Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Աշակերտութեան Յատուկ Առողջապահական Ծրագիր

November 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

«Գարակէօզեան» հաստատութեան «Դպրոցական առողջապահական ծրագիր»-ի գործունէութեան աշխատանքները, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սկիզբ առին 15 հոկտեմբեր 2021-ին:

Այս ծրագրին հիմնական նպատակն է տեսնել աշակերտը առողջ`  ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան երեսներով, կանխել հիւանդութիւնները եւ առաջքը առնել ապագայ բարդութիւններուն:

Այս իմաստով «Դպրոցական առողջապահական ծրագիր»-ին  տրամադրուած յատուկ բժշկական կազմը սկսաւ այցելել հայկական վարժարանները, աշակերտներուն մատուցելով բժշկական առաջին խնամք` կատարելով մարմինի, աչքի եւ ակռաներու ընդհանուր քննութիւն, ինչպէս նաեւ` դասախօսական ելոյթներով բժշկական արթնութեան արշաւներ:

Նկատի ունենալով Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները` իրենց քաղաքական եւ ընկերային անկայուն երեսներով, «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած արտակարգ իրավիճակը, մեր ծնողներուն նիւթական խիստ ծանր պայմանները եւ տնտեսական ճնշող մթնոլորտը, որոշեցինք մեր ծառայութեան կարկինը ընդլայնել եւ մեր աշակերտներուն ու իրենց ծնողներուն տրամադրութեան տակ դնել նաեւ հետեւեալ ծառայութիւնները.

Ա.- Բժշկական խնամք` տարբեր մասնագիտութիւններով,:

Բ.- Նորածիններէն մինչեւ 18 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու պատուաստում,

Գ .- Աշակերտներու բժշկական ակնոցի հայթայթում,

Դ.- Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական մասնագիտական ծառայութիւն,

Ե.- Մտային առողջութեան հոգեբանական աջակցութիւն,

Զ.- Յետդպրոցական ժամու սերտարանի ծրագիր` ամէնօրեայ դրութեամբ սերտելու իրենց դասերը, մասնագիտացած ուսուցիչներու հսկողութեամբ,

Է.- 21 տարեկանէն վեր մայրերու անվճար` «ապակիի» քննութիւն եւ 40 տարեկանէն վեր մայրերու մամոկրաֆիի քննութիւն,

Ը.- «Քորոնա» ժահրով վարակուած աշակերտներու կամ իրենց պարագաներուն մօտ բժշկական կազմի ուղարկում` ապահովելով նաեւ հիմնական կենսանիւթեր ու հականեխիչ դեղերը:

Աշակերտութեան ուղղուած առողջապահական այս ծրագրի կողքին «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը առողջապահական ծառայութիւնը կը մատուցէ նաեւ տարեցներուն: Անոնց բնակարանները բժիշկներ  կ՛առաքուին, ուր հարկ եղած քննութիւններն ու խնամքը կը տրամադրուի անոնց:

Հաւատարիմ մնալով հարիւրամեայ Հաստատութեանս հիմնական նպատակներէն մէկուն «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը կը ջանայ ամէն գնով բժշկական խնամքը հասանելի դարձնել անխտիր բոլորին, յատկապէս` մեր աշակերտներուն:

Հիմնուելով այս սկզբունքին վրայ` մեր կարելին պիտի ընենք միշտ տեսնելու մեր ընտանիքները առողջ` մարմնով, մտքով ու հոգիով:

 

Նախորդը

Փեքինի Գերտէրութիւն Դառնալու Ծրագիրը (Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը)

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.