Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թրքական Խորհուրդ… Արեւը Արեւելքէն Կը Ծագի

November 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հազիւ 12 տարուան կեանք ունի այս խորհուրդը, որ քանի մը անունով կը ներկայացուի, ինչպէս` «Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ», «Թրքական խորհուրդ», իսկ այժմ` «Թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւն»:

Վերջին տարբերակը սկսաւ գործածուիլ Պոլսոյ մէջ` նոյեմբեր 12-ին տեղի ունեցած ութերորդ համագումարին` մասնակցութեամբ անդամ եւ հիւր երկիրներու:

Կազմակերպութեան այժմու ղեկավարը «սուլթան» Էրտողանն է, սակայն հետաքրքրականը այն է, որ այս հաւաքին մտայղացումը կատարած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, 2006-ին: Հիմնադրութեան վայրը` Նախիջեւան, որ արդէն իսկ յստակ եզրակացութիւններու կրնայ տանիլ ընթերցողը: Թուրքիոյ կողքին, այս կազմակերպութեան անդամ երկիրներն են` «Արեւելեան Թուրքիա»-ն կամ… Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Ուզպեքստանն ու Խրխըզիստանը:

Հայութենէն խլուած հողի` Նախիջեւանի մէջ կայացած անդրանիկ ժողովով մը` 3 հոկտեմբեր 2009-ին, հիմնուած է այս կազմակերպութիւնը: Վայր մը, ուր կարճ ատեն առաջ հարիւրաւոր խաչքարեր քանդուած էին ազերի զինուորներու կողմէ` պարզապէս հայկական հարուստ պատմութիւն մը ջնջելու համար երբեմնի հայահոծ շրջանէն:

Անարդարօրէն Ազրպէյճանի բռնակցուած եւ հայաթափուած Նախիջեւան մը, զոր այսօր ամէն գնով կը փորձեն «Զանգեզուրեան միջանցք»-ով միացնել Ազրպէյճանին:

Յստակ է այս կառոյցին մաս կազմող երկիրներուն աշխարհագրական դիրքը: Լեզուական եւ խնամիական կապեր ու կամուրջներ հաստատելով` Էրտողան սկսած է զարգացնել համաթուրանական ուխտ մը, որ հետզհետէ նոր անդամներ ընդունելով եւ գաղափարներ առաջադրելով` պիտի տարածուի եւ տարբեր կերպար ստանայ, դուրս գալով տոհմիկ եւ լեզուաբանական նեղ կառոյցէն:

Նոյեմբեր 12-ին կայացած ժողովին Էրտողան բեմահարթակ բարձրանալով` յստակօրէն եւ ամենայն համարձակութեամբ շեշտեց, որ այս կազմակերպութեան հաստատ հիմերու վրայ դրուիլը, վերակազմաւորումն ու անուանափոխութիւնը առիթ պիտի ընծայեն, որ այս միութիւնը աւելի ծաղկի:

Էրտողանի համար թրքախօս այս երկիրները «պատմութիւն կերտած են» եւ «հազարամեակներ շարունակ եղած են մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան կեդրոն»: Այսպէս, մշակոյթը, լեզուն, քաղաքականութիւնն ու մինչեւ իսկ ապագայի կարեւորագոյն հարցերէն` կենսոլորտը իրարու միացնելով, Էրտողան տպաւորիչ ու միաժամանակ սովորական եւ լափալիսեան ճշմարտութիւն ցոլացնող եզրակացութեան մը յանգած է` յայտնելով. «Արեւը կրկին արեւելքէն պիտի ծագի»:

Ուշագրաւ է, որ վերոյիշեալ երկիրներուն կողքին, երկու այլ երկիրներ` Թիւրքմենստան եւ … Հունգարիա  ներկայ էին իբրեւ հրաւիրեալ-դիտորդ, յանձինս նախագահ Պերտի Մուհամետովի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի:

Քաղաքական տարբեր ոլորտներու մէջ են այս երկու դիտորդները: Թիւրքմենստանի նախագահը վերջերս բազմիցս շեշտեց, որ մտադրած է միանալ այս կազմակերպութեան` միայն ու միայն իբրեւ լեզուական եւ մշակութային ժառանգութիւն, բայց հեռու` քաղաքական հաշիւներէ:

Արցախի վերջին պատերազմին Թիւրքմենստան պահեց իր չէզոքութիւնը եւ տեղի չտուաւ Անգարայի ու Պաքուի ճնշումներուն առջեւ:

Հունգարիոյ պարագան իւրայատուկ է` նկատի ունենալով, որ մակիար (կամ մաճար) ցեղը դարեր առաջ Կեդրոնական Ասիայէն Կովկասի վրայով հասած է Դանուբի ափերը, եւ լեզուն մօտիկ է թրքերէնին: Հոս տեղին է փակագիծ մը բանալ եւ յիշեցնել Ալիեւի մօտիկ գործակից` վարչապետ Օրպանի երկրին դերակատարութիւնը, երբ ՕԹԱՆ-ի մէկ հանդիպումին հայրենի զինուոր Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած եւ Պուտափեշթի մէջ բանտարկուած ազերի Ռամիլ Սաֆարովը նուէր տրուեցաւ Ազրպէյճանին եւ® դարձաւ ազգային հերոս:

Շարունակելով խօսիլ իր համաթուրանական երազներուն մասին` Էրտողան նոյնիսկ կը նշէ, որ Կիպրոսի գրաւեալ մասն ալ պէտք է անդամակցի այս կազմակերպութեան:

Արդեօք այս համագումարին եւ անոր մութ ծալքերուն մասին արձագանգներ լսուեցա՞ն, պիտի լսուի՞ն  Հայաստանի Ազգային ժողովի բեմէն, թէ՞ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նման, ՔՊ-ականները այս մէկն ալ արեւելքէն ծագող արեւին մէկ կիզիչ  եւ կենսատու ճառագայթը պիտի նկատեն:

Նախորդը

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.