ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երբ թոնիրներուն մասին խօսք կ՛ըլլայ, յիշողութեանս մէջ կը վերականգնի մեր թաղի թոնիրը, որ կը գտնուէր ուղիղ մեր տան ետեւ: Իսկ երբ յիշողութիւնս կը գրգռեմ, ու անիկա քիչ մը ասդին կու գայ, երեւակայութեանս մէջ կը ցցուի հայդուկապետ, նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթնահատորեակի մէկ գիրքին մէջ նկարագրուած թոնիրին ուրուականը, ուր ան կը ներկայացնէ Հայաստան աշխարհի, անդրտաւրոսեան լեռներուն բուքն ու բորանը եւ սառածները թոնրան մօտ փրկելու աշխատանքը: Հայաստանի տուներուն տաքուկ ու փրկարար թոնիրները… Անոնք իմ երեւակայութեանս մէջն են միայն, եւ ես անոնց մասին ուրիշ բան չունիմ ըսելիք…
Ուրեմն կը սկսիմ մեր թաղի, մեզի «դրացի» թոնիրէն:
Մեր լայնածաւալ պատերով հօրենական ընդարձակ տունը, նախքան մերը ըլլալը` 1957-ին, եղած է տիզել (մազութ) վառելանիւթով բանող Քեսապի առաջին ալրաղաց-ջաղացը, որ սեփականութիւնը եղած է Կարպուշեան ու Մահշիկեան ընտանիքներուն: Անոր շարժիչը Քեսապ բերուած է նաւով, ուր ցամաք հանուած է Գարատուրան գիւղի ծովափը, ապա բազմատասնեակ գերաններու վրայով, լծակից ջորիներով քարշ տրուած ու մարդոց օգնութեամբ, հրելով զայն հասցուցած են Քեսապ (մօտ 10 քմ ծովափէն հեռու):
Ջաղացքի մը պատկերացումը կ՛աւարտի թոնիրով, ուր պիտի թխուի ալրաղացին արտադրած ալիւրը, ուստի ջաղացքին անմիջապէս մօտը, այսինքն այսօր հօրենական մեր տան քով կը կառուցուի թոնիր մը:
Ջաղացքը բանեցնող վարպետը եղած է Կարպուշեան Մատաթիան, քեսապցիներուն կոչումով` «Մատաթ վէրպիտը»` մօրս մեծ հայրը, որ եղած է բազմահմուտ, բազմահնար, ինքնուս արհեստաւոր մը. ատաղձագործ, երկաթագործ, զինագործ… ու նաեւ` ջաղացպան:
Ուրեմն անհրաժեշտ է նկարագրել «Քեսապի թոնիր» ըսուածը:
Թոնիրները ընդհանրապէս եղած են 3,5×3,5 քառ. մեթր, այսինքն` մօտ 12 քառ. մեթր տարածութեամբ, եռապատ կառոյցներ, որոնց տանիքը հողածածկ գերաններով եղած է:
Հողատեսակը, ինչպէս` Քեսապի ամէն հողաշէն տուներուն տանիքը, եղած է կանչաւուն հողատեսակ մը, որուն` քեսապցիք «գույրէօգ» կամ «թըրըմ» անունը կու տան, որ ջուրի անթափանց տեսակի հող մըն է: Այս տանիքներուն վրայ կը գտնուէր քարէ շինուած լող մը, որուն տրամագիծը 20-30 սմ, իսկ երկայնքը 50-70 սմ կ՛ըլլար, եւ իւրաքանչիւր անձրեւի տեղումէն ետք այդ լողը կը ծառայէր տուեալ տանիքը լողելու` կանխելու համար ջուրին ներս թափանցելն ու կաթկթիլը:
Թոնիրի անպատ կողմը` առջեւի կողմէն հազիւ 1,5 մեթր ներս, կառուցուած կ՛ըլլար կրակատունը, որ կ՛ունենար մօտ մէկ մեթր բարձրութիւն: Կրակատան ետեւի մասը մօտ 20 սմ աւելի բարձր կ՛ըլլար, քան` առջեւի կողմը, ուր կը կանգնէր հացաթուխը: Կրակատան ստորոտին կը գտնուէր բացուածք-ծակ մը, որ կրակին թթուածին կը մատակարարէր. այդ ծակը կլոր ու երկար քարով մը կը փակէին, երբ հարկ նկատուէր կայծերը պահպանել:
Կրակատան աջին, ձախին ու ետեւի մասը կը գտնուէր սալապատ «սեղանը», սալայատակը, ուր կը հանգչեցնէին խմորի կլոր գունդերը, ապա նաեւ` պաղեցնելու նոր թխուած հացը… Այդ «սեղանին» պատը ծեփուած կ՛ըլլար սեւնալու սկսած ճերմակ-դեղնաւուն յարդախառն ծեփով:
Թոնիրին պատերը, մասնաւորաբար` վերնամասը, ինչպէս նաեւ` առաստաղի տախտակներն ու գերանները, վաղուց սեւցած կ՛ըլլային:
Թոնիրին կրակատունը շինելու արարողութիւնը իւրայատուկ էր: Անոր` կրակատան շինանիւթն ալ կիրահարուստ ճերմակ հողն էր, որուն ամրացնող որպէս նիւթ` կ՛օգտագործուէր սափրուած մարդոց կամ խուզուած այծերու մազը:
Քեսապի փորձառու մարդիկ գիտէին, թէ ո՛ր սարալանջէն պիտի բերէին այդ կիրախառն ճերմակ հողը: Կ՛ապահովէին նաեւ մեծ քանակութեամբ մազ:
Կաւային հողը օրեր առաջ կը թրջուէր, ապա կը խառնուէր հաւաքուած մազով ու կը վերածուէր կլոր գունդերու, ապա գունդը կը տեղաւորուէր սալանման մեծ քարի մը վրայ ու յատուկ թակերով կը ծեծուէր երկար ժամանակ:
Հողը ծեծելու այս արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար թոնրան առջեւը, ուր տասնեակ մը անձեր` պատանի, երիտասարդ թէ տարեց, ծալապատիկ նստած, պատմութիւններ պատմելով, կատակներ ընելով ու խօսակցելով` կը ծեծէին հողագունդը, ապա ծեծուած մազախառն հողին կը տրուէր աղիւսի ձեւ: Վարպետ անձի մը ձեռքերով աղիւսները վրայ-վրայի շարելով` կը կառուցուէր կոնաձեւ կրակատունը:
Յաջորդ մէկ օրուան ընթացքին նորաշէն կրակատան մէջ կը լեցուէր առատ ցախ ու կը բռնկցուէր. բորբ կրակին շնորհիւ` թացը կը չորնար ու խանձուելով` կը վերածուէր կրակին դիմացող թոնրան կրակատան:
Մանկութեանս բախտն ու առիթը ունեցած եմ մասնակից դառնալու այդ արարողութեան: Այժմ Միացեալ Նահանգներ բնակող Ճորճ հօրեղբայրս էր կրակատան «որմնադիրը»:
Աւելցնեմ նաեւ, որ չխանձուած, սակայն մէկ օրուան ընթացքին չորցած կոնաձեւ կրակատունը կ՛ենթարկուէր «ծեծ»-ի` հարուածուելով կերպընկալէ անիւի ներքնակ ունեցող Քեսապի մէջ շինուած կօշիկի մը («սանտալ») բուռն հարուածներուն:
Թոնիրը կ՛ունենար իր բակը, բացատը, ուր իւրաքանչիւր թաղեցի կ՛ունենար իր ցախի կոյտը: Այդ ցախնոցը քեսապերէն կ՛անուանէին «ցախնուց», որ երբեմն մարդոց բացակայութեան սիրահարներու հանդիպման ու սիրուըտելու ալ կը ծառայէր:
Քիչ կը պատահէր, որ իրարմէ ցախ փախցնէին թաղեցիք, թէեւ իրարու փոխ կու տային, մէկ անգամ հաց թխելու բաւարար ցախ:
Իւրաքանչիւրը ունէր իր հացը թխելու օրը, որ սակայն անխախտ ու անփոփոխ չէր: Ընդհանրապէս դրկից-դրացի տարեց կիներ, խմբակ-խմբակ միասին կ՛եփէին հացը` իրարու օգնելով ու զիրար զբաղցնելով:
Մէկը խմորի գունդերը կը փոխանցէր երկրորդին, որ խմորը կը բանար` ձեռքով ոլորելով, տափելով ու տափակցնելով կամաց-կամաց բարակցող խմորի գունդը: Իսկ վերջինը հացթուխն էր, որ կրակին առջեւէն չէր շարժեր: Ան հագած կ՛ըլլար հնամաշ կերպասի կտորներէ շինուած հասակը ծածկող թանձր գոգնոց մը ու` նոյնանման թանձր թեզանիք-ձեռնոց, որ կ՛երկարէր դաստակէն մինչեւ ուսին տակը:
Թխող կնոջ գլուխը շալ-թաշկինակով կապուած կ՛ըլլար մազն ու գլուխը կրակէն պաշտպանելու համար:
Վերը նշեցի արդէն, որ հաց թխելու արարողութիւնը հաւաքական գործ էր: Ընդհանրապէս այնտեղ կը փոխանակուէին թարմ լուրերը: Իրարու օգնելով` անոնք երբեմն կը բամբասէին հարսը, կեսուրը, այսինչն ու այնինչը:
Ես ինծի հարց կու տամ` արդեօ՞ք այդ շաղակրատութեան թէ բամբասանքի մթնոլորտէն յառաջացած է «թոնիրի-կնիկ» ածականը. այսինքն` շատախօս, բամբասող, պատմող, կռկռան… Ո՜վ գիտէ…
Թոնիրները ունէին այլ պարտականութիւն մը: Անոնց կայծերը կը ծառայէին ջուր տաքցնելու:
Կ՛ըսուի, որ անցնող դարասկիզբին` 20-ական թէ 30-ականներուն, քեսապահայութեան մէջ կը տարածուի գոսի վարակ մը, մանաւանդ` փոքրերուն մէջ: Եւ որովհետեւ ֆրանսական «հոգատարութեան» տարիներն էին, գոսը բուժելու ամենաազդու դեղը եղած են դեղին ծծումբն ու մոխիրը, որ առատ էր թոնիրներուն առջեւ: Ուստի թոնիրները դարձած էին նաեւ «բուժարաններ», ուր մայրերը իրենց փոքրերը լոգցնելէ ետք անոնց մարմինը կ՛օծէին ծծումբով ու մոխիրով:
Թոնիրէն արտադրուած մոխիրը կը ծառայէր նաեւ բանջարանոցները պարարտացնելու, որովհետեւ ան կը պարունակէր մեծ տոկոսով փոթասիոմ քիմիական նիւթի աղեր, մանաւանդ` sulphate of potassium (K2SO4):
Թոնիրներուն մէջ կը թխուէր ոչ միայն հաց, այլ նաեւ հայկական տաղաւարներուն` զատիկներուն յատուկ բոկեղը (քեսապերէն` «բիկիէղ»), որ կշտացուած կ՛ըլլար արդար ձիթաիւղով: Հոն կ՛եփէին ծոթրինով հաց, չորթանով թէ կարմիր պղպեղով հաց: Հացին նկանակը կը կոչուէր «դըրա՛գ», իսկ փոքրերուն համար կ՛եփէին փոքր նկանակներ, որոնք կը կոչուէին «դըրագի՛կ»:
Իւրաքանիւր թաղ ունէր իր թոնիրը: Այսպէս, Գարատուրան գիւղի Մանճիկեան թաղին մէջ կային 4-5 թոնիրներ: Մէկը մեր շառաւիղին` Ճորճ Մանճիկեանի զաւակներուն տնախումբի թոնիրը: Ու այսպէս` Եսայի հօրեղբօր տնախումբին, Փանոս հօրեղբօր տնախումբին, Աւետիս հօրեղբօր… եւ այլն: Մէկ խօսքով, Գարատուրան գիւղին մէջ կային քանի մը տասնեակ թոնիրներ, որոնցմէ մնացած են հազիւ հինգ թոնիրներ:
Կեանքի թաւալումով չքացան թոնիրները` իրենց տեղը զիջելով հացատուն-փուռերուն: Քեսապի մէջ կը գործէին երկու փուռեր: Իսկ Էքիզոլուխ գիւղին մէջ` մէկ փուռ:
Կը յիշեմ նաեւ, որ Յովսէփ հօրեղբայրս («Հերոս» ծածկանունով ծանօթ), երբ գնեց «ֆըրընճի» Կարապետին (Կիրակոսեան) փուռը, փոխեց անոր կրակատունը, զոր պատեց «բառլայս» (բարի լոյս) պապուկը (Սերոբ Եարալեանը):
Այսօր թոնիրներու «մշակոյթը» չէ չքացած, այլ այլակերպուած է: Լաթաքիա-Քեսապ մայրուղիին վրայ կը գտնուի քանի մը հատ, որոնք պատեր չունին, իսկ ծածքը մետաղաշէն` թիթեղեայ: Վառելանիւթը դարձեալ ցախն է, իսկ հոն կը թխուի ծոթրինով, չորթանով, պղպեղով, պանիրով ու բանջարով հաց:
Գրութիւնս հաւանաբար շատերուն կրնայ նորութիւն թուիլ, սակայն հաւանաբար գտնուին անհատներ, որոնք աւելի բաներ գիտեն թոնիրներուն մասին. զանոնք անթեղուած պահելը կրնայ մոռացութեան մատնել թանկագին տեղեկութիւնները:
Անցեալ դարուն թէ ատկէ առաջ թոնիրներէն դուրս եկած է կենսական հացը, քեսապցիին, հայուն աստուածատուր «հանապազօրեայ» հացը, որուն տրուած է փառքը: Հաւանաբար վերոյիշեալ մեկնակէտէն բխած է, որ հայը գետին ինկած հացի կտորներ կը համբուրէ կամ ճակատին հպեցնելով` քովընտի պատի մը, քարի մը վրան կը զետեղէ, որ գուցէ թռչունի մը կամ անասունի մը անօթութիւնը կրնայ յագեցնել:
Հանգուցեալ հայրս, որ անցեալ դարու 50-ական թուականներէն կը զբաղէր առեւտուրով, հաց պատրաստելու արեւաշող ու պարարտ ցորեն բերելու համար, յաճախ Քեսապէն մեկնելով, կը հասնէր Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ծայրամասը` Տիգրիս գետին ոռոգած շրջանը, Սուրիա-Իրաք-Թուրքիա եռանկիւնին վրայ, «Թէլ-քէօչակ» կոչուած շրջանը, ուր ջրարփի ցորեն կը ցանէր, որպէսզի Քեսապի թոնիրներուն մէջ եփուած հացը այդ արեւահամ, ոսկեհատ ու պարարտ ցորենէն շինուած ըլլար:
Ցորենին ծախքը ժողովուրդին` տեղի կ՛ունենար ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն, որովհետեւ ալրաղաց ջաղացքը միայն այդ օրերուն կը բանէր (հոն կային նաեւ ձիթաիւղ քամելու մամլիչ սարքեր…):
Քեսապի շրջակայքի գիւղերուն բնակիչները իրենց գրաստներով կամ աւանակներով կու գային ցորեն գնելու հօրս վաճառատունէն: Թաղը կը վխտար այդ անասուններով:
Գիւղացիք իրարու կ՛օգնէին` ցորենի պարկերը ընտրելու, վար բերելու եւ հռոմէական կշիռքով կշռելու «արարողութիւններուն»:
Հայաստան այցելութեանս առիթներուն միայն Ապարանի մէջ հանդիպած եմ Քեսապի թոնիրներուն նմանող թոնիրի մը, ուր հաց ու գետնախնձոր կ՛եփէին:
Գրութեանս վերջաբանի այս հանգրուանին, երեւակայութեամբ, բերանիս մէջ իրարու հետ կը մրցակցին Քեսապի թոնիրի հացը (դըրա՛գը), բոկեղը, լեռնային ծոթրինը, չորթանի… հացերը. անոնց համը անկրկնելի է ու աննման:
Մեր թոնիրները…
Քեսապ
20 սեպտեմբեր 2021