Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոքախտն ու «Քորոնա»-ն

Դեկտեմբեր 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մերօրեայ աշխարհին մէջ դարձեալ Քարլ Մարքսի խօսքերը ճշմարտութի՞ւն կը դառնան… պատմութիւնը դարձեալ ինքզի՞նք կը կրկնէ…

Մեր թուականէն ճի՛շդ 100 տարիներ առաջ, 1921-ին Պոլսոյ Սանճագեան տպարանէն լոյս կը տեսնէ բժիշկ Մալաքեանի «Թոքախտ»-ը. դարմանը եւ կանխազգուշական միջոցները» խորագրեալ գիրքը, որուն յառաջաբանին մէջ բժիշկը կը գրէ. «Հասարակ ժողովուրդը համոզուած է. որ անհատ մը, երբ թոքախտէն վարակուած է, այդ անձը պարտի ուշ կամ կանուխ մեռնիլ, եւ մարդկութիւնը տեսակ մը համակերպութեամբ եւ լռելեան կը սպասէ այդ տխուր վերջաւորութեան: Է՜հ, ի՞նչ ընենք, թոքախտաւոր էր… մեռաւ…» (էջ 3): Այլ բժիշկ մը` Պ. Քօլօլեան, 1929 թուականին Փարիզի մէջ տպագրած «Թոքախտաւորները» աշխատութեան մէջ պատասխանելով այն հարցին, թէ թոքախտաւորները ի՞նչ պէտք է ընեն, կ՛ըսէ. «Թոքախտաւորը պէտք է ինք խնամէ ինքզինք ու յետոյ պէտք է ամէն ջանք ընէ, որ իր հիւանդութիւնը չանցնի ուրիշին» (էջ 22-23):

Այսօր նոյնը չէ՞ պարագան. ձեւով մը բոլորս համակերպութեամբ ու լռելեան կը դիտենք ներկայ համաճարակին մեզմէ խլածները ու կը սպասենք անորոշութեամբ, թէ մենք ե՞րբ պիտի վարակուինք… պիտի կարենա՞նք վերապրիլ, թէ՞ ոչ անոր զոհերէն մէկն ալ մենք պիտի ըլլանք. չե՛նք գիտեր: Սակայն տեսնելով թոքախտի հիւանդութեան յուսադրող ճակատագիրը` կ’ունենանք այն լաւատեսութիւնը, որ ապրինք թէ ոչ, անպայման աւարտ մը պիտի ունենայ օր մը, ինչպէս որ Մալաքեան կ’ըսէ. «Մեծ պատերազմներ, մեծ կոտորածներ, մեծ համաճարակներ, մեծ աղէտներ որքա՛ն ալ ահռելի, որքան ալ անբնական, որքան ալ աւերիչ, որքան ալ մահացու ըլլան, կու գան, կ’անցնին, ժամանակաւոր են»:

Այնպէս` ինչպէս մենք այսօր մեր կեանքերը գերի բռնած վարակը անդարմանելի կը կարծենք, դար մը առաջ նոյն կարծիքը մարդիկ ունէին թոքախտին հանդէպ, որուն համար գրիչը կ՛ըսէ. «Օրէ օր աւելի կը տարածուի»:

Թոքախտին պատճառած ահն ու սարսափը աւելի պարզ ու յստակ կը դառնայ Գրիգոր Զօհրապի «Լուռ ցաւեր» աշխատութեան մէջ գրած «Միւսը» վիպակին մէջի հետեւեալ տողը. «Քաջառողջ մարդիկ կան, որոնք թոքախտ ըլլալու սարսափով իրենց կեանքը կը դառնացնեն. ես անոնցմէ՞ եմ արդեօք, թէ ոչ նախազգացումը, մերձաւոր կորուստին նախազգացումն է, որ զիս կը խռովէ»:

Ըսենք, որ առաջին անգամ թոքախտի համաճարակը ախտորոշուած է 1816-ին, որով վարակուած էր ֆրանսացի գիտնական Լա Էննեկը, եւ այդ հիւանդութեան մանրէները կարելի եղած է յայտնաբերել 66 տարիներ ետք` 1882 թուականին: Մալաքեան իր աշխատութիւնը կը գրէ վարակի յայտնագործումէն 105 տարիներ ետք, ու կը տեսնենք, որ 105 տարիներ ետք տակաւին անոր վերջնական բուժման հասած չէր գիտութիւնը եւ, կամայ թէ ակամայ, կը մտածենք. կրնա՞յ ըլլալ, որ  դար մը տեւէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ամբողջական բուժումն ու լուծումը (թէեւ ըսենք, որ թոքախտը մինչեւ օրս գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ, սակայն սովորական հիւանդութեան մը նման, որոշ դեղահատերով կարելի է բուժուիլ):

Այդ տարիներուն ի՜նչ աւերներ գործեց թոքախտը, ինչպէս այսօր` «Քորոնա» ժահրին համաճարակը. թոքախտը մեզմէ խլեց բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանը, որ իր բանտարկութեան  տարիներուն թոքախտ ստացաւ, որմէ ետք ազատ արձակեցին, Մամուլեանի բառերով, որպէսզի բանտին մէջ ապրելէ ետք ազատութեան մէջ մեռնի:

Թոքախտը 21 տարեկանին մեզմէ խլեց երիտասարդ բանաստեղծ ու թատերագիր Պետրոս Դուրեանը, որուն մասին հայ դերասանուհի Ազնիւ Մինասեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Այդ միջոցին ներս մտաւ պատանի մը` երկար հասակով ու երկար վզով, ունէր երկայն քիթ. գունատ էր: Մոխրագոյն ու շատ մաշած զգեստ էր հագած: Թեւին տակ կար տետրակ մը: Երբ երեւցաւ, դերասանուհիները սկսան ծիծաղիլ` ըսելով. «Քա՛, Թերեզա, քուկինդ եկաւ», իսկ Թերեզան պատասխանեց. «Այնքան գունատ է, որ ինծի պէտք չէ, շուտով կը մեռնի», եւ իրապէս ալ… «շուտով» մեռաւ»:

Նոյն համաճարակը խլեց բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցը. 1901 թուականին թուրք մսագործ տղաները կը տեսնեն Մեծարենցը եւ իրենց հակառակորդը կարծելով` ծեծի կ՛ենթարկեն ու կը դանակահարեն բանաստեղծը, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ տկարանալու եւ թոքախտով վարակուելու: Բանաստեղծը իր բարեկամին գրած մէկ նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Թոքախտը իր բոլոր նոպաները փորձեց իմ վրայ ու յաղթական եղաւ…»:

Անիծեալը մեզմէ խլեց նաեւ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանը` 48 տարեկան հասակին. երգիծաբանի բարեկամներէն Յովհաննէս Սէթեան կը գրէ. «Առաջին անգամ երբ այցելեցի իրեն այդ տունը, կարծեմ զինք տանող ախտին սերմերը արդէն սկսած էին գոյանալ իր կուրծքին տակ. իր մանկամարդ կնոջ ներկայութեանը, որ դառնադէտ կը ժպտէր, ցուցուց ինծի փոքրիկ սենեակ մը, որուն մէկ կողմը կ՛երկննար սատր մը: «Այս սատրին վրայ,- ըսաւ,- ամիսներով հիւանդ պիտի պառկիմ` աչքս հորիզոնին գամած ու հոս պիտի մեռնիմ»: Եւ ասոնք ըսած ատեն կը խնդար, իբրեւ թէ զուարթ բանի մը վրայ եղած ըլլար խնդիրը» (Յովհաննէս Սէթեան, «Յ. Պարոնեանի մէկ քանի յատկանշական կողմերը», էջ 44): Պարոնեանի մահէն երկու տարի ետք թոքախտով կը վարակուի երգիծաբանին կինը:

Պարոնեանի ընտանեկան մտերիմներէն Մ. Սանտալճեան 24 դեկտեմբեր 1891-ին Հրանդ Ասատուրին գրած մէկ նամակին մէջ կը յիշէ. «Հիմա գաղտնիք մ՛ըսիմ ձեզ, զոր թերեւս գիտէք. Պարոնեանի զոքանչը թոքախտէ կը տառապէր եւ շատ հաւանական է, որ այս հիւանդութիւնը փոխանցած ըլլայ Պարոնեանին, որ զգուշութիւն չէր ըներ»: Պարոնեան միտումնաւոր անփութութիւն կ՛ընէր, որպէսզի զոքանչը իր հիւանդութեան համար վատ չզգայ ու «բան չեղածի պէս» ապրի:

Ո՜վ գիտէ, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը անփութութեան պատճառով քանինե՜ր խլեց եւ պիտի շարունակէ խլել մեզմէ:

«Ժամանակ»

 

Նախորդը

Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովրդի Հանդէպ

Յաջորդը

Մամլոյ Առցանց Լսարան. «Թուային Արհեստագիտութիւնը Անհրաժեշտ Է Ներառնել Դասաւանդման Ծրագիրներուն Մէջ». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?