Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները` Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն

Դեկտեմբեր 17, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան հետեւեալ խօսքերը ըսաւ. մէջբերումը` բառացի: «Ես հանդիպել եմ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան վերջերս, տարիներ չէին խօսել հետս, վերջերս ուզեցին խորհրդակցիլ, եւ Անվտանգութեան խորհրդին ասեցի` դուք սխալ էք անում, երբ ձեր դեսպանը Երեւանում յայտարարում է, որ սթաթուսը չէ լուծուած: Ասեցի` դուք ուզում էք հարցի մէջ մտնել, բայց չէք հասկանում` ի՞նչ կը նշանակէ. մենք խոցելի իշխանութիւններ ունենք, կ՛ուզեն մի բան գտնել ու կառչիլ, չէ՞. Ղարաբաղում եւ այստեղ. բայց դուք սխալ յոյսեր մի՛ տաք, որովհետեւ դուք ոչ մի ձեւով պիտի չպաշտպանէք անկախութեան պահանջը: Պահանջելո՞ւ էք. ո՛չ, պահանջելու չէք. եթէ չէք պահանջելու, զգուշ եղէք, թէ ինչպէ՛ս կը խօսիք»:

Այստեղ խնդիրը այն չէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Անվտանգութեան խորհուրդին հետ Լիպարիտեան վերսկսած է խորհրդակցութիւն ունենալ տարիներու առկախումէն ետք, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներու համապատասխան գերատեսչութեան իրաւունքն է իր քաղաքացիներէն այս կամ այն փորձագէտը հրաւիրել խորհրդակցութեան:

Ուշագրաւ են քանի մը այլ կէտեր:

Լիպարիտեան խորհուրդ տուած է Միացեալ Նահանգներու պետութեան համապատասխան պաշտօնեաներուն` կարգավիճակի մասին չխօսիլ: Աւելի՛ն, անոնց ուշադրութեան յանձնած է, որ իրենց դեսպանը սխալ կ՛ընէ, երբ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ կը կատարէ եւ անտեղի կը յուսադրէ հայկական կողմը:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը բնականաբար  յուսադրելու կամ չյուսադրելու մղումէն չէ, որ կը կատարէ իր յայտարարութիւնը: Հետեւաբար սխալ ըրած ըլլալու  մատնանշումը քաղաքականօրէն բաւական անհասկնալի կ՛ըլլայ ոչ միայն իր զրուցակիցներուն, այլ նաեւ նման յայտարարութեան հետեւողներուն համար:

Եթէ Միացեալ Նահանգներու պետական շահերէն կը բխի այդ մասին հրապարակային ձեւով արծարծելը եւ, օրինակի համար, ուղերձ յղելը, որ հարցին հանգուցալուծումը Անգարայի եւ Ռուսիոյ համատեղ համաձայնութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր, այդ պարագային յուսադրել -չյուսադրելը կամ հայկական կողմին համար ինչպէս ընկալելի դառնալը այնքան երկրորդական հարցի մը կը վերածուի, որ քաղաքականօրէն կրնայ նաեւ զարմանալի թուիլ Լիպարիտեանի մտահոգութիւն փոխանցելը: Դեռ չենք խօսիր ամերիկեան յայտարարութիւններուն մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկման նախադրեալներ բովանդակող այս մօտեցումին մասին:

Քաղաքականօրէն այլ նախնականութիւն մը կայ Լիպարիտեանի մօտեցումին մէջ: Սթաթուսը կամ կարգավիճակը, անկախութեան ճանաչումը պայմանաւորելը հեռու է առաջադրանքներու համատեղելիութենէն: Կարգավիճակը չի նշանակեր անկախութիւն կամ ինքնորոշման իրաւունքի իրացում: Կարգավիճակը վտանգաւոր բառ է այս պարագային, եւ պատահական չէ, որ Մոսկուան ու Ուաշինկթընը, որոնք կը ճանչնան Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կ՛օգտագործեն կարգավիճակ բառը: Մշակութային կամ այլ տիպի ինքնավարութիւնն ալ կարգավիճակ կ՛ենթադրէ. երկուքն ալ կապ չունին անկախութեան կամ ինքնորոշման միջազգային իրաւունքին հետ:

Եւ վերջապէս, որքան հարազատ կամ իրատեսական է Լիպարիտեանի թելադրանքը` «Զգուշ եղէք, թէ ի՛նչ կը խօսիք»: Նոյնիսկ եթէ այս յորդորը նոյն հարազատութեամբ չէ փոխանցուած ամերիկացի պաշտօնեաներուն եւ ներքին լսարանին համար կ՛օգտագործուի, ապա առաջին նախագահին խորհրդականը այդ պարագային եւս քաղաքական տրամաբանութեան վերաբերող հարցադրումներ կը ստեղծէ լսարանը յարգելու տեսակէտէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն զգուշացում թելադրելը, սխալ կ՛ընէք ըսելը, դաս տալը, թէ ի՛նչ պէտք չէ խօսին, դժուար մեկնաբանելի է: Միայն վերադաս պաշտօնեայ մը կրնայ նման ոճով եւ բառամթերքով թելադրանք կատարել:

Լիպարիտեանի զգուշացման այս կոչը եթէ հաշուի առնուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնեաներուն կողմէ, այդ պարագային  յուսադրելու կամ չյուսադրելու մտահոգութենէն անդին կ՛անցնին մեկնաբանութիւնները:

Բայց քաղաքականօրէն անհեռատեսական չէ, որ կարելի է ենթադրել, թէ կարգավիճակը խնդիրը պիտի շարունակեն արծարծել թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Ուաշինկթընը:

«Ա.»

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեանի, Մաքրոնի Եւ Ալիեւի Եռակողմանի Հանդիպումը

Յաջորդը

«Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաները Սկզբունքով Համաձայն Են Քորէական Պատերազմի Պաշտօնական Աւարտը Յայտարարելու» Կ՛ըսէ Հարաւային Քորէայի Նախագահը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?