Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Անդամ Նանի Գալուստեանի Հետ Հարցազրոյց` Արցախի Պատանեկան Ճամբարի Գործուղման Մասին

Փետրուար 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ»

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ԼԵՄ-ական Նանի Գալուստեանին հետ, որ անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ճամբար կազմակերպելու կարեւորութեան եւ նպատակին` մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն: Ան իբրեւ ԼԵՄ-ական ճամբարի մասնակցեցաւ յունիս-յուլիս 2021¬ին:

«ՌԱԶՄԻԿ».- Ո՞վ կազմակերպած է այս նախաձեռնութիւնը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

ՆԱՆԻ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Ճամբարները ընդհանրապէս կը կազմակերպուին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին ջանքերով: Անոնց նպատակն է յետպատերազմեան շրջանին Արցախի պատանիներուն յոյս ներշնչել եւ յայտնել, որ իրենք մինակ չեն, այլ սփիւռքի երիտասարդութիւնը իրենց կողքին է, ինչպէս նաեւ հիմքը դնել Արցախի պատանեական միութիւններուն:

«Ռ.».- Ինչպէ՞ս կը մշակուին ճամբարներու ծրագիրները, եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը կատարուին:

Ն.Գ.- Սփիւռքի երիտասարդական միութիւններու անդամները Արցախ ժամանելէ ետք, նախ տեսակցութիւն մը կ՛ունենան տեղւոյն ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ եւ համագործակցաբար կը կազմակերպեն ճամբարները:

Ճամբարներուն առաջին բաժինով կը գումարուին ժողովներ, որոնց ընթացքին պատանիներուն կը ներկայացուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ այլ պատմական նիւթեր: Ժողովներուն նպատակն է պատրաստել դաշնակցական պատանիներ եւ ընդհանրապէս ծանօթացնել պատանիները միութենական կեանքին: Ժողովներու կողքին, կը կազմակերպենք նաեւ ժամանցային ծրագիրներ, ինչպէս խաղեր` մտային կամ մարզական, դաշտագնացութիւն կամ արշաւներ, եթէ շրջանին մէջ յարմարութիւնը կայ, իսկ գիշերները խարոյկ կը վառենք, եւ երգեցողութիւն կ՛ըլլայ:

«Ռ.».- Կրնա՞ս ներկայացնել նախաձեռնութեան մասնակիցներուն պատկերը:

Ն.Գ.- Շրջանէ շրջան կը տարբերի. օրինակ, իմ գործուղմանս ընթացքին Մարտունիի մէջ ունեցանք մօտաւորապէս 60 պատանի մասնակիցներ, Նորագիւղի մէջ` շուրջ 40, իսկ Վանք գիւղը` կրկին 40: Անշուշտ ճամբարները կ՛ընթանային տարբեր փուլերով, այսինքն այս թիւերը ընդհանուր պատկերը չեն ներկայացներ: Նաեւ կ՛ուզեմ ըսել, որ ճամբարականները 8-16 տարեկան պատանիներ էին:

«Ռ.».-  Հետդ ապրած օրերուն պատանիները կը կիսե՞ն իրենց հարցերը, տեսակէտները, մտածումները:

Ն.Գ.- Պատանիները անշուշտ մեզի հետ կը կիսեն իրենց առօրեան, պատերազմին ապրածները, շատեր կորսնցուցած էին հարազատ մը: Աւելի՛ն. պատերազմը իրենց վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած էր. օրինակի համար, ձայն մը եթէ լսէին, կը ցնցուէին` յիշելով պատերազմի պայթումները:

Ընդհանրապէս փոքր պատանիները պատերազմի սկզբնական շրջանին փոխադրուած էին աւելի ապահով շրջաններ, բայց 15-16 տարեկան պատանիներ մնացած էին իրենց գիւղերը` օգտակար դառնալու, ուստի անոնք աւելի շատ ազդուած են եւ կը գիտակցին տեղի ունեցածին:

Յատկանշական է, որ պատանիները պատրաստակամութիւն ցոյց կու տային հայրենի հողը ազատագրելու եւ տուն վերադառնալու: Անոնք երբեւէ լքելու եւ հեռանալու մասին չեն մտածեր, այլ նպատակ ու երազ ունին վերադառնալ եւ ապրիլ իրենց նախկին շրջաններուն մէջ:

«Ռ.».- Պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ինչպիսի՞ ազդեցիկ պատմութիւններ լսեցիր:

Ն.Գ.- Հետաքրքրական է պատմութիւնը ՀՅԴ  Արցախի երիտասարդական միութեան 18-ամեայ ընկերոջ մը, որ պատերազմի ընթացքին մնացած է շրջանին մէջ եւ օգտակար դարձած` զինուորներուն հաց ու զինամթերք տանելով: Երբ մենք հոն էինք, այս ընկերը բանակ պիտի երթար, եւ առիթը ունեցանք ցտեսութեան խնճոյքին մասնակցելու, ինչ որ շատ յուզիչ էր,  մանաւանդ որ ծնողները հպարտ էին, որ իրենց տղան պիտի երթար ծառայութեան:

 «Ռ.».- Որքա՞ն կարեւոր կը նկատես Արցախ-սփիւռք երիտասարդական համագործակցութիւնը:

Ն.Գ.- Արցախ-սփիւռք կապը շատ կարեւոր է: Գործուղուելով Արցախ` պատանիները եւ երիտասարդները գործնական կերպով կը տեսնեն, որ իրենց կողքին է սփիւռքահայ իր քոյրն ու եղբայրը, ինչ որ յոյսի նշոյլ մը կու տայ անոնց, կորով` շարունակելու եւ գոյատեւելու: Նաեւ սփիւռքահայը այս փորձառութենէն շատ բան ունի առնելիք:

«Ռ.».- Կրնա՞ս մեզի ներկայացնել քու փորձառութիւնդ այս նախաձեռնութեան ընթացքին:

Ն.Գ.- Ինծի համար շատ մեծ ու կարեւոր փորձառութիւն մըն էր: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ` կարողացայ շատ փոքրիկ բան մը տալ Արցախի ժողովուրդին: Երբ անոնք մեծ թիւով նահատակներ տուած են յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան, նուազագոյն բանն է, որ մենք երթանք եւ անոնց կողքին կանգնինք:

Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ այս աշխատանքները յաջողած են, որովհետեւ մինչեւ այսօր Արցախի զանազան շրջաններու մէջ պատանեկան ժողովները կը շարունակուին: Անոնք նաեւ կը կազմակերպեն տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս որ Վանք գիւղի մէջ պատանիները թատրոն մը պատրաստած էին: Այս մէկը մեծ գոհունակութիւն մըն է, որ մեր հիմնած աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է ծաղկելու:

Կը յուսամ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը շարունակուին: Նաեւ կը յուսամ, որ կարելի կը դառնայ հիւրընկալել Արցախի երիտասարդական միութենէն անդամներ Լիբանանի մէջ` առիթ ստեղծելու աւելի լայն համագործակցութեան:

 

Նախորդը

Բռնակալութեան Դէմ` Դիմադրութիւնը Անհրաժեշտ

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?