Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուքրանիան` Չինաստանի Յարաբերակցութեամբ Եւ Մինչեւ Արցախի Ճանաչումի Սպառնալիքը

Փետրուար 23, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչումը բեկումնային կարեւոր քայլ կարելի է նկատել  այսօրուան  աշխարհակարգին մէջ բեկումնային փոփոխութիւն բերելու առումով: Կանուխ է սակայն հաստատելը, որ առաջադրուած նոր առանցքը անպայման կը կայանայ:

Իրադարձութիւնները անհրաժեշտ է դիտարկել Չինաստանի յարաբերակցութեամբ: Ուաշինկթընը  մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, որ իր գլխաւոր հակառակորդն ու մրցակիցը Չինաստանն է, որ առ այսօր տնտեսական գերակայ բեւեռ է. աւելի հեռահար կտրուածքով, Չինաստանը կը փորձէ դառնալ նաեւ ռազմաքաղաքական բեւեռ: Այդ բեւեռի կայացման համար նոր առանցքի կարեւորագոյն յենասիւներն են Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Իրանը: Կը թուի, որ Միացեալ Նահանգներու համար բուն կարմիր գիծը Չինաստանի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուելիք նոր առանցքն է:

Հիմա փորձենք նկատել, որ Մոսկուայի եւ Իրանի ուղղութեամբ ի՛նչ են յատկապէս Ուաշինկթընի առած քայլերը: Փուլային կշռոյթով կ՛ընթանան Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւնները: Երբեմն մէկ  քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ ընթացքով, այնուամենայնիւ դրական բանաձեւեր կան   փակուղային յարաբերութիւնները արդիւնաւորելու ուղղութեամբ: Պատահական չէ, որ այս օրերուն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յայտարարէ, որ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւնները 2015-ի համաձայնութեան վերակենդանացման ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են:

Անկախ երկկողմանի քննարկումներէն, որոնք արծարծեցին Մոսկուա-Ուաշինկթըն անվտանգային խնդիրներ` Ուքրանիոյ տագնապի նախօրեակին, նոյնիսկ հիմա ամէնէն լարուած ժամանակահատուածին, երկու նախագահները կը համաձայնին Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ու ռազմավարական կայունութեան շուրջ վեհաժողով գումարելու սկզբունքին շուրջ:

Ինչ կը վերաբերի հայկական ոսպնեակի կատարելիք դիտարկումներուն, ապա անմիջապէս նախ պիտի նկատուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` Մոսկուայի քայլը դատապարտող եւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանող:

Զուգահեռ` Ալիեւի կանչուիլը Մոսկուա: Չմոռնանք, որ Փութին իր առնելիք քայլին հիմնաւորումները կառուցած էր պատմական սխալի եւ Ուքրանիոյ` արուեստական պետութիւն ըլլալու տեսութեան վրայ: Երկու հիմնաւորումները կը համապատասխանեն Արցախի անկախութեան ճանաչման անշրջանցելիութեան:

Հասկնալի է պաշտօնական Ստեփանակերտի ողջունումը Մոսկուայի առած քայլին ո՛չ միայն պաշտօնական հիմնաւորումներուն համահնչեղութիւնը նկատի ունենալով: Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորի հանգամանքը եւ երաշխաւորի խաղաղապահ զօրքերու ներկայութիւնը, Արցախի այսօրուան գոյութեան բացառապէս Ռուսիայէն կախեալ ըլլալը` յայտարարութեան այլ տարբերակի կարելիութիւն չեն ձգեր Ստեփանակերտի համար:

Ալիեւի Մոսկուա կանչուիլը պարզապէս կայացած համաձայնութիւնը, հրադադարը, գոյավիճակը անխախտ պահելու փոխանցում է: Այլապէս` ճանաչումի սպառնալիքը ռուսական դիւանագիտութեան զինանոցին մէջ օգտագործելի խաղաթուղթ է:

Անգարա-Մոսկուա շահերու բախման տեսանելիութիւնը յստակ է Ուքրանիոյ մէջ: Աւելի մշուշոտ այդ հակասութիւնը տեսանելի էր նաեւ Ղազախստանի մէջ: Տակաւին այդ հակասութիւնը չի դրսեւորուիր հարաւային Կովկասի մէջ: Կը սկսի երեւիլ, երբ ձգձգումի փորձեր դրսեւորուին հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտի գործադրութեան, յատկապէս ապաշրջափակման գործողութիւններուն առումով:

«Ա.»

Նախորդը

Թուրքիան Դատապարտած Է Ռուսիոյ Կողմէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Ճանաչումը

Յաջորդը

Տուման Վաւերացուց Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Հետ Համաձայնութիւնները

RelatedPosts

Իսրայէլի Կառավարութիւն. «Կազայի Մէջ Տեղակայուելիք Կայունութեան Միջազգային Ուժի Կազմին Մէջ Թրքական Ուժեր Պիտի Չըլլան»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Կառավարութիւն. «Կազայի Մէջ Տեղակայուելիք Կայունութեան Միջազգային Ուժի Կազմին Մէջ Թրքական Ուժեր Պիտի Չըլլան»

Նոյեմբեր 10, 2025
«Ռուսական Քարիւղի Վրայ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Ամբողջական Ու Անսահմանափակ Կերպով Զերծ Կացուցուեցանք»  Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսական Քարիւղի Վրայ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Ամբողջական Ու Անսահմանափակ Կերպով Զերծ Կացուցուեցանք» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը

Նոյեմբեր 10, 2025
Թուրքիա Նեթանիահուի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակած Է
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիա Նեթանիահուի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակած Է

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?