Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Խորհրդատուական Աջակցութիւններ» Եւ Բացակայող Կէտեր

Նոյեմբեր 29, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սոչիի յայտարարութիւնը երեւութապէս կը թուի, որ որեւէ հիմնական նորութիւն չի բովանդակեր:  Նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի յայտարարութիւններու կէտերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող կէտեր են: Առանցքային գիծը մինչ այժմ ստորագրուած երեք յայտարարութիւններուն տարածաշրջանի ապաշրջափակումն է: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ամէնէն կարեւոր կէտը 9-րդ կէտն է. փաստօրէն յունուար 11-ի յայտարարութիւնը կեդրոնացած է միայն 9-րդ կէտին վրայ. մօտաւորապէս նոյնը` նաեւ 26 նոյեմբերի յայտարարութիւնը. Սոչին եւս հիմնականին մէջ արծարծած է ապաշրջափակման օրակարգը:

Սահմանազատումն ու սահմանագծումը հիմնականին մէջ լռելեայն ներառուած են դարձեալ ապաշրջափակման կէտին տակ: Մինչ ապաշրջափակում յղացքին մէջ Երեւանը հաղորդակցութեան ճանապարհներուն մասին կը խօսի, թուրքեւազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ յանկերգել միջանցքը:

Սոչիի յայտարարութեան մէջ միջանցք բառը չկայ, սակայն Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը իր բանաւոր յայտարարութիւններուն մէջ կ՛օգտագործէ այդ բառը: Անշուշտ միջանցք թէ ճանապարհ Մոսկուան այդ հատուածի անվտանգութիւնը կ՛ընկալէ բացառապէս իր վերահսկողութեան տակ: Եւ այստեղ տարածքային թէ արտատարածքային կարգավիճակը երկրորդական կը դառնայ. ճանապարհը կամ միջանցքը կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական գերիշխանութեան տակ, սական ըստ էութեան` ռուսական զօրքերու վերահսկողութեամբ: Լուծման այս բանալին կ՛երեւի նաեւ յայտարարութեան մէջ:

Այսպէս. յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ ռուսական խաղաղապահ համակազմի կարեւոր ներդրումը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ եւ կը շեշտէ, թէ կողմերը պայմանաւորուած են քայլերու ձեռնարկել. անմիջապէս ետք կը խօսի սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնախումբի ստեղծման մասին` Ռուսիոյ դաշնութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Այս բաժինին նախանշումը կատարած էր Ռուսիոյ նախագահը, երբ ակնարկելով Սիւնիքի բախումներուն յայտնած էր, որ լարուածութիւնը չէ մեղմացած, հետեւաբար կ՛ակնկալուի Ռուսիոյ յաւելեալ ներգրաւումը թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ զինուորական տեսքով:

Շատ պարզ են ուղերձէն բխելիք գործողութիւնները: Դիւանագիտական առումով սահմանազատման գործընթացը կը միջնորդէ Մոսկուան եւ զուգահեռ յաւելեալ ուժեր կը տեղակայէ Ազրպէյճան- Հայաստան սահմանին վրայ` վերահսկելու համար անվտանգութիւնը եւ կանխելու համար յառաջիկայ բախումները: Այսքան պարզ:

Մինչեւ հոս հասնիլը սակայն յիշենք Մոսկուայի եռակողմ չկայացած հանդիպումը, ապա առցանց հեռակայ տեղի չունեցածը, ապա Պրիւքսելի հրաւէրը` 15 դեկտեմբերին եւ միջանկեալ Սոչին: Ուղերձը նաեւ միջազգային ընտանիքին է. հիմնական, գլխաւոր մրցավարը Մոսկուան է: Եւ պատահական չէ, որ Սոչիի մէջ երկու կողմերը հանդիպումը դրական ու կառուցողական կը գնահատէին, հիմնականին մէջ ռուսական նախաձեռնութիւնը, միջնորդութիւնը, մրցավարութիւնը ներբողելով:

Հայկական կողմի առարկութիւնը, թէ Ազրպէյճան ներխուժած է հայաստանեան տարածք, բաւարար չէր: Միայն այդ առարկութիւնը գերադասելով` ըստ էութեան արդէն հայկական կողմը ներքաշուած է հակամարտութեան բնոյթը Արցախ-Ազրպէյճանէն լիովին Հայաստան-Ազրպէյճան հիմնախնդիրի վերափոխող ծուղակին: Արցախի մասին խօսք չկայ:

Հայկական կողմը չէ յաջողած յայտարարութեան բնագիրին մէջ ներառել հետեւեալ կէտերը.

– Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեան կէտերու իրականացման հրամայական. յատկապէս 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու:

– Գաղթականներու վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ (թէկուզ իւրաքանչիւր կողմ գաղթականներու վերադարձի իր պատկերացումը ունենայ):

– Ռազմագերիներու, սպաննուած անձերու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձ:

– Կարգավիճակի խնդիրի տարանջատում սահմանազատման գործընթացէն:

Եւ ապա միայն`

– Որեւէ գործընթացի սկսելէ առաջ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացում հայաստանեան տարածքներէ:

Այս բոլորը շրջանցող յայտարարութեամբ արդէն կ՛անցնինք սահմանազատման եւ ապաշրջափակման օրակարգերուն:

Հայկական կողմէն ակնկալելի պահանջները որեւէ նոր տարր չեն պարփակեր իրենց մէջ: Պարզապէս նաեւ ռուսական մասնակցութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը պիտի արծարծէին: Իսկ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն միջազգայնօրէն ընդունելի նախապայման կրնար դիտարկուիլ որեւէ նոր համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ:

«Ա.»

Նախորդը

Անդրադառնալով Սոչիի Եռակողմ Հանդիպումին` Պայրամով. «Սոչիի Յայտարարութիւնը Կը Դրսեւորէ Պաքուի Մօտեցումները»

Յաջորդը

Աշխապատի Համաժողովին Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Սոչիի Հանդիպման Արդիւնքները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?