– Արդեօ՞ք Վիակրան Կրնայ Կանխել Ալցհայմըրի Հիւանդութիւնը
– Արդեօ՞ք Ծնողները Պէտք Է Խրախուսեն Իրենց Երեխաներուն Հաւատքը Կաղանդ Պապային Հանդէպ
– Արագընթաց Իրողութիւններ Առողջաբանութեան Մասին
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Արդեօ՞ք Վիակրան Կրնայ Կանխել
Ալցհայմըրի Հիւանդութիւնը
Սեռական տկարութեան յաղթահարման Viagra դեղահատը կրնայ օգտագործուիլ որպէս ալցհայմըրի հիւանդութեան բուժում, կ՛ըսէ Nature Aging ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը:
Այն հիւանդները, որոնք կ՛օգտագործէին սիլտենաֆիլ դեղատեսակը, որ «Վիակրա» դեղի դեղատեսակն է, 69%-ով աւելի քիչ հաւանականութիւն ունէին հիւանդութեան զարգացման, քան` չօգտագործողները:
«Սիլտենաֆիլը, որ ցոյց տուած է, թէ զգալիօրէն կը բարելաւէ ճանաչողութիւնը եւ յիշողութիւնը, նախաքլինիքական շրջանին ներկայացուած է որպէս լաւագոյն թեկնածու», կ՛ըսէ Քլիվլանտի քլինիքի ճենոմային բժշկութեան հիմնարկի հետազօտութեան հեղինակ Ֆէյսիոնկ Չենկ:
«Յատկանշական է, որ մենք պարզեցինք, թէ սիլտենաֆիլի օգտագործումը կը նուազեցնէ ալցհայմըրի հաւանականութիւնը Պսակաւոր սրտի հիւանդութենէ (coronary heart disease), արեան գերճնշումէ (hypertension) եւ 2-րդ տեսակի շաքարախտէ տառապող մարդոց մօտ», ըսաւ ան:
Ալցհայմըրի հիւանդութիւնը, որ տարիքային չորացումի (ուղեղի) ամենածանօթ ձեւն է, տարածուած է հարիւր միլիոնաւոր մարդոց մօտ ամբողջ աշխարհի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ 2050 թուական հիւանդութիւնը տարածուած պիտի ըլլայ մօտ 14 միլիոն ամերիկացիի մօտ: Ալցհայմըրի համար հաստատուած ապաքինում (cure) չկայ:
Չենկ եւ Քլիվլանտի քլինիքի իր գործընկերները օգտագործած են ծիներու քարտէսագրման մեծ ցանց` վերլուծելու համար, թէ արդեօ՞ք FDA-ի կողմէ հաստատուած աւելի քան 1600 դեղատեսակ կրնայ աշխատիլ ալցայմըրի դէմ: Անոնք աւելի բարձր նիշեր տուած են այն դեղատեսակներուն, որոնք ուղղուած են ուղեղի ե՛ւ Amyloid ե՛ւ Tau սպիտակուցներուն (proteins), որոնք հիւանդութեան հիմնական երկու նշաններն են: Սիլտենաֆիլը եղած է այդ ցուցակին առաջինը:
Այնուհետեւ հետազօտողները օգտագործած են Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան 7 միլիոն մարդոց առողջութեան ապահովագրութեան հիմնատուեալները (database)` հասկնալու համար սիլտենաֆիլի եւ ալցհայմըրի հիւանդութեան արդիւնքներուն միջեւ կապը: Անոնք սիլտենաֆիլ օգտագործողները համեմատեցին չօգտագործողներու հետ եւ պարզեցին, որ անոնք, որոնք կ՛օգտագործէին դեղը, 69%-ով աւելի քիչ հաւանական է, որ ունենան մտաքայքայման հիւանդութիւն:
Ապա հետազօտական խումբը հանդէս եկաւ տարրալուծարանային տուեալներով, որոնք ցոյց տուին, թէ սիլտենաֆիլը կ՛աւելցնէ ուղեղի բջիջներու աճը եւ կը թիրախաւորէ tau սպիտակուցները: Արդիւնքները ցոյց տուին, թէ ինչպէս` դեղը կ՛ազդէ ուղեղի հիւանդութեան հետ կապուած փոփոխութիւններուն վրայ:
Սակայն Չենկ զգուշացուցած է աներկբայ եզրակացութիւններու յանգելէ: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց չի տար պատճառահետեւանքային կապ սիլտենաֆիլի եւ ալցայմըրի հիւանդութեան միջեւ: Հետազօտողները պէտք է կատարեն քլինիքական փորձարկումներ փլասեպօ հսկողութեան միջոցով` տեսնելու համար, թէ որքանով կը գործէ դեղը:
Այլ հետազօտողներ ըսին, որ գտածոները նոր ճամբայ կը բանան նոր հետազօտութեան համար, բայց դեռ հիմնաւորուած պատասխաններ չեն տար:
«Առողջական պայմաններու համար նախապէս գտնուած դեղամիջոցը վերօգտագործելու կարելիութիւնը կրնայ օգնել` արագացնելու դեղեր յայտնաբերելու գործընթացը եւ աւելի շուտ կեանքի կոչել չորացումի բուժումը», ըսաւ Սիւզան Քոլհաս` Alzheimer՛s Research UK-ի հետազօտութիւններու տնօրէնը:
«Կարեւորը այն է, որ այս հետազօտութիւնը չ՛ապացուցեր, որ սիլտենաֆիլը կրնայ չորացումի վտանգը նուազեցնել կամ դանդաղացնել ու դադրեցնել հիւանդութիւնը,- շարունակեց ան: – Եթէ կ՛ուզէք քննարկել որեւէ բուժում, որ կը ստանաք, ապա առաջին խօսակիցը պէտք է ըլլայ ձեր բժիշկը»:
Եւ բժիշկները, ամենայն հաւանականութեամբ, տակաւին չեն առաջարկեր սիլտենաֆիլը որպէս բուժում:
«Հակառակ անոր որ այս տուեալները գիտականօրէն հետաքրքրական են, սակայն այս հետազօտութեան հիման վրայ ես չեմ շտապեր սիլտենաֆիլ դեղագրելու` որպէս ալցհայմըրի հիւանդութեան կանխարգիլում», ըսած է Էտինպըրկի Centre for Discovery Brain Sciences-ի փոխտնօրէն բժիշկ Թարա Սփայրզ-Ճոնզ:
Աղբիւր` ՄԷՏՍՔԷՅՓ
Արդեօ՞ք Ծնողները Պէտք Է Խրախուսեն Իրենց
Երեխաներուն Հաւատքը Կաղանդ Պապային Հանդէպ
Բանալի կէտեր.
- Շատ ծնողներ կը մտածեն, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ իրենց մօտեցումը երեխաներուն հետ, երբ կը խօսին Կաղանդ պապային մասին:
- Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ Կաղանդ պապային մասին մտածելը կապուած կրնայ ըլլալ առատաձեռնութեան հետ:
- Հետազօտութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ երեխաները, ամենայն հաւանականութեամբ, չեն տխրիր Կաղանդ պապային մասին «ճշմարտութիւնը» գիտնալէ ետք:
Շատ մը ծնողներ, որոնք կը նշեն Սուրբ Ծնունդը, կրնան շուարիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պատմեն իրենց երեխաներուն Կաղանդ պապային մասին: Մինչ որոշ ծնողներ կը պնդեն, որ այդ մէկը անվնաս աւանդութիւն մըն է եւ յաւելեալ կախարդանք մը կու տայ Սուրբ Ծնունդին, ուրիշ ծնողներ կը պնդեն, որ սխալ է երեխաներուն որեւէ մէկ ձեւով «սուտ խօսիլ»-ը, որովհետեւ երեխաները կրնան հոգեխոց (trauma) ունենալ, երբ անոնք գիտնան ճշմարտութիւնը: Այսպիսով, ի՞նչ կ՛ըսէ մեզի հետազօտութիւնը: Կաղանդ պապային հաւատալը օգուտներ ունի՞: Իսկ որքա՞ն կը նեղանան երեխաները, երբ գիտնան իրականութիւնը:
Առաջին անգամ 1984-ին հրապարակուած ուսումնասիրութիւնը Contemporary Educational Psychology ամսագրին մէջ փորձարկեց այս հարցը:
Այս հետազօտութեան ընթացքին մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի երեխաներէն խնդրեցին, որ անոնք պատմեն Կաղանդ պապային, Զատկուան նապիկին կամ ընտանի կենդանիներուն մասին: Իւրաքանչիւր պատմութիւն պատմելէ ետք անոնց տուին ինը կտոր ծամոն եւ թելադրեցին, որ անոնք իրենց ուզած քանակութեամբ նուիրեն զանոնք հաշմանդամ երեխաներուն: Թէեւ մանկապարտէզի երեխաներուն համար իրենց պատմած պատմութեան տեսակը որեւէ ազդեցութիւն չէ ունեցած ծամոնի իրենց նուիրատուութեան վրայ, սակայն առաջին դասարանցիները աւելի շատ ծամոն նուիրաբերած են Կաղանդ պապային, քան Զատկի նապիկին կամ ընտանի կենդանիներուն մասին պատմութիւններ պատմելէ ետք:
Թէեւ այս ուսումնասիրութիւնը փոքր է տարողութեամբ եւ արդիւնք տուած է միայն առաջին դասարանցիներուն մօտ, սակայն այս բացայայտումները դիտել կու տան, որ Կաղանդ պապային առատաձեռն էութեան մասին մտածելը կրնայ ստիպել երեխաները` աւելի առատաձեռն վարուելու:
Այս ուսումնասիրութիւնը դիտել կու տայ, որ այն ծնողները, որոնք կ՛որոշեն իրենց երեխաներուն պատմել Կաղանդ պապային մասին, պէտք է կեդրոնանան անոր բարի եւ առատաձեռն բնոյթին վրայ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իրենց երեխան օրինակ առնել անոր նուիրաբեր ոգիէն:
Ի՞նչ խօսք Կաղանդ պապայի պատմութեան բացասական ազդեցութեան մասին: Կարելի՞ է, որ ձեր երեխաները հոգեխոց ունենան, երբ գիտնան Կաղանդ պապայի իրականութեան մասին: 1994 թուականին Child Psychiatry & Human Development ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը անդրադարձաւ այս հարցին` ուսումնասիրելով երեխաներու արձագանգը Կաղանդ պապային մասին «ճշմարտութիւնը» պարզած ժամանակ:
Այս հետազօտութեան ընթացքին գիտնականները հարցազրոյց ըրած են 52 երեխաներու հետ, որոնք այլեւս չէին հաւատար Կաղանդ պապային: Ծնողները նաեւ ամբողջացուցին հարցաթերթիկ մը` գնահատելու համար իրենց ջանքերը` Կաղանդ պապային հանդէպ իրենց զաւակներուն հաւատքը ամրապնդելու եւ անոնց հակազդեցութիւնը պարզելու ճշմարտութիւնը լսած ժամանակ:
Միջին հաշուով այս հետազօտութեան մասնակից երեխաները 7 տարեկանին պարզած են ճշմարտութիւնը Կաղանդ պապային մասին:
Երեխաներուն մեծամասնութիւնը դրական արձագանգներ տուած է: Անոնք իրականութեան մասին տեղեկացած են նուազագոյն անհանգստութեամբ (երեխաներուն մեծ մասը գնահատած է իրենց անհանգստութիւնը 100-է 10-ը): Ծնողները, սակայն, աւելի շատ անհանգստութիւն յայտնած են: Անոնց 40%-ը յայտնած է, որ իրենց երեխան նեղացած է իրականութիւնը գիտնալէ ետք:
Չհաւատացող նոր երեխաներուն գրեթէ բոլորը (92%) յայտնած են, որ իրենց երեխաներուն պիտի պատմեն Կաղանդ պապային մասին:
Թէեւ այս փոքրիկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ երեխաներուն մեծամասնութիւնը կրնայ չտխրիլ Կաղանդ պապային մասին իրականութիւնը գիտնալով, սակայն կարեւոր է նշել, որ հաւանաբար երեխաներու փոքր ենթախումբ մը թերեւս նեղանայ այս գիտակցումէն:
Ինչպէս իւրաքանչիւր ծնողական որոշում, կատարեցէք տեղեկացուած ընտրութիւն` հիմնուելով ձեր երեխայի մասին ձեր գիտելիքներուն վրայ, եւ այն, ինչ ճիշդ է ձեզի համար որպէս ծնողք:
Աղբիւր` ՍԱՅՔՈԼՈՃԻ ԹՈՒՏԷՅ
Արագընթաց Իրողութիւններ
Առողջաբանութեան Մասին
Առողջաբանութեան (Hygiene) Ակնարկ
- Առողջաբանութեան խթանումը հիւանդութիւններու նուազեցման ամենաարդիւնաւէտ առողջապահական գործողութիւնն է:
- 2020 թուականի դրութեամբ 2,3 միլիառ մարդ տարրական առողջաբանական ծառայութիւններ չունէր (ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալու դրութիւն), իսկ 1,6 միլիառ մարդ ունէր լուացուելու սարքաւորումներ, սակայն չունէր ջուր եւ օճառ:
- Ամբողջ աշխարհին մէջ 2020 թուականին մարդոց 70%-ը օգտագործած է առողջաբանական տարրական ծառայութիւններ:
Ձեռքերու Առողջաբանութիւն
- Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալը կրնայ նուազեցնել փորհարութեան պատճառով մահը մինչեւ 50%:
- Հետազօտողները գնահատած են, որ եթէ բոլորը կանոնաւոր կերպով լուան իրենց ձեռքերը, տարեկան 1 միլիոն մահ կարելի է կանխել:
- Սննդային հիւանդութիւններու բռնկումներուն մեծ տոկոսը կը տարածուի վարակուած ձեռքերով: Ձեռքերը լուալը կրնայ նուազեցնել սննդային հիւանդութիւններու եւ այլ վարակներու վտանգը:
- Ձեռքեր լուալը կրնայ նուազեցնել շնչառական հիւանդութիւնները (օրինակ` մրսածութիւնը) ընդհանուր բնակչութեան մօտ 16-21%-ով:
- Ձեռքերու ալքոլային հականեխիչներու օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու դասարաններուն մէջ նուազեցուցած է վարակի պատճառով բացակայութիւնները մօտ 20%-ով` 16 տարրական դպրոցներու եւ 6000 աշակերտներու շրջանակին մէջ:
- Ձեռքեր լուալու մշակոյթը միջավայրի մէջ.
1.- 58%-ով կը նուազեցնէ փորհարութեան հիւանդութիւնները տկար դիմադրութեան համակարգ ունեցող մարդոց մօտ:
2.- 29-57%-ով կը նուազեցնէ դպրոցականներու ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու պատճառով բացակայութիւնները:
Դէմքի Եւ Մարմնի Առողջաբանութիւն
- Առողջ մարդոց աւելի քան 50%-ի մօտ Staphylococcus Aureus պաքթերիան (ցպկամարմին) կայ, որ կ՛ապրի քիթի միջանցքներու եւ կոկորդի մէջ, մազերու եւ մաշկի վրայ: Լոգնալու առաջին 15 վայրկեանին միջին մարդը կը թափէ պաքթերիայի 6 x 106 (CFU) (1): Աւազաններ մտնելէ առաջ լոգնալը կը կանխէ մանրէներու տարածումը` նուազեցնելով մանրէաբանական բեռը (microbial load) :
- Միջին լողորդը ջուրի մէջ կը ներդնէ առնուազն 0,14 կրամ աղտ, աւազան մտնելէ ետք` առաջին 15 վայրկեանին: Լողալէ առաջ լոգնալը կ՛օգնէ կանխելու մանրէներու տարածումը:
- Թրախոման (Trachoma), որ կանխարգիլելի կուրութեան գլխաւոր պատճառն է ամբողջ աշխարհի մէջ, կապուած է դէմքի առողջաբանութեան չգոյութեան հետ: Մօտ 41 միլիոն մարդ կը տառապի թրախոմայէ, եւ մօտ 10 միլիոն մարդ` թրախոմայի պատճառով տեսողութեան խանգարումներէ, կամ անդառնալիօրէն կոյր է:
- Աչքի ոսպնեակներու (lens) ոչ պատշաճ առողջաբանութիւնը կամ զանոնք յաճախ չախտահանելը կը մեծցնէ Acanthamoeba պաքթերիաներու աչքի վարակի ձեռքբերման վտանգը:
- Ասեղնորդի (pinworm) տարածումը կարելի է թեթեւցնել պատշաճ առողջաբանութեամբ, եղունգները կտրելով եւ երեխաներուն առաւօտեան արթննալէ ետք անմիջապէս լոգցնելով:
(1) CFU (Colony Forming Unit)- Մանրէաբանութեան մէջ օգտագործուող միաւոր, որ կը գնահատէ նմուշի մը մէջ քանակը այն պաքթերիաներուն կամ սնկային բջիջներուն, որոնք կենսունակ են եւ կրնան բազմապատկուիլ վերահսկուած պայմաններու մէջ:
Աղբիւր` CDC