Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղա Մոհամէտ Խան` Պարսկաստանի Տիրակալ

Բանակցութիւններ Հակամարտ Կողմերուն Միջեւ Եւ Պատրաստութիւն Դէպի Անդրկովկաս Պարսկական Արշաւանքին

Փետրուար 23, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անդրկովկասի վրայ գերիշխանութիւն հաստատելու համար պայքարը կ՛ընթանար երկու ուղղութիւններով. մէկ կողմէ` Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի, եւ միւս կողմէ, տարածաշրջանէն ներս` Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի միջեւ:

Պարսիկներուն համար հարաւային Կովկաս պատմականօրէն, քաղաքականօրէն եւ ազգագրական առանձնայատկութիւններով պարսկական աշխարհին անքակտելի մասն է: Վրաստան (մինչեւ Գէորգիեւսկի դաշնագիրով ռուսական գերիշխանութեան ճանաչումը), եւ Ղուբայի, Դերբենդի, Շաքիի, Շիրվանի, Պաքուի, Թալիշի, Գանձակի, Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները Պարսկաստանի թագաւորութեան մաս կը կազմէին:

Պարսկաստանի մէջ, գահին յաւակնորդ ուժեր արիւնալի կռիւներ կը մղէին եւ երկիրը քաոսի ու անիշխանութեան մատնած էին:

Պարսկական աւանդութեան համաձայն գահին յաւակնորդ կրնար ըլլալ միայն շիի իսլամը: Գահին յաւակնորդը պէտք է յաղթանակ տօնած ըլլար հզօր պետութիւններու դէմ պատերազմներու մէջ:

Հնդկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ յաղթանակներ տօնած Նատիր շահէն ետք, գահին յաւակնորդներէն դժուար էր նոր յաջողութիւններ ակնկալել, քանի որ պէտք պիտի ըլլար յաղթել կա՛մ Ռուսաստանի, որ կը պայքարէր Անդրկովկասի մէջ իր գերիշխանութեան հաստատման համար, կա՛մ Օսմանեան կայսրութեան, որ Պարսկաստանի դէմ կը պատերազմէր փոփոխակի յաջողութեամբ: Ռուսաստան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը համաձայնած էին ազդեցութեան գօտիներու բաժանման գծով, եւ պարսիկ խաներ այլեւս չէին կրնար դիւրին յաղթանակ ակնկալել հզօր Ռուսաստանի նկատմամբ:

***

Աղա Մոհամէտ խան Ղաջար

Պարսկական խաներուն մէջէն ամէնէն աւելի զօրացած էր Ղաջարներու ցեղապետ Աղա Մոհամէտ խան Ղաջար:

Աղա Մոհամէտ խան ծնած էր մօտաւորապէս 1742-ին, Ասթարապատի մէջ, եւ Ղաջարներու Գոյունլու տոհմի պետ Մոհամէտ Հասան խանի երէց որդին էր: Մեծ հայրը` Ֆաթհ Ալի խան Ղաջար 1726-ին սպաննուած էր շահ Թահմասպ Բ.ի կողմէ:

Ղաջարներու ներքին ցեղային մրցակցութիւններուն մէջ Գոյունլու տոհմը գերակշռութիւն հաստատած էր Տեւելու տոհմին վրայ: Մոհամէտ Հասան խան թուրքմէնական տափաստաններու քոչուոր ցեղախումբերը իրեն միացուցած էր Նատիր շահին ժամանակ: Նատիր շահի սպանութենէն ետք, 1747-ին, Մոհամէտ Հասան խան աւելի զօրացած էր: Ատիլ շահ 1748-ին յարձակած էր անոր վրայ, բայց չէր կրցած նուաճել զայն, եւ երէց որդի Աղա Մոհամէտը պատանդ վերցուցած ու ներքինիացուցած էր:

Աֆղան Տուրանի ցեղի ներխուժումէն ետք Խորասան կատաղի կռիւներու թատերաբեմ դարձած էր: Մոհամէտ Հասան խան կռուեցաւ Ազատ խան Աֆղանիի եւ Քերիմ խան Զանտի դէմ, բայց 1759-ին նուաճուեցաւ Զանտերէն եւ սպաննուեցաւ:

Թաղավարդ Մարտունիի շրջանին մէջ, Վարանդա գետի ափին, Վերին (Բուն) Թաղավարդ եւ Ներքին Թաղավարդ (Կալեր) թաղերով, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով եւ սրբատեղիներով. մօտը` Բերդահոնջ ամրոցը:

Մոհամէտ Հասան խանի որդիներ Աղա Մոհամէտ խան եւ Հիւսէյն Ղուլի խան փախան անապատները: Յաջորդ տարի Աղա Մոհամէտ խան զինուած ապստամբութեան սկսաւ, բայց բռնուեցաւ եւ Քերիմ խան Զանտի մօտ պատանդ տարուեցաւ:

Աղա Մոհամէտ խան եւ եղբայրը` Հիւսէյն Ղուլի խան 1763-ին Շիրազ, Քերիմ խանի պալատը տարուեցան: Քերիմ խանի հարէմին մէջ կը գտնուէր անոնց հօրաքոյրը` Խատիճա Պեկում:

Քերիմ խան Զանտի մահէն ետք, 1779-ի մարտին, Աղա Մոհամէտ խան փախաւ Շիրազէն եւ գնաց ու ձեռք ձգեց Ղաջարներու ցեղապետութիւնը:

Աղա Մոհամէտ խան չափազանց դաժան եւ անգութ էր: Նուաճողական ծրագիրներ կը մշակէր եւ ամբողջ աշխարհը կ՛ուզէր պատժել այն պատճառով, որ զինք զրկած էին սեռային կարողութենէ եւ իր մէջ սպաննած մարդկային բնութիւնը:

Աղա Մոհամէտ խան մինչեւ 1781 նուաճեց Մազանտարանն ու Կիլանը: 1782-ին Զանտ բանակը ծանր պարտութեան մատնեց Ռէյի մէջ եւ գրաւեց Ղազուինն ու Զանճանը: 1783-ի գարնան պաշարեց Թեհրանը, բայց չյաջողեցաւ գրաւել զայն: 1784-ի յունիսին 60 հազարնոց բանակով մը կրկին յարձակեցաւ Թեհրանի վրայ: Զանտ բանակը հակայարձակման անցաւ եւ ներխուժեց Մազանտարան: Ջաֆար խան Զանտի գահակալութենէն ետք, 1785 փետրուարին, Աղա Մոհամէտ խան քալեց Թեհրանի վրայ, բայց թեհրանցիք փակեցին քաղաքին դարպասները եւ յայտարարեցին որ զանոնք կը բանան միայն թագաւորին առջեւ: Աղա Մոհամէտ խան վճռեց նուաճել Ջաֆար խանը եւ դառնալ թագաւոր: Ղաջար բանակը քալեց Սպահանի վրայ: Զանտ բանակը քշուեցաւ դէպի Քոմ եւ այնուհետեւ նուաճուեցաւ Քաշանի մօտ: Ղաջար բանակը 1785 մայիսին գրաւեց Սպահանը:

Աղա Մոհամէտ խան 1785-ի ամրան արշաւեց Պախթիարի ցեղախումբերուն վրայ եւ սեպտեմբերին ուղղուեցաւ Թեհրան, որուն բնակիչները այս անգամ հաւատարմութիւն յայտնեցին իրեն: Նոյն ժամանակ Ղաջար զօրքերը գրաւեցին Համատանը եւ քիւրտ ու թուրք շարք մը ցեղապետներ հաւատարմութիւն յայտնեցին Աղա Մոհամէտ խանի:

Աղա Մոհամէտ խան 12 մարտ 1786-ին Թեհրանը Իրանի մայրաքաղաք հռչակեց:

Թեհրան, Էլպուրզ լեռներուն հարաւը, 1100-էն 1700 մեթր բարձրութեան վրայ, 15-էն 20 հազար բնակիչ ունէր:

Աղա Մոհամէտ խանի եւ Ջաֆար խան Զանտի միջեւ արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան:

Ջաֆար խան սպաննուեցաւ 1789 յունուարին. յաջորդը` Սայէտ Մուրատ խան Զանտ սպաննուեցաւ 1789 մայիսին եւ անոր յաջորդեց Լոթֆ Ալի խան Զանտ:

Աղա Մոհամէտ խան 1791-ի գարնան Պապա խանը Իրաք Աճամի կառավարիչ նշանակեց եւ Ատրպատական մտնելով Թալիշի, Սարապի եւ Արտապիլի խանութիւնները իրեն ենթարկեց:

Աղա Մոհամէտ խան 1792-ին նուաճեց Ֆարսը եւ Շիրազ մտնելով Լոֆթ Ալի խանի հարէմը եւ Զանտ ազնուականներ Թեհրան տարաւ:

Լոֆթ Ալի խան յաջողեցաւ փախուստ տալ: Ան Պամի եւ Նամաշիրի ցեղախումբերէն հազար ձիաւորներէ բաղկացած օգնական ուժ ստացաւ եւ 30 մարտ 1794-ին գրաւեց Քերմանը:

Աղա Մոհամէտ խան 14 մայիսին պաշարեց Քերմանը, եւ արիւնահեղ կռիւներէ ետք, 24 հոկտեմբեր 1794-ին գրաւեց զայն: Լոֆթ Ալի խան գիշերուան մութին փախուստ տուաւ դէպի Պամ:

Քերման շուրջ քսան հազար բնակիչ ունէր: Բոլոր տղամարդիկը բրածեծ եղան,

սուրի քաշուեցան կամ կուրացուեցան: Աղա Մոհամէտ խանի բերին եօթը հազար զոյգ աչք: Կիներն ու աղջիկները զինուորներուն բաժնուեցան կամ իբրեւ ստրուկներ ծախուեցան: Քաղաքը աւերուեցաւ:

Լոֆթ Ալի խան Պամի կառավարիչին կողմէ բռնուեցաւ եւ Ղաջար բանակին յանձնուեցաւ: Ան Թեհրան տարուելով կուրացուեցաւ եւ սպաննուեցաւ 1794-ի վերջաւորութեան:

***

Ծիծեռնավանք Աղաւնոյ գետի ափին:

Աղա Մոհամէտ խանի համար Իրանի ամբողջականութիւնը վերականգնուած չէր նկատուեր, այնքան ժամանակ որ պարսկական Անդրկովկասը չէր ճանչնար իր իշխանութիւնը: Վրաստան ռուսական հպատակութիւն ընդունած էր, իսկ Ղարաբաղի, Շիրվանի եւ Երեւանի խաները չէին ուզեր հպատակիլ իրեն: Անոնց համար Աղա Մոհամէտ խան պարսկական անիշխանութեան վաղանցուկ երեւոյթներէն մէկն էր: Ներքինի խանին զօրքերը կազմուած էին խառնիճաղանճ ամբոխէ, զուրկ էին զինուորական կրթութենէ եւ չունէին մեծ թնդանօթներ:

Աղա Մոհամէտ խան բանակցութեան մէջ մտաւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին, հայոց մելիքներուն եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին հետ:

Ալի Մոհամէտ խան Իպրահիմ Խալիլ խանէն պահանջեց բանակցութիւններ վարելու համար Պարսկաստան ժամանել: Իպրահիմ Խալիլ խան պատասխանեց, որ իր փոխարէն կ՛ուղարկէ իր ազգական Ապու Սամէտ բէկը:

Իրան հասնելէն ետք Ապու Սամէտ բէկը սպաննեցին, եւ Աղա Մոհամէտ խան կրկին պահանջեց որ Իպրահիմ Խալիլ անձամբ ներկայանայ: Իպրահիմ Խալիլ չկատարեց անոր պահանջը:

Վերահաս վտանգը զգալով, Իպրահիմ Խալիլ խան օգնութիւն խնդրեց ռուսերէն, եւ իբրեւ բանագնացներ ուղարկեց Մոհամէտ Ղուլին, մելիք Ջումշուդը եւ մելիք Յովսէփը:

Աղա Մոհամէտ խան նկատի ունէր, որ հայ մելիքները վաղեմի կապեր ունին Ռուսաստանի հետ, եւ նաեւ իբրեւ քրիստոնեաներ կրնային ռուսերու բարեացակամ վերաբերմունքին արժանանալ:

Իպրահիմ Խալիլ խան միաժամանակ նամակ ուղարկեց Պոլիս եւ սուլթան Սելիմ Գ.-էն խնդրեց ազատել զինք իսլամի թշնամիներէն եւ կամ գլխիվայր կախել:

***

Աղա Մոհամէտ խան նամակ ուղարկեց Թիֆլիս` Հերակլ Բ. թագաւորին: Իրանի տիրակալը կը փորձէր ապացուցանել որ վրաց թագաւորը մոլորուած է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ: Աղա Մոհամէտ խան կը խոստանար, անդրկովկասեան երեք խանութիւններէն բացի, եւս երկու խանութիւններէ հաւաքուող տուրքերը վրաց արքունիքին տրամադրել, պայմանաւ որ Հերակլ Բ. կրկին ընդունի Պարսկաստանէն իր կախուածութիւնը: Հակառակ պարագային ան կը սպառնար ներխուժել Վրաստան:

Աղա Մոհամէտ Խանի առաջարկներն ու սպառնալիքները մարտավարական քայլեր էին, որոնց նպատակն էր ստիպել Հերակլի հրաժարելու Գէորգիեւսկի դաշնագիրէն եւ ճանչնալու Վրաստանի կախուածութիւնը Պարկաստանէն:

Սակայն Հերակլ Բ. սպասողական դիրք բռնեց` մինչեւ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու աւարտը:

Հերակլ Բ., Աղա Մոհամէտ խանի խոստումին համաձայն, սկսաւ տուրքեր գանձել Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Գանձակի խանութիւններէն, նաեւ` Շիրվանէն եւ Շաքիէն:

Հերակլ Բ., զգալով որ ինչ վտանգ կը սպառնայ իրեն Պարսկաստանէն, սկսաւ եռանդուն կերպով օգնութիւն խնդրել ռուսերէն, անդադար պատուիրակներ ու նամակներ ուղարկելով: Ան կը խնդրէր որ գոնէ երեք հազար ռուս զինուոր ուղարկուի Վրաստան:

***

Իպրահիմ Խալիլ խան, յոյս չունենալով իր դիմադրական կարողութեան վրայ, կրկին դիմեց Հերակլ Բ.ի եւ առաջարկեց պաշտպանողական դաշինք կնքել պարսիկներուն դէմ:

Հասարակաց վտանգը նկատի ունենալով, Հերակլ Բ. ընդառաջեց եւ Ղարաբաղի խանին հետ զինակցութիւն կնքեց:

Բայց վրաց արքան միաժամանակ հակադրութեան մէջ մտաւ Գանձակի Ջաւադ խանին հետ: Ջաւադ խան հողային վէճեր ունէր իր եղբօրորդի Ռահիմ խանի հետ: Հերակլ Բ. Ռահիմ խանի կողմը բռնեց եւ փորձեց ստիպել Ջաւադ խանի` բաւարարութիւն տալու եղբօրորդիին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ջաւադ խան բանակցութեան մէջ մտաւ Աղա Մոհամէտ խանի հետ եւ յորդորեց զայն փութացնելու Հերակլի դէմ արշաւանքը:

Աղա Մոհամէտ խան, որ մինչեւ այդ ժամանակ կը տատամսէր, վճռեց սկսիլ դէպի Անդրկովկաս արշաւանքը:

Իրենց կարգին օսմանեան սուլթան Սելիմ Գ. եւ Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան Ֆրանց Բ. (հետագային Աւստրիոյ Ֆրանց Ա.) կայսր դրդեցին Աղա Մոհամէտ խանը` սկսելու դէպի Անդրկովկաս արշաւանքը: Թէեւ օսմանցիք եւ Հապսպուրկներ 1787-1792-ին պատերազմած եւ աւստրիացիք թուրքերէն գրաւած էին Սերպիան, բայց յետոյ հաշտութիւն գոյացած եւ Հապսպուրկ զօրքերը քաշուած էին Սերպիայէն: Սուլթանին եւ կայսեր նպատակն էր որ հզօրացած Պարսկաստան պատերազմի մէջ ներքաշուի Ռուսաստանի հետ:

Սուլթան Սելիմ Գ.-ի կարգադրութեամբ զինուորական օժանդակութիւններ ուղարկուեցան Պարսկաստան: Տիարպեքիրի, Պայազիտի, Կարսի եւ Էրզրումի փաշաները, որոնք սկիզբը անհանգստացած էին Աղա Մոհամէտ խանի պատրաստութեան պատճառով, երբ իմացան, որ ատիկա ուղղուած է Անդրկովկասի դէմ, խոստացան օգնել պարսիկներուն: Անոնք մեծաքանակ սննդամթերք ուղարկեցին Աղա Մոհամէտ խանի: Բարձրագոյն դուռը որոշեց հրետանի եւ պարէն ուղարկել սահմանամերձ թուրք փաշաներուն, որպէսզի անոնք Աղա Մոհամէտ խանին յանձնուին:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Փետրուար 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Յուլիս 6, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

Յունիս 29, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը

Յունիս 22, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In