Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զարմանազան» 2022

February 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արձանագրութիւնները սկսած են: 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»` արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 յուլիսէն մինչեւ 6 օգոստոս 2022:

Զարմանազանը այն վայրն է, ուր վայելքով լեզուն կ՛իւրացուի ու այս նպատակով կը հաւաքուին սփիւռքի երեխաները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները:

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

  • 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
  • 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
  • Սփիւռքի մէջ  արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը:

Պատանիները եւ երիտասարդները, իրենց տարիքին համաձայն, զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս` տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը` մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ: Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան:

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է: Հաճեցէք նկատի առնել նաեւ արձանագրութիւններուն ժամկէտը` 6 մարտ 2022:

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագրին` մէկ մասը տեղի կ՛ունենայ «Զարմանազան»-ի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց` տարուան ընթացքին եւ կ՛աւարտի Ինալքոյի կողմէ վկայագիրով մը: Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ: Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ: Ծրագրին եւ արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով:

«Քովիտ»-ի համաճարակին  առնչութեամբ` ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններուն. զգուշաւոր շարժուձեւեր, մաքրութիւն, հականեխում, բժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններ, որոնք մանրամասն յայտարարուած են:

Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու պատուաստումին, պիտի հետեւինք նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ ընդունուած կանոններուն: Մասնակիցներէն կը խնդրուի, որ տեղեկանան նաեւ իրենց բնակած երկիրներէն դէպի Ֆրանսա ճամբորդութեան կանոններուն:

Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք`

www.zarmanazan.com

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին կողմէ` որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը: Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ:

«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ահազանգը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.