 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակին, տակաւին առկայ են կիներու նկատմամբ խտրականութեան դրսեւորումները, սեռերուն միջեւ ամբողջական իրաւահաւասարութիւն չկայ, գոյութիւն ունին կարծրատիպեր, որոնք տիրական կը դառնան հասարակութեան մէջ կիներու դերակատարութիւնը բնորոշելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կան տարբեր տարողութիւններով դրսեւորուող ընտանեկան բռնութեան երեւոյթներ, որոնք երբեմն սպանութեամբ կը վերջանան: Հայաստանի մէջ կայ նաեւ բաւական մտահոգիչ ուրիշ երեւոյթ մը, որ մեր կարծիքով, femicide-ի դրսեւորումներէն մէկն է, այդ ալ սեռով պայմանաւորուած վիժեցումներու երեւոյթն է` իգական սեռի լոյս աշխարհ չեկած մանուկներուն: Լիբանանի պարագային,  բաւական տարածուած երեւոյթ է տուները աշխատող օտարերկրացի կիներու նկատմամբ բռնութիւնը եւ անոնց սեռային շահագործումը, երեւոյթներ, որոնց վերաբերեալ բաւական շատ մամլոյ անդրադարձներ կան:

«16-օրեայ աքթիվիզմ` սեռային հիմքի վրայ կատարուող բռնութեան դէմ» միջազգային արշաւին 30-ամեակին առիթով այս տարի, իբրեւ յօդուածագիրներ, երիտասարդ գործիչներ եւ հետազօտողներ, «Ազդակ»-ի էջերուն ընդմէջէն կը միանանք այս արշաւին` նպատակ ունենալով մեր լուման ներդրել կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ ամէն տեսակի խտրականութեան եւ բռնութեան վերացման համար մղուող պայքարին մէջ:

 

Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային

Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն

Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:

  • ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն  01-253796
  • «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
  • Ազգային առաջնորդարանի ընկերային  ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
  • Abaad 01-283820
  • Himaya 03-414964
  • Idraac 01-583583
  • Embrace 1564
  • Kafa 1745

 

 

Նախորդը

Դարձեալ Նոյեմբեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?