Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխան Գրախօսականի. «Թաքնուած Պատմութեան Հետքերով, Օսմանեան Պետութեան Արդիականացումը, Ընկերվարութիւն Եւ Հայ Երեսփոխաններու Դերը», Քատիր Աքըն, 2021, 391 Էջ

November 29, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Քատիր Աքըն մտաւորական մըն է, որ կ՛ուսումնասիրէ ընկերվարական շարժումներու պատմութիւնը Թուրքիոյ մէջ: 2011-ին հրատարակած է «Ընկերվարութեան տագնապը»  հատորը: Իր գլխաւոր առաջադրանքն է ընկերվարութիւն դաւանիլ յայտնող շարժումները ձերբազատել ազգայնամոլութենէ (իր բացատրութեամբ` «սոսեալ շովինիզմ»-է): «Ընկերվարութենէն ոչինչ կը մնայ, եթէ անկէ զեղչես միջազգայնականութիւնը», կ՛ըսէ Աքըն: Թուրքիոյ ձախը մեծապէս թերացած է եւ կը շարունակէ թերանալ ազգային հարցերու գետնին վրայ:

Հեղինակին անդրադարձած էի, երբ Պէյրութի մէջ ցուցադրուեցաւ իր բեմադրած վաւերագրական «Ռետ» («Red») ժապաւէնը, որ հիմնուած է 2016-ին հրատարակած «Հայ յեղափոխական մը` Փարամազ. Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ վէ թերաքըի հայ ընկերվարներ եւ Ցեղասպանութիւն» գիրքին վրայ (1): Անցեալ 4-5 տարիներուն Աքըն յայտնաբերած է նոր տուեալներ, որոնց հիման վրայ այժմ հրատարակած է նախորդին գրեթէ կրկին ծաւալով ներկայ հատորը:

Գիրքին մեծ մասը յատկացուած է ներկայացնելու պատմական խորապատկերը: Այդ անհրաժեշտ է, որովհետեւ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան մէջ բոլոր անհաճոյ իրադարձութիւնները խնամքով թաքցուած են:

Աքըն, որպէս սկզբնակէտ, առած է Ֆրանսական յեղափոխութիւնը (1789), որ ազատագրական «ցունամի» յառաջացուց նախ Եւրոպայի, ապա` ամբողջ աշխարհի տարածքին (2): Երկրորդ ճակատագրական իրադարձութիւնը Յունաստանի (1829), ապա Պալքանեան այլ տարածքներու անջատումը եւ ազգային պետութիւններու հռչակումն է: Երրորդ իրադարձութիւնը` հռչակումը Հայոց ազգային սահմանադրութեան, որ նախատիպ հանդիսացաւ օսմանեան սահմանադրութեան:

Առաջին զոհերը.- Ֆրանսական յեղափոխութիւնը բռնկեցաւ իր նախորդներուն համեմատած լուսաւորեալ երիտասարդ սուլթան Սելիմ Գ.ի գահ բարձրանալէն լոկ ամիս մը ետք: Գտնուեցաւ անխոհեմ յոյն մը` Վալեսթինլի Ռիկաս, որ սուլթանին առաջարկեց կայսրութեան համար անձամբ սահմանադրութիւն մը պատրաստել` ֆրանսականի հետեւողութեամբ: Ռիկաս եւ իր համախոհ խմբակը առանց այլեւայլի սպաննուեցան:

Լուսաւորութիւն եւ մթագնում.- Սահմանադրական կարգերը պահանջն էին եւրոպական ոստաններու (Փարիզ, Ժընեւ) մէջ կազմուած ուսեալ խաւի մը, որոնք զաւակներն էին քրիստոնեայ գործակատարներու եւ կամ իսլամ իշխանաւորներու: Երկրին մէջ աւելի մեծ դեր խաղացին սպայական եւ բժշկական հաստատութիւնները:

Յունաստանի անկախութենէն ետք (1829) յոյներ հեռացուեցան շահաբեր գործառնութիւններէ եւ որպէս «միլլեթի սատըք»-ի (հաւատարիմ) անդամներ` հայ գործակատարներու դիրքը մեծապէս բարելաւուեցաւ: Մեծապէս աճեցաւ, հետեւաբար, Եւրոպա ուսանած հայ մտաւորականութեան թիւը:

Թանզիմաթը (1839) մեծ խանդավառութիւն եւ բերկրութիւն (euphoria) ներշնչած էր: 1876-ին, սակայն,  գահ բարձրացաւ Ապտիւլ Համիտ Բ. (այսուհետեւ ԱՀԲ), որ առկախեց խորհրդարանն ու սահմանադրութիւնը եւ շատ արագ ամրապնդեց  իր արիւնոտ մենատիրութիւնը:

Սկզբնական շրջանին ԱՀԲ չբախեցաւ լուրջ ընդդիմութեան: Ցարական բանակը հասած էր Պոլսոյ դռները եւ պարտադրած` Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը: ԱՀԲ ամէն կերպ կը փորձէր պահպանել կայսրութեան մնացորդը: Բացի այդ, ժողովուրդը գանած էր փաշաներու, սեղանաւորներու եւ գործակատարներու թալանէն եւ զեխութենէն: ԱՀԲ իր զուսպ հագուկապով եւ աստուածավախ ելոյթներով պարկեշտութիւն կը ներշնչէր: ԱՀԲ բարեկարգեց դիւանակալութիւնը, կառուցեց երեք երկաթուղիներ եւ հիմնեց մասնագիտական ուսման 18 հաստատութիւններ: ԱՀԲ սիրաշահած էր քիւրտ ցեղախումբերը եւ կը փորձէր սիրաշահիլ նաեւ իսլամ արաբները (4, 5):

Սիւննի թուրքերու մէջ չկար զանգուածային ընդդիմութիւն: Բացի այդ, ամէնուր իր աչքերը տեղադրած սուլթանը երկրէն կը հեռացնէր եւ կամ կը չէզոքացնէր խնդրայարոյց անձերը:  Օսմանեան ընդդիմութիւնը կազմուեցաւ գլխաւորաբար եւրոպական ոստաններու մէջ, ինչպէս` լոյսի քաղաք Փարիզ կամ Ժընեւ, ուր տակաւին 1883-ին ականաւոր տեսաբան Պլեխանով հիմնած էր առաջին մարքսիստական կուսակցութիւնը` Աշխատանքի ազատագրման խմբակցութիւն անուան տակ:

Խլրտումները սկսած էին Թանզիմաթի օրերէն իսկ, երբ կազմուեցաւ Նոր օսմանցիներու խմբակցութիւնը, որուն առաջադրանքն էր բարելաւել սահմանադրութիւնը: Խմբակցութիւնը հետագային վերածուեցաւ Երիտթուրք շարժումին, որուն առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 1902-ին, Փարիզի մէջ: Համագումարի նախագահն էր իշխան Սապահէտտին (6), որ ազատական մըն էր եւ համաձայն էր ապակեդրոնացման ու հայերու տեղական ինքնավարութեան: Իշխանը դէմ էր բռնութեան, կը յուսար բարեփոխումները իրագործել խաղաղ միջոցներով ու արեւմտեան պետութիւններու օգնութեամբ: Համագումարի մասնակիցները միատարր չէին: Թուրք ազգայնական տարրը, որուն մէջ գերակշիռ էին զինուորականները, ի հարկէ բնաւ համամիտ չէին իշխանի դրոյթներուն, բաժնուեցան եւ Սելանիկի մէջ հիմնեցին Իթթիհատական կուսակցութիւնը: Թուրք պատմաբաններ այդ իրադարձութիւնը կը համարեն քաղաքական ուժերու աջ եւ ձախի զատորոշում: «Ձախ»-ը այս պարագային իթթիհատականներն են, որոնք երկունքի մէջ գտնուող թրքական քաղքենիութեան շահերը կը պաշտպանէին (7): Իթթիհատականներ իշխան Սապահէտտինի բարոյականը չունէին: Իրենց նպատակին ծառայող բոլոր միջոցները արդարանալի էին:

Պայքար իշխանութեան համար.- Երիտթուրքերու Ա. համագումարէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը երկարող տարիները բնորոշուեցան տարածքներու կորուստով,  աղէտալի պատերազմներով եւ իշխանութեան համար մղուած բուռն պայքարով, որ ի վերջոյ յանգեցաւ զինեալ բախումներու: Մրցակից գլխաւոր ուժերն էին իթթիհատականները, սուլթանը եւ իշխան Սապահէտտինի ազատամիտ խմբաւորումը, որուն պայքարը խաղաղ քաղաքական էր:

Իթթիհատականներու նժարը թեքեցաւ երկու գործօնի պատճառով: Առաջինը զինեալ ուժերու,  յատկապէս Սելանիկ գտնուող երրորդ բանակի  զօրակցութիւնն էր, իսկ երկրորդը` դէպքերու նպաստաւոր դասաւորումը, կամ բախտը: Երբ 1909-ին սուլթանի համակիրներ Պոլսոյ մէջ ըմբոստացան եւ սկսան իթթիհատականներ սպաննել, Սելանիկի հրամանատարութիւնը կազմեց «Գործողութեան բանակ» (Հարեքեթ օրտուսու), որ արագ ճնշեց ըմբոստութիւնը եւ մահապատիժի ենթարկեց ղեկավարները: Բազմաթիւ իթթիհատականներ ապաստանեցան հայերու մօտ: ՀՅԴ-ն 550 զինեալներով օգնեց իթթիհատականներուն: ՍԴՀԿ-ն տուաւ բժշկական օգնութիւն: Իթթիհատականներ սուլթանը աքսորեցին Սելանիկ, որ իրենց միջնաբերդն էր եւ գահը տուին անոր հեզ եղբօր, որուն անունը ոչ ոք կը յիշէ: Ապա ուղղակի մաս կազմեցին կառավարութեան եւ կազմակերպեցին խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ, զորս ի հարկէ շահեցան: Անոնք այլեւս կարիք չունէին հայերու զօրակցութեան: Էնվեր իր եղբայրութեան կոչին մէջ չյիշեց հայերը: Ի դէպ, «Գործողութեան բանակ»-ի սպայակոյտի հրամանատարն էր Մուսթաֆա Քեմալ (կողքի նկարի կեդրոնը` իր սպաներուն հետ): Ատանան նոյն այդ բանակի հսկողութեան տակ էր, երբ տեղի ունեցաւ կոտորածը:

Յունաստան եւ Պալքանեան այլ երկիրներ ճակատ բացին Պուլկարիոյ դէմ, երբ վերջինը իրեն կցեց ներկայ Թուրքիոյ եւրոպական մասէն մեծ բաժին մը: Ասիկա անակնկալ ոսկի առիթ էր: 1913-ին Էնվեր յարձակեցաւ եւ առանց մեծ ճակատումի ետ վերցուց Էտիրնէն, որ կայսրութեան առաջին մայրաքաղաքն էր եւ, հետեւաբար, կը կրէր զգացական մեծ լիցք: Ասիկա նոր թափ տուաւ իր փառամոլութեան: Էնվեր սկսաւ վարուիլ որպէս ազգային հերոս-ղեկավար:

Գաղափարական պայքար.- Ինչպէս վերի հատուածներուն մէջ անուղղակիօրէն նշուած է, ընդդիմութեան դաւանած հիմնական գաղափարախօսութիւններն էին ազատականութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ ընկերվարութիւնը: Պարզ է, որ համիտեան բռնակալութեան շրջանին բոլորը կը պահանջէին սահմանադրական կարգեր:

Երիտթուրքեր, ապա իթթիհատականներ հրապարակ եկան ֆրանսական քաղքենիութեան լոզունգներով` ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն:

Հեղինակը կը շեշտէ, որ Հայոց ազգային սահմանադրութիւնը (որ տակաւին ի զօրու է սփիւռքի մէջ) եկած է օսմանեանէն 16 տարի առաջ, 1863-ին: Անոր ճարտարապետերն էին` Նիկողոս Պալեան, Գրիգոր Օտեան (որ ազատամիտ Միտհաթ փաշայի խորհրդականն էր), Նահապետ Ռուսինեան եւ տոքթ. Սերովբէ Վիչենեան (Սերվիչեն): Սահմանադրութիւնը բերաւ նոր եզրաբանութիւն` հետեւելով ֆրանսական յեղափոխութեան բերած ըմբռնումներուն, «թեպաա» (հպատակ), օրինակ, կը փոխարինուի «վաթանտաշ»-ով (քաղաքացի, citoyen), որ մասամբ ամրագրուած իրաւունքներ ունի (8):

Դիւրին է աւելի քան դար մը ետք դատումներ կատարել, բայց այդ դժնդակ օրերու թոհ ու բոհին  մէջ մարդիկ պարտադրուած էին ճակատագրական որոշումներ տալու անորոշ իրավիճակի մէջ: Ընկերվարութեան եւ ազգայնական գաղափարներու համատեղելիութեան կարելիութեան շուրջ բուռն բանավէճեր կ՛ընթանային նոյնիսկ այնպիսի յեղափոխական դէմքերու միջեւ, ինչպիսիք էին Լենին եւ Լեհաստանի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան հիմնադիր Ռոզա Լիւքսեմպուրկ (9):

Օսմանեան կայսրութեան պարագային, կային յաւելեալ հարցեր: Էական հարց էր ընկերվարական գաղափարներու դասակարգային յենարան բանուոր զանգուածներու բացակայութիւնը: Ընկերվարութեամբ խանդավառ էին մտաւորականներ: Բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անուս էր, ալ ո՛ւր մնաց, որ իրազեկ ըլլար ընկերվարութենէ եւ այլ գաղափարաբանութիւններէ: Մեծաւ մասամբ անիրազեկ եւ անտարբեր էր նոյնիսկ 1908-ին ընտրուած խորհրդարանին մեծամասնութիւնը:

Գաղափարական հարցերու ընդհանրապէս եւ ընկերվարութեան շուրջ յատկապէս իմացութեան թուլութիւնը կը թանձրացնէր անորոշութիւնը եւ զարկ կու տար տարակարծութիւններու: Հայ յեղափոխականներու մէջ առկայ էր նաեւ «ներս»-ի եւ «դուրս»-ի կազմակերպութիւններու միջեւ ռազմավարական մօտեցումի շուրջ այլակարծութիւն: Արեւելեան Հայաստանի կազմակերպութիւնները, որոնք կը գտնուէին գլխաւորաբար Թիֆլիսի եւ Պաքուի նման զարգացած քաղաքներու մէջ, հակամէտ էին արմատական լոզունգներ բարձրաձայնելու: Նոյնը կարելի է ըսել Եւրոպայի եւ եւրոպականացած Աղեքսանդրիոյ կազմակերպութիւններուն մասին: «Ներս»-ի յեղափոխականներ, ինչպէս` Ռուբէն Խանազատ, որոնք գետնի վրայ փորձառութիւն ունէին ու գիտէին, որ ընկերվարական կարգեր հաստատելու բաւարար պայմաններ տակաւին չէին հասունցած, հակամէտ էին աւելի համեստ առաջադրութիւններու:

Ընկերվար Բ. Միջազգայնականը վստահաբար տեղեակ էր կացութենէն, հետեւաբար ՍԴՀԿ-ի ե՛ւ ՀՅԴ-ի ծրագիրները բաւարար գտած էր զանոնք ընդունելու համար կազմակերպութեան մէջ: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ հայկական երկու կուսակցութիւններու միջեւ գաղափարական պայքար չկար:

Երկփեղկում.– Հայ իրականութեան մէջ կար նաեւ ազատական մտայնութիւնը, որ նոյնպէս քաղքենիական է: Ազատականներ ընկերվարութիւնը վնասակար կը նկատեն, որովհետեւ կը կաշկանդէ դրամագլուխի գործունէութիւնը: Այդ ուղղութիւնը գլուխ բարձրացուց ՍԴՀԿ-ի մէջ: Ականաւոր դէմքերէն էին` Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Փաշալեան եւ Միհրան Տամատեան: Շարժումը հետագային միացաւ բացայայտօրէն ապայեղափոխական Ռամկավար ազատական կուսակցութեան:

Հակոտնեայ դաշինքներ.- Յեղափոխական կուսակցութիւններու գործակցութիւնը երիտթուրքերու հետ կը միտէր տապալել բռնապետական վարչաձեւը: Ինչպէս վերը նշած էի, ընդդիմութիւնը տակաւին չէր ստացած թուրք ազգայնական բնոյթ: Այդ շրջանին ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ յարաբերութիւնը հակադիր չէր: 1910-ին, օրինակ,  յոյն ընկերվար Էրկաթիսի կոչով ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ մասնակցած են մայիսմէկեան տօնակատարութեան մը: Ընդդիմութեան երկփեղկումէն ետք հայկական կուսակցութիւնները պարտադրուած էին գործակցելու գլխաւոր հակամարտ ուժերէն մէկուն հետ:

ՍԴՀԿ մերժեց գործակցիլ իթթիհատականներուն հետ, որովհետեւ անոնք բացարձակապէս դէմ էին հայկական շրջաններու ինքնավարութեան, մինչդեռ իշխան Սապահէտտինի ազատական կուսակցութիւնը կ՛ընդունէր դաշնակցային (ֆետերալ) պետութեան գաղափարը: Իթթիհատականներ կը ճնշէին ընդդիմութիւնը: Որպէս հետեւանք` ՍԴՀԿ-ի գործունէութիւնը կաշկանդուեցաւ: 1909 թուականին ՍԴՀԿ-ի համագումարը կ՛որոշէ միանգամընդմիշտ ընդունիլ ընկերվարութիւնը:

ՀՅԴ գործակցեցաւ իթթիհատականներուն հետ, ձեռք բերաւ երեսփոխաններ եւ համեմատաբար աւելի ազատ գործելու իրաւունք եւ համակիրներ, ի հաշիւ ՍԴՀԿ-ի, որ նախապէս աւելի ընդարձակ գործունէութիւն ունէր: Այս իրավիճակը հասկնալիօրէն տեղի տուաւ հակամարտութեան: Հեղինակը կ՛արձանագրէ որ Մուրատ փորձած է համերաշխութիւն գոյացնել, բայց չէ յաջողած: Էրզրումի քաղաքապետը իր զեկուցումին մէջ նշած է, որ ինք ոստիկաններ ուղարկած է ՍԴՀԿ-ի քաղաքական հաւաքի մը, որպէսզի զսպեն ՀՅԴ-ՍԴՀԿ բախումը: Ասիկա հաւանաբար առնուազն չափազանցութիւն է վարկաբեկելու համար յեղափոխականները: Ոստիկաններ եւ «աչքեր»  ներկայ կ՛ըլլային հսկողութեան համար:

Հայ երեսփոխաններ.- Խորհրդարանին մէջ կազմուած էր «Աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպան» փոքր խումբ մը` գլխաւորութեամբ պուլկար Տիմիթրի Վլահոֆի. հայ անդամներն էին` Մուրատ, Յովաննէս Վարդգէս Սերենկիւլեան եւ Վահան Փափազեան (Կոմս): Խումբը կը պայքարէր յանուն աշխատաւորական պահանջներու, ինչպէս` արհեստակցական միութիւններ կազմել, գործադուլի իրաւունք, պատշաճ կեանքի բաւարար աշխատավարձ եւ այլն: Մարտաշունչ ելոյթներ կ՛ունենային Մուրատ եւ Վարդգէս: Պէտք է նշել սակայն, որ աւելի տպաւորիչ էին օրէնսդրութենէ տեղեակ եւ պերճախօս Գրիգոր Զոհրապի միջամտութիւնները: Ճարտար եւ խոհեմ փաստաբան Զոհրապ, սակայն, լուռ կը մնար, երբ օրակարգը կը վերաբերէր վտանգաւոր` «թապու» նիւթերու, ինչպէս` համիտիէ գունդերու կցումը կանոնաւոր բանակին եւ ոչ թուրք ազգերու իրաւունքներու հարցեր (10):

Ընկերվար երեսփոխաններու կոչերը մնացին ձայն բարբառոյ յանապատի, որովհետեւ Իթթիհատ որոշած էր ամէն գնով (ներառեալ՝ սպանդ եւ կողոպուտ) թրքական նորածին քաղքենիութիւնը հզորացնել: Այդ ուղղութեամբ իթթիհատական մենատէր կառավարութիւնը կրնար որոշումներ տալ` առանց խորհրդարանի վաւերացումին:

Հուսկ բանք.- Թուրքիոյ մէջ կը տիրէ այն դրոյթը, որ  ընկերվարական գաղափարները օսմանեան պետութիւն մտած են շնորհիւ Հիւսէյն Հիլմիի, որ Զմիւռնիոյ մէջ 1909-ին հրատարակած էր «Իշթիրաք» թերթը (եւ ստացած` Իշթիրաքչի Հիլմի մակդիրը), ապա 1910-ին հիմնած էր  «Օսմանլը Սոսիալիստ Ֆըրքասը»-ն: Բայց այդ կու գար ՍԴՀԿ հիմնադրութենէն 23 տարի ետք: Ապա կը նշուի Համայնավար կուսակցութեան հիմնադիր (1920) Մուսթաֆա Սուփհին, որ 1921-ին իր խմբակին հետ սպաննուեցաւ, երբ Մոսկուայէն դէպի Չանագգալէ կը փութար աջակցելու համար Մ. Քեմալին (11):

Քատիր Աքըն վաւերական տուեալներով ցոյց կու տայ, որ ընկերվարութիւնը Օսմանեան կայսրութիւն մտած է գլխաւորաբար շնորհիւ հայ յեղափոխականներու, որոնցմէ շատեր իրենց կեանքը զոհած են յանուն այդ վեհ գաղափարին: Հարկ է գնահատել այս շնորհակալ աշխատանքը:

———————-

  1. «Պատմութեան վերակազմութիւն», «Ազդակ», 14 մարտ 2019:
  2. Այդ ի հարկէ պայմանական է, որովհետեւ հակամիապետական, սահմանադրական շարժումներ սկսած են շատ աւելի կանուխ, քաղքենի դասակարգի կազմաւորման զուգընթաց:
  3. Պրոտեսլոս տեղեակ էր այն գուշակութենէն, որ Տրովադայի հողին առաջին ոտք դնողը պիտի ըլլայ առաջին սպաննուողը: Այսուհանդերձ, խանդավառ Պրոտեսլոս եղաւ առաջին ցամաք ցատկողը եւ… սպաննուեցաւ:
  4. Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ: Տե՛ս «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտ Բ.-էն մինչեւ Էրտողան», «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ 2015:
  5. «Թրքական ազգայնականութեան մանիֆեսթոն – քաղաքական երեք համակարգեր», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի, 2015:
  6. Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտի թոռն էր մօր կողմէն:
  7. «Ձախ» կամ յառաջադիմական մակդիրը թերեւս ընդունելի ըլլար, եթէ իթթիհատականներ պայքարէին բոլոր գաղութարար պետութիւններուն դէմ անխտիր, մինչդեռ անոնք դաշնակցեցան Գերմանիոյ հետ:
  8. «Վաթանտաշ» տառացիօրէն «հայրենակից» կը նշանակէ, բայց թուրքեր կը գործածեն «քաղաքացի» իմաստով:
  9. Lenin vs. Luxemburg on the National Question A review, Workers Vanguard, No.150, March 1977.
  10. Այս ուղղութեամբ, ցաւօք, կարելի է յիշել, որ պահանջ ներկայացուած էր ոչ թուրքերը ներառելու բանակէն ներս: Գաղափարը այն էր, որ հայ զինուորներով կազմուած գունդեր կրնան պաշտպանել հայաբնակ շրջանները: Ինչպէս ծանօթ է, հայերու զինուորագրումը աղէտալի հետեւանք ունեցաւ, երբ Իթթիհատ գործադրեց հայերէն ձերբազատելու իր ոճրային ծրագիրը:
  11. Ի դէպ, տարի մը Հիլմի նոյնպէս սպաննուեցաւ:
Նախորդը

Աղեղնաբառ – 47

Յաջորդը

Տեսակէտ. Յեղափոխել Ընկերութիւնը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.