Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 22, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Որեւէ Մէկ Բան` Խուսափելու Համար
-Մէկ Տարեկանին Երկար Ժամանակ Պաստառի Դիմաց Նստիլը Կրնայ Մեծցնել Մենախտի (Օթիզմ) Վտանգը Երկու Տարիէն

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Որեւէ Մէկ Բան` Խուսափելու Համար

Մեր նախնիները ամէն ինչ կը փորձէին յղութիւնը կանխելու համար, կենդանիներու կեղտերէ եւ թունաւոր խմիչքներէ սկսած` մինչեւ կիտրոնազգի պտուղներ եւ փայտէ փականներ: Ժամանակակից բժշկագիտութիւնը մեզի տուած է դեղահատերն ու կպչուկները (patch), սակայն անցեալին զոյգերը կը դիմէին յղանալու դէմ պայքարի շատ աւելի անսովոր ձեւերու:

Սնդիկ

Մետաղ հագուիլը կամ դնելը մարմնի վրայ կրնայ նեղութիւն տալ անձին, բայց զայն խմելը ուղղակի վտանգաւոր է: Հազարաւոր տարիներ առաջ որոշ չին կիներ հեղուկ կապար (lead) եւ սնդիկ (mercury) կը խմէին` որպէս հակաբեղմնաւորիչ միջոց: Այդ երկուքը ունէին ահռելի կողմնակի ազդեցութիւններ, ինչպիսիք են` անբերրիութիւնը (sterility), երիկամներու անկումը (kidney failure), ուղեղային վնասը եւ նոյնիսկ մահը:

Տաք ջուրի մէջ

2-րդ դարու յոյն կնախտաբան Սորանոսը իսկապէս սխալած էր: Ան կիներուն կը թելադրէր, որ սեռային յարաբերութենէ ետք եօթը անգամ կռնակի վրայ ցատկեն այն ջուրին մէջ, զոր դարբինները կ՛օգտագործէին մետաղը սառեցնելու համար, ինչպէս նաեւ` խմել այդ ջուրէն: Հին Չինաստանէն ան չէ՞ր սորված մետաղներու թունաւորման մասին:

Այնուհետեւ, տակաւին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ, որոշ կիներ կամաւոր աշխատեցան կապարի գործարաններու մէջ` ստերջ դառնալու յոյսով:

Ապահովիչը

Ապահովիչի (condom) մասին առաջին յիշատակումը ՔԱ 3000 թուականին էր: Երբ Կրետէի (Crete) թագաւոր Մինոսը (Հոմերոսի «Իլիական»-էն) օգտագործեց այծի միզապարկը, որպէսզի պաշտպանէ իր կնոջ սերմնաբջիջը «օձերէն եւ կարիճներէն»: Դարերու ընթացքին մարդիկ օգտագործած են նաեւ հիւսուած կտորներ, ոչխարի աղիքներ եւ ձկան միզապարկեր:

«Քոլա»-ի թիթեղէ տուփը

Անցեալին որոշ կիներ «Քոլա»-ի թիթեղէ տուփերը կը բանային այլ տեսակի թարմացման համար: Իսկ 1985 թուականին Հարվըրտի հետազօտողները յայտնեցին, որ կազաւորուած ըմպելիքը կը սպաննէ որոշ սերմնաբջիջներ տարրալուծարանի փորձանօթներուն մէջ: Ամենաարդիւնաւէտը Diet Cola-ն էր: Հետագայ ուսումնասիրութիւնները սակայն չեն կրցած ապացուցել այս բացայայտումները:

Կախարդութիւնը

Երբ ամէն ինչ չյաջողի, ինչո՞ւ քիչ մը հաւատք չունենալ կախարդութիւններու եւ «դեղաջուր»-երու (potion) վրայ: Թերեւս հիմա ծիծաղելի թուի, բայց միջնադարեան շրջանին որոշ մարդիկ կը կրէին յուռութներ (amulet)` պատրաստուած ջորիի ականջի մոմէ, աքիսի ամորձիքներէ (Weasel՛s testicles) եւ սեւ կատուի աջ կողմէն առնուած ոսկորէ:

«Անցարգելներ»

Diaphragm-էն (Diaphragm) (1) շատ առաջ որոշ կիներ կոպիտ սերմնաբջիջներու անցարգելներ կը պատրաստէին տարօրինակ նիւթերով.

  • Հին հնդիկներն ու եգիպտացիները կ՛օգտագործէին կոկորդիլոսներու եւ փիղերու նման «առեղծուածային» կենդանիներու կեղտը: Եւ անոնց բարձր թթուութեան շնորհիւ` երբեմն կը յաջողէին:
  • Ափրիկէցիները խոտերէ կամ կտորէ փականներ կը պատրաստէին:
  • Ճափոնցի մարմնավաճառները կ՛օգտագործէին հնդկեղէգը (bamboo):
  • Իսլամ եւ յոյն կիներ կը գործածէին բուրդը:
  • Սլաւոնները կ՛օգտագործէին ճերմակեղէնի լաթեր:
  • Հրեայ կիներ մետաքսով կը փաթթէին ծովային սպունգը, կը թաթխէին զայն քացախի մէջ, թել կը կապէին անոր վրայ եւ կը գործածէին զայն որպէս փականք: Այդ մէկը բաւական արդիւնաւէտ է եւ դեռ կ’օգտագործուի ցայսօր:

Կիտրոնը

Կ՛ըսուի, որ առասպելական Քազանովան իր սիրահարներէն կը խնդրէր օգտագործել կիտրոնի հիւթը, որովհետեւ անոր թթուութեան բարձր աստիճանը կրնար սպաննել սերմնաբջիջը:

Մայրութիւնը` ընդդէմ մայր բնութեան

Յղութեան վերահսկման առաջին դեղագիրներէն մէկը եղած է պրտաթուղթի (papyrus) վրայ ՔԱ. 1550 թուականին, Եգիպտոսի մէջ: Ան կը պարունակէ խցակ (tampon)` պատրաստուած սերմերու բուրդէ, որ թաթխուած է արմաւի ու մեղրի մէջ:

(1) Diaphragm- հակաբեղմնաւորիչ միջոց է, որ չափաւոր արդիւնաւէտութիւն ունի: Կը դրուի արգանդի վզիկին վրայ` սեռային յարաբերութենէն առաջ եւ կը ձգուի այնտեղ յարաբերութենէն ետք առնուազն վեց ժամ: Սովորաբար մասնագէտի կողմէ տեղադրում կը պահանջուի:

Աղբիւր` WebMD

Մէկ Տարեկանին Երկար Ժամանակ
Պաստառի Դիմաց Նստիլը Կրնայ Մեծցնել
Մենախտի (Օթիզմ) Վտանգը Երկու Տարիէն

Հիմնուած աւելի քան 80.000 երեխաներու տուեալներուն վրայ, մինչեւ մէկ տարեկան ըլլալը, այն տղաքը, որոնք օրական առնուազն 2 ժամ կը նստին պաստառի (screen) դիմաց, զգալիօրէն աւելի հաւանական է, որ 3 տարեկանին ունենան մենախտի խանգարում (ASD):

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկեան մանկաբուժութեան ակադեմիան կը յանձնարարեն մինչեւ 1 տարեկան եւ 18 ամսական նորածիններուն պաստառի ժամանակ (screen time) չտալ, այս մէկը կը թելադրեն Եամանաշի համալսարանի դասախօս, դոկտոր Մեկումի Քուշիման եւ իր գործընկերները, «Ճափոնի շրջակայ միջավայրի եւ երեխաներու ուսումնասիրութեան» խումբի անունով:

Հետազօտողները կ՛ըսեն, թէ որքանով պաստառի ժամանակի տեւողութիւնը պզտիկ տարիքին կապուած է ASD-ի հետագայ ախտորոշման հետ: Շարունակուող «Քորոնա» համաճարակը ամբողջ աշխարհին մէջ աւելի յաճախ դարձուցած է պաստառի վրայ երկար ժամանակ անցընելու երեւոյթը: Բան մը, որ երեխաներու առողջութեան վրայ անոր ազդեցութեան ուսումնասիրութիւնը կը դարձնէ հանրային առողջութեան կարեւոր խնդիր:

JAMA Pediatrics-ի մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ հետազօտողները յղի կիներու տուեալներ հաւաքած են 2011-է 2014 թուականներուն. տուեալները վերլուծումի ենթարկուած են 2020 թուականի դեկտեմբերին: Ուսումնասիրութեան վերջնական մասնակիցներուն թիւը կը կազմէր 84.030 մայր-երեխայ զոյգ:

Հետազօտողները նշած են, որ 3 տարեկանին պաստառին դիմաց ժամանակ անցընելը կապ չէ ունեցած 3 տարեկանին ASD-ի ախտորոշման հետ, հաւանաբար որովհետեւ ուղեղի զարգացման վրայ շրջակայ միջավայրի գործօններու հետ կապը կը փոխուի տարիքի հետ:

Հետազօտութեան արդիւնքները սահմանափակուած են քանի մը գործօններով, որոնց կարգին է պաստառի ժամանակի մասին ծնողներու անկեղծութիւնը: Այլ գործօններէն էին 3 տարուան ընթացքին ASD-ի չախտորոշուած թեթեւ պարագաները, երեխաներու միջավայրը, կենսապայմանները, հիւանդութիւնները եւ ծինական ազդեցութիւնը:

«Այնուամենայնիւ, արդիւնքները ամրապնդուած են հետազօտութեան մեծ թիւով եւ կանուխ մանկութեան ժամանակ «պաստառի ժամանակի» ուսումնասիրութեամբ», կ՛ըսեն հետազօտողները: Լրացուցիչ հետազօտութիւններ անհրաժեշտ են ուսումնասիրելու համար այլ գործօններ, որոնք կապ կրնան ունենալ ASD-ի եւ պաստառի ժամանակի միջեւ, նաեւ` հաշուի առնելով երեխաներու մօտ սարքերու օրըստօրէ աճող օգտագործումը:

Ուժեղ ուսումնասիրութիւն, սակայն կան որոշ բացեր

«Ուսումնասիրութիւնը բազմաթիւ առումներով ուժեղ է», հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, մանկաբուժ Քարալին Քինսելլա:

Ծնողները կրնան աւելի շատ հակում ունենալ պաստառի ժամանակ տրամադրելու` վարքագծային դժուարութիւններ ունեցող երեխաները հանգստացնելու որպէս միջոց: «Ծնողները կրնան նաեւ զգալ ու տեսնել, որ իրենց երեխաները աւելի երջանիկ կ՛ըլլան, երբ սարքերու հետ են, ուստի կրնան աւելի յարմար նկատել պաստառի դիմաց նստիլը: Այնուամենայնիւ, մենք գիտենք, որ պաստառի դիմաց երկար ժամանակ նստիլը լաւ չէ ուղեղի բնականոն աճման համար: Մտահոգ եմ, որ այս հետազօտութեան հաղորդագրութիւնը կը յայտնաբերէ, որ պաստառի ժամանակը մենախտ կը յառաջացնէ յատկապէս տղոց մօտ:

«Ես կ՛ուզէի գիտնալ զաւակը պաստառի դիմաց ձգելու պատճառը այն ծնողներէն, որոնք աւելի շատ ժամանակ կը ձգէին իրենց զաւակները,- ըսաւ Քինսելլա: Արդեօ՞ք այդ մէկը կ՛ընէին, որովհետեւ երեխային հետ վերաբերիլը դժուար էր` նկատի առած անոր վարքագիծը, թէ՞ այն պատճառով, որ այդ մէկը միակ տեղն էր, ուր անոնք բաւարարուած կը զգային: Այսպիսով, հետազօտութեան արդիւնքները «կը յիշեցնեն մեզ, որ ընտանիքներուն յանձնարարենք պաստառի ժամանակի նուազեցում` յատկապէս համաճարակի այս ժամանակաշրջանին: Երեխաները տան մէջ այսօր շատ աւելի երկար ժամանակ կը մնան, քան` սովորական օրերուն: Բան մը, որ ի վերջոյ կը յանգի պաստառի դիմաց շատ աւելի երկար ժամեր անցընելու»:

Աղբիւր` Մետսքէյփ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Փետրուար 2022)

Յաջորդը

Կովկասեան Թատերաբեմը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Դաշտ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?