Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքականութիւնն ու դրական դերակատարութիւնը սուրիական տագնապի օրերուն յատկանշական առաւելութիւններ ու հեռանկարային նպատակներ ունէին, մանաւանդ` Սուրիոյ պարտադրուած շրջափակումը աստիճանաբար չէզոքացնելու իրենց նկրտումներով եւ տարածաշրջանի պետութիւններու շահերու հաւասարակշռութեան պահպանումով:
Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ԱՄԷ-ը ոչ միայն աշխուժ ներկայութիւն եղաւ, այլեւ փաստեց, որ գերտէրութիւններու գործիքը չէ եւ կարողութիւն ունի անկախ քաղաքականութիւն վարելու:
ԱՄԷ-ը այս հաշուով ազդեցիկ դերակատարութիւն սկսած է ունենալ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարելով, որպէս Քաթարի մրցակից երկիր, տնտեսական տագնապէն դուրս գալու այլընտրանքներ ներկայացնելով նաեւ Թուրքիոյ: Էմիրութիւններ վերջերս առաջարկած էին նաեւ ԱՄԷ-Իրան-Թուրքիա ցամաքային փոխադրութեան նոր ճանապարհային քարտէս մը` Արաբական ծոցէն դէպի Միջերկրական, ապա նաեւ` Սեւ ծով, ինչ որ ժամանակի ընթացքին կրնայ փոխարինել Սուէզի ջրանցքն անգամ:
Նորութիւնը, սակայն, սուրիական տագնապի շրջագիծին մէջ, որպէս արաբական երկիր, Ռուսիոյ եւ Իրանի կողքին լուրջ դերակատար դառնալու Էմիրութիւններու յանդուգն նախաձեռնութիւնն է:
ԱՄԷ-ը փաստօրէն իրենց արաբական, տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններն ու կարելիութիւնները ծառայեցուցին իրենց հեռակայ նպատակներուն` ջատագովը մնալով Սուրիոյ պետութեան ինքնիշխանութեան եւ երկրի պետական հաստատութիւններու եւ ենթակառոյցներու պահպանման: Անոնք այս իմաստով գործնական քայլերու դիմեցին` ի խնդիր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման:
ԱՄԷ-ու հաւասարակշռուած մօտեցումը խթան հանդիսացաւ արաբական շարք մը երկիրներու` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, պատերազմի տասը տարիներու հեռաւորութենէ ետք: Անոնք սկսան վերընթերցել քաղաքական ներկայ պատկերը` աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական նոր մօտեցումներու լոյսին տակ ու որոնել Սուրիոյ հետ մերձեցման ուղիներ:
ԱՄԷ-ը իրենց քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական օժանդակութեան ձեռքը երկարելով Սուրիոյ` օգնեցին վերականգնելու տարածաշրջանի մէջ անոր երբեմնի դերը:
Տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ընդհանուր զարգացումները ցոյց տուին, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման առնչուող Միացեալ Էմիրութիւններու կանխատեսումները եւ Սուրիոյ կողքին դիրքորոշուելու նախաձեռնութիւնները ճիշդ դուրս եկան: Փաստօրէն, աւելի ուշ, ԱՄԷ-ին սկսան հետեւիլ տարածաշրջանի շարք մը արաբական պետութիւններ:
2018-ին Դամասկոսի մէջ Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան բացումը քաղաքական ուղերձներ կ’ընգրկէր ու կ’ամրապնդէր Սուրիոյ դիրքը ներքին մակարդակի վրայ եւ արտաքին ճնշումներու ու միջամտութիւններու դիմաց:
Սուրիան եւս կ’ողջունէր այս մերձեցումը: Նախագահ Պաշշար Ասատ ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարին Դամասկոս այցելութիւնը ողջունելով` հաստատած էր, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եղբայրական են, իսկ ԱՄԷ-ի դիրքորոշումները առարկայական են ու դրական:
Աւելցնենք, որ տնտեսութեան մակարդակով ԱՄԷ կը հանդիսանան Սուրիոյ կարեւորագոյն առեւտրական գործընկերներէն մէկը, որ արաբական աշխարհին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ համաշխարհային առումով` երրորդը:
Արդեօ՞ք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը յաջողին Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեան կողքին, որպէս այլընտրանք, Սուրիոյ համար քաղաքական խուսանաւումի (մանեւրի) նոր ուղեցոյց հանդիսանալ:
ԱՄԷ-ի տարածաշրջանային երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու պահպանումը եւ Սուրիան տնտեսական շրջափակումէն դուրս բերելու ճիգերը մեծ գրաւականներ կրնան դառնալ այս առումով: