Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնի Ուղղագրութեան Եւ Կէտադրութեան Նուիրուած Նոր Հատոր Մը

Փետրուար 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) ուրախ է յայտարարելու, որ իր խրախուսանքով ու հովանաւորութեամբ Հալէպի մէջ լոյս ընծայուեցաւ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած հանրամատչելի նոր ուղեցոյց մը:

Նորատիպ հատորը, որ 156 էջ է, կը կրէ «Գրականաշունչ պտոյտ` այբուբենի տառերուն հետ» խորագիրը: Գիրքին հեղինակն է հալէպահայ ծանօթ գրող, մամլոյ աշխատակից ու կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան:

Հատորը իր բնոյթով թէեւ գերազանցապէս քերականական գործ մը կը նկատուի, սակայն գրի առնուած է դիւրամատչելի լեզուով ու կրնայ ընթերցանութեան գիրքի մը պէս հազասահ կարդացուիլ` իր մայրենի լեզուն բարելաւելու եւ անոր ուղղագրական կանոններուն ծանօթանալու ցանկութիւն ունեցող ամէն տարիքի հայորդիի կողմէ: Սակայն անիկա մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլայ սփիւռքահայ վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն եւ հայագիտական հիմնարկներու ուսանողներուն:

Հատորին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ ծանօթ քերականագէտ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: Ան նկատել կու տայ, որ` «Ներկայ հաւաքածոն առաջին ակնարկով  կը թուի ըլլալ ուղղագրական մէկ սեղմ ուղեցոյցը արեւմտահայերէնի ամենայաճախուած ու երբեմն  անյաղթահարելի թուող սխալներուն, սակայն հազիւ քանի մը էջ խորացած` ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, որ ուղղագրական կարեւոր գիտելիք մը իւրացնելու կողքին` վերահասու դարձաւ նաեւ գրական, պատմական, մշակութային բազմաթիւ գիտելիքներու, որոնց այլապէս դժուար թէ առիթը ունենար այսպէս ընտրովի ու համատեղ հանդիպելու, եւ ան ամէն քայլին պիտի վարձատրուի գեղեցիկ գիւտով մը ու խելացի առաջարկով մը»:

Իսկ հատորին հեղինակը իր նախաբանին մէջ կը բացատրէ, թէ այս գործին ձեռնարկեց, որովհետեւ ուսուցչական իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին մի՛շտ ցաւով կ՛անդրադառնար, թէ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու շրջանաւարտութեան թեկնածուները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իրենց մայրենի լեզուն անթերի ուղղագրութեամբ գրելու անկարող եղած էին…

Ճիշդ այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով` Շառոյեան ձեռնարկած է սոյն աշխատասիրութեան պատրաստութեան: Ան հմտօրէն սեւեռումի ենթարկած է հայոց այբուբենէն 21 տառեր` իրենց յարուցած ուղղագրական բարդութիւններով: Այս  երկու տասնեակ տառերը, զոյգ առ զոյգ վերցուած, այբուբենի այն գիրերն են, որոնք ուղղագրական համակարգին մէջ նմանահնչիւն են. բաղաձայններէն` Բ-Փ, Գ-Ք, Դ-Թ, Հ-Յ, Ձ-Ց, Չ-Ջ, Ռ-Ր, Վ-Ւ, իսկ ձայնաւորներէն` Ե-Է եւ Ո-Օ, որոնց վրայ իբրեւ 21-րդ տառ կ՛աւելնայ «Ը» գիրը, որ շփոթի առարկայ կը դառնայ իր ստուերին` «սուղ ըթ»-ին սարքած խաղերուն պատճառաւ… Ուրեմն, գործին հիմնական նպատակն է կարելի եղած չափով դարմանել մեր ուղղագրական սխալները եւ ուղիներ ցոյց տալ` յաղթահարելու համար նմանահնչիւն տառերէն ծնունդ առնող ուղղագրական դժուարութիւնները:

Նորատիպ գիրքը միայն ուղղագրական ուղեցոյց չէ սակայն: Անիկա ունի երկու այլ երեսներ եւս:

Նախ` բառագիտութիւն: Հեղինակը, մասնակի կերպով, բազմաթիւ նմանահնչիւն բառերու վրայ հակելով իր գլուխը, կը վերծանէ կամ կը ստուգաբանէ զանոնք` ցոյց տալով հայերէն բառերու կազմութեան գաղտնիքները: Ան շատ հետաքրքրական գիւտերու դէմ յանդիման կը թողու իր ընթերցողները:

Յետոյ` կէտադրութիւն: Այս ալ ուրի՛շ խոցելի կէտ մըն է մեր դպրոցականներուն մօտ, որովհետեւ բաւարար չափով կամ կարեւորութեամբ չ՛ուսուցուիր մեր վարժարաններուն մէջ: Գիրքը շուրջ 20 էջ յատկացուցած է հայերէնի կէտադրական նշաններուն` մանրամասն բացատրելով իւրաքանչիւր նշանի գործածութեան օրէնքներն ու ոլորտները եւ բոլորին համար տալով բազմաթիւ տպաւորիչ օրինակներ:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ իր մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ու տեւաբար կանգնած է հայ դպրոցին ու հայ ուսանողին կողքին, կը հաւատայ, որ քերականութեան նորատիպ այս գիրքով նպաստած կ՛ըլլայ արեւմտահայերէնի վերածաղկումին ու կենսունակութեան եւ օգտակար գործիք մը դրած կ՛ըլլայ մեր հայախօս ու հայագիր հանրութեան ձեռքը:

Փըրեմըս, Նիւ Ճըրզի

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշակութասպան Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Ռուս Ռազմավարական Գործընկերոջ Համար «Կանխատեսելի Ըլլալու» Զարմանալի Նախանձախնդրութիւնը Բացարձակ Կախուածութեան Պայմաններուն Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?