Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Սզնէք Գիւղի Հետքերով

Դեկտեմբեր 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՊԱՌԱԺ»

Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Ներքին Սզնէք գիւղը արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ ապաստարան կը ծառայէր շրջակայ  բնակիչներուն համար, իսկ այս պատերազմէն ետք յայտնուած է թշնամիի  ուղիղ նշանառութեան տակ: Ազրպէյճանական դիրքերը տեղակայուած են որոշ բնակելի տուներէն միայն 100-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Համայնքի ղեկավար Էդուարդ Մուսայէլեան ներկայ ահաւոր վիճակը կը բաղդատէ 1990-ական թուականներուն հետ, երբ տարբեր էր գիւղին մէջ տիրող մթնոլորտը: Անոր խօսքով, գիւղացիները իրենց երդիքին տակ կ՛ընդունէին Ստեփանակերտի, Շոշի, Քարինտակի բնակիչները: «Նրանք մնում էին մեր տներում, հաց էինք կիսում: Այն ժամանակ որոշ բնակավայրերում հացի խնդիր էլ կար: Հիմա թէկուզ այդ առումով խնդիր չկայ, բայց այն ժամանակուայ ոգին, տրամադրուածութիւնն ուրիշ էր: Այս անսպասելի վիճակը ազդել է բոլորի վրայ: Հիմա զէնքի կռիւ է… կռիւ` հերոսութեան եւ հայրենասիրութեան», կը յայտնէ Մուսայէլեան:

Արցախեան առաջին պատերազմին պատճառով գիւղէն 12 զոհ, մէկ անհետ կորած կային, իսկ այս պատերազմի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ նահատակուած են հինգ տեղացի զինուորներ եւ վիրաւորուած` հինգը:

Ազրպէյճանական դիրք

Երկու կողմէն ալ ազրպէյճանական դիրքերով շրջափակուած Ներքին Սզնէքի բնակիչները զրկուած են գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ լիարժէք զբաղելու հնարաւորութիւնէն: Թշնամիի վերահսկողութեան տակ յայտնուած է վարելահողերուն, արօտավայրերուն, խոտհարքերուն մէկ մասը: Համայնքին սեփականութիւնը համարուող անտառներուն մէկ մեծ մասը մնացած է սահմանագիծէն այն կողմ: Խիստ կարեւոր է գիւղին համար անտառային զանգուածէն օգտուիլը, որ հիմա հնարաւոր չէ:

Պատերազմի օրերուն գիւղը բազմիցս ռմբակոծուած է: Վնասուած են քսանէն աւելի բնակելի տուներ, որոնք մեծամասնութեամբ վերականգնուած են:

Սակայն թշնամական դիրքերը այնքան մօտ են, որ այնտեղէն տուներու ներսն ալ տեսանելի է, գիշերները լուսարձակներ կը միացնեն եւ օդը կը կրակեն: Էդուարդ Մուսայէլեանի կարծիքով, այդպէս կատարելով` անոնք կը փորձեն ճնշուած պահել ժողովուրդը եւ ստիպել, որ յուսահատին ու դուրս գան: «Եթէ յուսահատուող լինէին, չէին մնայ», կը յայտնէ Մուսայէլեան:

Գիւղին առաջնահերթ խնդիրներէն է ջուրի ներքին ցանցին կառուցումը եւ ճանապարհներու բարեկարգումը: «Բայց այս բոլոր խնդիրները երկրորդական են համարւում, ամենակարեւորը բնակիչների անվտանգութեան ապահովումն է: Մեզ համար կռիւը դեռ չի վերջացել: Ինչքան տեսնում եմ, մեզնով հարց չի լուծւում, խաղաքարտերը մեծ տէրութիւնների ձեռին են: Մեզնից կախուածն այն է, որ կարողանանք բանակը պահել, եղածը պահել, վերականգնուել: Բայց կարգավիճակի հարցը պիտի լուծուի», կ՛եզրակացնէ ՄուսայԷլեան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Սուրիա` Յարաբերութեան Նոր Որակ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?