Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածաշունչը Եւ Մանուկը

Դեկտեմբեր 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մանուկ էի: Կը նստէի մեծ մօրս ծունկերուն քով, երբ ան Աստուածաշունչը կը թերթէր: Դէմքին ծալքերուն շարժումը կը տեսնէի, երբեմն ժպիտը աչքերուն մէջ, երբեմն` խոր մտածկոտութիւն մը կը համակէր զայն:

Այդպէս, անշարժ, նոյնիսկ անթարթ կը դիտէի զայն: Շշունջը կը լսէի: Շշունջին մէջ հաղորդակցութիւն մը կը նկատուէր, երկիւղածութիւն` նաեւ…

Երբեմն ան կը բացատրէր այդ պահերուն ընկալածը, կը փոխանցէր իսկոյն իր ստացածը, կը փոխանցէր Զօրութեան մասին հասկցածը:

Երբեմն նաեւ իր կեանքէն դրուագ մը կ՛առնչէր, որպէսզի հասկնալի ըլլայ պատմածը:

Ան կը խօսէր, կը պատմէր, կը հաղորդէր` առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, որ երեք տառերէ բաղկացած բառին սերմը կը ցանէր իմ մէջ. երեք տառեր, որոնց ամբողջութեան մէջ կը կայանայ Զօրութիւնը` ՍԷՐ:

Որքա՜ն հաճելի էին այդ պահերը, այդ անբացատրելի հաղորդակցութեան աչքն ու ունկը ըլլալ` ի՜նչ անուշ էր:

Ընդօրինակելու մղում մը ստեղծած էին մէջս այդ պահերը: Երբ առանձին մնայի, կը փորձէի նոյնը ընել եւ հսկայ Աստուածաշունչին ծանրութիւնը կրելով ծունկերուս վրայ` բարակ էջերը զգուշութեամբ կը թերթատէի, մանր բառերը կը դիտէի, տառերուն խաղին կը հետեւէի, թիւերուն յաջորդականութիւնը կը նշմարէի, կը շշնջայի մեծ մօրս պէս, կը ժպտէի, կը խոկայի` առանց բառ մ՛իսկ հասկնալու, ըմբռնելու…

Զգուշ էի նաեւ մեծ մօրս խաչաձեւ, ասեղնագործ էջադիրին նկատմամբ, որ յանկարծ չիյնայ, չսողոսկի էջերուն արանքէն: Մեծ մօրս խոկումներուն, աղօթքներուն շարունակականութեան ընդհատումին պատճառ ըլլալ չէի ուզեր:

Ես ալ այդ էջերուն մէջ պահուած տեղ մը ունէի` փայտեայ էջադիրով մը նշուած. այդ էջին վրայ կը գտնուէր 23-րդ սաղմոսը, որմէ մեծ մայրս ամէն անգամ տող մը աւելի կը կարդար` «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ…»: Երգի պէս կը սորվէի բառերը, կ՛արտասանէի` առանց հասկնալու:

Երգը հետս օրէ օր, տարուէ տարի մեծցաւ: Անհասկնալի բառերը ժամանակի ընթացքին իմաստ հագան, պարոյկները մի առ մի ցնդեցան, կիրակնօրեայ կեդրոններու հոգեւոր դասերը ամրապնդեցին մէջս երգին իմաստն ու աստուածաշնչեան պատումներուն պատգամները:

Երգը կը շարունակէ մնալ առ այսօր եւ այցելել մա՛նաւանդ ցաւերու, կորուստներու, փոթորկոտ պահերու` կարծես որպէս ապաւէն Զօրութենէ մը, իր ոչխարները, գառները մոլորութենէ փրկել ջանացող հովիւէ մը, անբացատրելի եւ աներկբայ գոյութենէ մը, բան մը, որ ապահովութիւն կը ներշնչէ աղէտներով լի այս օրերուն:

Հիմա կը նայիմ ձեռքս անցած այս հիասքանչ հրատարակութեան` «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ին, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս մանկանալ եւ ե՛ս կարդալ լուսահոգի մեծ մօրս, հասկնալով կարդալ եւ հրճուանք պատճառել անոր երկիւղած էութեան: Կարդալ հոն տեղ գտած սաղմոսները, Աստուածաշնչային պատումները… հարցումներ ուղղել իրեն կամ պատասխաններ տալ եւ խաղերը մեկնաբանել միասին:

Երանի կու տամ այսօրուան մանուկներուն, քանի անոնք ունին իրենց յարմար ոճով, պարզութեամբ ու դիւրին ընկալելի լեզուով Աստուածաշունչի պատգամները բացատրող հրատարակութիւն մը:

Գիրք մը` իր բոյրով, պատկերներով, խորհուրդներով ու հաճելի խաղերով, հարցերով եւ պատասխաններով, ուր բացատրուած է գերագոյն իմաստը կեանքին` աշխարհի արարչագործութենէն, մարդուն ծնունդէն մինչեւ պատերազմները:

Գիրք մը, որուն էջերուն մէջ մանուկը, պատանին դիւրութեամբ կը քալեն, կը հասկնան իրենց ամբողջին` բնութեան, կենդանիներուն, տիեզերքին մասնիկը ըլլալը, մասնիկ մը, որ ունի իրե՛ն յատուկ կարեւորութիւնը. կը հասկնան սիրոյ, իսկական ընկերութեան անշահախնդիր իմաստը, որ չի ճանչնար` քէն, ատելութիւն, նախանձ, գոռոզութիւն, ագահութիւն, առանց որոնց` անձը, անկախ տարիքէն, մանուկի պէս մաքուր կ՛ըլլայ, որուն Տէրը գրկաբաց կ՛ընդունի, ինչպէս պատկերով նկարագրուած է գիրքին կողքին վրայ:

Վարձքը կատար` բոլոր անոնց, որոնք աշխատանք ունին սոյն գիրքին լոյս ընծայման մէջ, յատկապէս` Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, գրող եւ հրապարակախօս դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին:

 

 

 

 

Նախորդը

Վերյիշելով Ծերակուտական Տոլի Հետ Անմոռանալի Ճամբորդութիւնը Դէպի Հայաստան, 1997-ին

Յաջորդը

Կիւլիվէրեան Ճակատագրով

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?