Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի աշխատանքներուն վերսկսման ընթացքին եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց թատերախումբի բեմադրիչ Գալուստ Ներսիսեանի եւ օգնական Սիլվա Սողոմոնեանին հետ:
Գալուստ Ներսիսեան. Ծնած է 23 հոկտեմբեր 1990-ին, Երեւան: Փոքր տարիքին Քիեւ ապրած է, ապա տեղափոխուած` Երեւան, ուր մագիստրոսական աստիճանով աւարտած է Շարժապատկերի եւ թատրոնի պետական հիմնարկը եւ ուսանած` Ռուսիոյ մէջ, ուրկէ աւարտած է: Այժմ կ՛աշխատի Երեւանի շարժապատկերի թատրոնի պետական ուսումնարանին մէջ եւ բեմադրութիւններ կ՛ընէ Երեւանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Շնորհիւ երկար տարիներ Լիբանանի մէջ Համազգայինի հետ գործակցած հայրենի բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեանին, որուն հետ կ՛աշխատի Գալուստ Ներսիսեան Հայաստանի մէջ, ան յայտնեց, որ ասիկա սփիւռքեան իր առաջին փորձառութիւնն է:
«ԱԶԴԱԿ». – Անբնական կեանքի մը տագնապներէ ետք (համաճարակ, նաւահանգիստի պայթում, տնտեսական ծանր իրավիճակ) Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկանի վերամուտն է արդէն: Խնդրեմ` արագ անդրադարձ մը կատարէք, թէ անցնող օրերուն ինչպէ՞ս էր պատանի-պատասխանատու-ղեկավար կապը, եւ այսօրուան վերամուտը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի:
ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ.- Լիբանանի մէջ հաստատուած մէկ տարուան արգելափակման ընթացքին մենք կապ պահեցինք «Արեգ» թատերախումբին հետ, որպէսզի պատանիները դպրոցներէ ու ակումբներէ հեռու ըլլալով` հեռու չմնային նաեւ թատրոնի ու մշակոյթի մթնոլորտէն: Բեմադրեցինք` «Բարեկենդանը» (փետրուարին) եւ «Գաթային գաղտնիքը» (Զատիկին): Ոմանք կրցան տուներու մէջ հաւաքուիլ ու այնտեղ նկարեցին, մինչդեռ ուրիշներուն փողոցը կրցանք նկարել:
Հիմա վերամուտ է, եւ մէկուկէս ամիս է արդէն մենք սկսած ենք փորձերու, ու մեր թիւը հասած է 20-ի: Ունինք երկու խմբակներ` տարիքային բաժանումով. մէկը 5-8 տարեկան, իսկ միւսը` 10-15:
Թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ, եւ փորձերը արդէն տեղի կ՛ունենան:
Որպէս աշխատանք` «Արեգ» թատերախումբին մէջ դասընթացքներ ու վարժութիւններ կ՛ընենք: Պատանիներն ու երեխաները կ՛ունենան թատրոնի պատմութեան, մարմնային լեզուի ու դէմքի արտայայտութեան մասին վարժութիւններ, ինչպէս նաեւ երբեմն իրենք կը գրեն թատրոնի նիւթեր:
«Ա.».- Նորեկներ կա՞ն, թէ՞ հին խումբի անդամներն են, որոնք աշխատանքը կը շարունակեն:
Ս. Ս.- Նորեկներու թիւը գերակշռող է, բայց հին անդամներու թիւն ալ քիչ չէ:
«Ա.». – Թատրոնը ընդհանրապէս մարդու եւ մասնաւորապէս փոքրիկներու կեանքին մէջ որքա՞ն կարեւոր է: Ինչո՞ւ պէտք է քաջալերել մանուկներն ու պատանիները` թատրոն գալու:
ԳԱԼՈՒՍՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ.– Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ թատրոնը շատ կարեւոր կառոյց է մարդու կեանքին մէջ: Ի զուր չէ ըսուած. «Եթէ կայ ազգ, պէտք է ըլլայ թատրոն: Եթէ չկայ թատրոն, չկայ ազգ: Եթէ ազգ չկայ, չկայ թատրոն»: Ինչ կը վերաբերի երեխաներուն` բնականաբար շատ կարեւոր է, քանզի երեխաներու բարոյահոգեբանական դաստիարակութեան գործին մէջ շատ կարեւոր ներդրում ունի, որովհետեւ թատրոնը այն արուեստներէն է, որոնք բազմաբովանդակ ժանրեր ունին: Այնտեղ կան երգը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, գեղագիտութիւնը եւ ամենակարեւորը` մթնոլորտը: Այս բազմաբովանդակութեան արուեստին մէջ, երեխաները ինքնաճանաչման կ՛երթան, կը խօսին, կ՛արտայայտուին, եւ այդ մէկը բնականաբար շատ կարեւոր է:
«Ա.».- Այս տարի եկած էք խումբը մարզելու. թատերական ներկայացումով մը լիբանանահայ բեմ բարձրանալու ծրագիրներ ունի՞ք:
Ս. Ս.- Մեր կատարած թատերական փորձերէն անկախ` մենք հրաւիրեցինք հայրենի արուեստագէտ Գալուստ Ներսիսեանը` որպէս բեմադրիչ, իսկ ես օգնական բեմադրիչի պաշտօնն ու պարտականութիւնը ստանձնեցի իր բացակայութեան: Ան պիտի ընտրէ դերասաններն ու նիւթերը, պիտի բաժնէ դերերը, եւ իմ պարտականութիւնս պիտի ըլլայ պատանիներուն մարզելը: Երբ անոնք պատրաստ ըլլան ներկայացումի, յայնժամ արուեստագէտը պիտի յղկէ խմբակը, եւ պիտի անցնինք բեմականացման` մայիսի աւարտին:
Գ. Ն.- Ես կարճ ժամանակով այստեղ կը գտնուիմ: Մենք ընտրած ենք արդէն նիւթը եւ կը տանինք նախապատրաստական աշխատանք: Հիմնական աշխատանքը կը կատարէ Սիլվա Սողոմոնեանը:
Ընտրած ենք Աթաբէկ Խնկոյեանի «Առակներ»-ը: Ընտրած ենք անոնցմէ 11 առակներ, զորս պիտի վերածենք արեւմտահայերէնի եւ երեխաներուն պիտի ծանօթացնենք առակագրութեան, որ իր մէջ ուսուցողական պատգամ ունի: Այդ առակներուն շնորհիւ, կենդանիներուն միջոցով մենք պիտի տեսնենք մարդը` երեխաներու կատարողութեամբ:
«Ա.».- Ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս, երեխաներու խանդավառութենէն օրինակներ կարելի՞ է յիշել:
Ս. Ս.- Իւրաքանչիւր երեխայ ունի յատկութիւններ, զորս պէտք է յայտնաբերել: Եթէ մէկը ամչկոտ է ու մասնակցութիւն չի բերեր, պէտք չէ վերջնական վճռել, որ ան չի կրնար մաս կազմել: Երբ գայ օրը, թերեւս ան ոգեւորուի եւ մաս կազմէ, որովհետեւ, ինչպէս ըսաւ պարոն Գալուստը, թատրոնը կը ներառէ բազմատեսակ արուեստներ եւ ան թերեւս անոնցմէ մէկը կը սիրէ ու կը սպասէ պարզապէս իր ժամանակին: Պէտք է թատրոն մտնելու առիթ տրուի իրեն, եւ ինք այդ բոլորին մասնակցելով է, որ կարելիութիւն կ՛ունենայ իր ձիրքերը եւ հետաքրքրութիւնները բացայայտելու:
«Ա.».- Երբեմն մարդիկ կ՛ըսեն` «Այս անձը տաղանդաւոր չէ, պէտք չէ երթայ», ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:
Գ. Ն.- Հայ ազգը այն եզակի ազգերէն է, որ իր մէջ բազմաբովանդակ տաղանդներ կը պարունակէ: Իւրաքանչիւր երեխայ ունի իր իւրայատկութիւնը: Ան բնականաբար ազդեցութիւններ կը կրէ: Առիթ ունեցած եմ դպրոցներ այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու անոնց: Բոլորը աշխուժ էին եւ հետաքրքրուած` թատրոնով: Այդ մէկը կը վկայէ, որ երեխաներու մէջ միշտ կայ անկիւն մը, որ արուեստով լեցուն է, եւ թատրոնը կ՛օգնէ այդ մէկը բացայայտելու: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակը կ՛ուղղեն հայ թատրոն: Թատրոնը վերիվայրումներու բեմ մըն է, որ զգացումներու հոյլ մը կը պարփակէ իր մէջ: Տիկին Սիլվան աջալուրջ եւ զգուշ աշխատանք կը տանի այս բոլորը մշակելու մէջ:
Թատերախումբի երեխաներուն հետ առաջին հանդիպման ոմանք կ՛ամչնային մեր առաջին տեսակցութիւնը ըլլալու պատճառով: Փորձեցինք ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը, ու յանկարծ բոլորը սկսան արտայայտուիլ, մասնակցութիւն բերել եւ հարցադրումներ ուղղել: Այս մէկը կը վկայէ այն իրականութիւնը, որ ազգը բնատուր տաղանդ ունի իր հոգիին մէջ, եւ բնականաբար թատրոնը այն վայրն է, ուր հոգին կը կրթուի, կը դաստիարակուի, եւ կը բարիանայ:
Անկայուն իրավիճակի մը մէջ կ՛ապրինք, իսկ երեխաները այդ մէկը կը տեսնեն, կը լսեն ու կը զգան եւ վատ ու նիւթական միջավայրի մը մէջ հասակ կ՛առնեն: Թատրոնը այն վայրն է, ուր հեռու կը մնայ այն բոլորէն ու զրոյցի կը մտնէ իր հոգիին հետ:
Ս. Ս.- Փոքրիկները կը տեսնեն մեր եւ երկրին վիճակը, կը զգան մեր հեւքը, եւ իրենց փախուստը այդ բոլորէն` կ՛ըլլայ իրենց հեռաձայնները եւ այփատները: Դիմելով թատրոնին` կարելի է զանոնք անջատել այդ աշխարհէն եւ «բուժում»-ի մը հասնիլ: Արուեստի աշխարհը կը նրբացնէ իրենց ճաշակը, կը կրթէ հոգին եւ կը բարեփոխէ իրենց վարուելակերպը:
«Ա.».- Հայկական միջավայրը ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի թատերախումբէն ներս եւ անոր աշխատանքներու ընդմէջէն:
Ս. Ս.- Պարոն Գալուստին առաջին տպաւորութիւնը եղաւ գաղութի մէջ տիրող հայրենասիրութիւնը, եւ այդ մէկը բնականաբար կու գայ մեր հայրենիքի կարօտէն:
Համազգայինը իր դերակատարութիւնը ունի հայապահպանման առաքելութեան մէջ, եւ այդ մէկը կը սկսի մանուկ հասակէն, որովհետեւ իրենք են վաղուան երիտասարդներն ու ղեկավարները: Այդ գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ բնական ձեւով եւ ոչ` բռնազբօսիկ ձեւով:
Ոչ հայկական դպրոցներ յաճախող բազմաթիւ աշակերտներ Համազգային կու գան արուեստի հետեւելու: Անոնք այստեղ կը վայելեն հայկական մթնոլորտը, կ՛ունենան հայ ընկերներ եւ մօտէն կը ծանօթանան հայ արուեստին:
Որպէս օրինակ` առնենք այսօրուան տարած մեր աշխատանքը: Փոքրիկները թերեւս ծանօթ են առակին, բայց հայերէնին ընդմէջէն անոնց կը ծանօթանան այստեղ: Առակը խորհրդաւոր գրականութեան տեսակ մըն է: Անոր հերոսները, ընդհանրապէս կենդանիները, մօտ են մանկական աշխարհին: Երեխան առակներէն անուղղակիօրէն եւ աւելի դիւրաւ կ’ընդունի այնտեղ տրուած դասերը:
Գ. Ն.- Շատ տպաւորուած եմ Լիբանանով եւ այստեղ ապրող լիբանանահայութեամբ, որ հայութեան անբաժան մէկ մասնիկն է: Բացառիկ երեւոյթ է այստեղ ապրող հայրենակիցներու հայրենասիրութիւնը տեսնել առ հայրենիք: Մարդիկ այստեղ օրն ի բուն կ՛աշխատին յանուն հայ գաղափարներու: Շնորհակալութիւն` Համազգայինի ընտանիքին, որ իր մօտ կը պահէ, կը մտերմացնէ եւ կ՛եղբայրացնէ գաղութի զաւակները: Այսօր ես կը տեսնեմ, որ Համազգայինի նախկին սաները դարձած են աշխատակիցներ եւ կը շարունակեն հայապահպանման դժուարին գործը, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մաս կը կազմեմ այս ընտանիքին` այս բարդ գործն իրականացնելու համար:
«Ա.».- Նոր անդամներ հիմա կրնա՞ն միանալ: Դերաբաշխման աշխատանքը ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ չընտրուողներու իրավիճակը:
Գ. Ն.- Այո՛, կ՛ընդունինք նոր անդամներ: Իսկ ինչ կը վերաբերի դերաբաշխման աշխատանքին, ցաւ է ինծի համար, որ պիտի չկարենանք բոլորը ընտրել, թէեւ բոլորն ալ տաղանդաւոր են ու տալիք ունին, բայցեւայնպէս, ինչպէս բոլորը գիտեն, այս տեսակի արուեստին մէջ կարելի չէ մեծ տարողութեամբ դերակատարներ ներգրաւել:
Ս. Ս.- Չընտրուողները «Արեգ» թատերախումբի դպրոցի վարժութիւններուն պիտի հետեւին ու ներկայացումներ պիտի պատրաստեն ծնողներու ներկայութեամբ, սակայն պարոն Գալուստին աշխատանքը աւելի մասնագիտական է ու բեմականացումի բծախնդրութեան կը տանի, ուր պէտք են պատանիներէն ու երեխաներէն ամենատաղանդաւորներու ընտրանին: Աւելի ճիշդ` անոնք, որոնք համապատասխան են դերերուն: