Ակնարկ. Ուքրանիան` Չինաստանի Յարաբերակցութեամբ Եւ Մինչեւ Արցախի Ճանաչումի Սպառնալիքը
Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչումը բեկումնային կարեւոր քայլ կարելի է նկատել այսօրուան աշխարհակարգին մէջ բեկումնային փոփոխութիւն բերելու առումով: Կանուխ է սակայն հաստատելը, որ առաջադրուած նոր առանցքը անպայման կը կայանայ: Իրադարձութիւնները անհրաժեշտ է դիտարկել Չինաստանի յարաբերակցութեամբ: Ուաշինկթընը մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, որ իր գլխաւոր հակառակորդն ու մրցակիցը Չինաստանն է, որ առ այսօր տնտեսական գերակայ բեւեռ է....




















