Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահազանգը

Փետրուար 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 21 փետրուարին, Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն ետք, պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին «Լուկանսքի եւ Տոնեցքի` իբրեւ Ուքրանիայէն անկախ հանրապետութիւններ Ռուսիոյ ճանաչումը» յայտարարեց, ինչպէս նաեւ Տումայէն պահանջեց անմիջապէս ճանչնալ այդ հանրապետութիւններուն անկախութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը իր ուղերձին ընթացքին ուշադրութեան արժանի մէկ այլ յայտարարութիւն մըն ալ կատարեց. «Խորհրդային Միութեան պետութիւններուն միութենէն դուրս գալու իրաւունք տալը մեծ սխալ մըն էր», ըսաւ ան:

Մատնանշում մը, որ ո՛չ միայն Փութինի խոր համոզումն ու կարծիքը կ՛արտայայտէ, այլ նաեւ` այդ «մեծ սխալը» սրբագրելու անոր ձգտումը, ինչ որ մտածել կու տայ, որ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի անկախութեան ճանաչումը առաջին քայլն է: Անոնց անկախութիւնը միջանկեալ կարգավիճակ մըն է: Որոշ ժամանակ ետք կարելի է նախատեսել, որ անոնք, Խրիմի օրինակին հետեւելով, հանրաքուէի մը ճամբով պիտի միանան Ռուսիոյ:

Միւս կողմէ` Ռուսիան նաեւ ճանչցած է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները, այդ ալ` շատոնց, սակայն տակաւին զանոնք իրեն չէ կցած, թէեւ մերթ ընդ մերթ Հարաւային Օսեթիայէն Հիւսիսային Օսեթիոյ միանալու կոչեր կը հնչեն: Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ներկայ միջանկեալ կարգավիճակը կրնայ նոյնքան երկարատեւ չըլլալ:

Փութինի վերոնշեալ յայտարարութիւնը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն համար ահազանգի մը հնչեղութիւնն ունի, մանաւանդ որ կը յաջորդէ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին 4 փետրուարին «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանէն ռուս լրագրող Վլատիմիր Սոլովիեւի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութեան: Արդարեւ, ան խօսելով Ռուսիա-Պիելոռուսիա միութենական պետութեան մասին` ըսած էր. «Պիելոռուսիան արդէն այնտեղ է: Կը կարծեմ` Ղազախստանի համար լաւ դաս էր: Եթէ կ՛ըսէք, ժամկէտը 15 տարի է, վստահ եմ, որ Ուքրանիան հոն պիտի ըլլայ, եթէ սխալներ չգործենք: Իսկ մնացածը` ըստ պարագիծի… այդ հզօրութեան միաւորման աւարտէն ետք, կամ միաւորման ընթացքին… իրենք ո՞ւր պիտի յայտնուին: Հայաստանը փախչելու տեղ չունի… ի՞նչ է, կը կարծէք անոնք մէկու մը պէ՞տք են… իրենք արդէն տեսած են, Նիկոլ Վովայեւիչը ատիկա արդէն տեսած է»:

Շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին կատարուած այդ իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւնները Փութին-Լուքաշենքօ համախոհութեան մասին կը վկայեն եւ կը յիշեցնեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի խօսքը. վերջինս 6 դեկտեմբեր 2012-ին Տապլինի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին  Եւրասիոյ մէջ տնտեսական համարկում ջատագովելու Մոսկուայի ջանքերը կոչած էր «շրջանը վերասովետականացնելու քայլ մը»` աւելցնելով. «Այդպէս պիտի չկոչուի: Մաքսային միութիւն պիտի կոչուի, Եւրասիական միութիւն պիտի կոչուի եւ այդպիսի բան մը: Սակայն այդ գծով չսխալինք: Մենք գիտենք` նպատակը ի՛նչ է եւ կը փորձենք ազդու ձեւեր գտնել այս մէկը դանդաղեցնելու կամ կանխարգիլելու համար»:

Թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքին եւ ռուսական ձգտումները, ինչպէս նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար չմտահոգել Հայաստանի գերիշխանութեան նկատմամբ նախանձախնդիր եղողները, մանաւանդ որ այս բոլորը կը յիշեցնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջալոյսի տարիները:

Միւս կողմէ` Լուկանսքի եւ Տոնեցքի հարցով հետագայ զարգացումները կրնան ուսանելի ըլլալ Արցախի հիմնախնդիրին համար: Լուկանսքի եւ Տոնեցքի քաղաքացիներուն նման` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան ալ ռուսական քաղաքացիութեան շնորհումը կրնայ ամրապնդել հանրապետութեան անվտանգութիւնը, որովհետեւ այդ քայլը Ռուսիոյ կը շնորհէ իր քաղաքացիները պաշտպանելու պատրուակն ու պարտաւորութիւնը, սակայն արդեօ՞ք այդ մէկը Ռուսիոյ կողմէ Արցախի ճանաչման պիտի յանգեցնէ, թէ՞ անկէ ետք կամ նոյնիսկ առանց այդ միջանկեալ կարգավիճակին զայն ուղղակի Ռուսիոյ կցման պիտի յանգեցնէ:

 

 

Նախորդը

«Զարմանազան» 2022

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկու Ժամանակ, Մէկ Իրականութիւն, Մէկ Դաս

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?