Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Լիպարիտեանի Վերջին Հռետորաբանութիւնը

Դեկտեմբեր 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ուշադրութեամբ եւ համբերութեամբ լսել պէտք էր Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին ելոյթները Երեւանի մէջ: Նոյն համբերութեամբ նաեւ կարդացի վերջերս այն «սպիտակ թուղթ»-ը, որ յետպատերազմեան իրավիճակի քննարկումը կը փորձէր ընել, եւ որուն համահեղինակներէն մէկն է ինք: Թուղթին մէջ արծարծուած մտքերուն պիտի անդրադառնամ առանձին: Պիտի անդրադառնամ նաեւ անոր խախուտ մեթոտաբանութեան:

Այսօր, սակայն, պէտք է խօսինք Ժիրայր Լիպարիտեանի Երեւան այցելութեան մասին: Պէտք է հարց տանք, թէ Լիպարիտեան իսկապէս ի՞նչ ունի ըսելիք մեր քաղաքական բեմին եւ մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան, ներառեա՛լ` անոր ընդդիմադիր շերտերուն: Հայ անկախ պետականութիւնը կը գտնուի իր գոյութեան ճակատագրական հանգրուանին վրայ, եւ իսկապէս ոչ ոք ժամանակ եւ ախորժակ ունի փուճ հռետորաբանութեան համար: Ոչ ոք ունի լուսանցք` ակադեմական մարզանքներու եւ վարժապետական յորդորներու: Մեր երկրին պարտադրուած է ռազմական աղիտալի պարտութիւն մը, որուն բնոյթն ու պատճառները ճիշդ գնահատելու եւ անոր հետեւանքները վճռականօրէն դիմագրաւելու խնդիր ունին այսօր մեր պետութիւնն ու ժողովուրդը եւ,  հետեւաբար, ժամանակն է հանրութեան սեղանին դնելու առաջարկներ, որոնք նոր ու ստեղծարար եւ իրավիճակ փոխող ուժականութիւն կը հաղորդեն իրականութեան:

Մաղելէ ետք բոլոր դարձդարձիկ ոճաբանութիւնները Ժիրայր Լիպարիտեանի խօսոյթին մէջ, կը յանգինք շատ պարզ մէկ եզրակացութեան: Լիպարիտեան կ՛առաջարկէ, որ մէկդի դնենք բոլոր մեր ազգային պահանջատիրական խնդիրները, ձերբազատինք անկախ պետականութեան լինելիութեան հրամայականներէն, այդ հրամայականներէն թելադրուած կարմիր գիծերէն, անտեսենք Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները մեր ազգային տարածքներէն ներս, մոռնանք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ գործենք պարտուածի պէս… Պարզ խօսքով, ընդունինք մեր պարտութիւնը, հրաժարինք Արցախի ինքնորոշման դատէն, յանձնենք Արցախը Ազրպէյճանի, բանանք Սիւնիքի դարպասը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առջեւ, յանձնենք մեր ճակատագիրը Մոսկուայի ու այլ շահագրգռուած կողմերու եւ ապրինք պատանդի կարգավիճակով: Եւ միայն այս սահմաններու մէջ ջանանք  (դիւանագիտութեա՜մբ) ապահովել «առաւելագոյն»-ը մեզի համար… Այս կը թուի ըլլալ հանրագումարը Լիպարիտեանի «ռազմավարութեան»: Այս կը թուի ըլլալ իր կողմէ մեզի առաջարկուած հրաշագործ դեղահատը:

Բայց ասիկա այն իսկ վիճակն է, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստանը այսօր: Այն իսկ լուծումն է, զոր կ՛առաջարկեն Պաքուն, Անգարան եւ Մոսկուան` իրենց այլեւայլ սպրդասացութիւններով: Ասիկա սթաթիւս քուոն է: Ասիկա այն իսկ անելն է, որմէ պիտի ջանայ դուրս գալ որեւէ ինքզինք յարգող ազգ: Հարցո՛ւմ: Լիպարիտեան եկած է այս անե՞լը առաջարկելու ՀՀ պետականութեան եւ ժողովուրդին: Եկած է այս անե՞լը մշտնջենաւորելու: Մեր ժողովուրդը Լիպարիտեանի՞ն պէտք ունի հասկնալու համար, թէ ինչպիսի՛ ճահիճ է գոյացած տարածաշրջանին մէջ, որուն զոհն է ինք, եւ որուն մսաղացին զոհ գացած են իր հինգ հազարէ աւելի որդիները:

Յստակ է, թէ որքա՛ն անիրազեկ դիրքերէ կը խօսի վերլուծաբան Լիպարիտեանը: Ան տեղեակ չէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ իր բացակայութեան տարիներուն: Տեղեակ չէ, թէ յարաբերութիւններու ինչպիսի՛ վերիվայրումներ տեղի ունեցած են տարածաշրջանի դերակատարներուն միջեւ: Իր վերլուծումը կը հանգչի մէ՛կ հիմնական կարծրատիպի վրայ: Այն օրէն ի վեր, որ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ, եւ պաշտօնանկ եղաւ առաջին նախագահը, Հայաստանը ինկաւ ապիկարներու ձեռք: Հետեւաբար այսօրուան անելին համար պատասխանատու են բոլոր յաջորդող նախագահներն ու վարչապետները, քանի որ այդ օրէն սկսած` սխալ քաղաքականութիւն վարեցին բոլորը (թէեւ, ըստ Լիպարիտեանին, Փաշինեանը հիմա աւելի զգաստ վարքագիծ ունի…): Այս աղէտին համար պատասխանատու են նաեւ «ազգայնական» գիծ հետապնդող կազմակերպութիւնները: Անշուշտ, առաջին հերթին, ի մտի ունի Դաշնակցութիւնը:

Լիպարիտեան շատ կը սիրէ կրկնել Պիզմարքի յայտնի խօսքը «հնարաւորի արուեստին» մասին: Քաղաքականութիւնը, ըսած է միաւորուած Գերմանիոյ առաջին վարչապետը 1867-ին, հնարաւորի արուեստն է»: Այդ օրէն ի վեր այս խօսքը մտած է համաշխարհային շրջանառութեան մէջ եւ երկրէ երկիր ի վերջոյ դարձած` սնանկ բանավիճողներու ապաստանը: Քաղաքականութիւնը, պարոնա՛յք, հնարաւորի՜ն արուեստն է: Չէք տեսներ, թէ ձեզմէ որքա՜ն աւելի իմաստուն է զայն ըսողը: Իրականութեան մէջ, սակայն, «հնարաւոր»-ը, որպէս չափանիշ, մեծապէս յարաբերական իմացութիւն է: Ան դիւրաւ կրնայ ըլլալ պատրուակն ու գործամիջոցը` ծոյլերուն, անգործունակ մարդոց, պարտականութենէ փախուստ տուողներուն, անպարկեշտներուն: Հետեւաբար ան, որ կ՛ապաւինի այս խախուտ լոզունգին, պարտի նախ եւ առաջ յստակացնել «հնարաւոր»-ի իր չափանիշը: Իր սեմը: Արամ Մանուկեանի չափանիշը Սարդարապատն էր եւ Բաշ Ապարանը: Նժդեհի չափանիշն էր Սիւնիքը` որպէս հայ պետականութեան անքակտելի մաս: Անիրապա՞շտ էր Արամը: Ո՛չ, անիրապաշտ չէր: Փա՛ստ, որ ան գիտցաւ կանգ առնել այն կէտին վրայ, երբ կարեւոր էր կանգ առնել: Փա՛ստ, որ ան երկիրը չտարաւ ինքնասպանութեան: Ան երկիրը տարաւ յաղթանակի: Անիրապա՞շտ էր Նժդեհը: Պր. Լիպարիտեան լաւ կ՛ընէ, որ հնարաւորի դասեր չտայ մեր ժողովուրդին:

Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը հաստատել ուզողները մեծապետական ուժերն են: Ընդունիլ այդ իրավիճակը` առանց հարցադրութեան եւ առանց ինքնիշխանութեանդ չափորոշիչները սահմանելու եւ անոնց համար պայքար մղելու, իրապաշտութիւն չէ: Իմաստութիւն չէ: Խոհեմութիւն չէ: Ուշիմութիւն չէ: Ընդունիլ այդ իրավիճակը` դասալքութիւն է: Անպարտաճանաչութիւն է: Անազնւութիւն է: Ինքնասպանութիւն է:

15 դեկտեմբեր 2021

Նախորդը

Քեսապի Տային

Յաջորդը

Մարդը Աւելի Գերակշիռ Արժէք Է, Քան` Առեւտուրն Ու Ճամբաները

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?