Կրթական Համակարգը` Իբրեւ Հակաբռնութեան
Գործարար Ջատագով
ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Բռնութիւնը իր տարատեսակ արտայայտութիւններով եւ վարուելակերպային բազմաբնոյթ կիրարկումներով մարդկութեան յառաջընթացը խանգարող խոչընդոտներէն մէկն է եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման հիմնահարցերէն ամէնէն ահաւորը: Նկատի ունենալով, որ անիկա իւրաքանչիւր մանուկի, պատանիի եւ չափահասի առօրեայ աշխարհին մաս կազմող երեւոյթ է, ապրուած կամ դիտարկուած փորձառութիւն է ու իբրեւ այդպիսին, անոր մասին տեղեկանալը, առարկայական ըմբռնում կազմաւորելը եւ անոր դէմ դնելու ձեռնարկելը դաստիարակութեան նպատակներէն մէկը պէտք է դառնայ անկասկած:
Դպրոցները` տարրական բաժինէն մինչեւ երկրորդականի դասարաններ, իրենց արհեստի եւ ակադեմական բաժիններով, կարեւոր վայրեր են ընկերութեան կողմէ հաստատուած կարգ ու կանոնի ամրապնդումին եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ, ի պահանջել հարկին, անոնց փոփոխութեան առաջնորդող: Անոնք ունին դրական փոփոխութիւն ստեղծելու կարելիութիւնն ու կարողականութիւնը` այդ փոփոխութեան նպաստող մարդկային թէ այլ տեսակի աղբիւրներ արտադրելով: Այս պարունակին մէջ է, որ անոնց վերապահուած է որոշիչ դեր` բռնութեան դէմ պայքարող մտայնութիւն կերտելու եւ զայն իւրացնելու յարմարագոյն ձեւերուն դիմելու: Այլ խօսքով, կրթական հաստատութիւնները, իրենց առաքելութեամբ, կ՛անդրանցնին զգաստութեան հրաւիրող ճանաչողական աշխատանքները եւ կը նպատակադրեն ուսուցիչներու, աշակերտներու, պաշտօնէութեան եւ ծնողներու մօտ բարեփոխումներու հմտութիւններ կազմաւորել` յանուն յարգալիր եւ արդար ընկերութեան մը կենսափորձի ստեղծման:
Բռնութեան դէմ սկզբունքային եւ գործնական պայքար-գործունէութիւն տանելու համար դպրոցի մշակոյթը իր ամբողջ էութեամբ պէտք է արտացոլացնէ` յարգանք, հաւասարութիւն, խաղաղութիւն, այլասիրութիւն, այլադիմութիւն եւ ապահովութիւն բնութագրող յատկանիշներ եւ անոնց թարգմանը հանդիսացող աշխատանքներ: Այս բոլորը պէտք է կիրարկել սեռերու եւ անհատական տարբերութիւններու հանդէպ գիտակից ու փափկանկատ զգայնութեամբ եւ անկէ բխող համապատասխան դիրքորոշումներով:
Կրթական հաստատութիւնները յոյսի միջավայրեր են: Նկատի ունենալով, որ անոնք անմիջական եւ հարազատ աղերս ունին ընկերութեան ընդհանուր մշակոյթին, աւանդութիւններուն, հաստատուած կարգ-օրէնքներուն եւ յարաբերելու եղանակներուն հետ, անոնց գործելաոճը հայելին կը դառնայ այս բոլորին: Եթէ անոնք պատասխանատու մօտեցումով չվերլուծեն հարցերը եւ արդարօրէն չկողմնորոշուին բարդ կացութիւններու մէջ, անարդարութեան ակամայ բաժնեկիցներ կ՛ըլլան եւ կարծես անուղղակիօրէն «կ՛օրինականացնեն» վնասակար տրամադրութիւններն ու բռնութեան տանող արարքները: Եթէ անոնք իրենց հեղինակութիւնը աներկբայօրէն պարտադրելու քաղաքականութիւն որդեգրեն, մանկավարժութեան մէջ ուժի եւ պարտադրանքի «վաւերականութեան» հաւատան, ֆիզիքական պատիժներ կիրարկեն, բռնադատումը չարգիլեն, սեռերու կամ կարողութիւններու խտրականութիւն կիրարկեն, ապա անոնք, թէկուզ ակամայ, քաջալեր կը հանդիսանան բռնութեան եւ անհաւասարութեան տարածումին:
Դպրոցէն ներս մարդ անհատին ապրած եւ ապրուած տարիները ուժգնօրէն կ՛ազդեն ապագային անոր բռնութեան զոհ կամ բռնութիւն կիրարկող ըլլալու հաւանականութեան վրայ: Ուսումնառութիւնն ու դաստիարակութիւնը, տեղադրուելով դպրոցական համակարգի մը մէջ, անհատներու կեանքը կը փոխեն. օրինակ` ասպարէզի ընտրութեան առիթներ կը բազմապատկուին, իգական սեռի նիւթական եւ անհատական անկախութիւնը կը խթանուի, ընկերա-տնտեսական մակարդակի բարձրացման կարելիութիւն կը ստեղծուի: Նման պատեհ եւ արդարօրէն բաշխուած փորձառութիւններու զարկ տալով` ուժի եւ պարտադրանքի մշակոյթի տարածումը կը կասեցուի, ու հաւասարութիւն կը տիրէ, եւ այս բոլորէն մեկնած` մանաւանդ սեռերու խտրականութենէ բխող բրտութիւններն ու բռնարարքները կը նուազին:
Վերոնշեալ կացութիւնները կ՛ապահովուին միայն ա՛յն պարագային, երբ դպրոցին ջամբած կրթութիւնն ու գիտելիքներու մակարդակը կը նուաճեն քաղաքակրթութեան որակաւոր չափանիշները. այլապէս դպրոցը կը վերածուի ընկերութեան կողմէ ընդունուած, բայց ոչ անպայման մարդկայնօրէն ու բարոյապէս գօտեպնդիչ կարգերու եւ վարուելակերպերու վերարտադրող «գործարան»-ի` փոխան նորարար եւ արդար մօտեցումներ ստեղծող դարբնոցի:
Ասոր համար է, որ դպրոցները պէտք է որդեգրեն սեռերու եւ անհատական տարբերութիւնները դրականօրէն ընկալող եւ այդ սկզբունքին արձագանգող ռազմավարութիւն ու մանկավարժական մեթոտներ: Անոնք պէտք է կազմաւորեն ու զարգացնեն` քննական միտք, անաչառ մօտեցումներ, կշռադատուած քննարկումներ, թեր ու դէմ կարծիքներու առիթ տուող եւ զանոնք հանդուրժող դասարանային վիճաբանական ասուլիսներ եւ այլն: Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութիւնը, որ կ՛ամրապնդէ բանականօրէն իւրացուած արդարութեան սկզբունքները: Այս իմաստով, օրինակի համար, քրիստոնէական սկզբունքները, կատարելապէս եւ էականօրէն, արդարութեան, սիրոյ, հանդուրժողութեան, այլասիրութեան եւ ներառումի մշակոյթի մը ուղենիշներն են, որոնց ներդրումը կարելի է ապահովել ընդհանուր ծրագրաւորումին մէջ:
Այս բոլորը կը յաջողին դպրոցի ամբողջականութեան մէջ` աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, կրթական եւ վարչական պատասխանատուներ եւ պաշտօնէութիւն: Մթնոլորտը սահմանող չափորոշիչները, խորհրդատուական, ուսման թէ աշխատանքի արեւելումի ծառայութիւնները, ակադեմական թէ հոգի-ընկերային թելադրանքները պէտք է ուղղուած ըլլան բոլորին եւ հասանելի իւրաքանչիւրին` անխտիր: Կարեւոր է նաեւ գործակցիլ ծնողներու, կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, համայնքային միութիւններու եւ կառոյցներու հետ, վարժողական ծրագիրներ կազմակերպելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ այս յոյժ կարեւոր հիմնախնդիրին գծով, դրական ներմղումով, շարժունակ կեանք ստեղծել` անհատէն դէպի հաւաքականութիւն տարածուող:
Թիրախաւորուած նման աշխատանք ինքզինք ծաւալելու եւ զարգացնելու հակամէտութեամբ օժտուած կ՛ըլլայ: Արդար միտքը արդարութեան հաւատացող նոր մտքեր կը ծնի, հաւասարութեան ձգտումը անհաւասարութեան միտող բոլոր միջոցառումները կը չէզոքացնէ, եւ այսպէս, խաղաղ ու ներառող մշակոյթը կը դառնայ տիրական ու իր շարքերուն կը զինուորագրէ բոլորը` կազմաւորումի խորքային առիթներ ստեղծելով ու կը յառաջդիմէ մա՛րդը, կը զարգանայ հաւաքականութիւնը` բռնութենէ զերծ, ապահով եւ յառաջադէմ ընթացակարգով:
Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն
Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:
- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 01-253796
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
- Abaad 01-283820
- Himaya 03-414964
- Idraac 01-583583
- Embrace 1564
- Kafa 1745