Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիրական Խնդրայարոյց Հարցեր

February 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին երկու հարցեր տիրապետեցին Հայաստանի լրատուական դաշտին: Իշխանութիւնը ժամանակը հասունցած նկատեց յառաջացնելու համար 44-օրեայ պատերազմի պատճառները քննող յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքներուն մասնակիօրէն մերժեց մասնակցիլ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը: Երկրորդը` Ռոպերթ  Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսն է եւ անկէ բխող հարցերը:

Պատերազմի աւարտէն 16 ամիս ետք, գրեթէ մէկուկէս տարի, ստեղծուեցաւ անոր պատճառները եւ ընթացքը ուսումնասիրող յանձնախումբը: Ազգային ժողովը, վկայակոչելով սահմանադրական եւ ընթացակարգային տրամադրութիւններ, յանձնախումբը կազմեց Ազգային ժողովի պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբի հիմքին վրայ, անոր վրայ աւելցնելով քանի մը արտախորհրդարանական անհատներ: Պաշտպանութեան յանձնախումբը կազմուած է իշխանութեան կողմնակից պատգամաւորներու մեծամասնութեամբ: Ընդդիմութիւնը կ՛ըսէ, որ իշխանութեան գործողութիւնները քննելու գործառոյթը պէտք է վերապահել ընդդիմութեան: Մէկուկէս տարիէ ի վեր ձախողման ու պարտութեան մէջ իր պատասխանատուութիւնը մերժող իշխանութիւնը չի կրնար արդարօրէն, առարկայական կերպով քննել ու դատել իր իսկ գործողութիւնները: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, բազմիցս, որ Հայաստանի ժողովուրդը դատած է ու արդարացուցած` պատերազմը վարող իշխանութիւնը` զայն վերընտրելով: Ընտրութիւն մը կրնա՞յ փոխարինել փաստերու ու իրողութիւններու անկաշառ քննարկում մը: Ընդդիմութիւնը կը կասկածի, արդարօրէն, որ քննիչ յանձնախումբի նպատակը իշխանութեան արդարացման հասնիլն է: Ու կը մերժէ մասնակցիլ նման բեմադրութեան մը, չըսելու համար` խեղկատակութեան:

Երկրորդ նիւթը Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսն է: Շատ հարցերու մասին խօսուեցաւ այդ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ: Հնչող հարցերուն տրուած պատասխաններուն կարելի է համաձայն ըլլալ կամ ոչ, համոզիչ նկատել կամ ոչ: Նիւթերէն մէկը կը վերաբերէր Ստամպոլեան հրովարտակի մը, որ ստորագրուած է Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան օրերուն: Այս հրովարտակով, Ռոպերթ Քոչարեան ընդունած է Հայաստանի եւ

դրացի երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները, ուրեմն նաեւ` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Կը հետեւի, որ նախկին նախագահը համաձայն գտնուած է Արցախի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառման: Այսպէս մեկնաբանած էր Նիկոլ Փաշինեան Ստամպոլեան հրովարտակի արդիւնքը, որուն գիւտը նոր ըրած է կարծէք, իբրեւ իր պարտուողական ու զիջողական քաղաքականութեան համար «նախկիններու» պատասխանատուութեան նոր փաստարկ: Ռոպերթ Քոչարեան հեշտութեամբ հերքեց այս մեկնաբանութիւնը: Յաջորդ նիւթը կը վերաբերէր Պիելոռուսիոյ նախագահին անպատկառ արտայայտութեան Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին ու Հայաստանի` Ռուսիոյ հետ միասնական պետութիւն կազմելու հարցին: Հարցումի մը պատասխանելով, Ռոպերթ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ միութենական որեւէ գործարք հիմնուած պէտք է ըլլայ մանրակրկիտ հաշուարկներու վրայ եւ թէ պետութիւններու միջեւ համարկման (իր բառերով` ինտեկրացիայի) բազմաթիւ յաջողած ձեւեր կան: Ու տուաւ Եւրոպական Միութեան օրինակը:

Այս նիւթով իշխանական վայնասունը, հիմնուած ըսուածին խեղաթիւրման վրայ, տակաւին կը շարունակուի:

Հայաստանեան քաղաքական հաղորդակցական դաշտը կ՛առաջնորդուի, երկար ժամանակէ ի վեր, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ալ առաջ, նման ձեռնածութիւններով: Առաջ կը քաշուին ժամանակակից ու անցեալի դէպքերու, կեցուածքներու ու յայտարարութիւններու խեղաթիւրուած տարբերակներ եւ կը հնչեն դատապարտող մեկնաբանութիւններ, յաճախ նաեւ անպատշաճ բառամթերքի մը առկայութեամբ: Այս երեւոյթը, որ շատ տարածուած է, արգելք կը հանդիսանայ ճշդօրէն իրազեկուած ու արդարօրէն դատելու ատակ հանրային կարծիքի մը ստեղծման: Հանրային կարծիք, որ քաղաքականօրէն առողջ հասարակութեան մը ստեղծման նախապայման է:

 

 

Նախորդը

«Անմիջական Կարիքը Կայ…» («Մայրենի Լեզուի Օր»-ուան Առիթով)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.